ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵՆԷՆ… Ժողովրդային պոռթկումով եւ ուժի կիրարումով պէտք է Ազգային Ժողովի եւ Կառավարութեան շէնքերը ազատագրել – Րաֆֆի Տէմիրճեան

Culture-Dativank Monastery in Artsakh Armenia

ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵՆԷՆ… Ժողովրդային պոռթկումով եւ ուժի կիրարումով պէտք է Ազգային Ժողովի եւ Կառավարութեան շէնքերը ազատագրել – Րաֆֆի Տէմիրճեան

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏՔՆ Է

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: – Կարդալ նաեւ՝ Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները

Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ եւ Կութ գիւղերու ուղղութեամբ քիչ առաջ սկսած փոխհրաձգութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է, որ պատերազմը չէ աւարտած, եւ թշնամին կը շարունակէ Հայաստան ներխուժելու ճիգերը։

Սակայն տակաւին մեր մէջ կրաւորականութիւնն ու չէզոքութիւնը կը մնայ տիրական։

Կը դիտենք ազգին փլուզումն ու քայքայումը, եւ ֆէյսպուքեան գրառումներով ու ցոյցերով ներքին գոհունակութիւնը կ’ապրինք, թէ բան մը կ’ընենք։

Ներգործօն դեր վերցնելը քարոզչական աքթերէն անդին գործ կատարելն է, իսկական դիմադրութիւնն է, որ բողոքի խաղաղ ալիքէն անդին պայթումային վիճակ ստեղծելն է։

Ժողովրդային պոռթկումով եւ ուժի կիրարումով պէտք է Ազգային Ժողովի եւ Կառավարութեան շէնքերը ազատագրել։

Ո’չ կրաւորականութեան եւ չէզոքութեան։ Այո’, իսկական եւ ազգային դիմադրութեան։ Այսօ’ր եւ անմիջապէ’ս։ Այլապէս Հայրենիքը ամբողջովին պիտի կորսնցնենք…

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏՔՆ Է

Րաֆֆի Տէմիրճեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail