Անդրադարձ – Օգոստոսեան Տրտում Խոկումներ – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
04 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Արդէն իսկ մէկ տարի եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի աղէտալի պայթումէն, որ ո՛չ միայն քանդեց նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը մասնաւորապէս եւ Պէյրութ քաղաքը ընդհանրապէս` խլելով անհամար անմեղ զոհեր, այլ նաեւ խիստ հարուած մը հասցուց լիբանանահայ համայնքի ողնայարէն:
Հոգեկան պարտք կը զգամ պահ մը կանգ առնել եւ յարգանքի տուրք մատուցել պայթումի անխտիր բոլոր անմեղ զոհերուն յիշատակին: Այո՛, անոնք անմեղօրէն զոհուեցան, պարզապէս որովհետեւ պայթումի շրջակայքին մէջ կը գտնուէին, կարծես ժամադրուած ըլլային տխուր մահուան հետ` իրենց ետին ձգելով զիրենք այնքա՜ն սիրող իրենց եղբայրներն ու քոյրերը, ծնողներն ու զաւակները:
Սփիւռքի կեդրոն Լիբանանի համար դժբախտաբար տրտում եւ աղէտալի պահերը նորութիւններ չեն թուիր ըլլալ: Քաղաքացիական պատերազմը, սուրիական բանակի մուտքը, իսրայէլեան բանակի ներխուժումը, միջքրիստոնէական բախումները եւ բազմաթիւ այլ դէպքեր տակաւին դրոշմուած կը մնան յիշողութեան մէջ, եւ անոնց պատճառով նաեւ լիբանանահայ գաղութը սուղ գին վճարեց իր անմեղ զաւակներուն արեամբ:
Այս պատմական արժէք ներկայացնող հայկական գաղութը` կիլիկեան սուրբ աթոռի նստավայրը, ազգային կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կեդրոնը, հայակերտման դարբնոցը եղած է սփիւռքի վառ փարոսը, անառիկ բերդը:
Դժբախտաբար այսօր, տնտեսական եւ քաղաքական բարդութիւններու կուտակումը, առաւել` 4 օգոստոսի աղէտին անմիջական անդրադարձները խիստ դժուար վիճակի մը մատնեցին ամբողջ լիբանանահայութիւնը: Կարծէք գաղութը մխրճուած է երկար փապուղիի մը մէջ, որուն վերջաւորութեան լոյսի նշոյլ մը իսկ չ՛երեւիր:
Պարտք կը զգամ նշել հետեւեալ ճշմարտութիւնները, օրինակ` դրամի արժեզրկում եւ չգոյութիւն, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի պակաս, տարրական ու պատշաճ սննդեղէնի եւ դեղերու անբաւարարութիւն, անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ քաղաքական անկայունութիւնը: Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ այս երբեմնի հզօր գաղութը կարենայ տոկալ եւ գոյատեւել` առանց հիւծելու եւ տկարանալու, ինչպէ՞ս համոզել լիբանանահայը, որ այս պայմաններուն մէջ շարունակէ մնալ Լիբանանի մէջ: Այսպիսի պահերու է, որ մենք անմիջական կարիքը ունինք սփիւռքի այլ գաղութներու եւ անհատներու օժանդակութեան, որպէսզի մեր ազգային կառոյցները` եկեղեցիները, դպրոցները, զանազան կեդրոնները եւ կազմակերպութիւնները կանգուն մնան: Լիբանանը` սփիւռքահայութեան կեդրոնը, Միջին Արեւելքի հայութեան գոյութեան երաշխիքը:
Չմոռնանք, որ Մեծ եղեռնէն անմիջապէս ետք, ասպնջական եւ դրախտանման Լիբանանի երկինքին տակ էր, որ հայ ազգային կեանքը փթթեցաւ, մեր որբ մեծ հայրերը իրենց ճակտի քրտինքով գաղթակայանը վերածեցին աւանի:
Հայ ցեղին աննահանջ ոգիով ու աննկուն պայքարով եկէ՛ք միասնաբար փութանք մայրիներու երկրի մեր գաղութին օգնութեան: Եթէ այս գաղութը շարունակէ վնաս կրել, հարուածը հասցուած պիտի ըլլայ ամբողջ հայութեան, որուն անքակտելի մէկ մասն է լիբանանահայութիւնը:
4 օգոստոսի աղէտը եւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը մեզ կը դնեն այս հոգեվիճակին մէջ: Անգամ մը եւս յարգանք, խոնարհում եւ աղօթք` ի յիշատակ անմեղ զոհերու հոգիներուն:
www.aztagdaily.com/archives/518001