Նահանջը Կը Շարունակուի. Մինչեւ Ո՞ւր – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նահանջը Կը Շարունակուի. Մինչեւ Ո՞ւր – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

2020 թուականի աշնանային 44-օրուան պատերազմի աւարտի միամեակին կը սպասուէր նոր յայտարարութեան մը կամ համաձայնագիրի մը ստորագրումը: Այդ մտավախութեամ համար կային հիմնաւոր պատճառներ, բան մը, որ մղեց ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպելու եւ դիմադրութեան նոր փուլի մը սկզբնաւորումը յայտարարելու: Ընդդիմութեան նախատեսութիւնը սխալ չէր: Թէեւ եռակողմ հանդիպում, նոյնիսկ հեռակապի միջոցով, տեղի չունեցաւ, սակայն հրապարակայնօրէն բացայայտուեցաւ արդէն յայտնապէս գոյացած համաձայնութեան մը բաժիններէն մէկը: Հարցը կը վերաբերի Գորիս-Կապան մայրուղիի 21 քիլոմեթրնոց հատուածին Ազրպէյճանի կողմէ գրաւման օրինականացման: Ազրպէյճան բարեացակամօրէն թոյլատրած էր, որ հայերը շարունակեն օգտագործել ճանապարհի այդ հատուածը, մինչեւ այլընտրանքային ճանապարհի վերանորոգումն ու ասֆալտապատումը: Իսկ թէ ինչ էր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ մաքսատուն հաստատելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան «թոյլատրութեան» պատրուակը, կ՛իմանանք Նիկոլ Փաշինեանի բացատրութենէն. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների ու բեռների նկատմամբ որեւէ սահմանային հսկողութիւն չիրականացնելու գինը եղել է միջանցքային տրամաբանութիւնը, ինչը անընդունելի է մեզ համար»: Կը հասկցուի, որ միջանցք տրամադրելու խնդիրը գործնապէս բանակցութիւններու նիւթ է եւ ճանապարհային գրաւուած հատուածին ազրպէյճանական պատկանելիութեան հարցը` լուծուած: Ո՛չ սահմանազատման կարիք կայ, ո՛չ ալ սահմանագծման:

Ճնշումներու ենթարկուելով, պարտուողական հոգեբանութեամբ կամազրկուած իշխանութիւններու հրաժարումը պաշտպանելէ Հայաստանի իրաւունքը, կամաւոր զիջումը հողային ամբողջականութեան պահպանման պարտաւորութենէն, բնականաբար պիտի հանդիպէր հանրային բուռն հակազդեցութեան: Անգամ մը եւս հանդիսատես դարձանք սուտի եւ խաբկանքի միջոցով հանրային կարծիք ձեւաւորելու մեթոտաբանութեան: Ձեւացնել, որ պայծառ երկնքի տակ ամէն բան ճիշդ ու արդար կ՛ընթանայ, իսկ փոթորիկի պայթումին` սուտ խենթ ձեւանալ:

Սահմանադրութեան յօդուած 132-ի համաձայն, Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան առաջարկով կը կնքէ միջազգային պայմանագիրներ: Ցարդ, Նիկոլ Փաշինեան նախագահին փոխարէն ինք կը կնքէ պատերազմին վերաբերող միջազգային պայմանագիրները, առանց նոյնիսկ կառավարութեան բովէն անցընելու: Չխօսինք դեռ խորհրդարանին ու… ժողովուրդին մասին: Վերջին զարգացումներուն ի տես, պետութեան գլուխը հանդիսացող հանրապետութեան նախագահը, խզելով իր լռութիւնը հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը:

Ահա թէ ինչ կը գրէ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Որեւէ ոտնձգութեան պարագային համապատասխան պետական մարմինները եւ պաշտօնատար անձեր, սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած իրենց լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ, պարտաւոր են ձեռնարկելու բոլոր միջոցներուն եւ օգտագործելու բոլոր հնարաւորութիւնները` ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անոր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը»:

Եթէ սահմանադրութիւնն ու օրէնքները արտօնէին, նման յայտարարութիւն պիտի եզրակացուէր վարչապետի ու կառավարութեան պաշտօնազրկութեան պահանջով: Իր իրաւասութիւններու սահմանին մէջ մնալով, նախագահը կը բաւարարուի զգուշացումով ու կատարուածի դիպուկ դատապարտումով:

Այս կարեւոր յայտարարութիւնը դժբախտաբար չարժանացաւ բաւարար ուշադրութեան, չմեկնաբանուեցաւ ու ժողովրդային գետնի վրայ` համապատասխան վերաբերումի չարժանացաւ:

Արդար է ակնկալել, որ վերջ կը տրուի պարտուողական զիջումներու շղթային ու ժողովուրդը, զարթնելով իր թմբիրէն, կը վերականգնէ իր ազգային արժանապատուութիւնը:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

aztagdaily.com/archives/529132

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail