Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Զ. Հայկազեանի Հրթիռները – Յարութ Չէքիճեան

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Զ. Հայկազեանի Հրթիռները – Յարութ Չէքիճեան

27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մանուկ Մանուկեան չորս ուսումնական տարեշրջան պաշտօնավարած է Հայկազեանի մէջ, նախ` երկու տարեշրջան, 1960-1961 եւ 1961-1962, ապա երկու տարի ընդհատումէ ետք, կրկին երկու տարեշրջան` 1964-1965 եւ 1965-1966: 1962-ի ամառէն 1964 ամառ Թեքսասի համալսարանին մէջ ուսումը շարունակած եւ մագիստրոսի վկայական ստացած է:

Կը շարունակենք մամուլի անդրադարձը եւ հարցազրոյցները, տարին` 1962.

Հայկազեանի հրթիռներու մասին 1962-ի «Ազդակ»-ի առաջին լուրը 26 մայիսին է (1)` «Հայկազեան քոլեճը երէկ յաջողութեամբ արձակեց «Մայրի Բ.» հրթիռը (HCRS 7

CEDAR 2A.*): Հրթիռին երկրորդ յարկը 12 քմ բարձրացաւ օդին մէջ» խորագիրով:


1. «Ազդակ»-ի 26 մայիս 1962-ի «Մայրի 2 Ա.» հրթիռի արձակման լուրը (1): 2. Համբարձում Գարակէօզեանի 31 մայիս 1962-ի ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբին մէջ հրթիռներու մասին դասախօսութեան թղթակցութիւնը (2): 3. «Ազդակ»-ի 26 յունիս 1962-ի «Մայրի 2 Բ.» հրթիռի արձակման լուրը (4):

Երկրորդը Հայկազեանի հրթիռներու ակումբի անդամ Համբարձում Գարակէօզեանին կողմէ 31 մայիս 1962-ին, ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբին մէջ պատանեկան միութեան կազմակերպած հրթիռներու մասին դասախօսութեան Կարօ Խաչատուրեանի երկար թղթակցութիւնն է (2): Երրորդը 22 յունիս 1962-ին կը ծանուցէ, որ յաջորդ հրթիռը յունիս 25-ին պիտի արձակուի (3): Չորրորդը 26 յունիս 1962-ի «Մայրի 2 Բ.» հրթիռին արձակման լուրն է (4): 5, 6 եւ 7-ը` աւելի ուշ. այժմ կը շարունակենք հարցազրոյցները:

Շ.- «Մենք լաւ ժամանակ կ՛անցընէինք մեր սիրածը ընելով, բայց երբ Լիբանանի նախագահը հարցին մէջ մտաւ եւ նիւթական տրամադրեց, մեր ծրագիրը լրջացաւ եւ նոր եռանդով յառաջացաւ», կ՛ըսէ Կարօ Պասմաճեան: «Մենք գիտական

ընկերակցութեան մը անդամներն էինք, գոհ էինք եւ բնաւ չէինք մտածեր նմանիլ Միացեալ Նահանգներուն կամ Խորհրդային Միութեան, Լիբանանը փոքր երկիր մըն է, բայց մարդիկ զգացին կարեւորութիւնը եւ ուզեցին մասնակցութիւն բերել», կ՛ըսէ Սիմոն Աբրահամեան (5):

Շ.- «1962-ին գիշեր մը (երբ իրեն համար արտասովոր` լիբանանեան բանակին կազմակերպած հաւաքոյթի մը հրաւիրուած էր*) Մանուկեանը կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող գործարան մը կը տանին (առաւօտեան ժամը 2-ին*), ուր զինք կը ծանօթացնեն շէյխ Սապահ պըն Սելիմ Ալ Սապահին (1913-1977, այն ժամանակ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը, ապա` իշխանը*), որ կ՛առաջարկէ հրթիռներուն փորձերը Քուէյթ փոխադրել` առատաձեռն պիւտճէով ու լաւ վարձատրութեամբ: Մանուկեան տատամսելէ ետք կը յիշէ ինքզինքին տուած խոստումը` վերադառնալու Թեքսաս, մագիստրոսի ուսման համար եւ առաջարկին չ՛ընդառաջեր (5):


4. Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական պաշտօնական ծառայութեան (USIS News Review) յուլիս 1962-ի թիւը կ՛անդրադառնայ «Մայրի» 2Գ-ի (Cedar 2C) շատ յաջող արձակումին: 5. «Ազդակ»-ի 6 օգոստոս 1962-ի «Մայրի 2 Գ.» հրթիռի արձակման լուրը: 6. Մայրի 2Գ.-ի արձակման առիթով լիբանանեան հեռատեսիլի հարցազրոյցը Մանուկեանին հետ Տըպպայէ, աջէն չորրորդը` ժպտուն:

Մ.- «Մեր փորձերը եւ ՀԳՀԱ-ի գործունէութիւնը լիբանանեան եւ արտերկրի լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը գրաւեց, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական պաշտօնական ծառայութեան (USIS), լիբանանեան հեռատեսիլի (միակ*) կայանին, Ամերիկայի ձայնին եւ այլն: Զանազան դեսպանատուներ հետաքրքրուեցան մեր գործունէութեամբ, ամերիկեան եւ խորհրդային դեսպանատուներու մշակութային կցորդները մեզի այցելեցին: Հանդիպած եմ նաեւ Ամերիկայի դեսպան Փորթըրին: Փաստ չունիմ, որ օտար գործակալներ մեզ իրենց հսկողութեան տակ առած էին, սակայն քանի մը անգամ նկատեցի, որ գրասենեակիս մէջ սեղանիս վրայի թուղթերը խառնուած էին: Նոյնիսկ անգամ մը սեղանիս վրայ մեծ տառերով ազդ մը դրի` «Բոլոր պահարաններն ու դարակները չեմ կղպած, հաճեցէք ամէն ինչ իրենց տեղերը վերադարձնել»:

Այստեղ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ Ամերիկեան (USIS) լրատու գործակալութեան «Հպարտ պահ մը` լիբանանեան հրթիռի ակումբի մը» խորագիրով եւ «Կատարեալ արձակում» (6) ենթախորագիրով լրատուութիւնը (նկար 4):

«Արագօրէն զարգացող հրթիռներու մարզին մէջ փոքր երկիր մը կրնայ տպաւորիչ ելոյթ ունենալ, պայմանաւ որ ունենայ գիտական անհրաժեշտ հմտութեամբ օժտուած խումբ մը մարդիկ` ստեղծելու խրթին հնարքներ: Այս մէկը կրկին փաստուեցաւ այս ամիս, երբ Լիբանանի Հայկազեան հրթիռներու ակումբը արձակեց իր երրորդ (9-րդ պէտք է ըլլայ*) փորձառական հրթիռը:


7. Երկյարկանի «Մայրի 2Ա.» հրթիռը արձակուելու կը պատրաստուի` 25 մայիս 1962, Տահր էլ Պայտար, ձախէն` Էտուըրտ Հարթ, Ճոն Թիլքեան, Եուսեֆ Ուահպէ եւ Մանուկ Մանուկեան: 8. Նոյնպէս` «Մայրի 2Բ.»-ը, 26 յունիս 1962` Տըպպայէ: 9. Նոյնպէս` «Մայրի 2Գ.»-ը, 3 օգոստոս 1962, Տըպպայէ, Մանուկեանը` աջին:

«Երկու յարկանի հրթիռը, որ 332 սմ բարձրութիւն ունէր եւ 67 քկ կը կշռէր, գետնէն բարձրացաւ մուխի ամպով մը` հասնելով 16 քմ բարձրութիւն, ապա ծով ինկաւ արձակման վայրէն (Տըպպայէ*) 25 քմ հեռու: Ինչպէս ծրագրուած էր, շուրջ 1000 մեթր բարձրութեան վրայ երկրորդ յարկը յաջողութեամբ կ՛անջատուի առաջինէն` սուրալով ժամական 2160 քմ արագութեամբ:

«Հրթիռը շինուած էր Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի ուսանողներուն կողմէ` երիտասարդ դասախօս Մանուկ Մանուկեանին հսկողութեամբ: Ծրագիրը ամբողջացած էր լիբանանեան բանակին օժանդակութեամբ: Արձակումը դիտելու համար ներկաներուն մէջ էին բարձրաստիճան զինուորականներ եւ Ամերիկեան համալսարանի կորիզային բնագիտութեան դասախօս տիկին Սալուա Նասսարը: Տեղակալ Եուսեֆ Ուահպէ, որ հրետանային մասնագէտ է եւ գործակցած է ուսանողներուն հետ, բացատրեց, որ այս փորձին նպատակն էր հրթիռին երկու մասերուն անջատումը եւ կարծր վառելանիւթին մղիչ ուժին ազդուութիւնը:

«Մայրի 2Գ (Cedar 2C) անուն այս հրթիռը արձակուեցաւ, երբ քանի մը շաբաթ առաջ այլ հրթիռ մը (Cedar 2B, 25 յունիս 1962*) ծրագրուած յաջողութիւնը չ՛ունենար: Հայկազեանի ակումբը կը ծրագրէ այս տարի արձակել այլ հրթիռ մը, որ կը յուսայ աւելի մեծ բարձրութեան հասնիլ»:


10. Հայկազեանի ուսանողական «Նաւասարդ» պարբերականին կողմէ Հրաչեայի հարցազրոյցը Մանուկեանին հետ, Ա. տարի, թիւ 1, 1962 էջ 61-65 (7):

Շ.- Մանուկեան (1962-ի ամրան ուսումը շարունակելու նպատակով*) Թեքսաս մեկնելէն առաջ, Ուահպէին հետ կը ծրագրէ նախագիծները երկու հրթիռներու` «Մայրի 3» եւ «Մայրի 4» արձակումներուն, Լիբանանի անկախութեան նախօրեակին, տօնակատարութեան առիթով, 21 նոյեմբեր 1963-ին եւ 1964-ին (պէտք է ըլլայ 1962 եւ 1963*): Հրթիռները երեք յարկանի պիտի ըլլային եւ ցարդ ամենամեծերը` հասակը 7 մեթր, ծանրութիւնը 1270 քկ, 325 քմ բարձրանալու եւ շուրջ 1000 քմ հեռանալու, արտադրելով 23 հազար քկ մղիչ ուժ եւ սուրալով ժամական շուրջ 9000 քմ արագութեամբ: Թռիչքի պահուն հրթիռներուն գլուխէն ժողովրդային ռատիօ կարճ ալիքով (citizens’ band) Լիբանանի քայլերգը պիտի սփռուէր:

Միջանկեալ` Ժողովրդային ռատիօ ալիքը հին օրերու` 1880-ական թուականներէն սկսեալ հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոցներէն էր, որ հնարաւորութիւն կու տար ազատ աշխարհի որեւէ վայրէ խօսիլ որեւէ այլ տեղ գտնուող այս սիրողական ռատիօ «ակումբ»-ի անդամներուն հետ բոլորովին ձրի: Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորը նշանաւոր անդամներէն էր: Կարճ ալիքի վրայ կարելի էր մտիկ ընել անոնց խօսակցութիւնը: Այս մէկը նաեւ երէց եղբօրս` Սուրէնին զբաղումներէն եղաւ, եւ ինք շինեց կարճ ալիքներ ընդունող ռատիօ մը (նկար 13): Սակայն իր առաջին նախնական ընկալուչը բիւրեղ ռատիոն էր, որ շինեց, երբ տակաւին 13-14 տարեկան էր:

Բիւրեղ ռատիոն (crystal radio) հրաշքի համազօր գործիք մըն է, քանի որ կ՛աշխատի առանց ելեկտրականութեան կամ բարդի, կը բանի մթնոլորտին մէջ գտնուող ռատիօ ալիքներուն ուժովը: Այս ամենանախնական ռատիօ- ընկալուչին համար անհրաժեշտ է ալեհաւաք (antenna) մը` երկար թել, գետնին` ջուրի խողովակի մը կապող թելը, ականջին հպած ընկալուչ մը, ուղարկիչ (diode) մը եւ այս բոլորը միացնող թելերն ու մարմինը: Հիմնականը ուղարկիչը կալենա բիւրեղն էր, որ բնական կերպով կը գտնուի կապարի հանքերուն մէջ եւ կապարի եւ ծծումբի խառնուրդ է (PbS):


11. Կալենա բնական բիւրեղ մը: 12. Հեռաձայնի ընկալուչը, որ Սուրէնը գործածեց: 13. Սուրէնին շինած կարճ ալիք ռատիոն, որ պահած եմ:

Ուրկէ՞ պիտի գտնէր կալենա բիւրեղը, ուրեմն ի՛նք պէտք էր շինէր զայն: Իսկոյն, բաւական փորձերէ ետք, յաջողեցաւ: Տանիքը, բաց օդին, քանի որ ահռելի հոտ կ՛արձակէ եւ վնասակար է խառնուրդին մուխը: Գլուխը հանուած ապակիէ լոյսի մը մէջ` կրակին վրայ հալեցուց կապարը եւ վերջապէս ճիշդ քանակութեամբ ծծումբ աւելցնելով ու խառնելով հալած կապարին մէջ` ունեցաւ ուղարկիչը: Առանց յաւելեալ մասերու կարելի կ՛ըլլայ լսել մի՛այն ամենազօրաւոր կայանը, որ Լիբանանի ռատիոկայանն էր, եւ այդ պահուն ընկալուչէն առաջին անգամ ունկնդրեցինք Ֆէյրուզը:

11 յուլիս 2021

haroutchekijian.wordpress.com

 

* Լուսաբանութիւնները իմս

(1)  «Ազդակ» օրաթերթ, ԼԶ (36*) տարի թիւ 67, 26 մայիս 1962, էջ 1:

(2)  «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 77, 7 յունիս 1962, էջ 3:

(3)  «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 90, 22 յունիս 1962, էջ 3:

(4)  «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 93, 26 յունիս 1962, էջ 4:

(5) https://archive.aramcoworld.com/issue/201303/the.forgotten.apogee.of.lebanese.rocketry.htm

(6)  News Review, August 1962, USIS publication, Washington DC, էջ 9:

aroutchekijian.wordpress.com/2021/07/11/հայ-մասնագէտները-հրթիռները-եւ-անջրպե-6/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail