Ակնարկ. Աֆղանիստան. Նորացուած Հին Տագնապ Մը Եւ Թաքուն Ծալքեր – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ակնարկ. Աֆղանիստան. Նորացուած Հին Տագնապ Մը Եւ Թաքուն Ծալքեր – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

08 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը գրաւեն միջազգային լրատու միջոցներուն «առիւծի բաժինը», իսկ լուրերուն ընկերացող զիրար հակասող մեկնաբանութիւնները իսկապէս որ գլխու պտոյտ կը պատճառեն:

Խորքին մէջ Աֆղանիստանը մամլոյ աղբիւրներու եւ միջազգային քաղաքական բեմին վրայ իր «պատուոյ տեղը» ունի… աւելի քան 40 տարիէ ի վեր (նկատի ունինք միայն նորագոյն պատմութիւնը), սկսեալ այն օրերէն, երբ խորհրդային բանակը ներխուժեց այդ երկիրը (1979-ի վերջին օրերուն), յետոյ, տարիներ տեւած ճակատումներէ ետք (որոնց գլխաւոր գիծը եղաւ մահ ու աւեր տարածել), գլխիկոր հեռացաւ անկէ (օրին ըսուեցաւ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումին մէջ Աֆղանիստանը կարեւոր «ներդրում» ունեցած է): Յետոյ եկան յետխորհրդային տարիները: Մոսկուայի դէմ մարտնչող ուժերուն աջակցութիւն ցուցաբերած երկիրները յանկարծ «անդրադարձան», որ իրենց աջակցութիւնը վայելող ուժերը ելած են իրենց դէմ: Օրինակ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ խոստովանած են, որ խորհրդայիններուն դէմ կռուող իսլամական ուժերը ի սկզբանէ վայելած են իրենց աջակցութիւնը, մինչեւ իսկ ստեղծուած են… իրենց նախաձեռնութեամբ: «Մուճահիտին» կոչումով ծանօթ այդ փաղանգներէն, ըսուեցաւ, ծնունդ առին «Թալեպան», «Քայիտա» եւ այլօրինակ խմբաւորումներ (ասոնք ընդհանուր գիծեր են, մանրամասնութիւնները հատորներ կը լեցնեն): Հիմնականին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի զինակիցներուն հաշիւները` նման խմբաւորումներու սկզբնական զօրակցութեան իմաստով, այն էր, որ Աֆղանիստանի (նման մօտեցումներ` նաեւ այլ երկիրներու, օրինակ` Իրաքի) մէջ պիտի ունենային կամակատարներ: Փաստօրէն, «տան հաշիւը շուկային մէջ չքալեց» (անշուշտ երեւոյթներէն անդին «քալող» հաշիւները կան ու կը մնան): Սկիզբէն ալ անտեսուած է, եւ կ՛անտեսուի, այն երեսը, որ իսլամական դիմագիծով հրապարակ եկող խմբաւորումները, կրօնական-համայնքային իրենց առաջադրանքներուն չափ, նախանձախնդիր են իրենց երկրին շահերով: Անոնք տրամադիր չեն շատ տուրք վճարելու իրենց վերագրուող` «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակումներուն…

Արեւածագը

«Թալեպան» շարժումը Աֆղանիստանի իշխանութեան հասաւ աւելի քան 20 տարի առաջ` երկրի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր արեւածագ մը: Անկախ միջազգային բեմին վրայ ընկալումէն ու անոր հետեւած մերժողական վերաբերմունքէն` այս շարժումը բուռն հակառակորդներ գտաւ ներքին բեմին վրայ:

Պատճառները բազմաթիւ էին: Առաջինը իսլամական օրէնքներու խստագոյն պարտադրանք մըն էր. կիներու դէմ որոշ արգելքներ, կրթական կեանքի մէջ «սահմանափակումներ», մշակութային իւրայատուկ «տեսութիւններ», սակայն նաեւ… բազմաթիւ ցեղախումբերու դէմ կեցուածքներ: Անմիջապէս արձանագրենք, որ Աֆղանիստանի մէջ կան պաշտօնապէս ճանչցուած 14 ցեղախումբեր, որոնցմէ մէկ քանին աւելի տիրական են եւ ուժեղ, քան ուրիշներ: Կարգ մը ցեղախումբերու պետերը ճանչցուած են իբրեւ «պատերազմի իշխաններ», իսկ անոնց գործերէն մէկն ալ… զէնքի ու թմրեցուցիչի առեւտուրն է: «Թալեպան» շարժումը փորձեց կաշկանդումներ սահմանել թմրեցուցիչներու մշակման դէմ եւ, բնականաբար, իր դէմ գտաւ մշակողներուն (ներառեալ ցեղապետներու) թշնամանքը: Պէտք չէ անտեսել, որ (եւ այս մասին ընդհանրապէս բարձրաձայն չի խօսուիր) թմրեցուցիչ արտադրողն ու վաճառողը ունի յաճախորդներ-գնորդներ, այսինքն գործակիցներ` արեւմտեան աշխարհին մէջ եւ այլուր: Եւ ահա այս «թաքուն» գիծն է, որ իր կարեւոր դերը ունեցած է (այսօր ալ ունի) Աֆղանիստանի պատերազմին «տնտեսումին» մէջ…

Ամերիկեան «Արկածախնդրութիւնը»…

Ցատկենք յառաջ:

20 տարի առաջ, 11 սեպտեմբեր 2001-ին, աշխարհը ցնցուեցաւ Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ այլ շրջաններու վրայ ահաբեկչական ծանօթ յարձակումներով (եւ փորձերով): «Քայիտա»-ն (եւ անոր գործակիցները) հռչակուեցաւ ոճրագործ խմբակ, եւ օրուան նախագահը` Ճորճ Պուշ, դաշնակիցներու հետ համախորհուրդ, ձեռնարկեց Աֆղանիստանի վրայ յարձակումին:

Պատմութիւնը ծանօթ է, եւ այս օրերուն ամէն տեղ վերաքաղ կ՛ըլլայ: Ահաբեկչական խմբակներու դէմ յարձակումներու անուան տակ Աֆղանիստանը մտաւ նոր քանդումի ու աւերումի ժամանակաշրջան մը, դարձաւ նոր զէնքերու փորձարկման դաշտ: (Հիմա կարծէք թէ պահ մը մոռցուած է իրաքեան երեսը. փաստօրէն, Իրաքի վրայ յարձակումն ալ մօտաւորապէս նոյն պատճառաբանութեամբ սկսաւ): Արեւմուտքը քանի մը նպատակ յայտարարած էր Աֆղանիստանի իր առաքելութեան համար. ահաբեկչական խմբակներուն» իշխանութենէ հեռացումը, երկրին մէջ ժողովրդավարութեան հաստատում, մարդու իրաւունքներու յառաջընթաց, տնտեսական զարգացում (եւ նման լաւ բաներ): «Թալեպան»-ը հեռացուեցաւ իշխանութենէ, նախագահ հռչակուեցաւ Արեւմուտքի գործակից Համիտ Քարզայը, որ երբեք ալ չյաջողեցաւ իր վարչակազմին իշխանութիւնը տարածել ամբողջ երկրին վրայ: «Թալեպան»-ին կողքին, կային, անշուշտ, ցեղախումբերը (եւ անոնց ետին կանգնողներ…): Վերջին նախագահն ալ` Աշրաֆ Ղանի, առաւելաբար նկատուեցաւ Քապուլի եւ անմիջական շրջակայքին իշխանաւորը: Ան գոնէ յանդգնութիւնը ունեցաւ իր պարտութիւնը ընդունելու եւ իշխանութիւնը գրեթէ անարիւն յանձնելու տիրող ուժին (անկախ` թէ անոր ի՛նչ թելադրանք եղաւ…): Անոր մնացած էր մէկ ճամբայ` փախուստ տալ երկրէն եւ ապաւինիլ իր հովանաւորներուն բարեացակամութեան:

… Մայիս 2003-ին, երբ նախագահ Պուշ կը յայտարարէր, որ «առաքելութիւնը ամբողջացած է», շատեր կը մնային թերահաւատ, եւ ժամանակը ցոյց տուաւ, որ իրաւունք ունէին: Ո՛չ Իրաքի, ո՛չ ալ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ու դաշնակիցներուն քաղաքականութիւնը նկատառելի յաջողութիւններու հասաւ: Աւելի՛ն. դէպքերը եկան ցոյց տալու, որ անհեռատես արկածախնդրութիւն մըն էր եղածը (իսկական պատճառները չեն յիշատակուիր ընդհանրապէս), որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ «ամէնէն երկարատեւ պատերազմը», աւելի՛ երկար` քան այլապէս հռչակաւոր Վիեթնամը: Ու երբ նախագահ Ճօ Պայտըն աւելի քան ամիս մը առաջ յայտարարեց, որ «անվերջանալի պատերազմ»-ին վերջ պիտի տայ` համաձայն իր ընտրապայքարի խոստումին (ի դէպ, շատեր ընտրապայքարի օրերուն խոստումներ տուած են եւ յետոյ` մոռցած, ինչպէս… Կուանթանամոյի արգելարանը փակելու խոստումները), գործնապէս տուաւ ազդանշանը ամերիկեան ուժերուն (եւ ընդհանրապէս ամերիկեան ներկայութեան) վերջնական հեռացման:

Պայտընի յայտարարութիւնները, թէ` բարիք կ՛ընէ ուժերու հեռացման որոշումով, տարօրինակօրէն համահունչ էին Պուշի` իր օրերու յայտարարութեան: Այլ խօսքով, ամերիկեան ուժերուն Աֆղանիստան մուտքն ալ կատարուեցաւ «բարի նպատակով»: Երկու թուականներուն միջեւ բաժանման գծիկը կը յուշէ սակայն, թէ ինչպիսի՜ ձախաւերութիւններու եւ լիակատար պարտութեան մը պատմութիւնը ամփոփուած է հոն: Փաստօրէն, ինչպէս` խորհրդայիններու թափանցման օրերուն, նմանապէս արեւմտեան «բարեսրտութեան» հետեւանքները եղան աղէտալի. բազմահազար զոհեր, վիրաւորներ (շաբաթ չէր անցներ, որ քանի մը ռումբ չպայթէր Քապուլի մէջ կամ այլուր` հնձելով տեղացի ու «բարեսիրտ» զոհեր, վիրաւորներ), աւեր, տնտեսութեան նահանջ… Ամերիկեան եւ դաշնակից ուժերուն հեռացումն ալ ունեցաւ աղէտալի հետեւանքներ. հարիւր-հազարաւոր գաղթականներ, պատերազմական գործողութեանց պատճառով կորուստներ (բարեբախտութի՞ւն պէտք է սեպել, որ «Թալեպան»-ին յառաջխաղացքը շատ արագ ընթացաւ եւ անմիջականօրէն քաղաքացիական պատերազմի չհասաւ, առանց անտեսելու սարքովիի հաւանականութիւնը):

… Սուղ Հաշուեկշիռ

Հիմա, երբ ամերիկացի զինուորները հեռացած են, ու «առաքելութիւնը վերջ գտած է», կը կատարուի հազար ու մէկ հաշուեկշիռ, թէ այս 20 տարիները (միայն Աֆղանիստանը նկատի առած) ի՛նչ արժած է այս երկրին ու շահատուրք վճարողներուն` իրականացնելով… զերոյական արդիւնք:

Ըստ հեղինակաւոր աղբիւրներու հաշուեցոյցներուն, ամերիկեան ուժերը ունեցած են 2.400 զոհ, աւելի քան 22.000 վիրաւոր-հաշմանդամ, ծախսուած է (իմանալ` մսխուած է) 2 թրիլիոն տոլար: Այս գումարները (մանրամասնութիւնները զանց կ՛առնենք) տրամադրուած են ապահովութեան ուժերու կազմակերպման (կ՛արժէ արձանագրել գոնէ այս գումարը` 145 միլիառ տոլար), թմրեցուցիչ բոյսերու մշակման դէմ պայքարի, կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան (կ՛արժէ յիշատակել մանրամասնութիւն մը. կին ոստիկաններու պատրաստութեան նպատակով կեդրոնի մը կառուցման համար ծախսուած է 3,5 միլիոն տոլար, սակայն ծրագիրը չէ իրականացած…), դեսպանատան ծախսերուն, տնտեսութեան զարգացման, կորուստի մատնուած անօդաչու սաւառնակներու, ընտրութիւններու կազմակերպման, համալսարանին եւ, եւ…:

Ո՞վ Էր Շահողը

Վաղը կրնան նոր ծալքեր պարզուիլ, թէ այս մսխումէն որո՛նք օգտուած են (ատենին, Իրաքի մէջ ալ, կառավարական վարչամեքենային կազմակերպման համար տրամադրուած հսկայական գումարներէն «շոգիացած» էր աւելի քան 7 միլիառ տոլար):

Գաղտնիք չէ, որ գլխաւոր շահողները եղած են զէնքի առեւտուրով զբաղողները, թմրեցուցիչներու առեւտրականները, նաեւ` արեւմտեան արկածախնդրութեան գործակից ընկերութիւններ (կարելի չէ արհամարհել, օրինակի համար, բանակայիններուն եւ համակիրներուն սննդամթերք հասցնողներ, շինարարներ, «բարգաւաճման ծրագիրներ» իրականացնողներ. անցեալ տարիներուն յաճախ փսփսուքով յիշեցումներ կատարուած են, որ այս տեսակի «ապրանքներ»-ու համար խնդրոյ առարկայ ընկերութիւնները բազմապատիկ բարձր հաշուեցոյցներ ներկայացուցած են պետութեան պատկան գրասենեակներ, ալ ի՜նչ խօսք` «ներքին շահակցական» գործառնութեանց մասին):

Բնականաբար ամէնէն մեծ շահողը եղաւ «Թալեպան»-ը, որ մէկ-երկու ամսուան մէջ դարձաւ ամբողջ երկրին տէր ու տիրականը (որոշ շրջաններու մէջ դիմադրական «կղզեակներ»-ը կը մնան անվաղորդայն հորիզոններու դիմաց, բացի այն պարագային, որ անոնք վաղը կրնան վերածուիլ նոր իշխանաւորներուն դէմ ճնշումի եւ զայն թեւատելու միտող յենարաններու): «Թալեպան»-ը, որ տարիներ առաջ հռչակուած էր իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորում, քանի մը տարի առաջ յանկարծ, սուսիկ-փուսիկ դարձաւ ընդունելի բանակցող: Կամուրջին տակէն բաւական ջուր հոսեցաւ, ի վերջոյ հասաւ «պիտի քաշուինք»-ի վճիռը եւ այսօր ամբողջ աշխարհը կը տեսնէ, թէ «Թալեպան»-ը ինչպէ՛ս տիրապետած է երկրին, լաւապէս զինուած է… արեւմտեան զէնքերով եւ օժտուած` մեքենաներով, հագուկապով:

Վաղը` Ի՞նչ

Այլ խօսքով, եւ որքան ալ որ տարբեր ըլլան հաւաստիքներն ու մեկնաբանութիւնները, քարոզչական արշաւները, «Թալեպան»-ին իշխանութեան վերադարձը անծածկելիօրէն կատարուած է լուռ համախոհութեամբ (եթէ ոչ ամբողջական համաձայնութեամբ): Ձեւական պայմաններ կը դրուին ասոր-անոր կողմէ` գործակցութեան էջը բանալու առաջադրութեամբ: Գործակցութեան առաջին թեկնածուներն են, բնականաբար, Փաքիստանը (որ այս շարժումին գլխաւոր զօրակից-յենարանն էր), Չինաստանը, Ռուսիան (որ յայտնապէս կը թուի մոռցած ըլլալ Աֆղանիստանի մէջ խորհրդայիններուն պարտութեան պատմութիւնը), յետոյ նաեւ` Եւրոպական Միութիւնն ու ուրիշներ:

Առանձին ուշադրութեան արժանի է Թուրքիան, որ ունի իսլամական դիմակ, սկզբնապէս դաշնակիցները ուզեցին անոր դեր մը վստահիլ իրենց հեռացումէն ետք, սակայն տեղացիք վերապահութիւն ցոյց տուին` առանց բոլորովին մերժելու «իսլամական երկրի» մը կողմէ մասնագիտական օժանդակութեան առաջարկը: Ուշադրութենէ «վրիպեցաւ» նաեւ այն, որ ամերիկեան ուժերու հեռացման վերջին օրը Քապուլի օդակայանին մօտ ռմբային ոճիրներ կատարուեցան, եւ շուտով յայտի եղաւ, որ անիկա կատարուած է «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ոճրագործ խմբակին կողմէ, իսկ գաղտնի՞ք է, որ այս կազմակերպութեան ետին կը կանգնի Թուրքիան (մենք` հայերս փաստացի վկաներէն ենք, երբ թրքական նախաձեռնութեամբ այս խմբակէն զինեալներ մասնակից եղան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին: Իսկ մենք միակ վկաները չենք…):

Առաջին նշանները ցոյց կու տան, որ երկրի ղեկին վերադարձած ուժը կը ներկայանայ նախկինէն տարբեր դիմագիծով (պատճառներուն ծալքերը բազմաթիւ են, սկսելու համար` ճանաչում շահելու հետամտութիւնը): Անիկա գործակցութեան ձեռք երկարած է երկիրը անցեալ տասնամեակներուն ղեկավարողներուն, կիներու նկատմամբ չունի անցեալի խստագոյն արգելակումները, ապահոված է բազմաթիւ ցեղախումբերու զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը (մէկ քանի ցեղապետներ խոյս տուած են երկրէն եւ ապաստանած` դրացի երկիրներ, ինչպէս որ խոյս կու տան բազմահազար քաղաքայիններ` վախնալով վրէժխնդրական հակազդեցութիւններէ): Արեւմտեան մամուլը կը շարունակէ զանգահարել բացասական իրականութիւններուն մասին` մասնաւորաբար լայն տեղ տալով երկրէն հեռացողներու դժգոհութեանց, մտավախութիւններուն: Հազուադէպ են այն ձայները, որոնք կը յուշեն, որ անցեալ 20 տարիները աղէտալի հետեւանքներ ունեցան թէ՛ Աֆղանիստանի եւ թէ արեւմտեան աշխարհին համար, իսկ անոնց պատճառը նոյնքան աղէտաբեր քաղաքականութիւն մըն էր (նորագոյն պատմութեան մէջ քանի՛երորդ անգամ ըլլալով):

Նմանապէս, հազիւ թէ լուսարձակներ կը բերուին այն իրականութեան վրայ, ըստ որուն, Արեւմուտքին եւ ընդհանրապէս արտաքին ուժերու վստահելու վարքագիծը իր սնանկութիւնը կ՛ապացուցէ քիչ մը ամէն տեղ, որովհետեւ եթէ անցեալին նման վարմունք կրնար արդարանալու մանր յենարաններ գտնել, ներկայ աշխարհին մէջ այդ յենարանները հալած-մաշած են, որովհետեւ… խորքին մէջ հիմա աշխարհը կառավարողները աւանդական պետութիւնները չեն, այլ` զանոնք իրենց կամակատարին վերածող ընկերութիւններ, տնտեսական կարողականութիւններ իրենց ձեռքին կեդրոնացնող ուժեր, որոնք չունին ազգային դիմագիծ, նկատառում, սահմաններ, այլ անոնց համար ալֆա-օմեղան են նիւթական շահերը եւ հոն հասնելու լծակները: Այս իրականութեան դաժան հետեւանքներուն բաժնեկից ենք նաեւ մենք` հայերս, Հայաստան-Արցախ ծանօթ զարգացումներուն ի տես…

Այս բոլորէն ետք, Աֆղանիստան այսօր ինքզինք կը գտնէ նո՛յնքան հարցականներու դիմաց, որքան` դէպքերէն բխած պատասխանները (դրական թէ ժխտական): Եթէ թաքուն շահերն ու հաշուարկները վաղը չգտնեն նախահաշիւներուն պատասխանները, այս երկիրն ալ կրնայ մատնուիլ Իրաքի, Սուրիոյ, մինչեւ իսկ Լիբանանի վիճակին, կրնայ Իրանի պէս թիրախաւորուիլ: Նման զարգացումներէ կարելի պիտի ըլլայ հետեւցնել նաեւ այն, թէ Աֆղանիստանի ներքին ու արտաքին տուներուն մէջ ինչպիսի՛ հաշիւներ եղած են, որոնք վաղը ի յայտ պիտի գան բաց շուկաներուն մէջ:

4 սեպտեմբեր 2021

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

www.aztagdaily.com/archives/521761

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail