Երբ Պետութեան գերագոյն ժողովը թշնամիի յարձակման յաջորդող օրը արդէն իսկ մոռցած է կորուստները, նահատակները, գերիները – Րաֆֆի Տէմիրճեան

ԱՊԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Երբ Պետութեան գերագոյն ժողովը թշնամիի յարձակման յաջորդող օրը արդէն իսկ մոռցած է կորուստները, նահատակները, գերիները – Րաֆֆի Տէմիրճեան

17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ: Կարդալ նաեւ՝ Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները

Երբ Պետութեան գերագոյն ժողովը թշնամիի յարձակման յաջորդող օրը արդէն իսկ մոռցած է կորուստները, նահատակները, գերիները եւ գրաւեալ դիրքերը ու կը զբաղի անհեթերթ հարցերով, տօնացոյցի ճշդումով եւ պիւտճէի քննարկումով, ապա այդ ժողովը ազգային առումով արժեզրկուած է եւ պարպուած է իր էութենէն։

Այսուհետեւ վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը միակ մեղաւորը չէ։ Գլխաւոր դաւաճան-հրամանատարին կողքին համահաւասար մեղաւոր են ՔՊ-ական ապազգային ժողովի անդամները, որոնց վերջին տարիներուն ճիգերուն հետեւանքով ապազգայանցուցին ժողովուրդը, հեռացան արմատներէն, արժեզրկեցին հայ զինուորին վարկը, ոտնակոխեցին արեամբ ազատագրուած հողերը եւ դարձան միջազգային ուժերու եւ թշնամիներու մանկլավիկները՝ առանց պատասխանատուութեան ենթարկելու կառավարութիւնն ու անոր գլխուն բազմած էակը, որուն ներկայութիւնը մեր իրականութեան մէջ աւեր է եւ քայքայման կ՛առաջնորդէ։

Վատագոյնը ա՛յն է, որ ժողովուրդը հողատուի արարքներուն վարժուեցաւ, եւ այսուհետեւ առանց նոյնիսկ մարսողական դեղագիրի կը յանձնուի ճակատագրին եւ ոչ մէկ հակազդեցութիւն կ՛ունենայ, մինչ ապազգային ժողովը արձակուրդի օրերը կը ճշդէ․․․

Ազգովի այսքան խեղճ ու անպատիւ չենք եղած։ Վստահ եմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն անգամ այսքան չէինք արժեզրկուած, որովհետեւ մեր արժանապատուութիւնը բարձր պահած էինք նոյնիսկ գողգոթայի ճամբուն վրայ եւ անապատներու տաք աւազներուն մէջ․․․

Ապազգային ժողովը մեր իրականութեան հարազատ հայելին է, որ պէտք է փշրուի, այլապէս ազգը հայելիին նայելով ապազգային պատկերներուն կամաց-կամաց պիտի նմանի ու նոյնանայ, եւ ազգը մոմի նման դանդաղօրէն պիտի հալի, հալի․․․

Րաֆֆի Տէմիրճեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail