Քոնրատ Լորենցի Հետ Անմիջականէն Անդին` Մտածել Քաղաքակրթութեան Մեղանչումի Մասին – Յակոբ Պալեան

The 12th century St. Mary’s Armenian Church in the village of Tsakuri, in the Hadrut region of Artsakh, where Aliyev ordered the removal of Armenian medieval inscriptions

Քոնրատ Լորենցի Հետ Անմիջականէն Անդին` Մտածել Քաղաքակրթութեան Մեղանչումի Մասին – Յակոբ Պալեան

11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մեր կեանքը եւ մեր կարծիքները դասաւորելու համար պէտք է հետեւինք մեծ գիտնականներու միտքերուն, անոնք մեր ալ ժառանգութիւնն են: Ճիշդ է, որ հաւասար ենք, սկզբունք է, բայց անոնք քիչ մը աւելի հաւասար են:

Քոնրատ Լորենց` Ի. դարու աւստրիացի մեծ գիտնականը, նոպէլեան դափնեկիր, ուսումնասիրած է անասուններու եւ մարդու վերաբերումը իրենց բնական միջավայրին մէջ, բնութեան հետ համահունչ կեանքի: Գիտութիւնն է` ÉTHOLOGIE:

Իր «Քաղաքակիրթ մարդկութեան ութ գլխաւոր մեղքերը» գիրքին մէջ Ք. Լորենց կը խօսի մարդու անպատասխանատուութեան մասին. ութ մեղքերով: Ան քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կը համարէ «ինքնաընտելացած եւ հիւանդ»` բաղդատած «նախնական ժողովուրդներուն», զանոնք այդպէս կը կոչենք, որովհետեւ մեր քաղաքակրթութեան մէջ չեն, որոնք առողջ մնացած են, ունին իրենց քաղաքակրթութիւնը, տարբեր եւ բնութենէն անանջատ: Ո՞ր չափանիշներով մէկ քաղաքակրթութիւն աւելի ճիշդ կենսաձեւ է, գերադաս: «Նախնականներ»-ը չեն փճացներ կեանքի նախապայման բնութիւնը, չեն սղոցեր ճիւղը, որուն վրայ կը նստին:

Ըստ Ք. Լորենցի ժամանակակից մարդկութիւնը վտանգուած է ութ գլխաւոր մեղքերով: Կը թուէ. 1. Բնակչութեան գերաճ` բաղդատած կեանքի բաւարարման միջոցներու, 2. Շրջապատի աւերում (պատճառ` մոլորակային հաւասարակշռութիւններու խախտման), 3. Ինքզինքին դէմ արշաւ (հոգեկան լարուած վիճակ` տնտեսական մնայուն ճնշման պատճառով), 4. Մահացու գաղջութիւնը (բացասական հետեւանքները հանգստաւէտութեան եւ հետապնդումը զերօ վտանգի), 5. Ծինային փճացումը (ֆիզիքական այլասերում եւ հիւանդութիւններու դէմ տկարացում), 6. Աւանդութենէ հեռացում (հեռացում` գիտելիքներու փոխանցումէ), 7. Վարակը վարդապետութիւններու տիրապետութեան (մտածման կաղապարումը, formatage), 8. Հիւլէական զէնքը:

Քաղաքակրթութեան զարգացման, տիրապետութեան, տարածման եւ ընդհանրացման մասին պէտք է մտածել` գէթ մասամբ ազատ մնալու համար: Անհատ եւ հաւաքականութիւն պէտք է գիտակցին վտանգին, չապաստանին եսի պատի ետին, չառարկեն, որ իրենք անկարող են այդ վտանգին դէմ կանգնելու:

Ընդհանրապէս կեանքի պաշտպանութեան մասին պէտք է մտածել, մէկ առ մէկ դատումի առարկայ դարձնել Ք. Լորենցի յիշած ութ մեղքերը: Մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ: Կը բաւէ դիտել ՄԵՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ` ՏԵՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆՔ ԵՒ ԻՆՉՈ՛Ւ, ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ԿՐՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ, ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ԿԵԱՆՔ ՊԻՏԻ ԿՏԱԿԵՆՔ ԳԱԼԻՔ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ:

Մոլորակը ո՛չ կը մեծնայ, ո՛չ կը փոքրանայ: Առանց պատմութեան խորերը երթալու` բաղդատենք տարբեր ժամանակաշրջաններու մոլորակի բնակչութեան թիւերը: ԺԹ. դարուն սկիզբը այդ եղած է մէկ միլիառէն պակաս, դարու կէսին` 1,2, Ի. դարու սկիզբը` 1,6, 1910-ին 1,8: Երբ դպրոցական էինք, աշխարհագրութեան դասագիրքը կ՛ըսէր` 2,2 միլիառ, հիմա կ՛ըսուի 7:

Կեանքի տեւողութեան յաւելումը, առողջապահական պայմաններու բարելաւումը, բժշկութեան յառաջդիմութիւնը, նորածիններու մահացութեան նուազումը պատճառ են մոլորակի բնակչութեան աճին: Բնութեան պաշարները անբաւարար պիտի ըլլան, անոնք պիտի չաճին: Ջուրը, մշակելի հողերը, ընդերքի պաշարները են, ինչ որ են:

Բնակչութեան աճը պատճառ եղած է պատերազմներու, Եւրոպան գաղութարար դարձած է այդ աճի պահանջները բաւարարելու համար, նոր աղբիւրներ փնտռած է: Ափրիկէի բնակչութեան աճը, բժշկական խնամքի նպաստով մահերու նուազումը եւ կեանքի պայմաններու անբաւարարութիւնը կը բացատրեն դէպի զարգացած երկիրներ գաղթականական հոսքը: Նոր տեսակի գաղութարարութիւն:

Սպառում, ոչ անհրաժեշտի պահանջ անբաւարար պիտի դարձնեն, ինչ որ մոլորակը կրնայ տալ: Ան խեղդամա՞հ պիտի ըլլայ բնակչութեան աճի պատճառով:

Շրջապատի աւերումը կը սկսի, երբ մարդը բնութիւնը կը չարաշահէ` առանց մտածելու հետեւանքի մասին: Անցեալին գիւղացին քանի մը տարի նոյն արտը մշակելէ եւ անկէ բարիք ստանալէ ետք զայն հանգիստ կը ձգէր, որպէսզի թարմանայ, չէր հերկեր, չէր ցաներ: Հերկադուլ (jachère): Քիմիական պարարտացուցիչներով աւելի բերք ստանալու համար հողի բնական կարգը կը խանգարենք:

Անտառներու վերացումը, ճամբաներու ասֆալթապատումը պատճառ են հեղեղներու: Հանքածուխ եւ նաւթ կ՛ապականեն մթնոլորտը: Ովկիանոսները կը դարձնենք աղբաման, ուր օր մը կեանքը կրնայ կանգ առնել: Մտածա՞ծ էք, թէ ամէն օր թռչող օդանաւերը քանի հազար թոն այրած կազ կը թափեն մեր գլխուն վրայ: Մեր պզտիկ հաճոյք-մոլութիւն ծխախոտի բնածխական կազի եւ ասդին-անդին նետուած թոներով կճատներու ապականութիւն են:

Ի վիճակի չենք մաքրելու արտադրուած աղբը, որ կ՛աւերէ շրջապատը: Աւելցուցէ՛ք մեծ ու պզտիկ ռումբերու աւերածութիւնը, սպառնալիք դարձած հիւլէական ուժը, ոչ միայն ռումբը, նաեւ` ելեկտրակայանները: Պէտք է յիշել Չեռնոպիլի մահասփիւռ վթարը:

Չարիք, զոր կը կատարենք բնութեան եւ կեանքին դէմ:

Մենք մեզի դէմ արշաւ… Դիտելով ուրիշը` ձգտիլ աւելիին, չբաւարարուիլ, մրցակցութիւն, սպառման ցանկութիւն` նորին եւ նորաձեւութեան, որ տնտեսական ջրապտոյտ է: Յառաջդիմութեան եւ նորին կ՛ենթարկուինք ինքնահաստատման ճիգով. ունենալ աւելի ընդարձակ (եւ յաճախ բանի չծառայող) բնակարան, տեղափոխութեան ծառայող աւելի պերճ ինքնաշարժ, հագուստ-կապուստի ցուցադրական բազմապատկում եւ այլն: Այս ցանկութիւնները բաւարարելու, ուրիշը գերանցելու կամ ուշադրութիւն գրաւելու ձգտումը կը յառաջացնեն ջղային լարում` սթրես: Երեւելիութեան մարմաջ եւ դիրքապաշտութիւն կը յառաջացնեն հոգեկան ճնշում եւ նիւթական միջոցներու որոնում, եւ երբ անոնք չկան, ջղային լարումը կը սաստկանայ, կը յառաջացնէ անհանգստութիւն: Այս կացութեան մէջ կը ծնի «նորոյթ»-ի եւ «նորաձեւութեան» ճնշումը, որուն համար դիպուկ է Ք. Լորենցի բանաձեւը. «Նորոյթը ամէնէն անդիմադրելի եւ ամէնէն ազդու ձեւն է մարդկային մեծ հաւաքականութիւնները ձեռնավարելու համար (manipuler)»: Նորոյթը չենք ընտրեր, կ՛ենթարկուինք, կ՛ըլլանք առարկայ. հագուստ-կապուստ, ինքնաշարժ, արձակուրդ, ճաշեր, դիմայարդարում, ատամնաշար, զոր կը կոչեն հոլիվուտ սմայլ… Շարքը երկար է` համպըրկրէն` կովարածի տաբատները… Հաւաքականութիւնները կը միօրինականացուին, կ՛ենթարկուինք:

Կը դադրինք մենք մենք ըլլալէ, ուրիշներ կ՛ընտրեն եւ կ՛որոշեն մեր փոխարէն: Կարծէք այնքան ճնշուած ենք, որ անզօր ենք հակազդելու, դատելու եւ ընտրելու: Այսինքն կը զիջինք ազատօրէն եւ ինքնուրոյն կերպով ընտրելու մեր իրաւունքը:

Սադայէլի շրջանակ, որմէ կը փորձեն դուրս գալ քիչեր: Անոնք ալ կը համարուին` ինքնատիպ, արտառոց, զարտուղի: Բարեմիտ ֆրանսացի բանաստեղծ մը գրականութեան համար ըսած էր, «Վանեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»: Այսօր կրնա՞նք բաժնել իր լաւատեսութիւնը:

Ճարտարարուեստական ընկերութիւն եւ համաշխարհայնացում ծնունդ տուին տեւաբար աճող հանգստաւէտութեան պահանջի եւ շահի անզսպելի հետապնդումով` անոր բաւարարման, գումարելով նորութիւնները, գործածութենէ դուրս բերելով այն, ինչ որ նորութիւն չէ, աճեցնելով արտադրուած աղբը, ձգտելով աւելի հանգստաւէտին, նուազ յոգնութիւն պահանջողին: Արդարեւ, առանց յոգնութեան ապրելու ցանկութիւնը համատարած է եւ անոր բաւարարումը` պետական-տնտեսական առաջադրանք: Մարդու մարմնի բնական ինքնապաշտպանութիւնը փակագիծի մէջ դրուած է ոչ անհրաժեշտ դեղերով: Կարծէք կ՛ապրինք ինքնապաշտպանութեան խոզակի մէջ: Կը դիմենք դեղերու` իրաւ կամ ենթադրական վտանգները զերօ աստիճանի հասցնելու համար, կ՛աճին ծախսերը, որոնց համար աւելի պէտք է աշխատիլ, կամ` չարաշահել:

Զերօ վտանգ չկայ: Գիտութեան, ճարտարագիտութեան, քիմիականի միջամտութիւնը օդին, հողամշակութեան, սնունդի պատրաստութեան մէջ եւ ոչ անհրաժեշտ պահանջները, ինչպէս` ծխախոտը եւ արագասոյր ինքնաշարժները, կը հեռացնեն զերօ վտանգէն:

Ականատես եւ թիրախ ենք` ծինային փճացման, ֆիզիքական այլասերման, քիմիական նիւթերու եւ բնագիտական նուաճումներու միջամտութեամբ, կը նուազի մարմնի դիմադրականութիւնը, այդ հունով անոնք կ՛ազդեն հոգեկանի վրայ:

Սեռային անբնական (բառը ճիշդ է այս պարագային) յարաբերութիւնները, իրենց յառաջացուցած վարակներով եւ ընկերահոգեբանական հետեւանքներով, կը խախտեն բնութեան եւ բնականի կարգը: Հիւանդութիւններ կը վարակեն սերունդները, բժշկութիւնը կը պայքարի անոնց պատճառով եղած մահուան վտանգին դէմ, բայց ծիներու վրայ անոնց ազդեցութիւնը այդպէս ալ չի յաղթահարուիր: Դէմ յանդիման կը գտնուինք ֆիզիքական այլասերումներու: Հիւանդութիւններու դէմ կը հնարուին դեղեր` միշտ նոր, միշտ աւելի ազդու, բայց անոնք կը տարածուին եւ կը բազմանան:

Ազատութիւններու եւ հաճոյասիրութեան հետեւանք այս այլասերումը Ք. Լորենցի համար քաղաքակրթութեան մեծագոյն մեղանչումներէն մին է, որուն դարմանը ոչ ոք նախատեսած է, որուն դէմ քաղաքակրթութիւնը անզօր է: Կեղծ ազատական-նորարարական թափահարումները այդ մեղանչումը դարձուցած են համամոլորակային` զայն համարելով նաեւ յառաջդիմութիւն եւ ազատականութիւն:

Աւանդութիւնները ժողովուրդներու անցած ուղիի եւ կենսափորձի շտեմարան են, նկարագիր կը կերտեն: Աւանդութիւնը հանդէսներու ֆոլքլոր չէ: Պատումները նախնիներու ոգիի մասին կը վկայեն, այն ոգիին, որ մեր ինքնուրոյնութիւնը կը կազմէ, մենք այդ ոգիի կուտակումն ենք, ջերմոցային բոյս չենք:

Ամբողջական աւանդութիւն է լեզուն: Ք. Լորենցի յիշատակած ութ հիմնական մեղանչումներէն է անոր կորուստը. ֆրանսացին կը դադրի ֆրանսացի ըլլալէ, չինացին չինացի չ՛ըլլար, հայը կը դադրի հայ ըլլալէ, կ՛ըլլան այդ անուանումով ուրիշ: Աւանդութիւններու գումարումը կը նմանի տարուան եղանակներուն, որոնք կու տան կեանքի, տնտեսութեան, բարքերու կշռոյթը. ե՞րբ հերկել, ե՞րբ ցանել, ե՞րբ քաղել: Անոնք ընկերութեան միութեան-միացման շաղախն են:

Նախնական կոչուած ընկերութիւններու կազմակերպութիւնը կը հետեւի աւանդութիւններու, անոնք կը սահմանեն դեր, պարտականութիւն, ըմբռնումներ: Անոնցմէ հեռացումը տնտեսական եւ կեղծ յառաջդիմութեան պիտակի տակ, խախտած է ընկերութիւններու հաւասարակշռութեան հիւսկէնը: Դարերու ընթացքին հաւաքաբար ստեղծուածը խանգարած ենք, քանդած` արժէքներու համակարգը: Յատկանշական է ընտանիքի պարագան, որ բեկուած է: Նոր սերունդը զրկուած է երէցներու փորձէն, ընտանիքը եղած է սոսկ զոյգի կառոյց: Հայերս կը խօսէինք անցեալի նահապետական ընտանիքի մասին, ուր արժէքներ կը փոխանցուէին, նորերը կը սորվէին յարգել երէցները:

Արդէն երկու դարէ ի վեր մարդկութիւնը դատապարտուած է ինքզինք զգալու եւ տեսնելու վարդապետութիւններու մէջ, ըստ անոնց տեսութիւններուն եւ յղացքներուն կը խօսի եւ կը դատէ, կ՛որոշէ եւ կ՛ընտրէ: Այսինքն մեր մտածումները աստ եւ անդ կաղապարուած են:

Եթէ աւելի ետ երթանք, կրնանք մտածել, որ այդ ըրած են կրօնները` առաջնորդելով մտածումները, կողմնորոշումները, դատումները եւ ընտրանքները:

Ժամանակակից հաղորդակցական միջոցներու տարածումը եւ բազմապատկումը վարդապետութիւններու ուժը անհամեմատ եղանակով աւելցուցած են` հասնելով կրկին եւ կրկին իւրաքանչիւրին ամէնուրեք. տուն, դպրոց, աշխատանքի վայր, նոյնիսկ` փողոցը: Կը կարծենք ընտրել, ինքնուրոյն մտածել` առանց անդրադառնալու, որ ուրիշ տեղէ ստացած ենք մեր մտածման կաղապարը: Կ՛ըսեն` formaté եղած ենք, եթէ կ՛ուզէք` ձեւաւորուած:

Այս աշխատանքը կատարած են եւ կը կատարեն իշխանութիւնները` առաջնորդելու համար զանգուածները: Այսպէս եղած է քաղաքակրթութեան տարածումը` առաջնորդելով միօրինականացման: Ես ինծի միշտ հարց տուած եմ, թէ ի՞նչ իրաւունքով խանգարած ենք Հարաւային Ամերիկայի բնիկներու կեանքի օրէնքը, կենցաղը, ընկերութիւնը, զորս կը կոչենք նախնական, ո՞վ որոշած է, որ մեր քաղաքակրթութիւնը աւելի լաւ է Ամազոնի կամ Պոռնէոյի մարդոց կենսաձեւէն: Հետեւանք. պատերազմ, տիրակալութիւն, ստրկացումներ:

Այս վերաբերումը մի՞թէ Ք. Լորենցի նշած հիմնական մեղանչումներէն մին չէ:

Զէնքը, հիւլէական ուժի գործածութիւնը եւ սպառնալիքը մեղանչում են: Այդ քաղաքակրթական մեղքի դրսեւորումներն են աւերուած-այրած Հիրոշիման եւ Նակազաքին: Մի՛ ըսէք` պատերազմ էր: Նոյն աւերին դիմաց գտնուած է մարդկութիւնը` առանց պատերազմի, երբ պատահած է Չեռնոպիլի հիւլէակայանի աղէտը: Մի՛ ըսէք` բացառիկ աղէտ էր: Նոյնը կրնայ պատահիլ, նոյնքան անակնկալ եղանակով, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Չինաստան, Հնդկաստան եւ այլուր, նոյնիսկ` պզտիկ Հայաստան:

Իսկ հիւլէական զէնքը ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ մարդկութեան գլխուն վրայ կախուած մահուան սպառնալիք է: Ռազմական օդանաւեր եւ ընդծովեաներ զինուած են հիւլէական ռումբերով, որոնք որոշումով մը, կամ պարզապէս` սխալով մը, մոլորակը կը վերածեն խարոյկի: Հիւլէական ռումբի տիրապետող ղեկավարներ, ուր որ ալ գտնուին, իրենց հասողութեան տակ ունին այդ ռումբի գործածութիւնը հրահանգող կոճակը:

Քաղաքակրթութեան հնարած աղէտի մեղանչումները…

Հուսկ, պէտք է մտածել, որոշել, ընդունիլ քաղաքակրթութեան տիեզերական մեղքերը սրբագրել:

Ինչպէ՞ս այդ ընել, երբ տիրելու եւ շահագործելու կիրքը դարձած է վարակ, որուն դէմ պայքարը մարդկային առաքինութիւն կը պահանջէ, անհատաբար եւ հաւաքաբար: Չկան գլխաւոր եւ երկրորդական պատասխանատուներ:

Պատասխանատու է իւրաքանչիւր մարդ: Զիջում պէտք չէ ընել:

Վերը յիշուած հանգստաւէտութեան յարաճուն ցանկութիւնը ջաղացքի քար դրած է պատասխանատուութեան գիտակցութեան վրայ` հետեւելով հին (չ)իմաստութեան. ինձմէ ետք ջրհեղեղ:

Այս միտքով է, որ մեղանչած է ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ: Եւ այդպէս ալ կը շարունակէ:

18 յունիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

www.aztagdaily.com/archives/518423

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail