Անդրադարձ – Կարմիր Գիծերը Քաշուած Համարեցէք – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
29 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Դիտեցէք լուսանկարը, որ հատորներու դառն պերճախօսութեամբ մեզի կ՛ըսէ, թէ ո՛վ ենք մենք, ո՛վ է մեր թշնամին, եւ ի՛նչ է այն ուժը, որուն ձեռքերուն մէջ կը գտնուի մեր երկրին ղեկը: Հոս այլեւս նրբերանգներ չկան: Գոյութիւն չունին, «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց»-ներ, որոնց ետին կարողանաք պահուըտիլ: Թշնամին է, որ օր-ցերեկով կը ժպրհի ձեր արժանապատուութիւնը քուրջի վերածել, եւ դուք ոչինչ ունիք ըսելու:
Թշնամիի խոշտանգումներու զոհը, այս պարագային, Արցախի Հանրապետութեան Մայր Եկեղեցին է, նոյնինքն Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարը, աշխարհին ծանօթ որպէս Շուշուայ Ղազանչեցոց® Ան գերեվարուած է, սրբապղծուած, անարգուած եւ թշնամիի ամէնօրեայ քմայքներուն ու սատիզմին նշաւակ:
Թշնամին զայն խլեց առանց փամփուշտ մը իսկ վատնելու իր զինապահեստէն: Շուշին եւ իր Սուրբ Ամենափրկիչը (եւ շատ ուրիշ հայրենական տարածքներ) պարզապէս տրուեցան թշնամիին նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ եւ Նիկոլ Փաշինեանի գաղտնի ստորագրութեամբ: Տրուեցան բոլորովին ծածո՛ւկ` Հայաստանի նախագահէն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարէն, Հայաստանի Ազգային ժողովէն, Հայաստանի դատական իշխանութենէն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահէն եւ պետական օրկաններէն եւ ողջ հայ ժողովուրդէն: Տրուեցան նենգ անձնատուութեա՛մբ եւ մէ՛կ անձի պատասխանատուութեամբ` բացէ ի բաց ոտնակոխ ընելով Հայաստանի Սահմանադրութեան կողմէ ճշդուած վարչապետական պարտաւորութիւնները: Յստակացնենք անմիջապէս, որ նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութիւնը շատ հեռու է միջպետական համաձայնագիր ըլլալէ: Ան նենգաւոր գործարք մըն է Ալիեւի, Մոսկուայի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ: Եթէ մեր ժողովուրդը պիտի խօսի իր խղճով եւ արժանապատուութեամբ, եւ եթէ մտածէ մեր անկախ պետականութեան դիրքերէն, մեր ժողովուրդը բացարձակապէս պիտի մերժէ նոյեմբեր 9-ի այս լպիրշ թուղթը, դուրս շպրտէ զայն ստորագրող վարչապետը մեր երկրի քաղաքական բեմէն եւ օրինական հետապնդման ենթարկէ զայն առանց պահ մը իսկ դեդեւելու:
Այո՛, այսպէս պէտք էր եղած ըլլար առաջին օրն իսկ, բայց չեղաւ: Փաստը այն է, որ Փաշինեան դուրս չէ դրուած մեր երկրի քաղաքական բեմէն: Ան վերստին դրուած է իշխանութեան դիրքերուն վրայ: Եւ այսօր մենք հարկադրուած ենք հաշուի նստելու մեր ազգային այս մեծ ողբերգութեան հետ: Հիմա հարց տանք մենք մեզի: Ո՞վ է իսկական պատասխանատուն Շուշիի եւ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գերեվարման ընդվզեցուցիչ փաստին: Ո՞վ է, որ իսկապէս թոյլ կու տայ այս հսկայ անարգանքը` ուղղուած մեր ինքնութեա՛ն: Նիկո՞լն է: Մոսկուա՞ն է: Արեւմո՞ւտքն է: Իրա՞նն է: Իսրայէ՞լն է: Նիկոլի ջատագովական դաշտի կոյր գործիչնե՞րն են: Թէ՞ մեր երկրի ապաքաղաքացինե՛րը, որոնք իրենց անողնայար կեցուածքով եւ անորակելի վարքագծով նիկոլներ կը վերարտադրեն: Թէ՞ մեր երկրի կոտորակուած ընդդիմութի՛ւնն է, որ չի կրնար միաւորուիլ եւ ոտնաքարշ արտաքսել այս օտարոտին մեր հաւաքական կեանքի հարթակէն: Թէ՞ առհասարակ բոլոր անո՛նք, որոնք չեն կրնար կտրել գորդեան հանգոյցը եւ վճռականօրէն բանալ ճամբայ® Ո՞վ:
Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը – հակառակ իր ապօրինի կարգավիճակին – այնուամենայնիւ կը շարունակէ գործել իր ճակատագրական աւերը: Ձեռամբ Նիկոլի` ան թշնամիին յանձնեց մեր հայրենիքի կենսական տարածութիւնները եւ դեռ կը շարունակէ յանձնել` ամէն օր աւելի անպաշտպան եւ անպաշտպանելի դարձնելով մեր անկախ պետականութիւնը: Հարց տուէք դուք ձեզի, թէ իսկապէս ի՞նչ բան է այս փաստաթուղթը, որ օրը-օրին կ՛արագացնէ մեր ազգային գահավէժը` մեզ ազգովին մղելով յանցաւոր անգործութեան: Պատասխանը յստակ է: Ան ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` թշնամիին կողմէ պարտադրուած միակողմանի պայմանագրութիւն մը: Գործարք մը եւ գործիք մը միաժամանա՛կ, որ մեր երկրի իշխանութեան իսկ ձեռքով վերջ կը դնէ մեր անկախ պետականութեան կենսական յենարաններուն եւ օր-ցերեկով կը գրէ մահավճիռը մեր գոյութեան:
Եւ բարացուցական է այն աղաղակող իրողութիւնը, որ յիշեալ փաստաթուղթը նոյնիսկ չէ կրցած լուծել ռազմագերիներու հարցը: Չէ կրցած` քանի որ այս փաստաթուղթը չէ ստեղծուած որեւէ հարց լուծելու հայկական կողմին համար: Ան ստեղծուած է պարզապէս առեւանգելու հայ անկախ պետականութիւնը եւ բռնի հայաթափման տանելու մեր հայրենիքի վերջին այս պատառիկը, որ դարերու ընդմէջէն պահպանուած է անդուլ պայքարներով եւ ծով արեամբ: Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը ստեղծուած է մեզ վերածելու անարմատ սփիւռքի եւ անխարիսխ հաւաքականութեան` մեծապետութիւններու այս ովկիանոսին մէջ: Ան ստեղծուած է միանգամընդմիշտ բնաջինջ ընելու մեր անկախութեան աշխարհաքաղաքական հողը: Նկատի առնելով վերոյիշեալը, մենք կ՛ըսենք` Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պարտութեան այս վարչակարգը չի կրնար ներկայանալ աշխարհին որպէս հայ անկախ պետականութեան հարազատ ձայնը: Ան կապ չունի մեր ազգային գերագոյն շահերուն հետ: Ան կապ չունի մեր ազգային ինքնութեան հետ: Իր քաղաքական էութեամբն իսկ ան գործիքն է թշնամի ուժերուն` կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ փետուրներով զարդարուած ըլլայ ան: Կարեւոր չէ, թէ ինչպիսի՛ «մեծամասնութիւն» ան հաւաքած ըլլայ վերջին արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին: Չմոռնա՛լ, որ նման «մեծամասնութիւն» գոյացուցած էր նաեւ այն իսկ իշխանութիւնը, զոր մերժելով, եւ որուն ոտնահետքերով ինք եկաւ իշխանութեան: Այժմէն իսկ յստակ թող ըլլայ պարտութեան վարչակարգի ներկայացուցիչներուն: Իրենց բիւզանդական «մեծամասնութիւն»-ները մեզ չեն տպաւորեր եւ ի վերջոյ պիտի չկրնան խաբել Հայաստանի քաղաքացին: Այդ «մեծամասնութիւն»-ներով դուք միայն յաջողած էք անդամալուծել հայ պետականութեան օրէնսդիր գործընթացը եւ վերջ տուած` բազմակարծութեան
կենսական ռեժիմին: Դուք իրաւազրկած էք ոչ միայն մեր ժողովուրդը, այլեւ ձեր իսկ իշխանութիւնը եւ զայն վերածած տխմար բռնատիրութեան մը, որ կը կապէ միայն ձեր ձեռքերը: Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթով դուք մեր անկախ պետականութիւնն է, որ տարած էք հաւաքական ինքնասպանութեան, տարած էք գերեվարման եւ այսօր այդ մեծ ռազմագերին է, որ կը հեծէ թշնամիի լուծին տակ: Հետեւաբար, այսօր մեր գործն է շրջել գերեվարման այս եպերելի գործընթացը եւ անգամ մը եւս տէր կանգնիլ մեր խոշտանգուած ժողովուրդին: Մեր գործն է տէր կանգնիլ մեր ազատութեան, մեր անկախութեան, մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան, մեր հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան, մեր պատմական յիշողութեան եւ մեր ազգային արժանապատուութեան: Ինչպէս միշտ` ասիկա մե՛ր գործն է, ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱ՛Ն ԳՈՐԾԸ եւ գործը բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են առանց այլեւայլի դիմագրաւելու մեր երկրի ազատագրման այսօրուան մարտահրաւէրը: Եւ ոչ մէկ շինծու իշխանութիւն կրնայ կենալ մեր եւ մեր պատմական այս առաքելութեան միջեւ:
Հասկնալով հանդերձ մեր հասարակութեան կեանքը բզքտող գոյութենական երկուութիւնները, այնուամենայնիւ մենք կը հաւատանք, որ դասալքութիւնը այլընտրանք չի կրնար ըլլալ մեր ժողովուրդին համար: Մի՛ հաշուէք ատոր վրայ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր երկրի քաղաքացին անպայման պիտի ընտրէ զգաստութիւնը: Պիտի ընտրէ քաղաքացիական քաջութիւնը: Ան համակեցութեան պիտի չգայ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգին հետ: Ան պիտի մերժէ պարտութիւնը: Պիտի մերժէ նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի դաւը` մէկդի հրելով բոլոր կասկածելի «խնամախօս»-ները: Մեր երկրի հարազատ ինքնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերը պիտի կանգնին ոտքի: Պիտի վերախմբուին եւ հիմնովին պիտի մերժեն պարտութեան հետ ապրելու ձեր բոլշեւիկեան դաւանանքը: Անոնք պիտի չյանձնեն մեր երկիրը: Անոնք պիտի չսողան թշնամիին առջեւ: Անոնք գործիք պիտի չդառնան մեծապետութեանց ձեռքին: Անոնք պիտի մերժեն գերութիւնը: Անոնք ետ պիտի բերեն այն ամէն ինչը, զոր դուք տուիք թշնամիին: Այն, ինչ որ դուք տուիք թշնամիին, ձեր իսկ խոստովանութեամբ, ձեզի չէր պատկաներ: Այդ բոլորը կը պատկանին մեզի՛ եւ այդ բոլորը մե՛նք ենք, որ ետ պիտի բերենք: Թէկուզ գերմարդկային զոհողութիւններով, թէկուզ ժամանակի նոր ապառաժներ հալեցնելով, մենք քար առ քար պիտի հոյակերտենք այն երկիրը, ուր – Թումանեանի անմահ բառերով – «ձգտում է մեր հոգին», եւ որուն արժանի են մեր զաւակներն ու թոռները այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան:
Կարմիր գիծերը քաշուած համարեցէք: Կը կրկնե՛մ: Կարմիր գիծերը քաշուած համարեցէք եւ չկասկածիք, որ Շուշիի մեր սգաւոր տաճարին զանգերը նորէն պիտի ղօղանջեն երկրէ երկիր:
www.aztagdaily.com/archives/517069