
Հայ երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածային սկանտալի մասին ,ալ լուր մնալ կարելին չէ – ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԻՍ, ՆԱԽ ՊԻՏԻ ՎՏԱՐԵՍ ՔՈ ՄԷՋԴ ԿԱՅՔ ԳՏԱԾ ՍՐԻԿԱՆ:
09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հայ երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածային սկանտալի մասին ,ալ լուր մնալ կարելին չէ:
Ողջ պաղեստինեան մամուլը -ամէն օր առաւել նոր զարգացումի մը մասին կ՛անդրանկանայ , չըսելու մինչեւ կսպառնայ:
Պաղեստինեան մամուլին զուգահեռ, նաեւ Յորդանանի Իշխանութիւններն որոշ անհանգստութիւն կարտայայտեն, այնուհետեւ , հայոց աթոռն տակաւին կը փորձէ անգիտանալ:
Վերջապէս ինչու չանգիտանայ , երբ հայ մամուլը ընդհանրապէս իր մրափից անդին անցնելու որեւէ տրամադրուածութեան եզրերուն չկայ:
Ինչու չանգիտանայ ,երբ վեհապետական կոչուած աթոռներն որեւէ տրամադրութիւն չունին բացայայտ մտահոգութիւն իսկ յայտնելու:
Ինչու՞ չանգիտանայ երբ հայաստանեան հողատու իշխանութիւններն իրենք իրենց հողատուութեան մէջ կը գալարուին ու ձայն հանող չկայ:
Վերջապէս ինչու՞ չանգիտանայ ,երբ ողջ աթոռն, ողջ համայնքն, ականատեսն են մեծ սրիկաներու սրիկայութեան , ոչ մէկն պատրաստ է ձանձրոյթն վերցնելու եւ ըսելու սրբազան ուր՞ կերթանք:
Անկեղծ ասած , ես երբեւէ չէի կարծէր թէ այսքանին էժան ժողովուրդի զաւակ եմ:
Ես երբեք չէի կարծէր թէ սրիկան մեր հոգում այսքանին պինդ կայք հաստատած է:
Ես չէի կարծէր թէ մենք կարող ենք որպէս ժողովուրդ այսքանին բոզ ըլլալ, ու լուռ հետեւիլ անոնց, որոնք օր աւուր կը լլկեն մեր հողն թէ մեր արժանապատւութիւնը:
Սա առաւել յօդուածն է որ ինձ կուղարկեն իմ բարեկամներն, ըսելով Սերոբ՛ զետեղէ պատիդ, թող չգիտցողը գիտնայ:
Ինչքան հետաքրքիրն է՛
Այդ բարեկամներէս ոչ մէկն կը զետեղէ իր պատին, քանզի ոչ մէկն կուզէ գրգռել սրիկաներին:
Ամէն ոք գիտէ որ պատրիարք եպիսկոպոս մէյ մէկ սրիկայ են ու կատարուածն մեծ դաւաճանութիւն է, ազգի հանդէպ ոճիր է, այնուհետեւ առիթ չեն փախցնէր երթալու պագնելու պիղծ թաթերը սրիկաներին:
Ծօ մենք ազգ ենք, չգիտեմ:
Իսկ եթէ ենք, սա տեսականիով թուրքից լաւն չենք:
– ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ





