ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ: – Կարդալ նաեւ՝:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր – 22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975
.
Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը
Ն. Պէրպէրեան – 24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
Հոկտեմբերի այս օրերուն, 46 տարի առաջ, ահաբեկչական իրերայաջորդ զոյգ գործողութիւններ քարոզչական ուժանակի պայթում առաջացնելով՝ ցնցեցին մեծապետական հանրային կարծիքն ու ընդհանրապէս քաղաքական աշխարհը, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ Հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած լռութեան պատը ճեղքեցին եւ ազդանշանը տուին Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծման։
ճշգրիտ՝ 22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975ին, յաջորդաբար Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, քաղաքական ահաբեկումի ենթարկուեցան զոյգ երկիրներուն մօտ թրքական պետութիւնը ներկայացնող դեսպանները։
22 Հոկտեմբեր 1975ի կէսօրին, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին իրենց դէմ զէնք բարձրացուցած պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունէլճիլի գրասենեակը։
Յարձակման մանրամասնութիւնները փոխանցող մերօրեայ թրքական կայքէջերուն համաձայն՝ ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան արտադրութեան իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ։
Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ ահաբեկիչները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու, ինքնաշարժ նստելով, անյայտացան…
*
* *
Օրին, միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւններով՝ գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով։
Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ հաստատելով՝ անանուն տարբեր խօսնակներ, մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով, ստանձնեցին Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը։
Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած պատահածը, երբ օր մը ետք՝ 24 Հոկտեմբեր 1975ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը՝ Իսմայիլ Էրեզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած ահաբեկչական թակարդին մէջ։
Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ ահաբեկիչները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…
Թէեւ երկրորդ այս ահաբեկչութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշգրտելու ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին՝ Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով եւս, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեց միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեց զոյգ ահաբեկչութեանց պատասխանատուութիւնը։
Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ ստորագրութեամբ եւ ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը, օրին՝ հայերէնի թարգմանուած, լոյս ընծայուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի դաշնակցական թերթերուն կողմէ։
*
* *
«Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հոգեհարազատ արձագանգ գտաւ 1970ականներու պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մօտ։
Աշխարհով մէկ տարածուած «Մարտիկներ»ու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կ՚ազդարարէր՝
«Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններուն պիտի յիշեցնէ, թէ Հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:
Արդարութեան Մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական Հարցին արդարացի լուծումը:
Յայտարարութիւնը յատկապէս դիտել կու տար, թէ Հայ Դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է եւ թէ, ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով, Լռութեան անարդար Պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ, «Մեր արդար դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:
*
* *
Այսպէ՛ս շղթայազերծուեցաւ 22 եւ 24 Հոկտեմբերին, 46 տարի առաջ, Հայ Դատի ուժական պայքարին նորօրեայ զարթօնքը։
Թէեւ աննախընթաց չէր թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, թէեւ 1973ին Գուրգէն Եանիքեան անունով հայորդի մը իրագործած էր ահաբեկչական նախադէպ հանդիսացող քայլ մը Մ. Նահանգներու մէջ՝ սպաննելով թուրք հիւպատոս մը, նաեւ՝ Յունուար 1975ին, Լիբանանի մօտ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ ահաբեկուած էր, այսուհանդերձ՝ Վիեննայի եւ Փարիզի ահաբեկումները կանխած քայլերը կա՛մ անհատական-վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական-պահանջատիրական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու միջազգային հրապարակ մուտքով։
Մինչեւ 1980ականներու առաջին կէսը Մարտիկները շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը՝ առաջացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման համար անհրաժեշտ ճնշումը։
Այս բոլոր առումներով՝ Հայ Դատի ուժական պայքարին մերօրեայ շղթայազերծման յուշարարն է 1975 թուականի Հոկտեմբեր 22ի եւ 24ի Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններու ահաբեկումներուն անդրադարձը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ