Այլանդակ «Բազմաձայնութիւն»ը եւ Այլընտրանքը. – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Մէկ շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, Հայաստանի վերին խաւը ժողովուրդին եւ մեր զարգացումներուն հետեւող աշխարհին ներկայացաւ տարօրինակ «բազմաձայնութեան» մը պատկերով (որ մօտէն կամ հեռուէն չ’անցնիր ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան բովէն):
Քանի մը մանրամասնութիւն:
Ինչպէս 21 Սեպտեմբերին, անկախութեան տարեդարձի օրը, նոյնպէս ալ 27 Սեպտեմբերին, 44-օրեայ պատերազմի պայթումին առաջին տարեդարձին, յիշատակումի ձեռնարկները եղան տարանջատուած, ձեւով մը ներկայացնելով ժողովուրդին… հարազատ պատհերը: Իշխանութեան պետն ու քանի մը համախոհներ առանձին այցելեցին Եռաբլուր (որակումներ չտանք եղածին, յարգելով նահատակները), ընդդիմադիրները բազմամարդ քայլերթով ըրին ուխտագնացութիւնը: Անկախութեան յիշատակման օրը, Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ համապատասխան արարողութիւն, ընդդիմադիրները քայլարշաւ կատարեցին դէպի Եռաբլուր, իշխանութեան մարդիկը առանձին եւ ապահովութեան այլապէս տարօրինակ միջոցառումներով շրջապատուած այցելեցինԵռաբլուր, իսկ երեկոյեան, իշխանութեան կազմակերպած շքեղ հանդիսութենէն բացակայեցան Արցախի եւ եկեղեցւոյ, զինուժի, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչները (զինուորական խորհրդանշական տողանցք մը իսկ տեղի չունեցաւ, իսկ քանի մը զինուորականի ցուցական արարողութիւնները…: Բանակին հանդէպ յարգանքը չի կրնար նսեմանալ): Հանդիսութիւնը իսկապէս որ շքեղ էր եւ, եթէ չ’ըլլար… 44-օրեայ պատերազմին ահաւոր ու չփարատած հետքը, կարելի էր մինչեւ իսկ գոհունակութիւն արտայայտել երգ ու պարին, ընտրուած կտորներուն եւ մատուցումներուն, ինչպէս նաեւ Լաս Վեկասն ու այլ զբօսավայրերու ջրախաղերը յիշեցնող արհեստագիտութեան օգտագործման, ապա նաեւ մանրատիպ սաւառնակներու միջոցով երկինքին մէջ ցուցադրուող լուսաւոր պատկերուն նկատմամբ: (Հանդիսութիւնը «գունագեղ» չեղաւ, ինչպէս մտահոգ էին շատեր, սակայն ակներեւ բացակայութիւնները աւելի՛ քան խորհրդանշական էին):
***
Անկախ երկու պատմական օրերուն դրսեւորուած «բազմաձայնութենէն», որ խորքին մէջ արտացոլացումն է երկրին մէջ վերջին տարիներուն շեշտուած բաժանուածութեան եւ իրողական խզումներու խորացման (հոգ չէ թէ իշխանաւորներ կը խօսին գործակցութեան մասին, մինչդեռ գործնապէս կ’ընեն հակառակը), նման վիճակ ստեղծուած է նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ, աւելի՛ վտանգաւոր, քան երեւութականները:
Ամէնէն աչքառու եւ նոյնքան տարօրինակ «բազմաձայնութիւնը» կլանած է նոյնինքն իշխանական դասը, Հայաստան-Արցախ գիծերուն վրայ, առանց նկատի ունենալու իշխանութիւն-ընդդիմադիր(ներ) տարակարծութիւնները: Աչքի առջեւ ունինք գոնէ երեք պաշտօնական գիծ, որոնցմէ երկուքը որոշ չափով համահունչ են իրարու: Արցախի պաշտօնական դէմքերն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ յստակ քննադատութեամբ հրապարակ եկան մէկէ աւելի անգամ, շեշտեցին, որ ինչպէս 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, նոյնպէս ալ պատերազմին դադրեցումնէ ետք, ու մինչեւ օրս, Ատրպէյճան կը շարունակէ թշնամանքը, կը խափանէ խաղաղութեան ճիգերը. արցախեան կողմը դարձեալ շեշտեց, թէ կը մերժէ որեւէ ձեւով մտնել Ատրպէյճանի կազմին մէջ, անդրադարձաւ Թուրքիոյ թշնամական վարքագիծին (աւելի չմանրամասնենք: Կեցուածքները լայն տեղ գտած են մամուլին մէջ): Անդին, Հայաստանի վարչապետը, ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին ուղղուած իր ուղերձին մէջ, միայն հպանցիկ ակնարկութիւն կատարեց Ատրպէյճանի բացասական կեցուածքին մասին, սակայն աւելի ուժեղ շեշտեր դրաւ Հայաստանի խաղաղասիրութեան եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ բարեացակամ յարաբերութիւններ բանալու դիտաւորութեան վրայ: Մեկնաբաններ դարձեալ հարց տուին, թէ Փաշինեան արդեօք ի՞նչ տրամաբանութիւն կը գործածէ (կամ՝ սա ինչպիսի՜ «բարձր դիւանագիտութիւն» է), երբ մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ Հայաստան կը ցանկայ խաղաղութեան էջը բանալ, ճամբաներ եւ երթեւեկի անցքեր բանալ (կարծէք թէ հայկական կողմն էր խաղաղութեան էջը ցարդ խափանողը), իսկ միւս կողմէ, կէս-բերան կը խօսի թուրք-ազերիական բացասական արարքներու մասին, նոյն պահուն ալ կ’անտեսէ իր (պահ մը ընդունինք անկեղծ եւ ո՛չ թելադրեալ) բարեացակամութեան դիմաց՝ նոյնինք Թուրքիայէն եկող բացասական նախապայմանները:
Փաստօրէն Թուրքիոյ նախագահը միայն ձեւական բառերով արձագանգեց «Հայաստանէն եկող դրական նշաններուն» (չմոռնանք, որ Փաշինեանն էր Թուրքիայէն եկող առաջին «դրական նշաններ» տեսնողը եւ այդ մեկնակէտով ալ՝ ծածուկ կերպով ու Վրաստանի ճամբով Էրտողանին բանակցութիւն առաջարկողը, հաւանաբար այն «գիւտով», որ եթէ ինք սիրաշահի Էրտողանը, անոր խամաճիկը եղող Ալիեւը արդէն գրպանը դրած կ’ըլլայ): Փաստօրէն, Թուրքիա հին նախապայմանները վերանորոգուած բանաձեւերով ու նախապայմաններով ներկայացուց հայկական կողմին (այսինքն՝ հրաժարիլ Արցախէն, թրքական կողմին չներկայանալ որեւէ տեսակի պահանջով ու նախապայմանով, ընդունիլ բոլոր այն «բարի» պայմանները, որոնք յարմար կը տեսնուին Թուրքիոյ կողմէ, ներառեալ… Սիւնիքէն զիջումներ Ատրպէյճան-Թուրքիա ճակատին): Փաստօրէն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները անգամ մը եւս յայտարարեցին իրենց անքակտելի միասնութիւնն ու հասարակաց պահանջները:
Մէկ խօսքով, Հայաստան-Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչները հայութեան ու արտաքին աշխարհին կը շարունակեն ներկայանալ իրարմէ տարբեր, չըսելու համար՝ հակասական կեցուածքներով, մինչդեռ անդին, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան քայլ առ քայլ կը խորացնեն իրենց միացեալ ճակատը, նոր զինավարժութիւններով նոր պատգամներ կ’ուղղեն հայկական կողմին, կ’անտեսեն Արցախի մասին նոյնինքն Մինսքի խմբակի անդամներուն, նաեւ այլոց կարծիքները (որոնք երբեմն աւելի՛ ուժգին կը հնչեցնեն հայկական իրաւունքներն ու պահանջատիրութիւնը, քան Երեւանի վարիչները, որոնք չեն հրաժարած Շուշին նկատելէ «անբախտ ու տժգոյն», գործնական ոչ մէկ քայլի դիմած են Հայաստան ներթափանցած ազերիական ուժերը վանելու նպատակով, առ ի պարտականութիւն կը յիշատակեն գերիներն ու Պաքուի մէջ դատուողները…):
***
Իրողական անշահաբեր «բազմաձայնութեան» դիմաց, ըստ բաւականին միաձայն են խորհրդարանական ընդդիմադիրները եւ Հայաստանի ու հայութեան էական շահերը տեսնելու, անոնց հետամուտ ըլլալու համամիտ եղող կարգ մը արտախորհրդարանական խմբաւորումները, սակայն այս բեմին վրայ եւս, կայ վերոյիշեալ բազմաձայնութեան արձագանգը: Հոս ալ, փաստօրէն, կորուսեալ հողերուն վերատիրանալու եւ անկումային ընթացքէն օր առաջ վերականգնելու ճիգերը, կոչերը իրենց դիմաց կը շարունակեն գտնել մաշած յանկերգներ, որոնք այլապէս չեն նպաստեր հայկական ներուժին միաւորման, բռունցքին վերապրկումին:
Վէճ չի վերցներ այն, որ ստեղծուած այլանդակ եւ վնասարար վիճակին առաջին եւ գլխաւոր պատասխանատուն իշխանութիւնն է: Պատերազմին պայթումէն տարի մը ետք, որոշ յստակացումներ կան, սակայն շատ բան կը մնայ անյստակ (եւ բացորոշ է, որ իշխանաւոր խմբակը ամէն ճիգ կ’ընէ որոշ իրականութիւններ քողարկեալ պահելու համար), իշխանութիւնը կը յամառի անշեղօրէն յառաջ տանիլ զիջումի, ի հարկին նոր կորուստներ ունենալով վարքագիծը (չենք անտեսեր դուրսէն կատարուած որոշ թելադրանքները, իսկ «դրսեցի»ները բազմաթիւ կողմեր են), հոգ չէ թէ այդ գիծին մէջ իրողապէս մնացած է միայնակ, ինչպէս որ… միայնակ կը կատարէ անկախութեան հանդիսութիւնն ու Եռաբլուր այցելութիւնները:
…Այս բոլորը տեղի կ’ունենան ժողովուրդի աչքերուն առջեւ: Կը մնայ, որ այս իշխանութեան քուէ տուած ժողովուրդը սկսի հարց տալ եւ շուտափոյթ պատասխաններ գտնել, թէ ինք այս իշխանութեան «մանտաթ տուաւ», որպէսզի ան, սկսելու համար՝ անմիջականօրէն վերջնական կնի՞ք դնէ Արցախի կրճատուած պատկերին, «խորհրդային քարտէսներու հիմամբ» Հայաստանէն հողե՞ր նուիրէ Ատրպէյճանին, ըստ էութեան սպասարկէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերո՞ւն, յետոյ՝ շարունակէ աչքերը փա՞կ պահել Հայաստանի անմիջական շրջապատին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վրայ (չխօսինք աւելի հեռուներու մասին), բարեկամ դասուողներու հետ նօսրացած յարաբերութիւնները աւելի՞ եւս քայքայէ, օրինակ՝ այլապէս բարեկամ նկատուող, բայց իր ծանօթ կապերով՝ Վրաստանի ճամբով նրբանցքնե՞ր բանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, երբ 44-օրեայ պատերազմին բոլոր պարտամուրհակները կը մնան բաց, ստացած են այնպիսի՛ հրատապութիւն, որ կը սքողեն նոյնինքն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճիտին ծանրացող նախկին պարտամուրհակները, սկսելով Ցեղասպանութենէն ու փոկրոմէն…:
Վերականգնելի եւ նոր զարգացում սպասող բարեկամութիւններու ցանկը կարելի է երկարել, սկսելով Ռուսիայէն ու Իրանէն, անցնելով արաբական երկիրներէն ու հասնելով մինչեւ իսկ բարեկամութիւն խաղացող, սակայն Թուրքիոյ երդուեալ դաշնակիցները հանդիսացող այլ երկիրներէ, առանց անտեսելու Անգարայի նկատմամբ վերապահութիւն ունեցող հիներն ու նորերը:
Այս ընելու համար, անյետաձգելի հրամայական է վերջ տալ այլանդակ «բազմաձայնութեան» եւ դուրս գալ կամաւոր կուրութենէ (խօսքը իշխանաւորներուն համակիրներուն կ’երթայ): Հայաստանի ու Արցախի հիմնական շահերը, անցեալի եւ նորագոյն պարտամուրհակներուն հետապնդումը նման բազմաձայնութենէ շահ չեն կրնար ապահովել: Նոյնքան հրամայական է որդեգրումը ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ եւ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ քաղաքականութեան մը, հայութեան պատկանող բոլոր հողերուն, մեր բոլոր իրաւունքներուն իրականցման ձգտող ԾՐԱԳԻՐԻ մը, որուն շուրջ պէտք է միանան բոլոր ձեռքերը, կարողութիւններն ու միջոցները: Նման միաձայնութիւն չի նշանակեր հակաժողովրդավարութիւն, ազատութիւններու սահմանափակում կամ իսկական բազմակարծութեան ոտնակոխում, որովհետեւ բազմաթիւ ենթա-ուղիներ ունեցող ճամբան մէկ է եւ կը հարկադրէ միասնութիւն՝ ձախողած ըլլալը փաստած իշխանաւորներուն փոխընտրանքին բիւրեղացումով:
yerakouyn.com/2021/09/30/այլանդակ-բազմաձայնութիւնը-եւ-այլը/