44-օրեայ Պատերազմի Պարտութիւնը Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Աւա՞րտն է – Յակոբ Պալեան
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հող ունենք՝ խլած, կեանք ունենք՝ մեռած,
Ա՜խ, ջրի, կրակի մենք եսիր դառած,
Ո՛չ երկինքն տեսնի մեր սուգն ու լացը,
Ո՛չ երկիրը պատռուի մեզ տանի ցածը։
«Վաթան», Խաչատուր Աբովեան
2020ի մեզի հոգեխոց դարձած պարտութիւնը հասկնալ Խաչատուր Աբովեանի քառեակով, բայց զայն չկրկնել:
Պէտք է վերադառնալ պատմութեան եւ քաղաքական իրադարձութեանց ակունքները: Ճիշդ հասկնալու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար էական են յստակ հարցումները:
Արդէն երեսուներեք տարի անցած է այն օրէն, երբ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի նոյն նպատակով եւ նոյն հաւատքով, սկիզբ առած էր Արցախի ազատագրական պայքարը, զոր կը կոչէին Արցախեան Շարժում: Ժողովրդական եւ քաղաքական պարզ բանաձեւում ունէր Շարժումը. ՄԻԱՑՈՒՄ: Պէտք է յիշել հրապարակին վրայ հաւաքուածներու միահամուռ պահանջը եւ առաջադրանքը. ՄԻԱՑՈՒՄ:
Վաղուան վերականգնումին համար անհրաժեշտ է այսօր հարց տալ եւ խօսիլ, թէ ինչո՞ւ չիրականացաւ Միացումը, ինչո՞ւ չյաջողեցանք այդ ընել:
Առանց անօգուտ եւ անտեղի բանավէճերու մէջ խրելու, արդարանալու համար արտաքին պատճառներ փնտռելու, նախ խօսինք այն մասին, թէ ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք: Անվարան պէտք է թուել թերացումները, Արցախը եւ արցախահայութիւնը Հայաստանի եւ հայութեան մաս չնկատելու յայտարարութիւնները: Չըսուեցա՞ւ միթէ, որ արցախսցիները մինչեւ հիմա ապրած են ազրպէյճանցիների հետ եւ այսուհետեւ ալ կրնան ապրիլ: Խօսքը ըսուած էր օրին Աշոտ Բլէյեանի կողմէ: Պէտք է յիշել, եթէ յիշողութեան կորուստի հիւանդութիւն չունինք, «եթէ ամնեզիա չունենք»: Թէեւ նոյն ձեւով մտածող զանգուած կայ մինչեւ այսօր:
Հայ քաղաքական միտքին համար արցախեան ազատագրական պայքարի ազգային-քաղաքական նպատակը երկու չէր կրնար ըլլալ, մէկ էր. հայոց հայրենիքի վերամիաւորումը: Երբ այս հիմնական սկզբունքը դիւանագիտական ճապկումներու ծուղակը իյնալով փակագիծի մէջ դրուեցաւ, կողմերը եւ զանազան բնոյթի հաշտարարները եւ միջնորդները, արցախեան հիմնահարցը փակուղի տարին, ասդին անդին գումարուած բանակցութիւններու ուռկանին մէջ բանտարկելով էականը: Այս խնդիրը ուսանելի պէտք է ըլլայ վաղուան համար:
Միթէ՞ 1920ի անփառունակ պարտութենէն եւ անոր հետեւանքներէն աւելի վատ կ’ըլլային միաւորման յանդգնութեան հետեւանքները, թէ ինչպէս այդ կը պատահի ամէն տեղ, ընդուելի կ’ըլլար կատարուած իրողութիւնը:
Ինչո՞ւ Մոսկուան, Մինսքի խումբի համանախագահները, նաեւ Իլհամ Ալիեւ, նոյնիսկ Էրտողան, չեն փորձեր, չփորձեցին, Արցախի հարցը քննել պատմութեան եւ օրէնքի լոյսին տակ, ճշդելու համար, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ Արցախը յայտնուած է Ատրպէյճանի կազմի մէջ, որպէսզի քաղաքակիրթ լուծում գտնեն, ԻԱ դարու մէջ չգործեն նախամարդոց անտառի օրէնքով:
Ինչո՞ւ դահիճ համարուած Ստալինի կամայական որոշումը Արցախը Ատրպէյճան կցելու պիտի համարուի իրաւունք եւ օրէնք, եւ ո՛չ թէ բազմադարեան պատմութեան վկայութիւնը ըլլայ առաջնորդող սկզբունք:
Եթէ Մ․Ա․Կ․-ը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը իրենց կոչման հաւատարիմ ըլլային, կը ճշդէին իրաւունք, ոչ թէ թնդանօթի եւ անօդաչու սարքերու պարտադրած արդարութեամբ, այլ պատմութեան վկայութեամբ, ժողովուրդներու անցած ուղիով: Յիշեցում. 451ին, Մաշտոց Ուտիքի մէջ հիմնած է դպրոց:
Ո՞ւր էին ազերիները եւ թուրքերը երբ հայերէն գիրով եւ խօսքով ուսուցում կ’ըլլար Արցախի մէջ:
Արցախի տէր ըլլալու-չըլլալու իրաւունքը բնիկները ջարդելո՞վ կը հաստատուի, նոյնիսկ քաղաքակիրթ համարուած ԻԱ դարուն, երբ կան միջազգային համայնքը վերահսկող ուռուցիկ անուններով կազմակերպութիւններ եւ իրենք զիրենք իրաւարարութեան կոչած ՄԵԾԵՐ: Անգլիական The Guardian թերթը, օրին, երկու տարբեր տեսերիզներու վրայ ճշդած էր ազերի զինուորներու կողմէ երկու հայ գերեվարուածներ, 69 եւ 82 տարեկան, որոնք գլխատուած էին: Ա՞յս է ընդունուած կարգը ուրիշը հայրենիքը իւրացնելու:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կ’ըսէ, թէ Արցախը երբեք Ատրպէյճանի կազմին մէջ չի մտներ, մոռցէ՛ք… Յուզիչ յայտարարութիւն: Ան պատասխանած է Ատրպէյճանի տիրակալ Ալիեւի, որ ըսած է, թէ Արցախը ունի 25.000 բնակիչ: Արտակ Բեգլարեան ճշդած է, որ Արցախը ունի 120.000 բնակիչ: Ի հարկէ, խօսքը կը վերաբերի Արցախէն մնացած քառորդին: Իսկ ինչպէ՞ս տիրութիւն կրնար ըլլար Արցախի աւելի քան 10.000 ք.ք.մ. տարածքին, երբ ան բնակեցուած չէր այդ աշխարհին տէր ըլլալու դեր ունեցող ժողովուրդով: Այսօր հոն նստած է ներխուժած յաղթական թուրքը, որ զէնքի ուժով իրաւունքի ծնունդ կու տայ:
Եթէ մնացած քառորդին վրայէն վերցուի ռուսական վահանը… Այս հայ ազգային քաղաքական հրատապ օրակարգ պէտք է ըլլայ, զոր կարելի չէ լուծել տեսութիւններով եւ խօսքի աճպարարութիւններով:
Յաճախ պէտք է մտածել համահայկական քաղաքականութեան մէջ մեր ունեցած մեծ թերացման մասին. չկամութիւն եւ անկարողութիւն բնակեցման քաղաքականութիւն իրականանցելու: Այս՝ Արցախի պարագային, ոչ միայն այսօրուան քառորդին: Այս՝ նաեւ Հայաստանի: Իրատես ըլլանք. եթէ Երեւանը նկատի չունենանք, ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Հայաստանի բնակեցումը, հողին վրայ բնակչութեան խտութիւնը, մանաւանդ երբ այդ բախտատենք նոյն տարածութեամբ երկիրներու:
Կրկնութեան գնով պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ բնակեցման քաղաքականութեան ձախողութիւնը կը բացատրուի նաեւ կազմակերպուած հայրենադարձութեան բացակայութեամբ: Զանազան պայմաններու բերումով սահմանափակ թիւով հայրենադարձները Հայաստան չեն վերադարձած, վերադարձած են Երեւան, ինչ որ հայրենի տարածքներու բնակեցման նպաստ չէ անպայման:
Հայաստան եւ Արցախ հայերը պոռացին ՄԻԱՑՈՒՄ: Ի՞նչ ըրին այդ իրականացնելու համար: Երէկ եւ այսօր, Հայաստանի հանրային կարծիքին կողմէ «ղարաբաղցին» կը դիմաւորուի որպէս օտար, խանգարող, իշխանութիւն գրաւող: Իսկ սփիւռք(ներ)ը պոռաց ըսելով՝ որ «Ղարաբաղը մերն է», բայց ներկայ տէր չեղաւ, մխիթարական եւ ինքնամխիթարական բարեսիրութեամբ գոհացաւ, երբ տիրութիւնը կը պահանջէ ներկայութիւն: Վաղը ճիշդ գործելու համար, այսօր ճիշդ գնահատումներ եւ քննադատութիւններ պէտք է ընել, եւ յանգիլ կառուցողական եզրակացութիւններու:
Ամէն տեղ եւ ամէն առիթով յայտարարուեցաւ, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»: Ղարաբաղեան Շարժման ալիքին վրայ իշխանութեան հասած Լեւոն Տէր Պետրոսեան, եւ այսօր Նիկոլ Փաշինեան ռէալ փոլիթիք առարկելով, Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու քաղաքականութեան հետեւեցան: Արցախի Հայաստան ըլլալուն իրապէս պէտք էր հաւատալ, անոր Հայաստանի հետ միաւորումը ազգային հիմնահարց համարել, ո՛չ միայն խօսքով, փոքրամասնութեան մը հաւատքով: Պատմութեան եւ մեր ժառանգութեան տէր ըլլալու յանձնառու պէտք էր ըլլային ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք, չգոհանալով ամբոխավարական ճառով:
Հիմա, ամենայն անկեղծութեամբ պէտք է նայիլ Արցախի հարցին. եւ ըսել. թէ՝
ա. Արցախը Հայաստա՞ն է, թէ՞ ո՛չ:
բ. 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը եւ անոր հետեւած պարտութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին հանգրուա՞նն է, թէ՞ աւարտը:
Մեկնելով իրարու շաղկապուած այս հարցումներուն դրական կամ ժխտական պատասխաններէն, հարկ է մշակել երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն, ճշդելով անկէ բխելիք մարտավարութիւնները. կազմակերպական, դիւանագիտական, բոլոր ճակատնրու վրայ հզօրացման, բոլոր ուժերու մէկտեղման, եւ անոնց ներսի եւ դուրսի զանգուածներու կողմէ իւրացման: Համահայկական քաղաքական փրաքսիս՝ այսօրուան եւ վաղուան մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն խաղերէն անդին:
Պատրաստուող միջազգային բարդութիւններու եւ նախատեսուող բախումներու ծիրէն ներս, Արցախի հարցը ախտորոշման պալար մըն է: Եթէ երէկ դաշնակից չունէինք, այսօր չունինք, քաղաքական իրադրութիւններու զարգացումը պիտի ընէ այնպէս, որ պիտի ներառնուինք քաղաքական-մշակութական նոր եւ ընդհանուր վերադասաւորումներու մէջ, պիտի ունենանք դաշնակիցներ, որոնց համար զիջումներով եւ պարտութիւններով առաջնորդուող երկիր եւ անոր ղեկավարութիւնը, չեն կրնար վստահելի գործակից համարուիլ:
Բանակցութիւն եւ համաձայնութիւն արդիւնաւետ եւ օգտակար են երբ կը կառուցուին փոխադարձութեան սկզբունքի վրայ:
Հայաստան կորսնցնուց պատերազմ մը:
Այսօր համայն հայութիւնը, ներսը եւ դուրսը, հայերը անհատաբար, ինչպիսի հեռանկարային եւ յանձնառութիւն պահանջող եզրակացութեան պիտի յանգին:
Գիտակից մարդու եւ հարազատ հայու վերաբերում պէտք է ունենալ եւ աւելի քան երբեք ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուիլ, որ կ’ենթադրէ եսերու գերանցումը, ներազգային ամէն կարգի խտրականութիւնները, եւ ինչպէս միշտ կրկնած եմ, ունենալ ճիշդ մարդը ճիշդ գործին գլուխ դնելու իմաստութիւնը,- the rigհt man in the rigհt place,- զոր երբեք չենք իւրացուցած:
Մեր իրաւազրկումներու շարքին, այսօրուան պարտութիւնը, որքան ալ ցաւալի ըլլայ, պէտք է յաղթահարել միացման եւ յաջողութեան գաղափարով:
Այս ընելու համար ազգի ղեկավարութիւնը անմիջականութիւններէ վեր պէտք է բարձրանայ: Այդպէս եղած են պարտութենէ ետք, պարտութիւնը չընդունած եւ ի վերջոյ յաղթանակած ժողովուրդները:
Պէտք է յիշել Ֆրանսայի առանձին մնացած բայց զէնքը վար չդրած ղեկավար զօրավար Շարլ տը Կոլը, Հնդկաստանի անզէն բայց իրաւունքի յաղթանակին հաւատացող Մահաթմա Կանտին:
Յովհաննէս Շիրազ, սովետական կարգերու տակ, յստակ խօսք ըսած էր Ղարաբաղը Հայաստանէն պոկողի մասին: Բանաստեղծի խօսքով միայն սրահ պէտք չէ յուզել, այլ՝ լսել ճշմարտութիւնը եւ պատգամը.
Ղարաբաղը մօրս կանչն է,
Ինձ է կանչում յոյսով տրտում,
………
Հայաստանից քեզ պոկողը
Հայաստանի եղբայրը չէ…
Այսպէս էր երէկ, է այսօր եւ պիտի ըլլայ վաղը:
yerakouyn.com/2021/08/19/44-օրեայ-պատերազմի-պարտութիւնը-արցախեա/