ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Տեսակէտ. Հայութիւնը Բեւեռացումին Արժանի Չէ՛

Եկուոր Ցեղախումբերը Չեն Կրնար Մեր Հողերուն Տէրը Ըլլալ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Տեսակէտ. Հայութիւնը Բեւեռացումին Արժանի Չէ՛

Օ3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

2020-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Էզրա Քլայն լոյս ընծայեց «Ինչո՞ւ բեւեռացած ենք» գիրքը:

Քլայնի գիրքը կը կեդրոնանար Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի` 2016-ին նախագահ ընտրուելէն ետք ամերիկեան քաղաքական դաշտի բեւեռացման վրայ:

Այս յօդուածով չենք ուզեր անդրադառնալ Քլայնի «Ինչո՞ւ բեւեռացած ենք» գիրքին վրայ, քանի որ յանկարծ կրնայ ըսուիլ. «Մեզի ի՞նչ` ամերիկեան քաղաքականութիւնը», «Հայութեան մասին գրէ՛» եւ այլն…

Հետեւաբար որոշեցինք «Ինչո՞ւ բեւեռացած ենք» հարցումը յղել ներքին` հայկական լսարանին:

Քաղաքական պատմութեան վերջին տասնամեակի էջերը կը փաստեն, որ բեւեռացած ընկերութիւններու քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական փորձերը մատնուած են ջախջախիչ ձախողութիւններու, եւ որեւէ արգելք չկայ փաստելու, որ բեւեռացումը նաեւ պիտի կործանէ կամ կործանումի պիտի տանի հայկական ընկերութիւնը:

Դիտեցէ՛ք թրամփեան Ամերիկայի օրինակը. ցեղ` ընդդէմ ցեղի, գոյն` ընդդէմ գոյնի, դասակարգ` ընդդէմ դասակարգի, կրօն` ընդդէմ կրօնի, սեռ` ընդդէմ սեռի:

Այսօր դժբախտաբար հայկական ընկերութիւնը կը գտնուի նմանօրինակ իրավիճակի մէջ: Իշխանամէտ` ընդդէմ ընդդիմադիրի, «յեղափոխական»` ընդդէմ «հակայեղափոխական»-ի, «սեւ»` ընդդէմ «ճերմակ»-ի, «ազգային»` ընդդէմ «ապազգային»-ի, սփիւռքահայ` ընդդէմ հայաստանցիի, հայաստանցի` ընդդէմ արցախցիի, եւ բաժանումները իրենց համապատասխան պիտակաւորումներով դեռ կը շարունակուին (կրնաք շռայլօրէն աւելցնել, ինչ որ կու գայ ձեր միտքը):

Ի՞նչ կը սպասենք այսպիսի բեւեռացած քաղաքական դաշտէն: Ո՞ւր է ազգային կառավարման ռազմավարութիւնը, ո՞ւր են հանրութեան ներկայացուած քաղաքականացման ապարդիւն խօսքերը…

Ներկայիս բեւեռացած քաղաքական դաշտը հայկական քաղաքականութենէն ո՛չ միայն հեռացուց, այլ նաեւ լուսանցքայնացուց նոր սերունդները, բայց` որո՞ւ հոգը:

Այնքան ատեն որ քաղաքական բեւեռացումը կը շարունակուի, եւ անոր հետ կը շարունակուին աժան պիտակաւորումները, քաղաքական միտքը մեռած կ՛ըլլայ, եւ անոր վրայ գերիշխող կ՛ըլլայ հռետորաբանութիւնը:

Ներկայ բեւեռացած քաղաքական դաշտը` իր աժան պիտակաւորման եւ հռետորաբանական հիմքերով, մեռցուցած կ՛ըլլայ քաղաքական նորարականութեան որեւէ փորձ եւ լուսանցքայնացուցած կ՛ըլլայ ամբողջ սերունդ մը, որ զինուած է վերանորոգման գաղափարներով:

Կը բաւէ՛ առագաստանաւը, որ արդէն իսկ բազում քարերու զարնուած ու խորտակումի վրայ է, նոր ժայռերու զարնենք եւ մէկ անգամ ընդմիշտ խորտակենք զայն:

Քլայն իր «Ինչո՞ւ բեւեռացած ենք» խորագրեալ հատորին մէջ կը գրէ. «Երբ քաղաքական հաստատութիւններն ու դերակատարները կը բեւեռանան, անոնք աւելի կը բեւեռացնեն հասարակութիւնը: Ասիկա կը յանգեցնէ յետադարձ կապով շրջանակի: Աւելի բեւեռացած հասարակութեան դիմելու համար հաստատութիւնները պէտք է աւելի բեւեռացուին: Երբ հասարակութիւնը բախի ա՛լ աւելի բեւեռացած հաստատութիւններու, անիկա աւելիով կը բեւեռանայ եւ այլն»: Ահաւասիկ տողեր, որոնք օտար հեղինակի մը ձեռքով գրուած են, բայց մեր ազգային կեանքին համար երբե՛ք օտար չեն նկատուիր, որովհետեւ այլեւս նոյնացած են մեր առօրեայ կեանքին հետ եւ մաս դարձած են մեր ազգային կեանքին:

Ինչո՞ւ բեւեռացում, ինչո՞ւ հռետորաբանութիւն, ինչո՞ւ պիտակաւորումներ, երբ կարելիութիւնը կայ քաղաքական հարցերը լուծելու կառուցողականօրէն, երբ գաղափարներու շուրջ պէտք է վիճիլ, երբ քաղաքականութիւններ պէտք է քննարկել:

Երբ քաղաքական բեւեռացումը կը շարունակուի, ո՞վ հարց կու տայ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են` ազգային հաստատութիւնները, երիտասարդութեան գոհունակութեան տոկոսը, հասարակական միութիւններու արտադրողականութիւնը:

Հայութիւնը բեւեռացումին արժանի չէ՛:

www.aztagdaily.com/archives/521169

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail