Երբ Չկայ «Տաճարներ Կառուցելու» Կոչ, Կը Մնան Պառակտում, Նահանջ Եւ Պարտութիւն – Յակոբ Պալեան
01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ձեր մարդոցմէ մի՛ պահանջէք աղիւսներ շարել,
զանոնք հրաւիրեցէ՛ք տաճարներ կառուցելու:
– Անտրէ Մալրօ, Ֆրանսացի գրող
Յ. Պալեան
Կը խօսինք միասնութիւն ստեղծելու մասին: Կը սիրենք կարգախօսներ կրկնել միասնութեան մասին: Բառը կը տպաւորէ: Հայաստան եւ Սփիւռք: Բայց կը պառակտուինք: Միասնութիւն, մէկութիւն, միաւորում կարծէք գրականութիւն են, իրաւ կեանքին չեն առնչուիր:
Հայաստանի «Հրապարակ» թերթի 24 Սեպտեմբերի համարին մէջ կարդացի Արմինէ Օհանեանի դառն ու կոշտ ախտորոշումը, «Մեզ Ոչինչ Չի Միաւորում» խորագրով սիւնակին մէջ, ուր ըսուած է. «Ողբերգութիւնն այն է, որ մեզ ոչինչ չի միաւորում` ո՛չ ընդհանուր գաղափարներ, ո՛չ նպատակներ ու երազանքներ: Պարզուեց` անգամ հայրենիքի, պետութեան գոյութիւնը գերնպատակ չէ եւ մեզ` հայերիս, համախմբող գործօն չէ: Որովհետեւ ոմանք նախկիններին աւելի են ատում, քան մեր պետութեանը սպառնացող թշնամուն»:
Արմինէ Օհանեան աչքի առաջ ունի Հայաստանը, այդպէս է նաեւ Սփիւռք(ներ)ը, որ աշխարհագրական անջատումներու, տարտղնումի եւ հեռաւորութիւններու վրայ կը գումարէ տարբերութիւններ, պառակտումներ, ժամանակավրէպ եւ իմաստազուրկ մրցակցութիւններ:
Բաժան-բաժան ըլլալ, կոտորակուիլ, իրարու դէմ ճակատ յարդարել հին-նոր սովորութիւններ են, եւ կարծէք վարժուած ենք: Անկարող ըլլալով դիմագրաւելու արտաքին սպառնալիքները, կը պառակտուինք, կը ստեղծենք ներքին թշնամիներ, կամ կը դիմենք փախուստի, կը հեռանանք երկրէն, կը հեռանանք մեր ինքնութեան ստորոգելիներէն,- լեզուէն, մշակոյթէն, կրօնէն,- ապաստանելու համար այլուր, ապահովութիւն գտնելու համար այլ երկիրներու, այլ լեզուներու, այլ մշակոյթներու եւ այլ կրօններու-դաւանանքներու մէջ, չանհանգստանալու, ինչպէս կ՛ըսուի՝ լաւ ապրելու իրաւունքի համար:
Ընկերային մեծ վերլուծաբան ըլլալու կարիք չկայ, տեսնելու համար բազմապատկուող եւ յարաճուն պառակտումները: Իսկ անոնց հետեւանքնե՞րը… Կուսակցական երկփեղկումները եւ կուսակցութիւններու բազմապատկումը, միշտ ներսը եւ դուրսը: Պառակտումները մեր միաւորում ստեղծելու անկարողութեան հանդէս են: Օր մը կը հասնի՞նք հոն, ուր ամէն մէկ հայ ըլլայ մէկ կուսակցութիւն, ուրեմն նաեւ՝ վարչապետ, նախագահ… Ի հարկէ՝ աներկիր… Կարեւորը տիտղոսն է:
Կը խօսինք միասնութեան եւ մէկութեան մասին, բայց ոչինչ ըրած ենք եւ ոչինչ կ՛ընենք անոնց համար. պետութիւն, լեզու, կրօն, կուսակցութիւններ: Ամենուրեք կը զարնենք մեր առանձին ամէնագէտի եւ անփոխարինելիի վրանները, փոխանակ համախմբուելու նոյն վրանին տակ, որպէսզի ուժ դառնանք: Կարծէք հարիւր միլիոն ենք, եւ որպէս պերճանք ունինք երկու հայերէն, երկու ուղղագրութիւն, երեք տեսակ քրիստոնէութիւն՝ իւրաքանչիւրին մէջ ալ ինչ-ինչ տարբերութիւններով, ունինք աւանդական կոչուած կուսակցութիւններ, որոնց վրայ կը գումարուին ամէն օր ծնող նոր կուսակցութիւններ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը միշտ ենթակայ է ինքզինք կոտորակելու վարակի:
Մեղանչում չէ հարցնել, թէ այս բոլոր տարբերութիւններով, անոնց յառաջացուցած կարծրացումներով, միասնութիւն, մէկութիւն, համերաշխութիւն եւ միաւորում կը ստեղծուի՞ն: Այսքա՜ն տարբերութիւններով, հակադրութիւններով, իրերամերժ տեսակէտներով եւ ազգի առաջնորդ ըլլալու բանակ մը յաւակնորդներով, ինչպէ՞ս սպառնալիքի ենթակայ երկիր մը եւ անոր ժողովուրդը կրնան գոյութենական պայքար մղել: Ի հարկէ ոչ ոք յանցաւոր է, աւելի ճիշդ՝ միւսն է յանցաւոր:
Արմինէ Օհանեան, ի պէտս անգիտելոց կ՛արձանագրէ, բոլորին ծանօթ բայց կարծէք բոլորին կողմէ անտարբերութեամբ դիմաւորուող վտանգն ու սպառնալիքը. «Պահանջում են հրաժարուել Արցախից, հրաժարուել ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումից, ճանաչել Թուրքիայի տարածքային ամբողջականութիւնը, հիմա աւելացել է եւս մէկը՝ միջանցք Սիւնիքում»։
Ամփոփելով եւ խտացնելով, պատգամը պարզ է. «Դուք դադրեցէ՛ք ըլլալէ, որ մենք ըլլանք եւ աճինք»:
Վտանգին դիմաց մեր անկարողութիւնը մեր պառակտուածութիւնն է, որուն հետեւանքով անկարող դարձած ենք թշնամին գնահատել ըստ արժանւոյն, մեր ուժերը եւ կարողութիւնները մէկտեղել, ըլլալ հայրենատէր եւ ազգատէր: Կը նախընտրենք իրարու հետ եւ իրարու դէմ կռուիլ մեր տեսակէտները պաշտպանելու համար, քան կռուիլ մեր գոյութեան սպառնացող թշնամիին դէմ:
Այս պարտութեան եւ նահանջի առաջնորդող պառակտուածութիւնը ունի նաեւ ընկերահոգեբանական պատճառներ, որոնց մասին քիչ կը խօսուի: Անոնք համատարած են, հասարակաց ախտ են: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը փոքր երկիր է, մեր երկրի բնակչութիւնը այլ երկիրներու մէկ նահանգի բնակչութեան կարելի է բաղդատել, բայց քաղաքական ղեկավարութեան ձգտող հայ մարդոց թիւը համեմատաբար շատ աւելի է մեծ երկիրներու նման յաւակնութիւն ունեցողներու թիւէն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ստեղծէ իր խնամի-ծանօթ-բարեկամի շրջանակը եւ կ՛ուզէ բարձր դիրք ունենալ, առանց վարանելու նսեմացնելով իրական արժէքները:
Սփիւռքի մէջ կացութիւնը երբեմն կը յանգի ծիծաղելիութեան, երբ հայ բանաստեղծի կամ գրողի ստեղծագործութեան անծանօթ եւ անհաղորդ մի ոմն երեւելի, կ՛ապսպրէ, որ այս կամ այն առիթով, անոնց մասին հայերէն էջ մը գրուի, այդ էջը թարգմանուի այս կամ այն օտար լեզուին, որպէսզի ինք փքուելով բեմէն խօսի օտար հիւրերու առջեւ: Հայ գրողի, բանաստեղծի կամ կարեւոր դէմքի ծանօթացումը կը դադրի նպատակ ըլլալէ, կը ծառայէ երեւելիի սնափառութեան, որպէսզի ան դառնայ յայտնի օտարներու աչքին, զարդարուի:
Իսկ Հայաստան արդէն գլած անցած է անհեթեթութեան սահմանները, իր բազմապատկուող կուսակցութիւններով, անոնց առաջնորդներով, որոնք կը խորհին, կը հաւատան եւ կ՛ուզեն հաւատացնել, որ հայրենիքի եւ ազգի փրկութիւնը իրենցմով պիտի ըլլայ: Ինչպէ՞ս կը պարտուինք երբ այդքան մեսիաներ ունինք:
Եթէ առաջնորդներու, ղեկավարներու, անսխալականներու եւ նախախնամականներու յարաճուն թիւին ապաւինինք, բանակի կարիք չի մնար, քանի որ անոնք բանակ են:
Քաղքենիական հոգեբանութեան յատուկ փառասիրութիւններ կան: Երբեք պիտի չմոռնամ հայ կնոջ մը պարագան, որ տնտեսական յաջողութեան պարգեւած իրաւունքով յայտարարեց, որ «հիմա դրամ ունիմ եւ պաշտօն կ՛ուզեմ», ուրիշ հարստացած անգրագէտ մը առաջարկեց, որ եթէ զինք «տուեալ կազմակերպութեան մը վարչական ընտրեն, այդ վարչութեան բոլոր ծախսերը յանձն կ՛առնէ»… Նոյնատեսակ ընկերահոգեբանական մեծ ու պզտիկ պարագաներ այնքան բազմաթիւ են, որ կը յառաջացնեն արժէքային համակարգի խաթարում:
Երբեմն պէտք է դիտել եւ սորվիլ, թէ ինչպէ՞ս ղեկավարութիւն կը յառաջանայ այլ ժողովուրդներու մէջ: Նախ կայ, ի հարկէ, պատրաստութեան հարցը, կրթութեան հարցը: Եթէ կարգ մը ղեկավարներու կենսագրութեան ծանօթանաք, կը տեսնէք, որ անոնք գործած են այլ ղեկավարներու շուքին, եղած են օգնական, գրասենեակի տնօրէն, փոխանորդ, այսինքն անցած են պատրաստութեան եւ փորձի ուղիով: Մեր ժողովուրդի պարագային կարգը յանպատրաստից ըլլալ է, improvisation-ը, հետեւաբար սիրողականութիւնը, amateurisme-ը կ՛ըլլայ կարգ, եւ ղեկավարութիւնը կը ստեղծէ խնամի-ծանօթ-բարեկամի դրութիւն, ԽԾԲի, որ իր կարգին կը յառաջացնէ ղեկավարութիւն:
Նման համակարգի մէջ արժէքներ, հեռանկար, մշակոյթ, նախատեսութիւն, ապագայ, առաջնահերթութիւն չեն: Իսկ երբ երկիր մը ինքզինք կը դատապարտէ այդ կացութեան, անխուսափելիօրէն կ՛երթայ դէպի կործանում:
Արմինէ Օհանեանի կարգ մը արտայայտութիւններով կ՛ուզեմ եզրակացնել.
«- Մեզ ոչինչ չի միաւորում` ո՛չ ընդհանուր գաղափարներ, ո՛չ նպատակներ ու երազանքներ:
– …որովհետեւ ոմանք նախկիններին աւելի են ատում, քան մեր պետութեանը սպառնացող թշնամուն:
– Մեզ չեն միաւորում մեր մշակութային արժէքների հանդէպ համընդհանուր սէրն ու հոգածութիւնը. մէկի համար Նարեկացին ու Թումանեանը մեծութիւն են, միւսի համար՝ յետամնաց, դարն ապրած ռաբիզ գրողներ:
– Մենք միասնական չենք անգամ հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած հերոսների հարցում` մեծ թուով մարդիկ կարող են Վազգէն Սարգսեանին, պատերազմում որդի կորցրած Կարին Տօնոյեանին ու Գեղամ Նազարեանին հայհոյել, փնովել»:
Կը ստեղծե՞նք ազգային գիտակցութեամբ եւ ընդհանրապէս արժէքներով եւ ազգային արժէքներով առաջնորդուելու եւ ղեկավարուելու մշակոյթ:
Միթէ՞ այդ չէ վերականգնելու, տոկալու եւ տեւելու ուղին, զոր նուաճելու համար անհրաժեշտ է անհատական եւ հաւաքական հոգեմտաւոր իր անուան արժանի յեղափոխութիւն:
Առաջին քայլը այն քաջութիւնն է, որ թոյլ պիտի տայ ըսել, որ դուն ալ իրաւունք ունիս եւ դուն ալ ճիշդ կրնաս ըլլալ: Անով կը մեծնանք:
Փոխանակ խեղդուելու եւ ուրիշներն ալ խեղդելու արժէքէ զուրկ պայքարներու եւ փառասիրութիւններու մէջ, մտածենք եւ ըսենք մեծ գրող եւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար (Ի դար) Անտրէ Մալրոյի պէս. «Ձեր մարդոցմէ մի՛ պահանջէք աղիւսներ շարել, զանոնք հրաւիրեցէ՛ք տաճարներ կառուցելու»:
Հայաստան կը սպասէ այսպէս ըսող եւ այսպէս գործող առաջնորդի, որպէսզի ազգը համատեղուած ճիգով նուիրուի «տաճար կառուցելու», այսինքն՝ վերականգնելու փառքին:
Իսկ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս ոտքի պիտի հանէ Սփիւռքի տասը միլիոնը, որ ան այլեւս չգոհանայ բարեսիրական մանրուքով եւ մանր ցուցական արարքներով, այլ հայրենատիրական յանձնառութեամբ, բանիւ եւ գործով դառնայ հայ ազգային կեանքի քաղաքական գործօն, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի համար, Անտրէ Մալրոյի հետեւութեամբ, ինք տաճարներ կառուցէ, արուեստական, շահախնդրական եւ մերժումներու պատերը քանդելով:
Այսօ՛ր: Առանց դիւանագիտական ճապկումներու եւ քաղքենիական սալամ-ալէքներու: Որպէսզի հարազատ ազգային գիտակցութիւն ունեցող հայը, այլեւս ինքզինք չգտնէ Արմինէ Օհանեանի դառն ախտորոշման առջեւ եւ կրաւորականութեամբ չլսէ. «… մեզ ոչինչ չի միաւորում` ո՛չ ընդհանուր գաղափարներ, ո՛չ նպատակներ ու երազանքներ»։
Տաճար կառուցելու գիտակցութեամբ միաւորում…
27 Սեպտեմբեր 2021
Նուազի-լը-Կրան
asbarez.am/397625/երբ-չկայ-տաճարներ-կառուցելու-կոչ-կը/