ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Քերիմ Խան Զանտ` Իրանի Տիրակալ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Քերիմ Խան Զանտ` Իրանի Տիրակալ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

05 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Քերիմ Խան Զանտ` Իրանի Տիրակալ

Յովսէփ Էմին Էջմիածնի Մէջ Եւ
Յակոբ Ե. Շամախեցի
Կաթողիկոսի Դիմումը Ռուսական Արքունիք

Հայ Եւ Վրացական Զօրքերու Արշաւանքը Ղարաբաղի Խանութիւն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ղարաբաղի Փանահ Ալի խան, Ուրմիոյ Ֆաթհ Ալի խանէն վրէժ լուծելու եւ իբրեւ մրցակից զայն տկարացնելու, ինչպէս նաեւ պատանդ տարուած իր որդին ազատելու առաջադրանքներով բանակցութեան մէջ մտաւ Քերիմ խան Զանտի հետ, միասնաբար ընկճելու համար հասարակաց հակառակորդը:

Քերիմ խան Զանտ

Քերիմ խան Զագրոշեան լեռներուն վրայ, Լուրիստան երկրամասին մէջ թափառող Զանտ ցեղին պետն էր: Լուր ցեղային խմբաւորումներ են բուն լուրերը, պախթիարները, մամասանիները եւ քոհկիլույէները, որոնք լուրի լեզուի բարբառներ կը խօսին: Քերիմ խան եւ եղբայրները` Մոհամէտ Սատէք խան, Զաքի խան եւ Էսքանտիար խան Զանտ, եւ անոնց զարմիկները` Շէյխ Ալի խան, Նազար Ալի խան եւ Ալի խան Զանտ եղբայրները անհակակշռելի ուժ դարձած էին:

Զանտեր պախթիարներու Չահար Լէնկ ցեղախումբերու պետ, Կոլփայեկանի ու Սպահանի կառավարիչ եւ ինքզինք վեքիլ-ի տովլէ (պետութեան ներկայացուցիչ) հռչակած Ալի Մարտան խանը նուաճած էին: Քերիմ խան Զանտ ինքզինք վեքիլ-ի ռաայա (ժողովուրդի ներկայացուցիչ) եւ Սեֆեւիներու տան ժառանգորդ, Միրզա Մորթեզայի որդի Ապու Թորապի (շահ Իսմայիլ Գ.) խնամակալ հռչակած էր: Իրաք Սճամը իր տիրապետութեան տակ առնելէ եւ Ղաջարներու ցեղապետ Մոհամէտ Հասան խանը նուաճելէ ետք Քերիմ խան Զանտ յարձակեցաւ Մազանտարան մնացած աֆղանական զօրքերուն վրայ եւ ջարդեց ու ցիր ու ցան փախուստի մատնեց զանոնք:

Քերիմ խան Զանտ 1760-ին արդէն իր բոլոր գլխաւոր հակառակորդները նուաճած եւ բացի Խորասանէն, Իրանի մեծ մասին տիրակալը դարձած էր, իբրեւ մայրաքաղաք ունենալով Շիրազը:

***

Պարսկաստանի ներքին պատերազմները ծանր ազդած էին Էջմիածնի վրայ եւ բազմաթիւ տուայտանքներու մատնած հայոց կաթողիկոսարանը: Ամէն իշխանաւոր ու տիրակալ աչք յառած էր Մայր աթոռի ենթադրեալ գանձերէն օգտուելու համար:

Յակոբ Ե. Շամախեցի

Աղեքսանդր Բ. Բիւզանդացի կաթողիկոսի վախճանումէն (11 նոյեմբեր 1755-ին) ետք տեղապահութիւնը վարող Յակոբ եպիսկոպոս Շամախեցի 1759 օգոստոսին կաթողիկոս ընտրուեցաւ: Բազմակողմանի զարգացման տէր, գիտուն եւ շնորհաշատ Յակոբ Ե. Շամախեցի կաթողիկոս օծուեցաւ 28 նոյեմբեր 1759-ին:

Յակոբ Ե. Շամախեցի 1760-ի ապրիլին Էջմիածնի մէջ ընդունեց Յովսէփ Էմինը:

Յովսէփ Էմին, Համատանէն Կալկաթա փոխադրուած վաճառականի որդի, ոգեւորուած էր Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարով: Ան կ՛երազէր տիրապետել ռազմական արուեստին եւ զէնքի ուժով ազատագրել հայրենիքը: 1751-ին մեկնած էր Անգլիա եւ մտած ռազմական ակադեմիա: 1759-ին ան ճամբայ ելաւ դէպի Հայաստան: Հայկական գաւառներուն մէջ ան տեսաւ թշուառ եւ ստրկական կեանք ապրող ժողովուրդ մը, որուն մէջ պատմական յիշողութիւն անգամ չէր մնացած: Ան գիւղացիներուն քարոզեց, որ Աստուծոյ կողմէ բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած են, հետեւաբար պէտք չէ հանդուրժել ուրիշին գերին ըլլալ: Եւ եթէ ժողովուրդը գերի է, ապա բնական է որ ան պէտք է ազատագրական պայքար մղէ:

Յակոբ Ե. Շամախեցի կաթողիկոս լաւ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ Յովսէփ Էմինի եւ խրախուսեց անոր ազատագրական ձեռնարկները:

Յովսէփ Էմին

Սուրբ Էջմիածնի եւ Երեւանի մէջ Յովսէփ Էմին մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց տարածաշրջանի կացութեան, Պարսկաստանի ու Վրաստանի յարաբերութիւններու, Արցախի դրութեան եւ մելիքներու քաղաքական ակնկալութիւններու մասին:

Յովսէփ Էմին համոզուեցաւ, որ օտար տիրապետութեան դէմ ազատագրական պայքար մղելու համար հարկաւոր է դրացի պետութեան մը օժանդակութիւնը: Իբրեւ հնարաւոր դաշնակից ան նկատի ունէր Ռուսաստանը կամ Վրաստանը: Իր շփումներու ընթացքին ան հասկցաւ, որ հայերու հայեացքը աւելի ուղղուած է դէպի Ռուսաստան եւ անոնք հոնկէ կը սպասեն իրենց երազած ազատագրութիւնը:

Յովսէփ Էմին մէկ շաբաթ մնաց Էջմիածին: Հոնկէ ան պիտի երթար ներկայանալու վրաց արքունիք: Բայց երկար մտածելէ ետք այն եզրակացութեան հասաւ որ անօգուտ է վրաց թագաւորներուն ներկայանալ առանց դրամական ուժի եւ ազդեցիկ յանձնարարութիւններու:

Յովսէփ Էմին Հայաստանէն վերադարձաւ Անգլիա:

***

Վրաց Բագրատունիներու տոհմէն հայր եւ որդի Թէյմուրազ Բ. եւ Հերակլ Բ., որոնք նախապէս Նատիր շահի բանակին զօրավարներ էին, լաւապէս օգտուած էին Պարսկաստանի անիշխանութենէն: Թէյմուրազ Բ. Քարթլիի թագաւորն էր, իբրեւ մայրաքաղաք ունենալով Թիֆլիսը, իսկ Հերակլ Բ. Կախեթիի թագաւորն էր, իբրեւ մայրաքաղաք ունենալով Թելաւին:

Թէյմուրազ Բ. եւ Հերակլ Բ. պաշտօնապէս վալիի տիտղոս կը կրէին եւ ձեւականօրէն պարսկական փոխարքաներ էին: Անոնք քրիստոնէական քաղաքականութիւն կը վարէին եւ հակաիսլամական դիրք բռնած էին:

Շրջակայ իսլամական իշխանութիւններու եւ ցեղերու դէմ ընդհանուր առմամբ յաղթական արշաւանքները բարձրացուցած էին Վրաստանի հեղինակութիւնը: Այդ յաղթանակներու ազդեցութեան տակ հայեր կ՛աշխատէին որ քրիստոնեայ տիրապետութիւնը աւելի ուժեղանայ եւ տարածուի նաեւ Վրաստանի սահմաններէն դուրս:

Թէյմուրազ Բ. Թագաւոր

Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ եւ Ջրաբերդի մելիք Հաթամ յոյս ունէին որ Վրաստան օգնութիւն կը տրամադրէ իրենց: Այդ յոյսով ալ անոնք դիմեցին Թէյմուրազ Բ. թագաւորին եւ առաջարկեցին հայ-վրացական միացեալ զօրքերով ոչնչացնել Փանահ Ալի խանի իշխանութիւնը:

Թէյմուրազ Բ. ընդառաջեց հայ մելիքներուն, որովհետեւ ինքն ալ շահագրգռուած էր Փանահ Ալի խանի տկարացումով եւ յոյս ունէր առատ աւար ձեռք ձգել Ղարաբաղի խանութենէն:

Թէյմուրազ Բ. վրացիներէ, օսերէ, խեւսուրներէ եւ լեռնական այլ ցեղերէ բաղկացած խառնիճաղանճ բազմութիւն մը հաւաքելով արշաւեց դէպի Ղարաբաղ: Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ իրենց զօրքերով միացան անոր: Արշաւող զօրքերը հասան մինչեւ Ասկերան, ուր կանգ առին եւ դիրքաւորուեցան: Հայ մելիքները ստանձնեցին իրենց դաշնակից զօրքերու ամբողջ պաշարեղէնը մատակարարելու պատասխանատուութիւնը:

Դիմադրութեան պատրաստուելով, Փանահ Ալի խան ամրացուց Շուշիի պաշտպանութիւնը եւ օգնութեան կանչեց իրեն հաւատարիմ մելիք Շահնազարն ու մելիք Միրզախանը:

Ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Կարկառ գետի ափերուն մօտ, Ասկերանի աւերակներէն քիչ հեռու: Փանահ Ալի խանի զօրքերը ջախջախուեցան եւ փախուստի դիմեցին: Հայ եւ վրացական զօրքերը գրաւեցին Ասկերանի բերդը (բերդին ներկայ ձախակողմեան հատուածը, ութ աշտարակներով, կառուցուած է 1750-ական տարիներուն, խանական իշխանութեան նախաձեռնութեամբ. աջակողմեան հատուածը կառուցուած է աւելի ուշ` 1788-1789-ին):

Փանահ Ալի խան գլուխը ազատելու համար փախուստ տուաւ դէպի Պարսկաստան: Բայց Դալի Մահրասա եւ Թիւլի Արզուման Խուդափերին կամուրջին վրայ բռնեցին փախստական խանը:

Մելիք Շահնազար պարտութենէն ետք փախաւ ու ամրացաւ իր Աւետարանոց գիւղին մէջ: Անոր մօտ ապաստան գտաւ մելիք Միրզախան: Հայոց եւ վրաց միացեալ զօրքերը պաշարեցին Աւետարանոցը եւ քանի մը օրուան կռիւներէ ետք գրաւեցին զայն: Մելիք Շահնազար եւ մելիք Միրզախան գերի ինկան:

Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ Փանահ Ալի խանի տիրոյթներն ու հարստութիւնները աւարի տուին, հրդեհեցին եւ ոչնչացուցին:

Թէյմուրազ Բ. թագաւոր Ղարաբաղի իշխանութիւնը մելիք Հաթամի եւ մելիք Յովսէփի յանձնեց եւ որոշեց վերադառնալ Վրաստան, Փանահ Ալի խանը, մելիք Շահնազարը եւ մելիք Միրզախանը իր հետ տանելով իբրեւ գերիներ: Բայց մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ, Թէյմուրազի հետ սկիզբէն դրած պայմանի համաձայն անկէ պահանջեցին, որ Փանահ Ալի խանը, մելիք Շահնազարը եւ մելիք Միրզախանը իրենց ձեռքը տայ, որպէսզի անոնց հետ վարուին այնպէս ինչպէս որ իրենք կը կամենան, իսկ ինքը պէտք է բաւականանայ միայն պատերազմական աւարով:

Թէյմուրազ Բ. չմերժեց մելիք Հաթամի եւ մելիք Յովսէփի պահանջը, բայց զանազան պատրուակներով յետաձգեց, մինչեւ որ իր զօրքերուն եւ գերիներոն հետ դուրս ելաւ Ղարաբաղի սահմաններէն:

Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ հասկցան, որ վրացի ընչաքաղց թագաւորը դիտաւորութիւն ունի մեծագումար փրկագին ընդունիլ Փանահ Ալի խանէն եւ անոր կապուած երկու մելիքներէն եւ այնուհետեւ զանոնք ազատ արձակել:

***

Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ բաժնուեցան Թէյմուրազ Բ.էն եւ որոշեցին անպատիժ չձգել զայն: Անոնք իսկոյն դիմեցին Շիրվանի Հաճի Չելեպի խանին եւ առաջարկեցին միասին պատժել վրաց թագաւորը:

Հաճի Չելեպի խան, որ մտահոգ էր Վրաստանի հզօրացումով, ընդառաջեց հայ մելիքներու առաջարկին:

Մինչ այդ, Գանձակի կողմերէն անցած ժամանակ վրացական զօրքերը կը կողոպտէին ճանապարհին վրայ գտնուող գիւղերը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գանձակի Շահվերտի խան իր զօրքով վրացիներուն դէմ ելաւ, բայց պարտուեցաւ եւ գերի ինկաւ: Նոյն ժամանակ Հաճի Չելեպի խան, մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ վրայ հասան:

Շէյխ Նիզամի կոչուող վայրին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտին վրացիները պարտուեցան եւ իրենց յափշտակած աւարը ձգելով փախուստի դիմեցին դէպի Թիֆլիս: Բայց հայոց եւ Հաճի Չելեպիի զօրքերը հետապնդեցին զանոնք մինչեւ Սընըղի կամուրջ, անցան Ղազախի եւ Շամշադինի գաւառները եւ ամէն տեղ թալանելով ետ դարձան:

Բայց հայոց մելիքներու գլխաւոր ցանկութիւնը` ձեռք ձգել Փանահ Ալի խանը, մելիք Շահնազարը եւ մելիք Միրզախանը, չկատարուեցաւ:

Թէյմուրազ Բ., մինչեւ հայոց զօրքերու հասնիլը, գերիներէն մեծ գումար ստանալով, ազատ ձգած էր   զանոնք:

Հայոց մելիքները ազատեցին գերեվարուած Շահվերտի խանը:

***

Յակոբ Ե. Շամախեցի կաթողիկոս նամակագրութիւն կը պահէր վրաց Թէյմուրազ Բ. եւ Հերակլ Բ. թագաւորներուն հետ:

Թէյմուրազ Բ., ռուսական արքունիքին նեցուկը ապահովելու նպատակով, ուզեց որ հայերն ալ իրենց ձայնը բարձրացնեն յանուն քրիստոնէութեան:

Յակոբ Ե. Շամախեցի կաթողիկոս 20 յուլիս 1760 թուակիր նամակ գրեց ռուսաց Ելիզաւետա Ա. կայսրուհիին, Հայաստանը պարսկական տիրապետութենէն ազատագրելու եւ «դժբախտ հայ ժողովուրդին հոգատարութիւնը» իր վրայ վերցնելու խնդրանքով:

Հայոց կաթողիկոսին նամակը հետը առնելով Թէյմուրազ Բ. մեկնեցաւ Պետերբուրգ: Բայց սպանական ժառանգութեան համար համաեւրոպական պատերազմի պայմաններուն տակ ռուսական արքունիքը ժամանակ չունէր զբաղելու կովկասեան հարցերով: Թէյմուրազ Բ. մնաց Պետերբուրգ, ուր մահացաւ 8 յունուար 1762-ին:

www.aztagdaily.com/archives/513210

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail