Սեւ մութ ամպեր Թուրքիոյ երկնքին – ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սեւ մութ ամպեր Թուրքիոյ երկնքին – ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ինչպէս նա­­խապէս ալ գրած էինք, Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գին վրայ թէեւ պաշ­­տօ­­­նապէս ոչ մէկ ազ­­դանշան գո­­յու­­թիւն ու­­նի, բայց եր­­կի­­­րը մատ­­նո­­­ւած է նա­­խընտրու­­թեան յա­­տուկ քա­­ղաքա­­կան տրա­­մադ­­րութիւննե­­րու։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ ընդդի­­մադիր քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ յա­­ճախ կը շրջին երկրի զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րը եւ կը փոր­­ձեն ժո­­ղովուրդի դժգո­­հու­­թիւննե­­րը օրա­­կար­­գի բե­­րել։ Տնտսեական ճգնա­­ժամի առ­­կա­­­յու­­թեան մէջ թէ սղա­­ճը եւ թէ գոր­­ծազրկու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կեն հա­­մատա­­րած դժգո­­հու­­թեան գլխա­­ւոր գոր­­ծօննե­­րը հան­­դի­­­սանալ։ Միւս կող­­մէ իշ­­խա­­­նու­­թիւնն ալ ընդդի­­մու­­թեան այս գոր­­ծընթա­­ցին դէմ կը տա­­նի բո­­լորո­­վին տար­­բեր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը ու կը փոր­­ձէ ներ­­կայ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու մեղ­­քը փաթ­­թել ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու գլխին։ Բնա­­կանա­­բար հա­­սարա­­կու­­թեան ջախ­­ջա­­­խիչ մե­­ծամաս­­նութեան հա­­մար հա­­մոզիչ չի թուիր այս վար­­կա­­­ծը, բայց պէտք է յի­­շել որ այդ անտրա­­մաբա­­նական պնդումն ալ ու­­նի իր յա­­ճախոր­­դը, որն է բո­­լոր պայ­­մաննե­­րու մէջ կոյրզկու­­րայն Էր­­տո­­­ղանի եւ անոր քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րուն հա­­ւատա­­րիմ մնա­­ցած խաւ մը։ Ար­­դէն յայտնի է որ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան ալ կը փոր­­ձէ այդ խա­­ւի հա­­ւատար­­մութիւ­­նը ամ­­րապնդել։

Այս պայ­­մաննե­­րու տակ վերստին այժմէակա­­նու­­թիւն կը ստա­­նան հա­­սարա­­կու­­թեան կամ­­քը ու­­սումնա­­սիրող հար­­ցա­­­րան­­նե­­­րը։ Անոնց տո­­ւեալ­­նե­­­րուն հա­­մաձայն մին­­չեւ մօտ օրեր Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կը կորսնցնէր իր վար­­կա­­­նիշ­­նե­­­րը եւ սա­­կայն չէր բարձրա­­նար ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու ստա­­ցած զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը։ Իսկ վեր­­ջերս այդ գետ­­նի վրայ ալ կա­­րեւոր փո­­փոխու­­թիւններ կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւին եւ ընդդի­­մադիր­­ներն ալ կը բարձրաց­­նեն իրենց վի­­ճակած ձայ­­նե­­­րը։

Այս բո­­լորը պատ­­ճառ կը դառ­­նան երկրէ ներս տի­­րող լա­­րուա­­ծու­­թեան ալ աճին։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ առա­­ջին հեր­­թին Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու մտա­­հոգու­­թիւն յայտնեց քա­­ղաքա­­կան բնոյ­­թով մա­­հափորձնե­­րու հա­­ւանա­­կանու­­թեան մա­­սին։ Ընդդի­­մադիր միւս կու­­սակցու­­թիւններն ալ ձայ­­նակցե­­ցան այդ մտա­­հոգու­­թեան, յատ­­կա­­­պէս հիմք ու­­նե­­­նալով նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի ան­­ցեալ­­նե­­­րը ընդդի­­մադիր կու­­սակցա­­պետ Մե­­րալ Աք­­շե­­­ների են­­թարկո­­ւած յար­­ձա­­­կու­­մին դէմ ար­­տա­­­սանած. «Դեռ ասոնք լաւ օրերդ են, տե՛ս տա­­կաւին ին­­չեր պի­­տի պա­­տահին» խօս­­քին։

Ար­­դա­­­րեւ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան Սու­­րիոյ մէջ եր­­կու թուրք ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու սպա­­նու­­թեան նիւ­­թին անդրա­­դառ­­նա­­­լով յայ­­տա­­­րարեց թէ այ­­լեւս յոր­­դած է համ­­բե­­­րու­­թեան բա­­ժակը եւ իրենք ստի­­պուած են ար­­ժա­­­նի պա­­տաս­­խա­­­նը փո­­խադար­­ձե­­­լու, եթէ ստա­­ցուի Սու­­րիոյ մէջ խարսխած դաշ­­նա­­­կից­­նե­­­րու ապա թէ ոչ սե­­փական մի­­ջոց­­նե­­­րու գոր­­ծադրու­­թեամբ։

Ար­­դէն զօ­­րաշարժ մը սկսած է դէ­­պի Սու­­րիա ու բազ­­մա­­­թիւ հրա­­սայ­­լեր մեկ­­նե­­­լով Իս­­քենտե­­րու­­նի ռազ­­մա­­­պազա­­ներէն ուղղո­­ւած են հա­­րեւան երկրի հիւ­­սի­­­սային հա­­տուած­­նե­­­րը։

Մի­­ջազ­­գա­­­յին դի­­տորդներ այս ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնն ալ կը գնա­­հատեն մօ­­տալուտ ընտրու­­թեան մը հա­­ւանա­­կանու­­թեան սահ­­մաննե­­րուն մէջ, աւե­­լի ճիշդ ընտրու­­թե­­­նէ խու­­սա­­­փելու եւ հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թիւնը ու­­րիշ կէ­­տեր շե­­ղելու փորձ մը ըլ­­լա­­­լով։

Այս ընդհա­­նուր պատ­­կե­­­րին մէջ հետզհե­­տէ կը յստա­­կանայ այն իրո­­ղու­­թիւնը ըստ որու Թուրքիա մօտ ապա­­գային հետզհե­­տէ ալ աւե­­լի կը մխրճո­­ւի ան­­կանխա­­տեսե­­լի ու խիստ վտան­­գա­­­ւոր դրու­­թեան մը մէջ։

www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/26305/sev-mut-ambyer-turkivoh-yergnkin

akunq.net/am/?p=80069

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail