Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը Չէ Աւարտած, Ինչո՞ւ Չ՝աւարտիր, Ինչպէ՞ս Աւարտել (Յ. Պալեան)

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը Չէ Աւարտած, Ինչո՞ւ Չ՝աւարտիր, Ինչպէ՞ս Աւարտել (Յ. Պալեան)

09 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մուտրոսի Զինադադար կամ Խաղաղութեան Խորհրդաժողով անուանումներ են, բնորոշելու համար Առաջին Համաշխարհայինի կռիւներու դադարեցումը, բայց ոչ աւարտը: Նոյնիսկ եթէ Առաջինի յաջորդ Համաշխարհայինն ալ աւարտած է, ստուեր ձգելով իր նախորդին վրայ, պատմաբանը, եւ մանաւանդ աշխարհի քաղաքականութեան առաջնորդները, կրնա՞ն իրապէս ըսել, որ ան աւարտած է, սոսկ պատմութեան էջ է:

Առաջին Համաշխարհայինի ընթացքին եղած յայտարարութիւնները, աւարտին կայացուած որոշումները եթէ յարգուած ըլլային, երկրորդը հաւանօրէն տեղի չէր ունենար, եւ այսօր աշխարհ աւելի խաղաղ կ’ըլլար, քանի որ յարգուած կ’ըլլային ժողովուրդներու իրաւունքները: Կը խօսուի չյարգուած մեծ որոշումներու մասին, իսկ մանր համարուած որոշումները չեն յիշուիր անգամ:

Իսկ մանր համարուած որոշումները էական նշանակութիւն ունին փոքր ժողովուրդներու համար:

Օրինակ, Երկրորդ Համաշխարհայինի աւարտին Խորհրդային Միութիւնը, միակողմանի որոշումով, իրեն կցեց Հարաւային Քուրիլեան կղզիները: Ճաբոն երբեք չէր ընդունած իրեն պատկանող տարածքի բռնագրաւման այդ որոշումը: Թոքիօ եւ Մոսկուա կը բանակցին, եւ հաւանական է որ 60 տարի ետք, սպասուած համաձայնութիւնը գոյանայ եւ Քուրիլեան կղզիները վերադարձուին Ճաբոնի:

Ուրեմն երկրի մը բռնագրաւուած տարածքները կարելի է վերադարձնել՝ արդար ըլլալու համար:

Ճաբոնի եւ Ռուսիոյ պատմութիւնը գրելու համար ոչ մասնագէտ եմ ոչ ալ պարտականութիւն կը զգամ:

Կ’արձանագրեմ փաստը. 60 տարի ետք Քուրիլեան կղզիներու վերադարձի բանակացութիւնները փոխհասկացողութեան յատկանշական օրինակ են եւ իրաւունքի վերականգնում:

Ուրեմն այս ըմբռնումով պէտք է լուծել ժողովուրդներու արդար դատերը եւ անոնց կապուած իրաւունքները բաւարարել:

Ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանը, հայրենահանուածներու սփիւռքը եւ ինչ որ սովորութիւն է կոչել միջազգային համայնքը, որպէսզի հայոց բռնագրաւուած հայրենիքը վերադարձուի հայ ժողովուրդին:

Միջազգային համայնքին, բռնագրաւողին, եւ քաղաքական ճապկումներով առաջնորդուող մեծերուն համար, անկեղծութեան պահու մը, առանց քաղաքական եսասիրական շահերու ճնշման տակ ստորագրուած դաշնագիրներու ետին թաքնուելու, Հայոց Մայրաքաղաք նոյնիսկ աւերակ Անիի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուելու պարագան, արդարութեան եւ իրաւունքի մասին մտածելու առիթ պէտք է ըլլայ, յատկանշական օրինակ, որուն տէրը ճշդելու համար քաղաքական տեսութիւններու կարիք չկայ:

Միջազգային օրէնքը եւ բարոյականը ինչպէ՞ս կրնան արդարացնել Հայոց մայրաքաքաղաքի բռնագրաւման տեւականացումը:

Անին հայկական հողերու բռնագրաւման կացութեան խորհրդանշական պատկերն է:

Առաջին Համաշխարհայինը աւարտելու համար կնքուած Վերսայի դաշնագիրը պէտք է սեղանի վրայ դնել, եւ եթէ ազգերու միջեւ բարիկամեցողութիւնը դատարկ բառ չէ, միասնաբար պէտք է քննել, վեր առնել մոռցուածը, չյարգուածը, եւ մէկդի դնելով նուաճողական եւ շահագործման կիրքերը, գտնել լուծումներ, որոնք երաշխաւորեն ժողովուրդներու իրաւունքները եւ յանգին այնքա՜ն հոլովուած արդար յարգալիր համակեցութեան, խաղաղութեան:

Վերսայի Խաղաղութեան Խորհրդաժողովի որոշումներէն էր Սեւրի մէջ, 1920ին ստորագրուած դաշնագիրը: Ստորագրած էին դաշնակիցները, Թուրքիան եւ Հայաստանը:

Ի՞նչ անուն պէտք է տալ այն պետութիւններուն, որոնք չյարգեցին իրենց ստորագրութիւնը, զոր դրած էին Սեւրի դաշնագրին տակ:

Փոխան Սեւրի դաշնագրով ճանչցուած եւ ընդունուած հայ ժողովուրդի իրաւունքին, դաշնակիցները գոհացան բարեսիրութեամբ, որբախնամով, գաղթականներ ընդունելով: Անիրաւուած ժողովուրդի մը իրաւունքները զոհուեցան հաւասարակշռութիւններու, մրցակցութիւններու եւ առեւտրական շահերու: Այսինքն, Խաղաղութեան Խորհրդաժողովը ինքզինք դրժեց, շարունակուեցաւ պատերազմը:

Հետաքրքրական է վերյիշել Խաղաղութեան Վեհաժողովի որոշումները պարտուած Գերմանիոյ մասին: Ան կորսնցուց տարածքներ, ամբողջութիւնը իր գաղութներուն եւ պատերազմական վնասներու հատուցում ըրաւ: Գերմանիոյ դաշնակից եւ նոյնպէս պարտուած Թուրքիայէն պիտի անջատուէին տիրապետուած ժողովուրդներ եւ հայրենիքներ: Բայց այդ որոշումը կիսով գործադրուեցաւ: Արաբական աշխարհը ազատագրուեցաւ, չյարգուեցան յոյներու, քիւրտերու եւ հայերու իրաւունքները: Բռնագրաւումներու եւ իւրացումներու հատուցում չեղաւ:

Եւ որովհետեւ Առաջին Համաշխարհայինը չէ աւարտած, Թուրքիա կը շարունակէ իրաւազրկումի իր կայսերական քաղաքականութիւնը:

Այսօր, արդէն փոքրացած Հայաստանի սահմաններուն վրայ այդ պատերազմը կը շարունակուի, քանի որ Խաղաղութեան Վեհաժողովի որոշումները չգործադրուեցան: Այդ անտեսումները,- թէեւ այլ որակումներ ալ կարելի է տալ,- չեն կրնար ակամայ եղած ըլլալ: Հետեւաբար, երէկի եւ այսօրուան միջազգային համայնքը նախ իր խիղճին առջեւ հաշիւ պէտք է տայ մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին, հայոց ցեղասպանութիւնը կանխած չըլլալու եւ ապա համապատասխան պատժամիջոցներու դիմած չըլլալու համար:

«Ցեղասպանութեան ճանաչում»ները մշուշ են, ինչպէս կ’ըսեն՝ «աչքի փոշի փչելու» խաղ:

Ցեղասպանութեան գործադրութեան եղանակի եւ միջոցներուն պիտի չանդրադառնամ: Առատ նիւթ կայ այդ մասին: Պարզապէս կ’ուզեմ, որ խօսուի նաեւ միջազգային հանրութեան մասին, մանաւանդ անոնց՝ որոնք կը ներկայանան որպէս պաշտպանները արդարութեան, օրէնքի եւ մարկային իրաւանց:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ պատասխանատուութեան, այլեւս ոչ ոքի կամար գաղտնիք է, որ հայոց ցեղասպանութիւնը պետական նախաձեռնութիւն էր, կառավարուած կայսրութեան մայրաքաղաքաք Պոլիսէն, համագործակցութեամբ շրջանային պատասխանատուներու, աւազակային խումբերու, նաեւ՝ քրտական: Այսօր քիւրտերը կ’ընդունին, որ իրենք մասնակից եղած են կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութեան:

Այդ օրերու դաշնակիցները, տեղեկանալով համատարած կոտորածի մասին, 24 մայիս 2015ին հրապարակ եկան յայտարարութեամբ մը, Թուրքիան ամբաստանելով «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիրներով», եւ յանձնառու եղած են օսմանեան կառավարութեան անդամները եւ բոլոր անոնք որոնք մասնակցած են ջարդերուն՝ պատասխանատու համարելու: Երեք օր ետք, 27 մայիսին օսմանեան կառավարութիւնը հրապարակեց հայոց տեղահանութեան որոշումը, լրտեսութեան եւ դաւաճանութեան ամբաստանութեամբ: Այդ որոշումը չեղեալ համարուեցաւ օսմանեան խորհրդարանին կողմէ, 4 նոյեմբեր 1918ին, զայն յայտարարելով հակասահմանադրական: Այդ որոշման որպէս հետեւանք յանցաւորներ չպատժուեցան տուժածներուն հատուցուցում չեղաւ: Դաշնակիցներ նման արդարութիւն գործադրելու հետամուտ չեղան:

Հետեւաբար, կրկին կրնանք ըսել, առաջին Համաշխարհայինը չէ աւարտած:

Իսկ հիմա, Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետը, փոխանակ պատմականօրէն հայապատկան հողերուն տիրութիւն ընելու, երկիրը անփառունակ պարտութեան առաջնորդելէ ետք, քաղաքական նոր տեսութեամբ մը կ’առաջնորդուի, հայապատկան հողեր յանձնելու համար թշնամիին: Տեսութիւնը այն է, որ Ազրպէյճանի պէտք է յանձնել Հայաստանի մէջ գտնուող այն շրջանները, ինչպէս կ’ըսեն՝ անկլավները, որոնք անցեալին բնակուած եղած են ազրպէյճանցիներով, պէտք է վերադարձնել Ազրպէյճանի: Եղէգնաձոր երբ կ’երթաք, կանգ առէք Տիգրանաշէն, Հայաստանի տարածքին մէջ բնակավայր, որ Հայաստան եղած է եւ է, նոյնիսկ եթէ հոն բնակած են ազրպէյճանցիներ:

Այս անհեթեթ քաղաքական միտքին մեծ իմաստութեամբ պատասխանած է պատմաբան, պատմութեան համալսարաի տնօրէն (Պետական Համալսարանի Պատմութեան ֆակուլտետի դեկան) Էդիկ Մինասեան: Ան ըսած է. «եթէ այդ նոյն սկզբունքով մօտենանք, պէտք է վերադարձնենք Բաքուն եւ Սումգայիթը» … Հայաստանի: Ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ Էդիկ Մինասեանի բացատրութիւնը, մարդու՝ որ պատմութիւն գիտէ, իր գիտութիւնը սիրողական չէ, կարծիք կամ ենթադրութիւն չէ:

«…անկլաւների, 7 գիւղերի վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարում է, թէ արդէն ըստ էութեան համաձայնել է դրանք տալ, ինչպէս ինքն է ասում` գրաւոր այդ թուղթը կը ստորագրի: Նա չի հասկանում, որ այդ թուղթ կոչուածը վերաբերում է գիւղերին, մարդկանց, որ ապրել են եւ շարունակում են ապրել այդ տարածքներում: Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու շրջանները, ըստ իր յայտարարութեան, ադրբեջանցիներով բնակեցուած տարածքներ են եղել: Ճիշդ չէ` հայութիւնն էլ ապրել եւ ապրում է այնտեղ երկար ժամանակ: Շատ սխալ եմ համարում Փաշինեանի այն սկզբունքը, թէ որտեղ ադրբեջանցիներ են ապրել, այդ տարածքները պէտք է վերադարձնել Ադրբեջանին: Եթէ այդ նոյն սկզբունքով մօտենանք, բազմիցս կրկնել եմ` պէտք է վերադարձնենք Բաքուն եւ Սումգայիթը, որտեղ հայեր են ապրել եւ ոչ քիչ քանակութեամբ: Բաքւում 270 հազարանոց համայնք ունէինք, իսկ Սումգայիթում` մօտ 200 հազարից աւելի: Սա չափազանց սխալ է: Մանաւանդ հիւսիսային մասի հետ կապուած` Մազամլու, Հայրմլու, Բաղանիս-Այրում շրջանների հետ նոյն այդ քաղաքականութիւնն է տարւում, այս շրջաններն են ապահովում մեր անվտանգութիւնը հիւսիսային շրջանի Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու շրջանների հետ: Խորհուրդ կը տայի նայել մինչեւ 1927 թուականի Խորհրդային Հայաստանի քարտէզը, որտեղ այս շրջաններն ամբողջովին Խ. Հայաստանի սահմանների մէջ են»:

Պատմաբանի, հետեւաբար քաջատեղեակի, յօդուածէն այս երկար մէջբերումը կատարեցի, զայն գտնելով այժմէական եւ ամբողջական, ընթացիկ դարձած բանավէճերէ եւ ընտրական ճառերէ անդին:

Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերականգնէ Պաքու եւ Սումկայիթ բնակած 270+200 հազար հայերու իրաւունքը: 470 հայերու բնակած վայրերը ինչո՞ւ հայերու պիտի չպատկանին:

Եւ ի վերջոյ Հայաստանի տարածքներու տէր-տիրականը Փաշինեանը չէ, որպէսզի ինքնիրեն իրաւունք տայ ըսելու, ինչպէս կը նշէ Էդիկ Միանսեան, որ «ըստ էութեան համաձայնել է դրանք տալ, ինչպէս ինքն է ասում` գրաւոր այդ թուղթը կը ստորագրի»:

Հայը, Հայաստան եւ սփիւռք, պէտք է ուշադրութեամբ կարդայ մէջբերուած պարբերութիւնը եւ պարտք համարէ հասկնալ, մեկնաբանել եւ դիրքորոշուիլ:

Առաջին Համաշխարհայինը դեռ չէ աւարտած: Ան մեր դռներուն է:

Այս պէտք է յիշել եւ յիշեցնել եւ անձնատուր չըլլալ, չզիջիլ:

yerakouyn.com/2021/06/09/առաջին-համաշխարհային-պատերազմը-չէ-աւ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail