Հայ Ազգի Միտքի ու Հոգիի Մեծագոյն Յեղափոխութիւնը – ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Երիտասարդական Հարթակ – Յօդուածներ:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հայ ազգի պատմութեան մէջ թերեւս ամէնէն անկիւնադարձային իրադարձութիւններէն մէկը հայ գիրերու գիւտն էր, որուն յաջորդեց հայ մշակոյթի ոսկեդարը, որուն աւելի եւս թափ տրուեցաւ 5-րդ դարուն ծաւալած թարգմանչական աշխատանքին միջոցով: Մեր թարգմանիչ վարդապետները, մատենագիրները, մեսրոպաշունչ հայ գիրերը առաջինը կիրարկողները ո՛չ միայն ամբողջ քրիստոնէական հոգեւոր մշակոյթ եւ գրականութիւն մը հայացուցին, այլեւ իրենց կատարած այդ աշխատանքին ընդմէջէն հայութեան մշակութային ծննդեան վկայականը տուին եւ հայ ազգին առջեւ լայն բացին մարդկային քաղաքակրթութեան դռները:
Ճիշդ ասոր համար ալ հայոց թարգմանիչ վարդապետներուն շարժումը մենք կը նկատենք հայ ազգի միտքի եւ հոգիի մեծագոյն յեղափոխութիւն, որովհետեւ այդ շարժումը, 5-րդ դարուն մեր պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգին լոյսին տակ, եկաւ դառնալու իւրայատուկ գաղափարական հոսանք, որ մինչ այդ որդեգրուած քրիստոնէական կրօնը հայացուց եւ ազգայնացուց: Ազգայնացումի այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ էր, որ մինչ շատ բան կորսնցուցած էինք մեր նախաքրիստոնէական մշակոյթէն, հայ գիրերու գիւտին շնորհիւ հայ մշակութային արարումի անիւը դարձեալ շարժեցաւ:
Եւ ահաւասիկ տեսէք, թէ ի՛նչ եղաւ. մէկ կողմէ պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգը կար, եւ արդէն, շատ չանցած, մենք ականատես եղանք Արշակունեաց թագաւորութեան անկման, ասոր զուգահեռ, ամբողջ հինգերորդ դարը բնորոշուեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարի իրերայաջորդ ալիքներով` ընդդէմ պարսկական լուծին, միւս կողմէ ալ, քաղաքական մակարդակի վրայ մեր տեղատուութեան բացը գոցելու համար, Սահակն ու Մեսրոպը եւ իրենց աշակերտները իրենց շարժումովը իրագործեցին ազգային հսկայական ծրագիր մը, որ պիտի ամրագրէր հայ ազգի անկախութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը` մշակոյթի, հայ գիրի եւ գրականութեան միջոցով:
Իրօք բաւական դժուար է թերագնահատել հայ գիրերու գիւտին եւ թարգմանչաց շարժումի քաղաքակրթական դերակատարութիւնը հայ ազգի պատմութեան մէջ: 5-րդ դարուն քաղաքական պատճառներով Պարսկաստանի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ բաժնուած Հայոց աշխարհը եւ ազգը այդ ապագայատեսիլ շարժումին շնորհիւ վերստին միացան մշակութային մակարդակի վրայ:
Եւ ուրեմն հիմա այդքան շեշտուող «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» կարգախօսը իր մշակութային, քաղաքակրթական եւ գաղափարական հասկացողութեամբ այդ ժամանակաշրջանէն կու գայ` վերածուելու համար ազգային հաւատոյ հանգանակի մը, որ տակաւին կոչուած է լուսաւորելու մեր ազգային լինելութեան եւ յարատեւութեան ճամբան:
Թարգմանիչ վարդապետները ազգակերտումի նոր ընթացքի մը ջահակիրներն էին, եւ այս նոր ընթացքին երկու կարեւորագոյն հիմքերը դպրութիւն-կրթութիւնն ու ազգային իւրայատուկ գրականութիւնն էին: Այս երկու կարեւորագոյն տուեալներուն կամ հիմքերուն վրայ կառուցուած կը գտնէք որեւէ ազգի եւ պետութեան ամուր շէնքերը: Անոնք հիմնական են իբրեւ իւրայատուկ հաւաքականութիւն ազգը կայացնելու համար:
Ազգը, որ իր ուրոյն զարգացումով եւ ստեղծագործականութեամբ կու գայ հարստացնելու մարդկային քաղաքակրթութիւնը` առանց ինքն իր մէջ կոճկուելու եւ մեկուսանալու, միեւնոյն ժամանակ ալ կու գայ օգտուելու համաշխարհային մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան նուաճումներէն` առանց կորսնցնելու իր դիմագիծը եւ առանց մանաւանդ մխրճուելու այլամերժութեան յորձանուտին մէջ: Եւ ի՞նչ էր իրականութեան մէջ մեր թարգմանիչ սուրբ վարդապետներուն ըրածը, քան` այս գաղափարը հետեւողականօրէն առջեւ տանիլը:
Օտարներէն մեր ազգին համար օգտակարը առնելն ու հայացնելը` Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր անմիջական աշակերտներուն միջոցով, միաժամանակ սակայն հայկականը համաշխարհայնացնելը, համամարդկային միտքի հորիզոնին առջեւ բանալը եւ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը հարստացնելը այդ միջոցով. վկայ` 5-րդ դարէն աւելի ուշ ապրած ու ստեղծագործած, բայց Հայ եկեղեցւոյ կողմէ թարգմանիչ վարդապետներուն շարքին դասուած Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի կատարած գործը:
Այս ընթացքը, այս գաղափարական հոսանքը այժմէական է նաեւ մեր օրերուն համար: Այսօր ալ, ինչպէս 5-րդ դարուն, մեր հայրենիքին քաղաքական անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը, ինքնիշխանութիւնը չեն դադրիր վտանգի տակ ըլլալէ, մասնաւորաբար` անցեալ տարուան 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Բայց հակառակ ամէն ինչի, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ քաղաքական մակարդակի վրայ տեղատուութիւններուն, յանկարծ լուսաւոր կէտեր կը տեսնենք մեր հաւաքական կեանքին մէջ, յանկարծ մշակոյթով, արուեստներով, գիտութեամբ իրագործումներ կ՛արձանագրենք:
Այո՛, այս իրագործումները չեն գոցեր մեր ունեցած կորուստներուն ձգած բացը, բայց չենք կրնար նաեւ թերագնահատել զանոնք: Այսօր հայ անձ մը, հայ գիտնական բժիշկ մը, Նոպելեան մրցանակի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իր ազգին անունը անմահացուց բժշկագիտութեան մէջ այս մրցանակին տիրանալով:
Որովհետեւ, ինչպէս թարգմանչաց շարժումի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը` մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին իրաւամբ կը նշէ` թէեւ փոքր ածու ենք, բայց մենք ալ յիշատակութեան արժանի գործեր ունինք կատարած…
Այսօր յետհամաշխարհայնացման ժամանակաշրջանին մէջ կ՛ապրինք: Համացանցի դարն է, բոլոր մարզերուն մէջ արդիականացման դարն է: Բայց նաեւ իւրաքանչիւր ազգային հաւաքականութեան իր իւրայատկութիւնները ի ցոյց դնելու դարն է: Կը գոյատեւէ ան, որ չի կոճկուիր ինքն իր մէջ, չի մեկուսանար, ստեղծագործաբար կը պահէ իրը, բայց նաեւ կը բացուի ուրիշին:
Ուրիշէն կ՛առնէ օգտակարը եւ կ՛ազգայնացնէ զայն, միաժամանակ իր ունեցածով կը հարստացնէ համամարդկային ժառանգը: Ահա Սրբոց Թարգմանչաց տօնի ամէնէն այժմէական պատգամը` ներկայ ժամանակներուն համար:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ