ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մատրասի Խմբակին Հայաստանի Ազատագրութեան Ծրագիրը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

The 12th century St. Mary’s Armenian Church in the village of Tsakuri, in the Hadrut region of Artsakh, where Aliyev ordered the removal of Armenian medieval inscriptions

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մատրասի Խմբակին Հայաստանի Ազատագրութեան Ծրագիրը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

02 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Արցախ Հիմք Եւ Յենարան Հայկական Պետականութեան
Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսին Քաղաքական Դիրքորոշումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յովսէփ Էմին, Հնդկաստան վերադառնալէն ետք, 1770-ին, անգլիական բանակին մէջ ծառայութեան մտաւ սպայի աստիճանով: Այդ ժամանակ ալ ան իմացաւ, որ ռուս-թրքական պատերազմը սկսած է եւ վճռեց ռուսական բանակին մէջ մտնել ու աշխատիլ հայութեան համար:

Խրիմի թաթարները 1769-ին ներխուժած էին Ռուսական կայսրութեան սահմանը: Հակայարձակողականի անցնելով, ռուսեր հատած էին Դնեստրն ու Դնեպրը:

Կովկասեան ճակատին վրայ վրացական զօրքերը Ասպինձայի մօտ 1770-ին նուաճեցին օսմանեան բանակը: Փոթին գրաւելու ռուս-վրացական բանակներուն փորձերը ձախողեցան: Եգէական ծովուն մէջ, Քարապուրուն թերակղզիին մօտ, Չեշմէ քաղաքին դիմաց ռուսական նաւատորմը ջախջախեց օսմանեան նաւատորմը եւ շրջափակեց Տարտանէլը: Այնուհետեւ, 1771-ին ռուսական բանակը Ազովեան նաւատորմին աջակցութեամբ գրաւեց Խրիմը: Դանուբի ձախ ափը անցնելու օսմանեան բանակի փորձերը ձախողեցան:

Յովսէփ Էմինի բարեկամ Նորթհըմպըրլէնտի դուքս Հուկ Փըրսի նամակով խորհուրդ տուաւ անոր մնալ Հնդկաստան, ըսելով որ մինչեւ տեղ հասնի պատերազմը վերջացած կ՛ըլլայ:

Մատրասի հայերը խոստացան տարեկան տասներկու հազար ռուփի տալ Էմինի, եթէ Հայաստանի ազատագրութեան համար բանակ կազմուի: Վաճառական Գրիգոր Խոջաջանեան պատրաստակամութիւն յայտնեց հայկական բանակի կազմակերպման նուիրաբերել իր հսկայ կարողութեան մեծ մասը:

***

Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոս Գրիգոր Խոջաջանեանի նուիրատուութեամբ Էջմիածնի մէջ 1771-ին տպարան բացաւ: Կաթողիկոսը կարգաւորեց հայոց տօնացոյցը, որ տպուեցաւ 1774-ին: Կաթողիկոսին ջանքերով եւ Գրիգոր Խոջաջանեանի նուիրատուութեամբ նաեւ 1776-ին վանքին մէջ թուղթի գործարան բացուեցաւ:

Սիմէոն կաթողիկոսի ջանքերուն շնորհիւ ռուսաց Եկատերինա Բ. կայսրուհիին շնորհած հրովարտակը կը հաստատէր Էջմիածնի իրաւասութիւնները Ռուսական կայսրութեան տարածքին: Կայսրուհին կը հաստատէր ըսելով. «Հետեւելով մեր բարձրագոյն նախնիներուն, կը բարեհաճինք, Սիմէոն կաթողիկոսը եւ յաջորդները, նոյնպէս եւ իւզպաշիները եւ կառավարիչները (Արցախի) եւ բոլոր հաւատարիմ հայոց ազգը պահպանել, մեր կայսերական ողորմութեան եւ շնորհաց ներքոյ»:

Իբրեւ երախտագիտութիւն Սիմէոն կաթողիկոս կայսերական մաղթանք սահմանեց եւ հրամայեց, որ հայերը ցորչափ ռուսաց օրհնեալ տէրութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին, կայսերական տօները եկեղեցական եւ աշխարհական մեծահանդիսութեամբ կատարուին: Կաթողիկոսը «Ամենահզօր Աստուած» երեք տուն շարականը եւ «Օրհնեալ ես Հայր ամենակալ» աղօթքը յօրինեց:

Սիմէոն Ա. 1773-ին Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանը ռուսահայոց առաջնորդ նշանակեց:

Սիմէոն կաթողիկոս նաեւ բազում տոմարագիտական, պատմական եւ իմաստասիրական աշխատութիւններու հեղինակ է: «Ջամբռ»-ի մէջ ան ամփոփած է հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը: «Տէր Ողորմեա» աղօթքը, որ նախապէս բնական աղէտներու եւ թշնամիներու յարձակումներու ժամանակ կ՛երգուէր, Սիմէոն կաթողիկոս յաւելեց Սուրբ պատարագին մէջ, որ կ՛երգուի Սուրբ Հաղորդութենէն առաջ: Ամենասուրբ Երրորդութենէն կը խնդրուի աշխարհի խաղաղութիւն եւ հիւանդներու բժշկութիւն. կը կանչենք մեր հայրերու Աստուածը, որ նեղեալներու ապաւէնն է, որպէսզի օգնութեան հասնի մեր հայոց ազգին, որ քանի դար է կեղեքումներու, զրկանքներու, հալածանքի, տառապանքի ու ջարդերու կ՛ենթարկուի:

***

Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ 1770-ական տարիներուն սկիզբը կազմուեցաւ գրական եւ քաղաքական Մատրասի խմբակը: Յովսէփ Էմին եւ իր ազգական ու հաւատարիմ զինակից Մովսէս Բաղրամեան համոզեցին հնդկահայ քանի մը գործիչներ, որ առանց ժողովուրդի լայն աջակցութեան Հայաստանի ազատագրութեան գործին մէջ հնարաւոր չէ յաջողութեան հասնիլ: Անհրաժեշտ է միաւորել հայ երիտասարդութիւնը: Հայաստանի ազատագրութիւնը պէտք է գլխաւորեն Արցախի մելիքները եւ Էջմիածնի հոգեւորականները:

Մատրասի խմբակին ղեկավար կորիզը կազմեցին Յովսէփ Էմին, Մովսէս Բաղրամեան, Շահամիր Շահամիրեան եւ որդիները` Յակոբ եւ Եղիազար եւ Գրիգոր Խոջաջանեան:

Շահամիր Շահամիրեան ծնած էր 1723-ին, Նոր Ջուղա եւ արհեստով դերձակ էր: Գաղթած էր Հնդկաստան եւ բնակութիւն հաստատած Մատրասի մէջ, ուր դարձած էր ադամանդավաճառ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ հարստութիւն կուտակած էր: Անոր կը պատկանէին բազմաթիւ խանութներ, կալուածներ, գործարաններ եւ ծխախոտի մշակման դաշտեր: Ան մեծ սէր եւ ձգտում ունէր դէպի գիրն ու գրականութիւնը: Անոր զաւակներուն` Յակոբի եւ Եղիազարի ուսուցիչն էր Մովսէս Բաղրամեան:

Մատրասի խմբակը որդեգրեց Յովսէփ Էմինի գաղափարներն ու ծրագիրները: Խմբակի ծրագիրը կը բովանդակէր հիմնական քանի մը դրոյթներ.

ա) ընդհանուր հայկական ազատագրութեան հիմքն ու յենարանը Արցախն է.

բ) դպրոցներ բանալ, ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածել եւ երիտասարդութիւնը դաստիարակել ազատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան գաղափարներով.

գ) զինել ժողովուրդը, երիտասարդութեան սորվեցնել ռազմական գործը եւ զայն նախապատրաստել օտար տիրապետողներու դէմ զինուած ապստամբութեան համար.

դ) ապստամբութեան նախապատրաստման եւ կազմակերպման համար Արցախի մելիքներուն մօտ ստեղծել մարմին մը` կազմուած Հայաստանի տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներէ.

ե) Հայաստանի ազատագրութեան գործը ֆինանսաւորելու նպատակով քահանայի մօտ խոստովանութեան գացող իւրաքանչիւր անձ ապստամբութեան համար պէտք է տար այնքան, որքան որ կրնար: Այդ գումարը քահանան պէտք է մուծէր ընդհանուր գանձարկղ.

զ) ապստամբութեան յաղթանակը ապահովելու համար հայերը պէտք է համագործակցին վրացիներու հետ օտար զաւթիչներու դէմ մղուող պայքարին մէջ եւ ձեռք բերեն ռուսական պետութեան հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը.

է) ազատագրուելէն ետք ամբողջ Հայաստանի մէջ պէտք է ստեղծուէր համահայկական անկախ եւ ինքնուրոյն պետութիւն:

Հայ ժողովուրդին մէջ ազատագրութեան գաղափարները տարածելու եւ երիտասարդութիւնը հայրենի երկրի պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթացնելու համար անհրաժեշտ էր գրականութիւն ունենալ: Նման գիրքեր տպագրելու համար Շահամիր Շահամիրեան եւ որդին` Յակոբ Մատրասի մէջ 1771-ին տպարան հիմնեցին:

Մովսէս Բաղրամեան 1772-ին գրեց «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ»-ը, որ հրատարակուեցաւ 1773-ին, Շահամիր Շահամիրեանի տպարանէն: Գիրքին բովանդակութիւնը կը կազմեն հայոց պատմութիւնը, Հայաստանի աշխարհագրութիւնը եւ հայկական պետականութեան կործանման պատճառները: Արժէքաւոր է Արցախի հայ մելիքներուն վերաբերող հինգերորդ հատուածը: Գիրքը հայ ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէ սթափիլ եւ զինուած պայքարի միջոցով թօթափել պարսկական ու թրքական լուծերը: Կ՛առաջարկուի ստեղծել սահմանադրութիւն եւ երկիրը կառավարել ժողովուրդի ընտրովի ներկայացուցիչներու միջոցով:

Շահամիր Շահամիրեանի որդի Յակոբի անունով 1773-ին հրատարակուեցաւ «Որոգայթ փառաց» գիրքը, որ ապագայ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու է: Սահմանադրութեան նախագիծը բաղկացած է 521 յօդուածէ: Կը խօսուի իշխանութեան իրաւասութիւններուն, քաղաքացիներու իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ 90 հազարնոց բանակի կազմակերպման հարցերուն մասին:

***

Մատրասի խմբակը «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ»-ի եւ «Որոգայթ փառաց»-ի օրինակներ ուղարկեց Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսին, Արցախի մելիքներուն եւ երեւելի անձերու: Նաեւ նամակներ գրուեցան, յորդորներ կարդացուեցան եւ հրահանգներ տրուեցան:

Շահամիր Շահամիրեան եւ Գրիգոր Խոջաջանեան կաթողիկոսին նամակներ գրելով աղաչեցին, որ միանայ իրենց ծրագիրներուն եւ քայլեր ձեռնարկէ զանոնք գործադրելու համար: Սիմէոն Ա. նախ Արցախի մելիքները եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորը պիտի միաբանեցնէր, պիտի խնդրէր ռուսաց կայսրուհիին աջակցութիւնը, Էջմիածնի նուիրակներու միջոցով տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէր հայերու թիւի մասին, ապա` ամէն տեղ տարածէր այն գաղափարը, թէ հայերը զինավարժութիւն եւ պատերազմի արուեստը պէտք է սորվին: Հարկաւոր էին հրահանգիչներ, որոնց պէտք էր ռոճիկ տալ: Այս եւ ուրիշ ծախսեր հայթայթելու համար պէտք էր գաղտնի հանգանակութիւններու ձեւով համազգային տուրք սահմանել: Սիմէոն կաթողիկոս հրամանագիրներ պիտի ուղարկէր առաջնորդներուն, որ խոստովանահայրերը ամէն կիրակի մէկ-մէկ փարա ստանան իւրաքանչիւր անձէ` յօգուտ ազգային գործին: Միաժամանակ պէտք էր սահմանադրական կարգեր հաստատել Հայաստանի մէջ: Պէտք էր, որ իւրաքանչիւր գաւառ ընտրէր երկու պատգամաւոր եւ ուղարկէր Արցախ, մելիքներուն մօտ, ուր այդ պատգամաւորները պիտի ընտրէին հանրապետութեան գլուխ նախարարը:

***

Շահամիր Շահամիրեան եւ իր ընկերները, նկատի ունենալով որ Արցախի մելիքներուն գլխաւոր եւ կեդրոնական դեր վերապահուած է համազգային յեղափոխական գործին մէջ, աշխատեցան մօտիկ յարաբերութիւններ հաստատել անոնց հետ:

Մելիքներուն եւ Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին հետ գրագրութիւնները կը վարէր անձամբ Շահամիր Շահամիրեան:

Նկատի ունենալով որ իր քաջագործութիւններով հռչակաւոր էր Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ Շահամիրեան ամէնէն աւելի անոր դիմումներ կ՛ընէր:

Սիմէոն Ա. կաթողիկոս 1775-ին Հնդկաստանէն ստացաւ «ամանաթ» մը` մելիք Յովսէփին հասցնելու համար: Անոր մէջ կային երկփող հրացան մը, երկու ատրճանակ եւ 260 չախմախաքար` հրացաններու համար: Զէնքերուն հետ Շահամիրեան ուղարկած էր անոնց գործածութեան հրահանգները:

***

Մատրասի խմբակին նկատմամբ Սիմէոն կաթողիկոսին վերաբերմունքը ժխտական էր: Բայց ան իր առջեւ ունէր Շահամիրեանի եւ Խոջաջանեանի պէս իշխաններ, մեծահարուստներ, որոնց հետ կարելի չէր խստութեամբ վարուիլ եւ հալածանքի դիմել: Կաթողիկոսը փորձեց համոզել Շահամիրեանն ու Խոջաջանեանը, որ հրաժարին իրենց ծրագիրներէն, եւ բողոք ուղարկեց «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» եւ «Որոգայթ փառաց» գիրքերուն դէմ, զանոնք անուանելով «դիւաշունչ»: Սիմէոն Ա. հրամայեց հաւաքել եւ այրել «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» գիրքը եւ հեռացնել Մովսէս Բաղրամեանը, իբրեւ միակ դրդիչ վրդովմունք պատճառող միտքերու:

Սիմէոն Ա. ուժերու յարաբերակցութիւնը կշռադատելով մատնանիշ կ՛ընէր հայ ազգին քաղաքական վիճակը` ցիրուցան եղած զանազան տեղեր, ենթակայ իրենց բնակութեան տեղերու քաղաքական եւ իրաւական կարգերուն: Ամբողջ ազգին վրայ իր բուն հայրենիքին մէջ բռնացած էր իսլամական սարսափելի ծանր լուծը:

Կաթողիկոսը կործանարար կը նկատէր հնդկահայերու ձեռնարկը: Դուք հեռու եւ ապահով էք, ձեզի կը թուի, թէ մենք Եւրոպայի մէջ կ՛ապրինք. եթէ անոնց պայմանները մերը ըլլային, մերը` անոնցը, նոր կ՛երեւայ, թէ ով իմաստուն է, կ՛ըսէր վեհափառը: Միաժամանակ ան դառնօրէն կ՛արտայայտուէր, ըսելով որ Էջմիածին կը տեսնէ իր որդիները հեռացած իրմէ, բաժնուած եւ օտարացած հեռաւոր երկիրներու մէջ թէ՛ իրենց բնաւորութեամբ, բարքով, եւ թէ՛ լեզուով ու կենցաղավարութեամբ:

www.aztagdaily.com/archives/520895

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail