Ընդդիմութեան Եւ Դիմադրութեան Զոյգ Մարտահրաւէրներու Գիտակցութեամբ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Ընդդիմութեան Եւ Դիմադրութեան Զոյգ Մարտահրաւէրներու Գիտակցութեամբ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ընդդիմութեան ալիքը արդէն մտած է նոր փուլ եւ Հայաստան Դաշինքի յայտարարութիւնները կը խօսին համաժողովրդական դիմադրական շարժում շղթայազերծելու նոր իրականութեան մասին։ Այսինքն նոր եւ հզօր սկի՛զբ մը՝ մեր ժողովուրդի կեանքին ու մտքին մէջ եւ նոր մեկնա՛րկ մը՝ մեր երկրին համար։ Ընդդիմութենէն դէպի դիմադրական շարժում եւ դէպի նոր քաղաքական մշակո՛յթ։ Այս տեսլականն է, որ այժմ կ՚ուղղորդէ պարտութեան վարչակարգին հակադրուած քաղաքական միտքը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Հետեւաբար կարեւոր է, որ յստակօրէն հասկնանք էութիւնը այս համազգային ջրբաժանին եւ յստակօրէն զանազանենք իրարմէ մեր գոյապայքարի այս երկու իրերահաղորդ բաղկացուցիչները։ Եւ կարեւոր է, որ անյապաղ կողմնորոշուինք որպէս ազգ, քանի որ ժամանակը արդէն վաղուց կը գործէ մեզի դէմ։ Ընդդիմութիւն եւ դիմադրութիւն եզրոյթները պէտք է անպայման տարբերութիւն մը պարունակեն, որպէսզի չվերածուին փուճ լոզունգի։ Պարզ խօսքով, պարտութեան վարչակարգին դէմ ծառացող ընդդիմութիւնը պիտի մտնէ պայքարի նոր ասպարէզ բոլորովին նոր ռազմավարութեամբ եւ նոր առաջադրութիւններով, որոնք նաեւ կը սահմանեն բնոյթը դիմադրական շարժումին։ Այս առումով, այսօր ընդդիմութիւնն ու դիմադրութիւնը նոյն պայքարին երկու լրացուցիչ թեւերն են։ Նոյն դատին անքակտելի բաղադրիչնե՛րը։

Յստակացնե՛նք։

Պարտութեան վարչակարգին դէմ շղթայազերծուած յետ-պատերազմեան պայքարը շատ արագօրէն ծնունդ տուաւ ընդդիմադիր ճակատի ձեւաւորման, որուն մաս կը կազմէին, Դաշնակցութեան կողքին, շարք մը հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ եւ որոնք միասնաբար ստեղծեցին «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»-ը առաջնորդ ունենալով Հ․Հ․ Առաջին Վարչապետ ՝ Պր. Վազգէն Մանուկեանը։

Շարժումը արագօրէն նախաձեռնեց շարք մը հանրահաւաքներու եւ քարոզչական ջղուտ աշխատանքի հաւաքագրելով Հ․Հ․ հասարակութեան այլեւայլ շերտերը եւ պահանջելով պարտութեան վարչակարգի հրաժարականը։ Յետ-պատերազմեան համատարած բարոյալքութեան եւ շփոթի օրերն էին եւ հասարակութեան լայն մէկ զանգուածը կը մերժէր բաժին վերցնել երկրի քաղաքական գործընթացին մէջ։ Ան պարզապէս կը մերժէր մտնել ընտրութիւն կատարողի դժուարին արարքին մէջ եւ կը փորձէր ամենէն դիւրամատչելի զէնքերով վերապրիլ կամ փախուստ տալ երկրէն։

Այս շփոթ կացութեան մէջ, պարտութեան վարչակարգը արագօրէն ձեռնարկեց Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու եւ կարողացաւ վերարտադրել ինքզինք քուէարկողներու շատ փոքր մէկ համեմատութեան մասնակցութեամբ եւ յաւակնելով նոր եւ կամայական լիազօրութիւններու, որոնք երկիրը բերին իր ներկայ մեծապէս վտանգաւոր վարչահրամայական դրութեան։ Իր կարգին, ընդդիմութեան ծանրութեան կեդրոնը փոխադրուեցաւ Ազգային Ժողով ծնունդ տալով խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական զոյգ հատուածներու։

Միջանկեա՛լ՝ պարտութեան վարչակարգը երկրին պարտադրեց Նոյեմբեր 9, 2020-ի եւ Յունուար 11, 2021 -ի եռակողմանի համաձայնագրերը՝ թշնամիին յանձնելով Արցախի եւ Հայաստանի կենսական տարածքները եւ ճամբայ հարթելով յանցագործ գործընթացի մը, որ թշնամիի յաղթարշաւին առջեւ լայն կը բանայ հայոց հայրենիքի դռները։ Անձնատւութեան այս ամօթալի ընթացքը կանգ չէ առած։ Ան կը շարունակուի եւ ամէն օր կը դրսեւորէ նորանոր պահանջներ թշնամիին կողմէ։ Վկա՛յ՝ Գորիս-Կապան կենսական մայրուղիի յանձնումը այսօր ատրպէյճանական իրաւասութեան։

Այսօր պարտութեան վարչակարգը զբաղուած է նոր լոզունգներ հնարելով եւ «ճանապարհներու ապաշրջափակման» եւ նոր «կոմունիկացիա»-ներու հաստատման տխմար խօսոյթով կը փորձէ շինծու խայծեր ցանել հանրութեան մտքերէն ներս եւ փրկել ինքզինք ժողովուրդի զայրոյթէն։

Հիմա հասած ենք հոս։ Հասած ենք այն կէտին, ուր այլեւս բացուած է լայն անջրպետ մը մեր ազգային գերագոյն շահերուն եւ իշխող համակարգին միջեւ։

Իսկ պարտութեան վարչակարգը ողբալիօրէն պարպուած է իմաստէ։ Ան սպառած է ինքզինք։ Սպառած է թշնամիին առջեւ։ Սպառած է Ռուսաստանի եւ առհասարակ միջազգային դիւանագիտութեան առջեւ։ Սպառած է ազգին առջեւ։ Սպառած է ընդդիմութեան առջեւ։ Սպառած է իր նախկին հաւատաւորներու կարեւոր մէկ հատուածին առջեւ։ Կը վերապրի միայն ու միայն իր վարչահրամայական գործիքակազմը գործի լծելով, ապակողմնորոշելով հանրութիւնը եւ երկիրը տանելով դէպի ոստիկանական բռնատիրութիւն։

Կը գտնուինք մեր պատմութեան ամենէն վտանգաւոր խաչմերուկին վրայ։ Այս իշխանութիւնը զուրկ է երկրի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ բոլոր էական ուժականութիւններէն։ Ան զուրկ է դիմադրական որեւէ պատրաստականութենէ (preparedness) եւ կորովէ։ Ան չի հաւատար ինքզինքին հակառակ իր սնոտի հռետորաբանութեան։ Ան չի հաւատար մեր ժողովուրդի բարոյական ուժին։ Ան կը յուսայ ողոքումի քաղաքականութեամբ, նահանջականութեամբ, թշնամիին կենսական զիջումներ ընելու գնով հասնիլ ենթադրեալ խաղաղութեան եւ սկսիլ առեւտուրի։ եւ անշուշտ ընդդիմութիւնն է, որ դրուած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին սպառնալիքներուն դէմ երկիրը ոգեզինելու եւ զայն պաշտպանելու եւ երկիրը վերականգնելու դժուարին մարտահրաւէրին առջեւ։

Այս ճակատագրական կացութիւնը դիմագրաւելով, Հ․Հ․ քաղաքական ուժերը, որոնք այսօր խմբուած են ընդդիմութեան դրօշին տակ, անպայման պիտի դիմեն արտակարգ միջոցներու արագօրէն ընդարձակելու ընդդիմութեան հասողութեան ծիրը՝ պայքարի ալիքին մէջ ներգրաւելով նորանոր ու թարմ ուժեր։ Հ․Հ․ Սահմանադրութեան ընձեռած քաղաքացիական անհնազանդութեան բոլոր զէնքերով զինուած, ընդդիմութեան ալիքը պիտի տարածուի մայրաքաղաքէն մինչեւ մարզային կեդրոններն ու գիւղերը։ եւ պարտութեան վարչակարգը ինքզինք պիտի գտնէ երկրի օրինապահ եւ պահանջատէր քաղաքացիութեան հաւաքական կամքին առջեւ։

Պարզ խօսքով, ընդդիմութեան թիրախը, այս պարագային, երկրի ներքին ճակատի սպառնալիքներն են։ Զերծե՛լ երկիրը պարտութեան բոլոր գործօններէն։ Դուրս բերել զայն պարտութեան վարչակարգի փակուղիէն։ Հայոց հայրենիքը չէ ստեղծուած Պր. Փաշինեանի եւ իր համախոհներու քմահաճ եւ անկայուն եւ փակուղային քաղաքականութեան համար։ Վերստանձնե՛լ երկրի ճակատագիրը ղեկավարելու կենսական պարտականութիւնը։

Բայց նաեւ մեր դռներուն առջեւ կը գտնուի արտաքի՛ն սպառնալիքը իր բոլոր մարտահրաւէրներով։ Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուար 11-ի համաձայնագրերը թշնամին դրած են ամբարտաւանութեան գերազանց դիրքերու վրայ։ Մի հարցնէք, թէ ի՞նչ կ՚ընէ Մոսկուան այս եպերելի գործընթացին մէջ։ Հարցուցէք, թէ ի՞նչ պիտի ընենք ՄԵՆՔ թշնամին դուրս բերելու իր ապուշ զգայախաբութենէն։

Լուրջ ազգին վայել ի՞նչ վարքագիծ պիտի դրսեւորէ հայութիւնը եւ շարքային հայը, որպէսզի Մոսկուան եւ բոլոր միւս թերահաւատները համոզուին, որ վերջ գտած է ժամանակը Հայաստանը որպէս ոտնագնդակ գործածելու։ Թշնամին պիտի տեսնէ, թէ ինչպէ՞ս իր աչքերուն առջեւ երկրի համատարած ընդդիմութիւնը սկսած է աւլել պարտութեան համակարգի սարդոստայնները։ Թշնամին յանկարծ ինքզինք պիտի զգայ ահռելիօրէն անպաշտպան։ Թշնամին պիտի յանկարծ անդրադառնայ, թէ ինք ոտք դրած է մեր հայրենի հողին վրայ, որ այլեւս անպաշտպան չէ։

Թշնամին յանկարծ պիտի մտնէ անապահովութեան ոլորտէն ներս եւ պիտի դադրի երազելէ, թէ կրնայ «մաքսակէտ»-եր զետեղել մեր հողերուն վրայ։ Պարզ խօսքով, Բադին Կոզբադին իրենց գլխուն պիտի ուտեն Դաւիթի կոտը եւ վազն ի վազ հասնին Մըսըր։ Ասիկա այն հարուածային դիմադրական շարժումն է, որ ուղղուած է երկրի արտաքին սպառնալիքներուն դէմ։

Ասիկա այն երկրորդ բազուկն է մեր ընդհանրական մարտակարգին, որմով առաջինը առաւել եւս թիրախային կը դառնայ եւ երկուքը միասին՝ ԴԺՈԽԱՅԻ՛Ն՝ մեր բոլոր թշնամիներուն դէմ։ Այս բաներն էին, զորս կը սորվեցնէր ձեզի լուսահոգի Մասթըր Կարոն…որ հիմա կը հետեւի մեր քայլերուն Եռաբլուրի իր անհանգստավայրէն։

Ընդդիմութիւն եւ դիմադրութիւն պիտի գործեն առաւելագոյն ուժականութեամբ (compounded intensity), մին՝ ներքին դաշտը մաքրելու եւ միւսը՝ արտաքի՛ն, որպէսզի կարողանանք առաւելագոյն արագութեամբ շրջել պատերազմով ծուռ դարձած անիւը եւ կարողանանք վերանուաճել մեր արժանապատիւ տեղը տարածաշրջանի ուժային համաստեղութեան (galaxy) մէջ։

Մեր առջեւ բացուող ազատագրական գործի այս ծաւալուն տեսլականը կը պահանջէ միանգամընդմիշտ թօթափել մեր գիտակցութենէն պարտութեան ամլացնող թոյները։ Մեր հասարակութիւնը պէտք չունի այդ թոյներուն։ Մենք ազատախոհ ազգի զաւակներն ենք։ Մեր պատմութիւնը սկիզբ առաւ Հայկեան ազատախոհութեան ակունքներէն։ Մեզի խորթ են Փաշինեանական քաղաքականութեան խաբէութիւնները։ Խաղաղութեան կեղծ լոզունգներով առաջարկուող գարշելի թմրանիւթերն են անոնք, որոնք պիտի իսպառ չքանան, երբ ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներու դէմ ծառացող մեր համապարփակ ռազմավարութիւնը սկսի ցնցել հիմերը Փաշինեանական պարտուողականութեան։

Հետեւաբար՝ վե՛րջ թերարժէքութեան բոլոր ճնշիչ հոգեվիճակներուն։ Վե՛րջ՝ ամլութեան։ Վե՛րջ՝ մահացու շփոթին։ Ժամն է համարձակօրէն վերցնելու ձեռնոցը եւ միանալու ազատագրական շարժման վճռական ալիքին։

Culture and History – treasure on the shores of the scenic Aparan reservoir, the St. Poghos & Petros (Paul & Peter) Church of Zovuni – Armenia-3.jpg

yerakouyn.com/2021/11/12/ընդդիմութեան-եւ-դիմադրութեան-զոյգ-մա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail