Կը լսե՞ն իշխանութիւն, քուէարկող, հայ, քաղաքակիրթ աշխարհ եւ սփիւռք համագումար – Յակոբ Պալեան
10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յ. Պալեան
Հայկական իրականութիւնը այնպէս է այսօր, որ իրատեսական խօսքը կարծէք եղած է օդին մէջ կամ թուղթի վրայ մնալու: Մտաւորականը կրնայ խօսիլ, չեն արգիլեր որ ան արտայայտուի, բայց անոր ըսածը կարծէք դատապարտուած է փակ շրջանակի մէջ մնալու: Մենախօսութիւն:
Այս մտածեցի կարդալով Հայաստանի ԻՐԱՒՈՒՆՔ թերթի կայքէջին վրայ տեղադրուած ապրում ունեցող հայ հարազատ երգի պաշտպան եւ մեկնաբան Աննա Մայիլեանի խօսքը, որ չի հնչեր բեմերէ, հեռատեսիլէ, ձայնասփիւռէ, Ազգային Ժողովին մէջ կամ կառավարութեան նիստին:
Ի՜նչ ծանր քննադատութիւն կայ քանի մը տողի մէջ, մեր քաղաքական եւ ազգային միամտութեան դէմ. «Թշնամին երբեք չի փոխում իր դէմքը եւ հաւատալ, որ իր ցանկութիւնները բաւարարելուց յետոյ համերաշխութիւն կը հաստատուի՝ սխալ է։ Թշնամին յայտարարում է, որ Հայաստանի տարածքները իր պատմական հայրենիքն է եւ որ իր ցեղակիցները պէտք է վերադառնան Հայաստանում իրենց նախկին բնակավայրեր՝ ապրելու։ Հետաքրքիր է, իսկ ինչո՞ւ մեր կողմից չի ասւում, որ այդ դէպքում պէտք է իրենց հայրենիք վերադառնան նախիջեւանցիները, գանձակցիները, Պաքուի եւ Սումկայիթի հայկական բնակչութիւնը։ Էլ չեմ ասում Շուշիի եւ Հադրութի եւ այլ արցախեան բնակավայրերի մեր հայրենակիցների վերադարձի մասին։ Թշնամին այնքան է ստերով խճճել պատմութիւնը, այնքան է անպատիժ մնացել իր վայրագ արարքներից յետոյ, աշխարհը այնքան է աչք փակել, փոխարէնը վառելիքի եւ խաւեարի կաշառք ստանալով, որ հիմա չափազանց բարդ է կացությունը։ Բայց մենք երբեք չպէտք է հրաժարուենք մեր պահանջատիրութիւնից, դա սխալ կը լինի, ճակատագրական սխալ։ Բնականաբար այս ամէնի մէջ ականատես ենք լինում ԱԺ-ական բեմադրութիւնների, որոնց գնահատականը չեմ ցանկանում տալ»։ (ընդգծ. Յ.Պ.)
Հայաստան, նաեւ Սփիւռք, կա՞յ հայ որ չի տեսներ այս ճշմարտութիւնները: Բայց պարտուածի եւ ճակատագրապաշտի պէս մարդիկ լուռ կը մնան: Երբեմն կը մտածեմ, որ վախով կամ շահախնդրութեամբ, անոնք ծակամուտ եղած են:
Անկլաւներ, սահմանազատում, սահմանագծում, հաւերը ոտքի քնացնելու հէքիաթ, որպէսզի Հայաստանի սահմանները տաշեն եւ խարտոցեն: Իրաւացի է Աննա Մայիլեանը. թշնամիին ցանկութիւնները բաւարարելով համերաշխութեան կարելի չէ հասնիլ, այն պատճառով, որ անոնք մասնակի եւ սահմանափակ չեն, կը հպատակին յափշտակողի տրամաբաբանութեան, որ՝ ինչ որ իմս է, ինչ որ քուկդ է ան ալ իմս է…
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, որ սահմանագծում եւ սահմանապազատում երբ կատարուին, մէկ թիզ հող Ատրպէյճանէն Հայաստանի պիտի փոխանցուի՞… Իլհամ Ալիեւ կ’ըսէ, որ ատրպէյճանցիներ պէտք է վերադառանան իրենց նախկին բնակավայրերը, ան պիտի ընդունի՞, որ հայերն ալ վերադառնան իրենց բնակավայրերը, Հայաստանի իշխանութիւնները նման նախապայմանով բանակցելու յանդգնութիւն պիտի ցուցաբերե՞ն: Իսկ Հայաստանի ժողովուրդը ամլացած հանդիսատեսի՞ պէս պիտի լսէ եւ պիտի դիտէ: Դեռ կրնան անկէ պահանջել, որ ծափահարէ, վասն տնտեսական բարելաւման, ազատ առեւտուրի եւ կենսամակարդակի աճի…
Ե՞րբ այդ հայոց պատմական բնակավայրերը եղած են ատրպէյճանցիներու նախկին բնակավայրերը… Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Արցախի հայկական վանքերը եւ սրբավայրերը, որոնք կառուցուած են հայոց պատմական բնակավայրերուն մէջ, պիտի վերադարձուին հայերուն:
Ի՞նչ կ’ըսէ սահմանագծման եւ սահմանազատման տրամաբանութիւնը: Ան պիտի իրագործուի թրքական ծաւալապաշտութեան թելադրած տիքթաթո՞վ, թէ պիտի հիմնուի ժողովուրդի մը պատմական իրաւունքներուն եւ տարածքներու վրայ անոր ստեղծած մշակոյթին, որ ինքնութեան եւ տիրութեան անցագիր է:
Աննա Մայիլեան, չի խուսանաւեր, կ’ամբաստանէ աշխարհը, անոնք որոնք բարոյականութիւն եւ իրաւունք կը քարոզեն, բայց իրենք զիրենք եւ իրենց հոգին կը ծախեն, ինչպէս կ’ըսէ, աչք կը փակեն, վառելիքի եւ խաւեարի կաշառք կը ստանան, եւ անպատժելիութեան բարենիշ կու տան:
Ի հարկէ այսքա՜ն խայտառակ անբարոյութեան հետեւանքով, նախայարձակ իրաւազրկողը կ’ունենայ դաշնակիցներ, նոյնիսկ եթէ ոմանք աւանդական բարեսիրական բարեացակամութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ. փոշի կաթ բաժնել, որբախնամ ըլլալ: Այսօր ալ խոստումներ կան, որ Հայաստանի շրջափակումը վերջ կը գտնէ, կը զարգանայ առեւտուրը, ներդրումներ կ’ըլլան:
Թերթերը կը գրեն, կ’ահազանգեն, որ Հայաստանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ ոչ-հայեր շէնքեր, տնտեսական հաստատութիւններ եւ տարածքներ կը գնեն: Ուրկէ՞ յայտնուած են անոնք: Ինչո՞ւ այս ախորժակը: Միայն փերեզակներ, հոգիով փերեզակացածներ եւ հայրենատիրութեան տարրական գիտակցութիւնը կորսնցուցածներ նման հարցումներ չեն ուղղեր: Հայկական պահանջատիրութիւնը դրամով եւ գնումով ներսէն փտեցնելու այս ռազմավարութեան ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ:
Նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ մթնոլորտը, կը հաւատամ, որ հայ ժողովուրդի ՏԱՍԸ ՄԻԼԻՈՆՈՎ հատուած ՍՓԻՒՌՔԸ պէտք է հակազդէ որպէս ԻՐԱՒԱՏԷՐ, քանի որ Հայաստանը նաեւ իր հայրենիքն է:
Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովի նախօրեակին, 1999–ին, յօդուած մը գրած էի, խորագրուած՝ «Արեւմտահայոց Համագումարի 80-ամեակ» (տե՛ս. ԱԶԱՏ ՕՐ, Մայիս 8,1999):
Մեր ներկայի պարտութեան հետեւող ընկճուածութեան մթնոլորտին մէջ, եւ անկէ դուրս գալու համար, ընկերաքաղաքական կացութիւնները պէտք չէ դիտել ինքնարդարացման փաստարկներով, այլ աշակերտել պատմութեան, ներկան հասկնալու համար:
Երբ անցեալը կը մոռնանք, մենք մեզ չենք տեսներ որպէս շարունակութիւն, կը խորհինք որ պատմութիւնը այսօր կը սկսի եւ մեզմով կը սկսի, կը կորսնցնենք կողմնացոյցերը եւ կը խարխափենք: Այդպէս է մեր ներկայի քաղաքական իրարանցումներու եւ ընտրանքներու պատկերը:
Միշտ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԷՐ ԵՒ Է: Ըրած էի պարզ յիշեցում մը. «…հայոց ազատագրական շարժումը, համայն հայութեան ճիգերով եւ զոհողութեամբ, սկսած էր, որպէսզի Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը ձեռք բերէ կեանքի ապահով պայմաններ եւ ազատութիւն»: Վասն ազատութեան եւ իրաւունքի կը կռուէին Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի զաւակները: Անոնք սահման կ’անցնէին, կը մղէին ազգային ազատագրական կռիւ: Այսօր ինչ որ տեղի կ’ունենայ շարունակութիւն է: Արեւմտահայաստանի բռնագրաւումէն ետք, թիրախ են Արեւելահայաստանէն մնացած ներկայի Հանրապետութեան տարածքը եւ Արցախը:
102 տարի առաջ գումարուած էր Արեւմտահայոց Համագումարը, որուն արդիւնքը այն եղած էր, որ Արեւմտահայերը պատասխանատուութիւն ստանձնած էին նորաստեղծ պետութեան առաջնորդութեան մէջ: Այսօր, 102 տարի ետք, երբ այնքան մարդիկ կը բարձրաձայնեն ՕՐՀԱՍի եւ ԼԻՆԵԼ ՉԼԻՆԵԼու մասին, անցեալի օրինակով, Սփիւռքը պէտք է գումարէ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ մը, Հայաստանի ճակատագրի տնօրինման լիիրաւ յանձնառութիւն եւ մասնակցութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեամբ: Հայաստանի ապագան միայն ներկայ Հայաստանի ժողովուրդի ձեռքին մէջ չի կրնար մնալ, անոր ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ միայն հոն եղող երեք միլիոնով, անտեսելով սփիւռքի տասը միլիոնի կարողականութիւնները (potentialités):
ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՑ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎը յուսահատութեան եւ պարտութեան յառաջացուցած ընկճուածութեան պիտի հակադրէ իսկական, գործնական, մասնակցութեան եւ հայրենատիրական յուսալի ռազմավարութիւնը: Ի վերջոյ, ամէն ժողովուրդ իր ճակատագիրը ինք կը տնօրինէ իր միջոցներով եւ ուժով:
Սփիւռքը մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդին:
Համազգային պատասխանատուութեան պատմական պահն է. Սփիւռքի սասը միլիոնը, որպէս իրաւատէր եւ ղեկավարող ուժ պէտք է գումարուի Հայաստանի երեք միլիոնին վրայ, որպէսզի դառնանք նկատառելի ուժ եւ տէր ըլլանք մեր իրաւունքներուն, համազգայինը դառնայ ապագայակերտ ուժականութիւն:
Ունի՞նք բաւարար հոգեկան ուժ, հռոմէացիները կ’ըսէին վիրդուս, որ հայրենիքին ծառայելու եւ ի հարկին հայրենիքին համար մեռնելու արմատացած առաքինութիւն էր:
Հայ մտաւորականութիւնը, ներսը եւ դուրսը, առաքելական թռիչքով, այդ վիրդուսը պէտք է սրսկէ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք Հայաշխարհ:
Հռոմէացիին առաքինութիւնը այնքա՜ն պարզ էր. վահանի ետին կամ վահանի վրայ: Այս՝ առանց ճապկումի հայրենասիրութիւն է եւ ղեկավարում:
Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ իր մանրուքները մոռցած Սփիւռքի Հայոց պատմական ըլլալու կոչուած Համագումարի մը՝ վասն հայրենեաց, ինչպէս կտակած է մեր պատմութիւնը: Համագումար, որ չըլլայ ջոջական ցուցամոլիկութիւն, այլ քաղաքական բարդացած կացութիւնը յաղթահարելու համար խմբուած պատմութիւն հասկցող, հայու մշակոյթով դրոշմուած եւ սփիւռքը ժամանակաւոր համարող հայօրէն յանձնառու մարդոց կամքով հիմնական եւ հիմնարար որոշումներու կայացման հարթակ: Խորհրդաժողով մարդոցմով, որոնք կը գիտակցին պատմական հանգուցային պահու նշանակութեան եւ չեն բաւարարուիր իշխանութիւններու հանդէպ հաճոյախօսութեամբ, ակնկալելով մանր փառասիրութիւններու բարենիշ: Մարդոցմով, որոնք պիտի գիտնան թոյլ չտալ, որ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՑ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ վերածուի գինեձօնի, քոքթէյլի:
Այս թուղթ մրոտելէ եւ Ազգային Ժողովը կրկէս համարելէ եւ հոն զիրար բզկտելու խաղէն տարբեր ազգային հեռանկարային լիցք կը պահանջէ:
Ազգի եւ հայրենիքի համար՝ կամ վահանի ետին կամ վահանի վրան:
Միթէ՞ պէտք է կրկնել՝ որ վաղը միշտ ուշ է:
Ժամանակակից ամերիկացի մեծ վիպագիր Ճոն Իրվինկի խօսքը երբեմն պէտք է կրկնել մեծ կամ պզտիկ ժողովներու մէջ, որպէս վերտառութիւն գործածել մամուլի էջերուն, արտասանել ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն: Ան կ’ըսէ.
«Նայեցէ՛ք ձեր շուրջ եւ տեսէ՛ք թէ որքան մեր անբաղդատելի ղեկավարները կը յաւակնին գիտնալ, թէ ի՞նչ կ’ուզէ Աստուած: Աստուած չէ որ գիծէն դուրս կու գայ, այլ լաւ առաքեալները, որոնք կը հաւաստիացնեն, որ կը հաւատան իրեն, որպէսզի յանուն իրեն աշխարհը տանին իր կորստեան»:
Մեծ խնդիր է զանգուածները հասցնել ողջախոհութեան եւ իրատեսութեան:
Կը գումարուի՞, 1919-ի ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐի օրինակով ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ:
Իրականութիւնները միշտ հետեւած են երազներու: Եւ արգիլուած չէ երազել:
horizonweekly.ca/en/կը-լսե՞ն-իշխանութիւն-քուէարկող-հայ-քա/