Ինչո՞ւ Փակեցին Ուաշինկթընի Մէջ Թրքական Հիմնարկը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ուաշինկթընի «Ճորճթաուն» համալսարանի ուսանողական թերթը՝ «Հոյա»ն, անցեալ շաբաթ հրապարակեց քննական ծաւալուն յօդուած մը՝ թուրք կառավարութեան հիմնած Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին փակման մասին։ Հետաքրքրական է, որ յօդուածի աւարտին նշուած էր, թէ զայն գրած են Լիամ Սքաթը եւ գրող այլ աշխատակից մը, որ «խնդրած է չյայտնել իր անունը՝ Թուրքիոյ մէջ ապահովութեան նկատառումներէ մեկնած»:
Թէեւ նշեալ հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած էր Թուրքիոյ մասին դրական պատկեր ձեւաւորելու նպատակով, անիկա վերջ գտաւ իր՝ իսկ ամերիկեան խորհուրդի անդամներուն զայրոյթ պատճառելով, որուն հիմամբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշեց փակել զայն:
1982ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ հիմը դրաւ Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին (ITS)՝ յատկացնելով 3 միլիոն տոլար: Նպատակն էր՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ մասին պատշաճ պատկեր ստեղծել, իր շուրջ խմբելով ամերիկացի այն ակադեմականները, որոնք ուսումնասիրութիւններ կ՛իրականացնէին թրքական թեմաներով եւ նիւթապէս զօրակցելով անոնց: Հիմնադրուելէն ի վեր, ITS տարեկան ծախսած է մօտաւորապէս 350 հազար տոլար՝ 19 համալսարաններու 400 դասախօսներու տալով «դրամաշնորհներ, կրթաթոշակներ, նպաստներ եւ նախնական ֆինանսաւորում»՝ թրքական ուսումնասիրութիւնները խթանելու նպատակով գիրքեր եւ ամսագիրներ հրատարակելու համար: Այս առիթով ITS յայտարարեց, որ հիմնարկը «առանցքային դեր խաղացած է Միացեալ Նահանգներու՝ ՆԱԹՕի գլխաւոր դաշնակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան մասին գիտելիքներու խթանման գործին մէ»ջ:
Զարմանալի չէ, որ ITS-ը իր կառավարիչներու խորհուրդի պատուաւոր նախագահ նշանակած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանը`վերահսկելու համար անոր գործունէութիւնը եւ ֆինանսաւորման որոշումները: Խորհուրդը բաղկացած էր Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին նշանաւոր պաշտօնեաներէ եւ օսմանեան ու ժամանակակից թրքական ուսումնասիրութիւններ կատարած ամերիկացի հռչակաւոր դասախօսներէ: ITS-ի առաջին գործադիր տնօրէնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Հիթ Լաուրին էր:
1985ին, ես ներգրաւուեցայ ITS-ի հետ իրաւական վէճի մը մէջ, երբ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ գրեցի` «Թուրքերը Ինչպէ՞ս Կ՛օգտագործեն Մեր Հարկային Տոլարները Մեր Դէմ» վերնագիրով խմբագրականը, ուր մատնանշեցի, թէ ITS-էն դրամական պարգեւներ ստացած դասախօսներէն շատերը այն նոյն մարդիկն էին, որոնք ստորագրած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտարարութիւնը: Յայտարարութիւնը իբրեւ վճարովի ծանուցում հրապարակուած էր «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթերուն մէջ, 19 Մայիս 1985ին։ Լաուրի ներգրաւուած էր այս յայտարարութեան պատրաստման եւ անոր համար ստորագրութիւններու հաւաքման մէջ: Յօդուածիս մէջ ըսի, որ յայտարարութեան 69 ստորագրողներէն քսանը տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ստացած են ITS-էն: Այս ծանուցման մէջ Լաուրիի դերը եղած է խախտում` ITS-ի հարկերէ զուրկ կարգավիճակին, որ օրէնքով կ՛արգիլէր քաղաքական լոպիինկ իրականացնել այն ատեն, երբ ԱՄՆ Քոնկրեսը կը քննարկէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը: ITS-ը նաեւ հակասեց իր իսկ յայտարարութեան, թէ՝ «չի ձգտիր ազդել օրէնսդրութեան վրայ կամ պաշտպանել որոշ քաղաքականութիւն կամ օրակարգ»:
Հակառակ անոր, որ այդ ժխտողական յայտարարութիւնը ստորագրած մտաւորականներուն ստացած գումարներուն մասին տեղեկութիւնը ես ձեռք բերած էի ITS-ի մէկ գրքոյկէն, ITS-ը թերթիս խմբագրութեան յղեց նամակ մը, որով կը սպառնար ինծի դէմ լուրջ դատական հայց ներկայացնել, եթէ չհրապարակէի ծաւալուն դրժում մը իմ կողմէս, բան մը, զոր մերժեցի ընել։ ITS-ը սակայն հրաժարեցաւ հայցի գաղափարէն:
«Հոյա» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածով մանրամասն տուեալներ ներկայացուած են ITS-ի փուլ գալուն մասին, որ ինքնին թրքական քարոզչական նախագիծ էր՝ քօղարկուած իբրեւ ակադեմական գործ: Հիմնարկը փակուեցաւ Սեպտեմբեր 2020ին, որովհետեւ անոր խորհուրդին մաս կազմող կարգ մը անկախ դասախօսներ հրաժարած էին թրքական կառավարութեան ցուցմունքներուն հետեւիլ:
«Հոյա»ն այս մասին գրած է հետեւեալը. «Ըստ ITS-ի նախկին գործադիր տնօրէն Սինան Չիտտիի եւ ITS-ի խորհուրդի նախկին անդամներ Ուալթըր Տենիի եւ Սթիվըն Քուքի՝ ITS-ի ֆինանսաւորման դադրեցման մասին Թուրքիոյ որոշումը տրուեցաւ Էրտողանին կուրօրէն սատարելու եւ հաւատարմօրէն հետեւելու կառավարական ճնշումներու աճման լոյսին տակ: Անոնք ըսին, որ ITS-ը յայտնուած էր կառավարութեան բռնաճնշումներու կրակին տակ, բան մը, որ կը բնորոշէ Էրտողանի՝ օր աւուր աճող բռնակալ Թուրքիան»:
«Ճորճթաուն»ի թրքագիտութեան փրոֆեսէօր Չիտտի «Հոյա» թերթին յայտնեց, որ ITS-ը ի սկզբանէ անկախ միաւոր մըն էր, որ կը գործէր «Ճորճթաուն» համալսարանէն դուրս: Հետագային, համալսարանը «ITS-ին տրամադրեց գրասենեկային տարածք մը եւ վարչական աջակցութիւն, սակայն համալսարանը խօսք չունէր հիմնարկի գործունէութեան մէջ։ «Ճորճթաուն»ը նաեւ ամբողջացուց հիմնարկի գործադիր տնօրէնին ամսական վճարումը միայն անկէ ետք, երբ ITS-ը կորսնցուց Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ նիւթական աջակցութիւնը»: Փրոֆ? Ճենի Ուայթ, որ մօտաւորապէս 20 տարի ծառայած է ITS-ի խորհուրդին մէջ, «Հոյա»ի ուշադրութեան յանձնեց, թէ ITS-ը «լաւագոյն ծանուցումն էր, որ կրնար ըլլալ Թուրքիոյ համար»:
2006ին, «Պինկհամթըն» համալսարանի նախկին փրոֆեսըր Տանըլտ Քուաթըրթ հրաժարեցաւ ITS-ի խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը պնդելէ ետք, կ՛ըսէ «Հոյա»: Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան ակադեմական ազատութեան յանձնախումբը, այդ օրերու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յղած բաց նամակին մէջ բողոքած էր, թէ «Քուաթըրթ հրաժարական տուաւ թրքական կառավարութեան ճնշումներուն պատճառով: ITS-ի խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ հրաժարական տուին՝ ի պաշտպանութիւն Քուաթըրթի»:
Երբ Էրտողան դարձաւ աւելի կեղեքող, թրքական կառավարութիւնը սոյն հիմնարկը դիտեց իբրեւ Թուրքիոյ ոչ ձեռնտու ակադեմական հետազօտութիւններու ֆինանսաւորում: Մայիս 2015ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հրաւէրով տեղի ունեցած կիսամեայ ընթրիքին բողոքած է ITS-ի նախագահ Ռաս Ուիլսընի դէմ՝ ըսելով, որ «ITS-ի կողմէ վերջերս կատարուած կարգ մը աշխատանքներ բացասական էին Թուրքիոյ կառավարութեան մասին, եւ (ան) հետաքրքրութիւն դրսեւորեց ITS-ի աշխատանքները քաղաքական նպատակներով յօգուտ կառավարութեան ուղղելու առումով», հաղորդեց «Հոյա»ն:
Այնուհետեւ դեսպան Քըլըչ չեղեալ յայտարարեց 2015ի աշնան նախատեսուած ITS-ի ընթրիքը: Վերջապէս, Սեպտեմբեր 2015ի սկիզբը, Սալցման եւ Էվինչ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը ներկայացնող Ուաշինկթընի փաստաբանական գրասենեակէն, հիմնարկին փոխանցեցին, թէ թրքական կառավարութիւնը այլեւս նիւթապէս զօրավիգ պիտի չկանգնի ITS-ին: Աւելի ուշ, Քըլըչ նամակ մը յղեց՝ հաստատելով ֆինանսաւորման աւարտը:
«Իսկ երբ Թուրքիա դադրեցուց կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը, («Ճորճթաուն» համալսարանի) Արտաքին ծառայութեան դպրոցը ITS-ին տրամադրեց ֆինանսական եւ վարչական լրացուցիչ աջակցութիւն», յայտնեց «Հոյա»ն: Հետեւաբար, ITS-ը բաւարար միջոցներ ունէր իր գործունէութիւնը շարունակելու մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2020, երբ վերջնականապէս փակեց իր դռները:
Թրքագիտութեան մասին այս ձախողած հիմնարկին երկար պատմութիւնը պէտք է դաս ըլլայ բոլոր համալսարաններուն, որպէսզի չկրկնեն «Ճորճթաուն»ի սխալը՝ ողջունել իր ակադեմական չափանիշներուն հակառակ քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող նախագիծ մը։
Պարզ է, որ ակադեմականներու եւ քաղաքական գործիչներու միաձուլումը երբեք լաւ արդիւնք չի տար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.am/403656/ինչո՞ւ-փակեցին-ուաշինկթընի-մէջ-թրքակ/