Այսօրուայ վարչապետ եւ կառավարութիւն որ՞ Սփիւռքի մասին է խօսքը, այն սփիւռքին որ Եղեռնէն ետք ստեղծուեցաւ թէ այն սփիւռքին որ Հայաստանէն արտագաղթեց – Լուսաւոր Աւետիս
20 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
(Blah, blah, blah blah)
Սփիւռքի ցաւերով քունը կորսնցուցած կառավարութիւնը խորհրդարան պիտի ուղարկէ որպէսզի օրէնքի ուժով ընդունուի այն ծրագիրը զորս մշակած են Յանուն սփիւռքի փրկութեան․․․
Ոմանք պիտի հարց տան թէ որ՞ Սփիւռքի մասին է խօսքը, այն սփիւռքին որ Եղեռնէն ետք ստեղծուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն մանաւանդ երբ 32 հիմնական գաղթօճախներ ստեղծուեցան թէ այն սփիւռքին որ կազմաւորուեցաւ խորհրդային Հայաստանէն աւելի քան 2 միլիոն Հայերու արտագաղթումով որը մինչ օրս կը շարունակուի մեծ թափով, առաջինը կանուանեն Դասական Սփիւռք իսկ երկրորդի անունը չեմ գիտէր սակայն կուզեմ հաւաստիացնել որ այս նախաձեռնութիւնը ուղղուած է Դասական Սփիւռքին, այդ կարելի է փաստել ծրագրին առաջին կէտը ընթերցելով․․․
Բազմաթիւ կէտէր կան գրուած․ Ընկեր մը կը փափաքէր որ Սփիւռքի մտաւորականութիւնը կարդան այդ բաժինները եւ հասկնան գրուածի բովանդակութիւնը իսկ ես պիտի ուզեմ որ ոչ միայն մտաւորականութիւնը այլ հասարակութիւնը եւս կարդայ քանզի Սփիւռքի մտաւորականութեան ձեռքին չէ հասարակութեան ղեկը այլ ամէն անհատ ինք իր գլխուն տէրն է հետեւաբար այս գրութիւնը ոչ մէկը պիտի հասկնայ իր բովանդակութեամբ քանզի գրուած է սիրուն բառեր քով քովի դնելով ստանալ ոչինչ տրամաբանութիւնով․․․
փորձեմ մի քանի կէտ աւելի հասկնալի լեզուով կարճ կտրուկ բացատրել ծրագրէն․
Կը փորձեմ բացատրել միայն 4 կէտ որպէսզի մօտաւոր իմանաք ինչի մասին է խօսքը․
Ըսեմ նաեւ որ այս ծրագիրով կառավարութիւնը ոչ մէկ նորութիւն չէ ըսած եւ չէ ծրագրած, կարելի է ուսումնասիրել նախկին տարիներու սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները եւ պիտի տեսնենք որ նոյն միտք բանին է, կէտերու, ստորակէտերու տեղերը փոխուած են, պարբերութիւններու դասաւորումները փոխուած են սակայն միտքը մնացածէ միշտ նոյնը․
Լաւ՝, ընկերներ եկէք իրար վրայ չխնդանք եւ երկու բառով բացատրենք իրականութիւնը «ինչպէս 30 տարի առաջ, ինչպէս 3 տարուայ ընթացքին ինչպէս այսօր սփիւռքը Հայաստանի կթան կովն է» այս տրամաբանութեամբ կը գրուին ծրագիրները, 1990-ականներուն երբ Լիբանանի մէջ հրատարակուող Հայատառ «Դիտակ» ամսագրի մէջ կարդացի Յօդուած մը գրուած Խմբագրի կողմէ «Սփիւռքը Հայաստանի կթան կովը չէ» խորագրով օրին շատ սրտնեղեցայ ծանօթ չըլլալով Հայաստանեան ներքին խոհանոցին սակայն այսօր համարեայ երեք տասնեակ տարիներ ետք կը հասկնամ խմբագրին․․․
Ըստ պետական տրամադրութեանց անուղղակի կըսեն քեզ «եթէ պիտի գաս Հայաստան պիտի պարես իմ երաժշտութեան տակ, մեզ պէտք է քո դուդուկը բայց մեր երաժշտութիւնը»
Սա է ամբողջ ծրագիրը, մնացածը լոկ բառեր բառեր եւ բառեր
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Հ․Գ․ 4 կէտերու աւելի դիւրին բացատրող-ականը կրնաք տեսնել ներքեւի մեկնաբանութեան բաժնի մէջ ինչպէս նաեւ կառավարութեան ծրագրի ընդհանուր գրութիւնը ուրիշ մեկնաբանութեան մը մէջ
.1 Սփիւռքի հետ կապեր
Հայաստան սփիւռք կապի նպատակը պիտի ըլլայ այն որ սփիւռքի մէջ ապրող Հայերը պահէն իրենց Հայութիւնը, կազմակերպէն Հայրենադարձութիւն եւ անոնց սորվեցնեն Հայաստանի հասարակութեան կենցաղը որպէսզի ըլլան հաւասար, նպատակը նաեւ պիտի ըլլայ գտնել սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ազդեցիկ մարդոց որոնց միտքը եւ հարստութիւնը կօգտագործուի Հայաստանի զարգացման համար։
• Կառավարութիւնը սփիւռքին չի նայիր որպէս Հայաստանը զարգացնելու գործիք այլ Հայաստանին զարգացման համար որպէս մասնակից, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու հետ գործակցիլ, նաեւ պիտի գործակցի այդ երկիրներու կառավարութիւններու հետ։
• Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ուսումնասիրել սփիւռքի որոշ համայնքներու իւրայատկութիւնները, անոնց ունեցած կարողութիւնները եւ կարիքները եւ անոնց ակնկալիքները Հայաստան սփիւռք գործակցութենէն եւ պիտի մշակէ յատուկ քաղաքականութիւն այդ համայնքի նկատմամբ։
• Պիտի մշակուի այնպիսի ծրագիրներ որ սփիւռքի հասարակութեան երիտասարդութիւնը հայրենադարձ ըլլայ, նոր ձեւերով անոնց բացատրուի Հայաստանի կրթական, մշակութային, գիտական տնտեսական, ստեղծագործական ոլորտները որպէսզի երիտասարդները աւելի դիւրին շաղուին այդ ոլորտներու հետ։