ՀՅԴ Կանոնագիրը Եւ Բիւրոյի Անկումը – Յարութ Գալայճեան
16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:
Կանոնագրի տարրի ու ոգիի միաձուլումն է, որ պինդ պահած է Դաշնակցութեան Ողնաշարը աւելի քան 100 տարի։
Յարութ Գալայճեան
Իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար Կանոնագիրը ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ է իր երդումով եւ կարգապահական/ժողովավարական կանոններով։
ԱՅԼ ԽՕՍՔ՝ որ ամէն կանոնագիր պէտք է քայլ պահէ իր ժամանակին հետ…
Կանոնագրի ՏԱՐՐԻ ՈՒ ՈԳԻԻ միաձուլումն է, որ պինդ պահած է Դաշնակցութեան Ողնաշարը աւելի քան 100 տարի։
Այդ Ողնաշարի քայքայումը ծայր առաւ ՀՅԴ-ի Հայաստան «սխալ ու հապճեպ» (ընկեր Վ.Օշականի բառերն են) Մուտքով եւ կանոնագրային ահաւոր խախտումներով։
ՀՅԴ-Կանոնագրին մէջ յստակօրէն արձանագրուած է, որ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ կրնայ ըլլալ կուսակցական ցենզ ունեցող այն դաշնակցականը, որ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 15 տարի անդամակցած է կազմակերպութեան։
1992-ին, Բիւրոյի անդամ դարձան՝ Վահան Յովհաննէսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Վարդան Յակոբեան եւ Մասիս Պաղտասարեան, որոնք միայն 2-3 տարիներու դաշնակցական փորձ ունէին. այսինքն, ոչ իսկ Գերագոյն Մարմին՝ այլ միայն Կոմիտէի անդամներ կրնային դառնալ։ Անոնք երկար տարիներ այլ աւազաններու մէջ երկար լողալէ ետք սպրդած էին Դաշնակցութեան Հնոց ու դարձած Բիւրո։
Կանոնագրային ՆՈՅՆԻՄԱՍՏ խախտումներ կատարուեցան ԳՄ-ի ընտրութիւններուն, ուր գմ-ական (կկ-ական) դարձան 10 տարիէն շա՜տ վար՝ ՆՈՐԵԼՈՒԿ «դաշնակցականասէր» անհատներ…
Եւ այդպէ՜ս, սկսաւ ՀՅԴ-Կանոնագրի խախտումը Հայաստանի մէջ ու հետզհետէ վերածուեցաւ «հաշիւներ մաքրող եւ պատգամաւորներ սարքող» Կարգապահական Գործիքի…
Եւ այսօր, Դաշնակցութեան իսկական Բիւրոն իրականութեան մէջ՝ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինն է, որ թէկուզ իր անդամալուծուած շարքերով Եւ գաղափարական/ քաղաքական սարսափելի այլափոխուածութեամբ կը շարունակէ ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունենալ ՀՅԴ-Ընդհանուր Ժողովներուն վրայ…
Անցնինք այլ Կանոնագրային Երեւոյթի մը՝ որ անմիջականօրէն կ’առնչուի Կանոնագրի Ոգիին։
ՀՅԴ-Բիւրոյէն ինքնակամ հրաժարիլը շատ հազուադէ՜պ (չըսելու համար՝ զարմանալի) երեւոյթ է Դաշնակցութեան Ընտանիքին համար եւ պէտք է անպայման մեկնաբանել ԱՅԴ հրաժարականը իր բոլոր ԾԱԼՔԵՐՈՎ…
Եւ այդ հազուադէպութիւնը կը կայանայ այն
Իրողութեամբ, որ Դաշնակցութեան բովանդակ Պատմութեան մէջ ՄԻԱՅՆ 2 անգամ Բիւրոյէն Հրաժարական ներկայացուած է. առաջինը՝ գաղափարական պատճառով, իսկ միւսը՝ կազմակերպական։
Արդարեւ, Քրիստափորի մահէն անմիջապէս ետք, 1905-ին, ՀՅԴ-Բիւրոյի անդամ՝ Լորիս Մելիքովը գրեց իր հրաժարականը Բիւրոյէն ու զայն ներկայացուց 1907-ին՝ Վարանդեանի, Ակնունիի եւ Ահարոնեանի Ընկերվարական Դիրքորոշումներուն դէմ իր բանավէճերը աւարտելէ ետք։
113 տարի ետք, ՀՅԴ-Բիւրոյին ներկայացուած ԵՐԿՐՈՐԴ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱԸ՝ ընկեր Վիգէն Եագուպեանինն է, որ պատահեցաւ Բիւրո-ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ԿԿ՝ կազմակերպական բուռն բանակցութիւններու հոլովոյթին իբրեւ բնական հետեւանք…
Եւ այդ հոլովոյթի ողջմիտ վերլուծումները կատարելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ ընկալել ՀՅԴ Արեւմտեանի Կեդրոնական Կոմիտէի երէկուան ԱՐԴԱՐ ու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ Յայտարարութիւնը։
Յարութ Գալայճեան
mer-oughin.am/2021/10/16/հյդ-կանոնագիրը-եւ-բիւրոյի-անկումը/