Դարձեալ Ահազանգ. Ցանելու Եւ Հնձելու Մասին Հեքիաթ` Հայերէնին Դէմ Դաւին Մասին – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Դարձեալ Ահազանգ. Ցանելու Եւ Հնձելու Մասին Հեքիաթ` Հայերէնին Դէմ Դաւին Մասին – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

15 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Այն պահուն, երբ`

  • ազերիական ուժեր 9 ամիսէ ի վեր կը շարունակեն մարսել Արցախի մեծ մասը,
  • ազերի զինուորներ աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր ամրացած են Հայաստանի սահմանային կարգ մը հողերուն վրայ,
  • Պաքու կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանէն յաւելեալ հողեր գրաւել,
  • Ազրպէյճան եւ Թուրքիա աւելի յաճախակի կը դարձնեն միացեալ ռազմափորձերը,
  • Ազերիներ ամէնօրեայ «սովորութեան» կը վերածեն սահմաններուն վրայ հայ զինուորներու սպանութիւնը, իսկ պաշտօնական Երեւանը կը բաւականանայ աշխարհը համոզելով, որ «մենք բան մը չըրինք, իրենք են կրակողը»,
  • հրաժարեալ-թեկնածու վարչապետը ի վերջոյ գիւտ մը կ՛ընէ, թէ Ազրպէյճան խաղաղութիւն չի ցանկար, կը խափանէ խաղաղութեան երթը,
  • Սահմանադրական դատարանը կը շարունակէ լսել խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն կեղծիքները բացայայտող ընդդիմադիրներու փաստարկները (հաւատա՞նք,  թէ կը լսէ),
  • իշխանութիւնը նոր թափ կու տայ ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքներուն` բացայայտ դարձնելով, որ Ազրպէյճանէն առաջ ի՛նք որոշած է ընկճել մասնաւորապէս սիւնեցիներուն դիմադրականութիւնը,
  • Հայաստանի մէջ կենսանիւթերու գիները նոր բարձունքներ կը նուաճեն,
  • կարգ մը երկրագործական շրջաններ ջուրի տագնապի մատնուած են,
  • (Հայաստանի սահմաններէն անդին) ամերիկեան ուժերը արագօրէն կը հեռանան Աֆղանիստանէն` տեղ բանալով թրքական ուժերու,
  • բնական աղէտներ կը հարուածեն Եւրոպայի արեւմտեան գօտին ու ամերիկեան ցամաքամասի մէկէ աւելի շրջաններ,
  • մեր անմիջական շրջանին մէջ եւ շատ աւելի անդին, ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական աշխարհներուն մէջ, նոր «կար ու ձեւ» տեղի կ՛ունենայ, եւ մենք մեզի կը զլանանք մինչեւ իսկ հանդիսատես ըլլալու իրաւունքը,
  • Պսակաւոր ժահրի համաճարակը նոր կայսրութիւններ կը նուաճէ,

Երբ… երբ… երբ…

Հայաստանի պաշտօնական լրատու աղբիւր մը, մօտաւորապէս 10 օրուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, առանց ահազանգ հնչեցնելու, լուսարձակի տակ բերաւ աշակերտներու անցուցած քննութիւններուն անբաւարար արդիւնքներէն ծագող տագնապը: (Աղբիւրը միակը չէ):

Սկզբնապէս, հաղորդուած էր, որ ՀԱՅԵՐԷՆԻ եւ հայերէնով աւանդուող նիւթերու արդիւնքները գոհացուցիչ չեն. յաջողութեան համեմատութիւնը շուրջ 46 առ հարիւր է: Այդ փուլին, դասախօսներ, ուսուցիչներ եւ հայագիտութեան կալուածի պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնեցին, աւելի՛ ուժեղ ահազանգ հնչեցուցին, քան ինչ որ եղաւ ուրբաթ, 16 յուլիսին, երբ սկզբնական մտահոգութիւնը «բարեխառնուեցաւ», թէ` անբաւարար արդիւնքներ նկատուած են նաեւ այլ նիւթերու, օրինակ` ուսողութեան մէջ. անցման համեմատութիւնը եղած է ցած, եւ սա` ո՛չ միայն համալսարան մտնելու պատրաստուողներուն, այլ նաեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու պարագային:

***

Եթէ պահ մը այս անբաւարարութիւնը դիտենք ընդհանրական պատկերի մը մէջ, պէտք է ձեւով մը ընդունիք տրուած այն բացատրութիւնները, թէ Պսակաւորի համաճարակին պատճառով դասաւանդութիւնները կաղացած են նա՛եւ Հայաստանի մէջ: Սակայն եթէ ականջ տանք մասնաւորաբար հայերէնով աւանդուած նիւթերուն մէջ արձանագրուած նահանջին վերաբերող ախտաճանաչումներուն, կը տեսնենք, որ մասնագէտները (եւ հոս իշխանամէտն ու ընդդիմադիրը կը կանգնին, պէ՛տք է տեսնել, որ կը կանգնին նոյն խրամատին մէջ) ունին աւելի տարածուն մտահոգութիւն: Անոնք կը հաստատեն, որ Հայաստանի մէջ (իսկ սփիւռքը, գիտենք, բոլորովին այլ «կենդանի» է, այս սիւնակը այդ երեսը քննարկելու պիտի չծառայէ), հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտական նիւթերու աւանդումը տարիներէ ի վեր հետեւողական նահանջի մէջ է: Վերանկախացման առաջին տարիներէն ի վեր հայերէնով աւանդուած նիւթերու ծրագիրները «չեն հասունցած», յաճախ կամայական դատումներով եւ «ընտրութիւններով» դասագիրքեր պատրաստուած են (նպատակ չունինք եղածները ամբողջովին փոշիացած տեսնելու), սակայն վերջին տարիներուն, այս անփութութիւնը (կը նախընտրենք մեղմ բառ մը գործածել) նոր տարածք շահած է: Իբրեւ հիմնաւորում այս ախտաճանաչումին` յիշեցում կը կատարուի, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրով եւ մասնաւորապէս երկու տարի առաջ, հայերէնի, պատմութեան եւ յարակից դասանիւթերու հանդէպ անտարբերութիւնը (չըսելու համար իրողական թշնամանքը) բարձրացաւ ՊԵՏԱԿԱՆ մակարդակի, դարձաւ կառավարութեան պաշտօնական վարքագիծին մէկ տարրը, երբ կրթութեան նախարարը որոշեց (եւ վարչապետն ալ որդեգրեց), որ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններ մուտքի համար հայ աշակերտները այնուհետեւ պարտաւոր չեն այս նիւթերուն մէջ քննութիւն տալու եւ յաջողելու: Եւ ահա, երկու տարի ետք, քանի մը անբաղձալի գործօններու գումարը մեր աշակերտութիւնը կը հասցնէ «անբաւարար արդիւնքներ» արձանագրելու մտահոգիչ վիճակին:

***

Օրին, մամուլն ու մտաւորականութիւնը, նաեւ քաղաքական շրջանակներ, նոյնինքն ուսանողները ահագին աղմուկ բարձրացուցին, ուժեղ ահազանգեր հնչեցին Հայաստանի մէջ, սփիւռքէն լսուեցան տեղին արձագանգներ (որովհետեւ սփիւռքցին լաւ գիտէ, թէ մեր վերջին զօրակայանը հանդիսացող Հայաստանի մէջ նման նահանջ, պարտուողականութիւն ինչպիսի՜ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ արտերկրին վրայ, որ այլապէս դէմ յանդիման է հայը հեղձամահ ընող բազում հոսանքներու): Պահանջուեցաւ օրուան նախարարին հրաժարականը, սակայն, ինչպէս ամէն շինիչ պահանջ, այդ ալ անտեսուեցաւ վարչապետին եւ «յեղափոխականներուն» կողմէ, աւելի՛ն, նախարարը քիչ ետք «դասարան փոխեց» եւ դարձաւ վարչապետի խորհրդական (իսկ թէ անոր խորհուրդները ի՞նչ որակի կրնան ըլլալ` երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր):

Համաճարակը, բազմաբնոյթ փոթորիկներ` հանրաքուէի հարց, ազերիական յարձակում` Տաւուշի վրայ, յետոյ նաեւ 44-օրեայ պատերազմն ու հետեւանքները, կանխահաս ընտրութիւններ եւ ցարդ շարունակուող զարգացումներ (մաս մը արդէն խեղկատակութեան վերածուած) ողողեցին հրապարակը. ուսումնական նահանջները, մասնաւորաբար հայերէնով աւանդուող նիւթերու ասպարէզին մէջ անկումը քշուեցան լուսանցքներէն ալ դուրս: Եւ ահա, ուսումնական տարեվերջին, քննութիւններուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, ահազանգը դարձեալ կը հնչէ եւ… անմիջապէս կը խլանայ: Բացի կրթական քանի մը պատասխանատուներու, ուսուցիչներու եւ համալսարանի դասախօսներու հրապարակային արտայայտութիւններէն, այս մտահոգութիւնը խեղդուած կը մնայ օրուան քաղաքական-զինուորական դէպքերուն հեղեղին տակ (Գերմանիան ու դրացի երկիրներ վերջին օրերուն պատուհասող  աղէտալի ողողումներուն հետեւանքները վաղը կը դարմանուին, մեր «հեղեղը» կը դառնայ… ջրհեղեղ: Կը փնտռուի Նոյ մը, որ նոր Տապան մը շինէ):

***

Իբրեւ բնական հակազդեցութիւն` կրնայ երեսին նետուիլ այն մտածումը, որ վերը յիշատակուած դէպքերուն (եւ բազում այլ մտահոգիչ զարգացումներուն) դիմաց, ժամանա՞կն է արծարծելու հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ նման նիւթերու մէջ աշակերտներուն ոչ գոհացուցիչ արդիւնքները: Հիմա ուրիշ տարտ չունի՞նք…:

Ահազանգը ո՛չ այսօր, ո՛չ երկու տարի առաջ, ո՛չ ալ նախընթաց տարիներուն անտեղի էր ու անժամանակ: Այս ահազանգին զուգահեռ, նախազգուշացման համահունչ կոչեր արձակուած են նա՛եւ մայրենին (մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ) հեղձամահ ընող այլ ախտի մը դէմ, որ կը կոչուի օտարաբանութիւն` օտար բառերու առատ գործածութիւնը լրատու աղբիւրներու, պետական ու քաղաքական դէմքերու, մինչեւ իսկ դասախօս-մտաւորականներու կողմէ (չմտնենք գռեհկանաբանութեան-ռամկականութեան դաշտէն ներս):

Մտահոգութիւնը, ահազանգը այսօր աւելի՛ հնչեղ է, քանի որ անոր մէջ արդէն կ՛երեւին ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ իսկ որոշումով արձանագրուած նահանջին, ինքնալքումի տանող ընթացքին արդիւնքները: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ «Ինչ որ ցանես` զայն կը հնձես» առածը որքա՞ն հին է, սակայն անիկա Փիւնիկի նման ամէն օր կը վերածնի մեր այսօրուան կեանքին մէջ, մեր հայրենիքի՛ն մէջ, որ, ինչպէս շեշտեցինք արդէն, մեր վերջին կռուանն ու յենարանն է:

Այս մտահոգութիւնը պէտք չէ դիտել լոկ որոշ դասանիւթերու մէջ արձանագրուած ոչ գոհացուցիչ արդիւնքներու պարունակին մէջ, այլ զայն պէտք է տեսնել հայութենէ նահանջի, հայրենալքումի (գոնէ անոր որոշ մասերէն ձեռք քաշելու) եւ դարաւոր ժառանգութիւնները փոշիացնելու, զանոնք անտիրութեան մատնելու վարքագիծի մը շատ աւելի լայն ծիրին մէջ, որ, կրկնենք, ՊԵՏԱԿԱՆ քաղաքականութեան վերածուեցաւ թաւիշ պատմուճանով հրապարակ եկած «քալողներու» օրերուն: Այս հաստատումին մէջ թող ո՛չ ոք «հակա-Հայաստան» տրամադրութիւն տեսնէ, որովհետեւ այս իշխանութիւնը փաստեր կուտակած է, որ նախկիններու անհաճոյ ու անբաղձալի «իրագործումները» ինք կը տարածէ դէպի նոր հորիզոններ, կը փորձէ հասնիլ նոր «նուաճումներու», որոնք իրողապէս խաւարի կը մատնեն Հայաստանի բոլոր հորիզոնները` ո՛չ միայն ուսումնական, այլ նաեւ քաղաքական, բանակի-պաշտպանական, տնտեսական-ընկերային, ռազմավարական եւ նոյնինքն հայրենիքի տարածքն ու լինելութիւնը պահպանելու գետիններուն վրայ:

***

Մի՛շտ ալ կարելի է հարց տալ. ի՞նչ կարելի է սպասել իշխանութենէ մը` վերէն մինչեւ վար, որ աւելի՛ հետամուտ է արդարամիտ ու հայրենասէր ընդդիմախօսներ հետապնդելու, քան նոյնինքն Հայաստանէն հողեր գրաւող ազերիներ վանելու մասին մտածելու (արդէն գործնական քարոզչութիւն կը տարուի, որ սահմանագծումի «եռակողմանի եւ օգտակար» քայլերուն լրումով, Արցախը վերջնականապէս պիտի յանձնենք Ազրպէյճանին: Ու տկարամիտներս դեռ կը մտածենք… Արեւմտեան Հայաստանի մասին):

Ուսումնական, հայեցի կրթութեան հարցերը կրնա՞ն առաջնահերթ կարեւորութիւն ստանալ նման մարդոց ուղեղին մէջ, երբ անոնց իւրաքանչիւր քայլը Հայաստանը կը տանի նոր կորուստներու, կը բազմացնէ «Դամոկլեան սուր»-երը` յիշողութեանց մէջ վերականգնելով տասնամեակներ առաջ ձեւաւորուած այն «իմաստութիւնը», թէ` «Ի՞նչ վնաս, եթէ Հայաստանը վերածուի Թուրքիոյ կամ Ռուսիոյ (հիմա կրնանք աւելցնել նաեւ Ազրպէյճանի) մէկ իրողական նահանգին, այն յոյսով կամ պատրանքով, որ անկէ ետք հայն ու Հայաստանը կրնան երկար գոյատեւել, խաղաղ ապրիլ, զարգանալ ու բարգաւաճիլ»:

Այլ խօսքով, ուսումնական այս պատկերը պարզապէս մէկ ցոլացումն է այն համայնապատկերին, դէպի ուր կը փորձեն տանիլ Հայաստանն ու հայը: Այս իշխանութիւնը, բացայայտ է, ունի «դուրսէն» քաջալերողներ, իսկ հայութեան մէջ նման վարքագիծ ծափահարողնե՜ր կան տակաւին…

Կասկած կա՞յ, թէ ինչո՛ւ պէտք է բան մը բարեփոխել Հայաստանի մէջ, իշխանութիւնը օժտել ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մտածողութեամբ, վանել այլասերողն ու ապազգայնացնողը, դուրս գալ իշխանաւորներուն աժան եւ ամէն համ կորսնցուցած քարոզչութեան պատանդի վիճակէն:

16 յուլիս 2021

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail