Իշխանափոխութիւն Հայաստանի մէջ.1990 [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

Vladimir Movsisyan
Vladimir Movsisyan

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասներկուերորդ գլուխ

6 Ապրիլ 1990ին Հայաստանի առաջին քարտուղարի պաշտօնին Վլատիմիր Մովսիսեանը կը փոխարինէ Սուրէն Յարութիւնեանը: 9 Ապրիլին խումբ մը ցուցարարներ Գերագոյն Խորհուրդի շէնք կը ներխուժեն ու անոր նախագահ Հրանդ Ոսկանեանը կը ծեծեն: 13 Ապրիլին յարձակում կը կատարուի Պ. Ա. Կ.ի շէնքին վրայ. քանի մը պատուհան կոտրելէ ետք ամբոխը կը հեռանայ:

Յարութիւնեանը այդ շրջանի դէպքերուն մասին ըսած է. ՙ(Եթէ) արիւն չթափեցաւ եւ բանը քաղաքացիական պատերազմի չհասաւ` բացառապէս Հայաստանի ղեկավարութեան ծառայութիւնն էր եւ ո’չ թէ ընդդիմութեան, ինչպէս յաճախ կը փորձեն ներկայացնել: Ընդդիմութիւնը կը գործէր ՙինչքան գէշ` այնքան լաւ՚ սկզբունքով` իշխանութիւնները գրգռելով: Յիշենք Գերագոյն Խորհուրդի նստաշրջաններու ժամանակ շէնքերու շրջափակումները, որոշ պատգամաւորներու նկատմամբ բռնութիւնները: Ոյժ կիրառելու առիթներ կային ինչքան որ կ’ուզէք, սակայն մենք գիտակցաբար նման քայլի չէինք դիմեր, որպէսզի հանրապետութեան մէջ ողբերգական հետեւանքներով հակամարտութեան վիճակ մը չստեղծենք՚:

Մովսիսեանը 8 Ապրիլին հանդիպած էր Կորպաչովի հետ, եւ կը պնդէ, որ Մոսկուան կը փորձէր 28 հազար զինուոր մտցնել Հայաստան, ինչին ինքը կտրականապէս դէմ էր: Եազովը, Քրիւչքովը եւ Պաքաթինը Մոսկուայի մէջ առանձնազրոյցի ընթացքին շատ սուր կերպով կը դնեն Հայաստան զօրք մտցնելու, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ զէնք կրողները զինաթափելու հարցերը: Համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի զօրքեր տեղակայել միայն Մեղրիի եւ Նախիջեւանի տարածքին, երկաթուղիին երկու կողմերը, 10 քմ. խորութեամբ, որպէսզի երկաթուղին անխափան աշխատի:

Հայաստանի մէջ վիճակը կը սրէր: Ներքին գործոց համակարգին աշխատողները գրեթէ զինաթափուած էին, զինուած խումբեր կը շրջէին Երեւանի մէջ: Մովսիսեանը կը վկայէ, թէ կառավարութեան ղեկավար Վլատիմիր Մարգարեանցը կողմնակից էր հանրապետութիւն լրացուցիչ զօրք մտցնելու եւ արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու Մոսկուայի առաջարկութեան:

ՙԱն ինծի մօտ բերաւ ծածկագիրի շարադրանքը եւ խնդրեց, որ զայն ստորագրեմ: Կտրականապէս հրաժարեցայ` բացատրելով, որ Մոսկուայի մէջ այդ առաջարկութիւնը մերժած եմ: Հաստատապէս համոզուած էի, որ ատիկա իրադրութիւնը աւելի կը սրէր: Սուրէն Յարութիւնեանի ժամանակ արտակարգ դրութիւն մտցուեցաւ, զոր արդիւնք չտուաւ: Սակայն այդ ժամանակ ժողովուրդն անզէն էր եւ բան մը ընել չէր կրնար: Իսկ ներկայ պահին, երբ ժողովուրդին մէկ մասը զինուած էր, 27 Մայիսը կրնար աւելի խոշոր չափերով կրկնուիլ՚:

27 Մայիսի առտուն Երեւանի երկաթուղային կայարանին մէջ զինուած ջոկատի մը եւ երկաթուղիի զինուորական պահակախումբին միջեւ ընդհարման ընթացքին 6 քաղաքացի սպաննուած էր եւ 10 զինուոր` վիրաւորուած: Ըստ պաշտօնական տեսակէտին` սպաննուածները փորձած էին Կապան-Երեւան գնացքին ուղեկցող զինուորական պահակախումբէն խլել զէնքը: Կայարանէն հեռանալէ ետք զինուորականները կը շրջապատեն Էրեբունի հիւանդանոցը, ուր տեղափոխուած էին սպաննուածներուն մարմինները: Նոյն օրը, զինուած խումբ մը կը փորձէ Նուպարաշէնէն Երեւան տանող խճուղին փակել: Զրահապատ մեքենաները կը գրոհեն Էրեբունի թաղամասին ուղղութեամբ, անկանոն կրակ կը բանան. 17 հոգի կը սպաննուի, քանի մը տասնեակ քաղաքացի կը վիրաւորուի, կը զոհուի նաեւ մէկ սպայ: 28 Մայիսին կը գնդակոծուի Հ. Հ. Շ.ի շէնքը, հայ երիտասարդ մը կը սպաննուի:

Աշոտ Մանուչարեանը համոզուած է` 27 Մայիսը Մոսկուայի սադրանքն էր: ՙԱյդ դէպքերն սկսան կայարանին մէջ եւ շարունակուեցան Նուպարաշէնի մէջ: Հարիւրաւոր անգամներ նման դէպքեր եղած էին. այսինքն` մեր ազատամարտիկները կը պայմանաւորուէին ռուս զինուորականներու հետ, յարձակման պատրանք կը ստեղծէին եւ զէնքը կը վերցնէին: Ըստ էութեան` այդ զէնքը կը գնուէր: Բայց պէտք էր յարձակում ներկայացնել, որպէսզի ռուս զինուորականութիւնը պատասխանատուութեան չենթարկուէր: Մէկ ալ յանկարծ, 101րդ անգամին, կը կրակեն: Սա կարելի էր թիւրիմացութիւն սեպել, եթէ շարունակութիւնը Նուպարաշէնի մէջ չ’ըլլար: Շարժման գրասենեակին մէջ հաւաքուեցան ջոկատներուն հրամանատարները, եւ բոլորէն խնդրեցինք` սադրանքներու ծուղակը չիյնալ ո’չ մէկ պարագայի՚:

ՙՄոսկուայի Ոճրագործ Սադրանքը՚ վերնագիրով յօդուածին մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը կը կապէր Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի 20 Մայիսի ընտրութեան արդիւնքներուն հետ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը` Մովսիսեան, Ոսկանեան, Մարգարեանց, 22-23 Մայիսին կը կանչուի Մոսկուա, իսկ 26 Մայիսին Երեւան կը ժամանեն Խ. Ս. Հ. Մ.ի ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Շիլովը, ներքին զօրքերու հրամանատար Շաթալինը, Պ. Ա. Կ.էն` Լուքինը: Մէկ կողմէ Հ. Հ. Շ.ի, միւս կողմէ` Մոսկուայէն ժամանած պաշտօնեաներուն ու Հայաստանի ղեկավարութեան միջեւ հանդիպումներէն կը պարզուի, թէ իբր ահազանգ ստացուած է, որ 27-28 Մայիսին Երեւանի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ տեղի պիտի ունենան, Լենինի արձանը տապալելու, անկախութեան օրուան նուիրուած աշխարհազօրային շքերթ կազմակերպելու եւ կառավարութեան շէնքը գրաւելու փորձ պիտի ըլլայ:

ՙԿեդրոնը եւ տեղական մաֆիան ամէն ինչ ըրին ժողովրդային ոյժերու իշխանութեան գալը թոյլ չտալու համար: Ահաբեկումներու, վարկաբեկիչ յօդուածներու, նոյնիսկ` արիւնահեղութեան դիմեցին, որուն գագաթնակէտը դարձաւ 27 Մայիսի արիւնոտ սադրանքը, որուն 24 հայ երիտասարդ զոհ գնաց: Ընտրութեանց առաջին փուլը տեղի ունեցած էր, եւ իշխանութիւնները համոզուած էին, որ եթէ վճռական քայլերու չդիմեն` պարտութիւն պիտի կրեն անխուսափելիօրէն: Հայ ժողովուրդը կրցաւ խուսափիլ աւելի ծանր արիւնահեղութենէն եւ Մոսկուայի ու տեղական մաֆիայի` ժողովրդային շարժման դէմ ուղղուած վերջին սադրանքը փաստօրէն վիժեցնել՚:

Հայաստանի մէջ 20 Մայիսին կայացած էր Գերագոյն Խորհուրդի ընտրութիւն` հանրապետութեան մէջ առաջին անգամ ազատ ընտրութիւն խորհրդային իշխանութեան տարիներուն: Չնայած, որ 156 համայնավար պատգամաւոր ընտրուեցաւ, Երեւանի մէջ Հ. Հ. Շ.ն յաղթեց: Ընդհանուր առմամբ` Հ. Հ. Շ.ն ու անոր համակիրները խորհրդարանի աթոռներուն կէսն ստացան:

Երկու հիմնական քաղաքական ոյժերէն` Կոմկուսէն ու Հ. Հ. Շ.էն բացի, քանի մը ուրիշ կազմակերպութիւններ կը գործէին Հայաստանի մէջ: 1989էն կը գործէին ռազմաքաղաքական երկու խմբաւորումներ` Անկախութեան Բանակը եւ Հայոց Ազգային Բանակը (Հ. Ա. Բ.): Առաջինին հիմնադիրը Լէոնիտ Ազկալտեանն էր, որ Յունիս 1992ին զոհուեցաւ Մարտակերտի Տօնաշէն գիւղին մէջ, իսկ Հ. Ա. Բ.ի հիմնադիրներն էին Ռազմիկ Վասիլեանն ու Վարդան Վարդանեանը:

Շուտով Հայաստանի մէջ պէտք է հաստատուէին նաեւ սփիւռքի երեք աւանդական կուսակցութիւնները` Հ. Յ. Դ.ն, Ռ. Ա. Կ.ը եւ Ս. Դ. Հ. Կ.ը: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ արդէն իսկ կը գործէր, բայց իր ներկայութեան մասին յայտարարեց միայն 1990ի Օգոստոսին: Կը գործէր նաեւ Պարոյր Հայրիկեանի Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումը:

Վարդան Վարդանեանը 27 Մայիսի դէպքերուն մասին ըսած է. ՙԱպրիլին լուր ստացանք, որ Պ. Ա. Կ.ը Հ. Ա. Բ.ի եւ Հ. Հ. Շ.ի բախումը կը նախապատրաստէ: Քանի մը անգամ Մոսկուայէն զանազան պաշտօնեաներ եկան, եկաւ զօրավար (գեներալ-մայոր) Շաթալինը: Անոնց նպատակը Հ. Ա. Բ.ի կամաւոր զինաթափումն էր: Շաթալինը համոզուեցաւ, որ զինաթափուելու մտադրութիւն չունինք: Որոշեցին գործի դնել Պ. Ա. Կ.ի զէնքը` իրար դէմ հանել հռչակուած Հ. Հ. Շ.ն եւ նոյնքան հռչակուած Հ. Ա. Բ.ը: Հ. Հ. Շ.ն նպատակ դրած էր խայտառակելու Կոմկուսը, նաեւ Հ. Ա. Բ.ը, զոր Կոմկուսի դրածոյ կը նկատէր: Հ. Հ. Շ.ն կը մեղադրէր Հ. Ա. Բ.ը, թէ Կապանի գնացքին ուղեկցող ռուս զինուորներուն վրայ իբր թէ անոր ջոկատն է յարձակած՚:

Կորպաչովը 25 Յուլիս 1990ին ստորագրեց ՙԽ. Ս. Հ. Մ.ի օրէնսդրութեամբ չնախատեսուած սպառազէն կազմաւորումներու ստեղծումն արգիլելու եւ անօրինական զէնք պահելու պարագային զայն առգրաւելու հրամանագիր՚ը: Խ. Ս. Հ. Մ.ի տարածքին ստեղծուած եւ օրէնսդրութեամբ չնախատեսուած սպառազէն կազմաւորումները անօրինական եւ 15օրեայ ժամկէտի մէջ ցրման ենթակայ կը նկատուէին, իսկ անոնց զէնքը ներքին գործոց նախարարութեանց պէտք է յանձնուէր: Հրամանագիրին կատարման պատասխանատուութիւնը կը դրուի միութենական եւ ինքնավար հանրապետութեանց գործադիր մարմիններուն, ինչպէս նաեւ` Պաքաթինի, Քրիւչքովի ու Եազովի վրայ:

20 Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած էր Գերագոյն Խորհուրդի ընտրութեանց երկրորդ փուլը, որուն արդիւնքները, ըստ Տէր Պետրոսեանի, ցոյց տուած էին, որ համայնավարութեան ուրուականը պէտք է հրաժեշտ տայ Հայաստանին: Հ. Հ. Շ.ն եւ Քրեմլինը յայտնապէս հակասութիւններ ունէին, սակայն Կորպաչովի 25 Յուլիսի հրամանագիրն անուղղակիօրէն կը բխէր Հ. Հ. Շ.ի շահերէն, քանի որ Շարժումն ընտրութիւնները փաստօրէն յաղթած էր, իշխանութեան անոր գալը ժամանակի խնդիր էր միայն, եւ զայն անհանգստացնող, խոչընդոտող միակ ոյժը Հ. Ա. Բ.ն էր:

ՙԵթէ համայնավար իշխանութիւնը մէկ-երկու ամիս ալ շարունակուէր, մենք չէինք կրնար քաղաքացիական պատերազմէն խուսափիլ, որովհետեւ հին իշխանութիւնները ժողովուրդին վստահութիւնը չէին վայելեր: Ոստիկանութիւնը եւ Պ. Ա. Կ.ը անգործութեան մատնուած, կազմալուծուած էին, իրենց հեղինակութիւնը կորսնցուցած, եւ աւազակախումբերուն դէմ անոնցմով պայքարիլ հնարաւոր չէր: Անոնց դէմ կրնար պայքարիլ աշխարհազօրի առողջ ոյժը` Հ. Հ. Շ.ի կարգախօսն ընդունող երկրապահ ջոկատները: 15 օրուայ ընթացքին Խորհրդային Միութեան մէջ զինուած բոլոր ջոկատները պէտք է ցրուէին, եւ զէնքը վերադարձուէր: Ատիկա առաջին կարգին Հայաստանին կը վերաբերէր: Մենք յաջողեցանք Մոսկուան համոզել եւ աշխարհին ապացուցել, որ ի վիճակի ենք այդ զինուած ջոկատներուն հարցը լուծելու սեփական ոյժերով` թոյլ չտալով խորհրդային բանակին եւ անոր ներքին զօրքերուն միջամտութիւնը՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

24 Յուլիս 1990ին Աշոտ Մանուչարեանը եւ Վազգէն Մանուկեանը կ’երթան Մոսկուա ու Եւկէնի Փրիմաքովին հետ կը հանդիպին: Հայաստանի Կոմկուսին եւ Մոսկուայի համար ակնբախ էր, որ Հ. Հ. Շ.ն իշխանութեան կու գայ: Քրեմլինին լուծելու մէկ հարց կը մնար. թոյլ տա՞լ, որ ատիկա իրականութիւն դառնայ, թէ՞ ճնշել ուժային եղանակով: Ըստ Մանուչարեանի` Մոսկուայի մէջ կ’ուզէին հասկնալ` Շարժման ղեկավարները ազգային գործնապաշտնե՞ր են, թէ՞ անկախական արմատականներ:

ՙՓրիմաքովի հետ հանդիպումէն յետոյ համոզուեցան, որ ազգային գործնապաշտներու հետ գործ ունին: Ես հիմա այդ հանդիպման մանրամասնութիւնները չեմ յիշեր, բայց էութիւնն այդ էր: Կրնամ գործնապաշտութեան գիծին շարունակութիւնը օրինակներով ըսել: Օրինակ, Կոմկուսի ներկայացուցիչ Գագիկ Յարութիւնեանը Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի տեղակալ ընտրուեցաւ, չնայած ձայները թոյլ կու տային Կոմկուսէն չընտրել՚:

Մինչեւ Մանուչարեանի եւ Մանուկեանի Մոսկուա այցելութիւնը, Քրեմլինէն Երեւան եկած էին Կենտկոմի պատասխանատու աշխատողներ Լեւոն Օննիկովը եւ Կարէն Բրուտենցը, որոնք կշիռ եւ հեղինակութիւն ունէին ու Կորպաչովին մօտիկ էին: Անոնք Հ. Հ. Շ.ի ներկայացուցիչներուն հետ կը հանդիպին:

Բրուտենցը յետագային յիշած է. ՙՀանդիպեցայ նաեւ Հ. Հ. Շ.ի ղեկավարութեան հետ: Աւելի շատ լսողի դերին մէջ էի, զիս աւելի շատ կը հետաքրքրէին անոնց պատկերացումներն արտաքին աշխարհի մասին: Տհաճ տպաւորութիւն կը ձգէին զուսպ, արհամարհական վերաբերմունքը Ռուսիոյ եւ անհիմն հրապուրանքն Արեւմուտքի հանդէպ: Համոզուած էին, որ Ա. Մ. Ն.ն ամենաշռայլ օգնութիւնը ցոյց կու տայ Հայաստանին, որ կարճ ժամանակամիջոցին կը բնականոնացնեն յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Վստահ էին, որ ի վիճակի կ’ըլլան ստեղծելու երկիրն ինքնուրոյն կերպով պաշտպանելու ընդունակ արդիական բանակ մը: Իմ այն զգուշաւոր հարցին, թէ այդպիսի հզօր բանակի համար ուրկէ՞ միջոցներ կը հայթայթեն, անոնք վերամբարձ պատասխան մը տուին` անկախութեան օգտին քուէարկած ժողովուրդը ի’նքն ալ կը վճարէ անոր համար՚:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Վլատիմիր Մովսիսեանի հետ պայքարելով` 4 Օգոստոս 1990ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ: Փաստօրէն, Տէր Պետրոսեանը պետութեան ղեկավարի լիազօրութիւններն ստացաւ:

Ռաֆայէլ Ղազարեանը կը յիշէ` Կոմկուսի նկատմամբ Հ. Հ. Շ.ի յաղթանակը դիւրին չեղաւ: ՙԱյդ ժամանակ Տէր Պետրոսեանը շատ դժուարութեամբ անցուցինք. միայն չորրորդ անգամէն յաջողեցաւ: Սկզբնական շրջանին Լեւոնը հիասթափութիւն չի յառաջացուց, նաեւ դուրսին աջակցութիւնը կը վայելէր: Կը կարծեմ, թէ առաջին երկու-երեք տարիները մենք ամենաժողովրդավարական շրջանը ապրեցանք: Գերագոյն Խորհուրդին մէջ ալ մթնոլորտը ժողովրդավարական էր: Մթնոլորտն սկսաւ պղտորիլ 1994ին՚:

Մովսիսեանը համոզուած է` Հ. Հ. Շ.ն իշխանութեան եկաւ նաեւ Մոսկուայի օժանդակութեամբ: Որպէս հիմնաւորում ան կը բերէ Մանուչարեանի եւ Մանուկեանի Մոսկուա այցը, զոր կատարուած էր ՙՄոսկուայի պահանջով, զանոնք բանակցութեանց ղրկած էր կառավարութեան ղեկավար Մարգարեանցը՚: Մինչեւ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնը Մովսիսեանը քանի մը անգամ փորձած է հեռաձայնով կապուիլ Սեւ Ծովի ափին հանգստացող Կորպաչովի հետ, սակայն չէ յաջողած:

Մինչդեռ Տէր Պետրոսեանի ընտրութեան օրը Կորպաչովը հեռաձայնած է Տէր Պետրոսեանին, զայն շնորհաւորած եւ անոր հետ զրուցած: Գերագոյն Խորհուրդի նոր նախագահի ընտրութենէն յետոյ Մովսիսեանը, Տէր Պետրոսեանը եւ Մանուկեանը Մոսկուա կ’երթան: Ըստ Մովսիսեանի` Կորպաչովը կ’առաջարկէ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նիստ հրաւիրել եւ չեղեալ յայտարարել 1 Դեկտեմբեր 1989ի որոշումը, որով հռչակուած էր Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորումը Հայաստանի հետ: Երեքն ալ կը մերժեն:

Եթէ Մոսկուան 1990ի խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ հայ համայնավարներուն չէ օժանդակած, ասիկա անշուշտ չի նշանակէր, թէ Հ. Հ. Շ.ն իշխանութեան եկած է Կեդրոնին հովանաւորութեամբ: Նախ, Քրեմլինի քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւնը միութենական հանրապետութեանց մէջ նուազած էր: Բացի այդ, ազատ ընտրութիւններ տեղի կ’ունենային առաջին անգամն ըլլալով, ժողովուրդն իր վստահութիւնը կը յայտնէր նոր` ժողովրդավարական կամ իրենք զիրենք այդպիսին նկատող ոյժերուն:

Կորպաչովի հետ հեռաձայնային զրոյցի, Մոսկուա այցի եւ հանդիպման մասին Տէր Պետրոսեանն ըսած է. ՙՋերմ զրոյց եղաւ: Միխայիլ Սերկէեւիչը հեռաձայնեց եւ շնորհաւորեց զիս յաղթանակի առիթով: Համագործակցութիւն սկսելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Անկախ անկէ, թէ Կորպաչովն ինչպէ՞ս վերաբերած էր Հ. Հ. Շ.ին եւ անձամբ ինծի, միեւնոյնն է, ան իրատես է, իսկ քաղաքականութիւնն իրատեսութիւն է: Ատոր արդիւնքն եղաւ իմ այցը Մոսկուա` երկրի ղեկավարներուն (Ռիժքով, Պաքաթին, Քրիւչքով) հետ բանակցելու՚:

19-21 Օգոստոս 1990ը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Նոյեմբերեան-Ղազախ հատուածին մէջ (Բաղանիս-Այրում, Խրմլի, Աշաղը եւ Եուխարը Աքսիպարա) տեղի կ’ունենան եռօրեայ զինուած բախումներ. քանի մը տասնեակ հոգի կը սպաննուի ու կը վիրաւորուի:

29 Օգոստոսին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը կը կայացնէ ՙՀայաստանի ողջ տարածքին մէջ արտակարգ դրութիւն մտցնելու որոշում՚` պատճառաբանելով Հ. Ա. Բ.ի ՙարկածախնդրական, հակաօրինական գործողութիւնները՚, որոնց պատճառով չափազանց սրած է իրադրութիւնը` յանգեցնելով ՙատրպէյճանական կողմի աշխուժացման. Նոյեմբերեանի, Ատրպէյճանական Խ. Ս. Հ.ի Շահումեանի շրջանի, Գետաշէնի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, ինչպէս նաեւ Ղազախ-Երեւան կազամուղի եւ Ղազախ-Իջեւան երկաթուղագիծի փակումն ազգադաւ գործողութեանց ուղղակի հետեւանքն են՚: Հ. Ա. Բ.ը կը լուծարուի, զէնքը, ռազմամթերքը, զբաղցուցած շէնքերը, յափշտակած ռազմական պիտոյքն ու փոխադրական միջոցները յանձնելու կոչ կ’ուղղուի անոր մարտիկներուն:

Հ. Հ. Շ.ի եւ Հ. Ա. Բ.ի հակասութեանց մասին Աշոտ Մանուչարեանը կ’ըսէ. ՙՇարժման ղեկավարութեամբ գործող ջոկատներէն դուրս Հ. Ա. Բ.ն այդ տարիներուն գործող ջոկատներէն ամենամեծն էր, իսկ Անկախութեան Բանակն աւելի կազմակերպուած եւ մարտունակ, գաղափարական միաւորում էր: Գրեթէ բոլոր ջոկատներու կողմէն պաշտպանուած քաղաքական գործիչները ներկայացուած էին Գերագոյն Խորհուրդին մէջ, բացառութեամբ Հ. Ա. Բ.ի: Մեր կոպիտ սխալն էր, որ չկրցանք գտնել մէկը, զոր Հ. Ա. Բ.ի կողմէն պաշտպանուած քաղաքական դէմք ըլլար եւ պատգամաւոր դառնար: Բոլոր ջոկատներն ընդունեցին Գերագոյն Խորհուրդին իշխանութիւնը, բացի Հ. Ա. Բ.էն: Անկախութեան Բանակէն Աշոտ Նաւասարդեանը պատգամաւոր էր, իսկ Լէոնիտ Ազկալտեանը` յստակ պետականութեան կողմնակից՚:

Հ. Ա. Բ.ի լուծարումէն յետոյ ՙառանձնապէս չարամիտ խուլիկանութեան, ապօրինի զէնք կրելու եւ զէնքի ոյժով հասարակական կարգը խախտելու՚ յօդուածներով ձերբակալուած Վարդանեանը օգոստոսեան դէպքերուն մասին ըսած է. ՙ1990ին Մեղրիէն մինչեւ Նոյեմբերեան սահմանի երկայնքով ունէինք կեդրոնակայաններ (շտապներ) եւ ռազմական ճամբարներ, ուր ռազմական դաստիարակութիւն կը ստանային ո’չ միայն տեղի երիտասարդները, այլեւ Երեւանէն, միւս քաղաքներէն ու շրջաններէն հաւաքուած կամաւորները: Արդէն 160 հազար հոգի կար մեր շարքերուն մէջ: Խօսքը ցուցակագրուածներուն մասին է: Անոնց միայն փոքր մասը զինուած էր՚:

Փաստացի անկախութեան առաջին օրերը եւ Հռչակագիրը

Հ. Ա. Բ.ի զինաթափումէն յետոյ Հ. Հ. Շ.ի իշխանութեանն այլեւս վտանգ չէր սպառնար, բացառութեամբ` կործանուող Խորհրդային Միութեան: 13 Օգոստոսին վարչապետի պաշտօնին հաստատուած էր Վազգէն Մանուկեանը: Հայաստանը կը շարունակէր, թէեւ անուանապէս, մնալ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ` բազմաթիւ թելերով տակաւին կապուած Մոսկուային, երկրի տարածքին տեղակայուած էր 7րդ բանակը: Իշխանութիւնը վերցնելէ կարճ ժամանակ յետոյ Հ. Հ. Շ.ի ներսը հակասութիւններ կը յառաջանան` քատրային նշանակումներու, իշխանութիւնն իրականացնելու ոճի ու նպատակներու եւ այլ հարցերու մէջ:

ՙՀակասութեանց եւ վէճերու աղբիւր էր նաեւ անկատար պետական կառուցուածքը, զոր Կենտկոմի իշխանութեան վերացման պայմաններուն մէջ երկիշխանութեան տարրեր կը կրէր: Գործադիր իշխանութեան լծակները վարչապետի ձեռքն էին, միւս կողմէ` Գերագոյն Խորհուրդին նախագահը ո’չ թէ խորհրդարանի նախագահն էր, այլ` գրեթէ զրկուած ըլլալով գործադիր իշխանութեան լծակներէն, այնուամենայնիւ, պետութեան ղեկավարն էր՚:

Ըստ Մանուկեանի` առաջին իսկ օրէն յառաջացած հիմնական դժուարութիւնները Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններն էին. ՙՄեր Շարժումը անկախութիւնը որպէս նպատակ հռչակած ոյժ մըն էր, եւ իր նախկին գործունէութեան ընթացքին անընդհատ առճակատումներու մէջ էր Կեդրոնին (Քրեմլին) հետ` Ղարաբաղի հարցին շուրջ: Միւս կողմէ, ես` որպէս վարչապետ, պարտաւոր էի բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծել Խ. Ս. Հ. Մ.ի իշխանութեանց հետ` մեր հանրապետութեան տնտեսական կեանքն ապահովելու համար: Ես միշտ բարի դրացիական, գործնական յարաբերութիւն ունեցած եմ Խ. Ս. Հ. Մ.ի տնտեսական ղեկավարութեան հետ: Այդ գործին մէջ մեծ նշանակութիւն ունէին այն փորձուած նախարարները, զորս համակարգին մէջ պահեցի՚:

Ամենաբարդը, սակայն, կը շարունակէր Ղարաբաղի հարցը մնալ: Գալով իշխանութեան` Հ. Հ. Շ.ն նախկին դիրքորոշման` Հայաստանի հետ միացման վրայ այլեւս չէր պնդեր: Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէր: Տէր Պետրոսեանը դիտել կու տար, որ կան փոխզիջումային լուծման հիմքեր, եւ ատոր համար առաջին քայլը պէտք է դառնայ խորհրդային իշխանութեան վերականգնումը Ղարաբաղի մէջ:

ՙՊէտք է փոխզիջումներու, քաղաքական զիջումներու, քաղաքական երկխօսութեան ռազմավարութեան անցնիլ: Ես` որպէս Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ, աշխատանքիս ամէնէն սկիզբը յայտարարեցի, որ մենք Ատրպէյճանի հետ բանակցութեանց սեղանին շուրջ նստելու պատրաստ ենք: Ես հեռաձայնային զրոյց ունեցայ նախագահ Մութալիպովի հետ: Յետոյ մենք հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ` Կորպաչովի ներկայութեամբ: Ղարաբաղի քաղաքական կարգավիճակի հարցը կրնայ երկխօսութեան, բանակցութեանց նիւթ ծառայել: Եթէ Ղարաբաղը լիակատար ինքնուրոյն կազմաւորում ըլլայ, եթէ խորհրդային օրէնքները հոն գործեն` ատիկա որոշ ժամանակով կը գոհացնէ բոլոր կողմերը` թէ’ Հայաստանը, թէ’ Ղարաբաղը եւ թէ’ Ատրպէյճանը՚:

Տէր Պետրոսեանը նախ եւ առաջ անհրաժեշտ կը գտնէր Արցախի մէջ օրինական իշխանութեան վերականգնումը. ՙ30 Սեպտեմբեր 1990ին տեղական եւ Գերագոյն Խորհուրդի ընտրութիւններ յայտարարուած են Ատրպէյճանի մէջ: Իտէալական տարբերակը այն կ’ըլլար, որ այդ ընտրութիւնները կայանային նաեւ Արցախի մէջ, ընտրուէին տեղական, այսինքն` գիւղական, շրջանային, քաղաքային եւ մարզային խորհուրդները: Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդին ընտրութիւնները կարելի էր միշտ ալ վիժեցնել: Նոյնիսկ կարելի էր սեպել, որ ընտրութիւնները կայացեր են, բայց որեւէ մէկ պատգամաւոր չէ ընտրուած: 1 Հոկտեմբերին` օրինական, ընտրուած իշխանութիւններ կ’ունենայինք Արցախի մէջ: Բայց արցախեան պատգամաւորութիւնը մեզ աքցաններու մէջ կը դնէ, չնայած Արցախի մէջ կան նաեւ ուրիշ կարծիքներ, այն ալ` լուրջ մարդոց կողմէ արտայայտուած, նոյնքան լուրջ, որքան այս պատգամաւորութիւնը: Թերեւս ատրպէյճանցիք շատ ուրախանան եթէ Արցախը չմասնակցի ընտրութիւններուն, որովհետեւ 1 Հոկտեմբերին արդէն Արցախի մէջ օրինական իշխանութիւն չ’ըլլար: Եւ Մութալիպովը շատ դիւրութեամբ հոն նախագահական կառավարման կարգավիճակ կը յայտարարէ՚:

Վազգէն Մանուկեանը կը զգուշացնէր` պէտք չէ ենթարկուիլ Մոսկուայի սպառնալիքին (շանթաժ), զոր Հայաստանի անկախութիւնը կը փորձէ կապել Ղարաբաղի հարցին: Բացի այդ, Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ Հայաստանի մնալը որեւէ նոր հեռանկար չի բանար ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման հեռանկարի առումով:

Անոր կարծիքով` Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է փորձէր 1 Դեկտեմբեր 1989ի որոշումին միս ու արիւն տալ, ինչը, ճիշդ է, դեռ երկար ժամանակ իրականացնել հնարաւոր չէր ըլլար: ՙԱւելին, որոշ պարագաներու` մեզի դէմ կը գործածուի: Որոշումը եւ անոր իրականացման ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքները պէտք է մեր ներքին գործը նկատել` ուրիշներու մօտ չթմբկահարելով: Արցախի հարցը արտաքին աշխարհին պէտք է շարունակ ներկայացնել իր բնական տեսքով, այսինքն` հարց մը, որու հիմքին ինկած են ազգերու ինքնորոշման եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան սկզբունքները` առանց կապելու Հայաստանի հետ՚:

Հայաստանի երիտասարդ ղեկավարութիւնը յստակ դիրքորոշում ունէր Խորհրդային Միութեան հետ յարաբերութեանց եւ անոր ապագային նկատմամբ: Տէր Պետրոսեանը յաճախ կը կրկնէր, որ 70 տարի այն միտքն է իշխած, թէ Հայաստանը կրնայ գոյատեւել միայն ռուսերուն հետ միասին, սակայն հայերը կը ձերբազատուին այդ բարդոյթէն: ՙՉարաչար կը սխալին այն մարդիկ, որ կը մտածեն, թէ Ռուսիան կամ Խորհրդային Միութիւնը կրնան երաշխաւորել մեր անվտանգութիւնը: Ես նկատի ունիմ թէ’ Սումկայիթը, թէ’ Պաքուն եւ թէ’ Հայաստանի այս երկարատեւ շրջափակումը: Մենք այսօր պէտք է որպէս պետութիւն, հեռանալով, վերանալով մեր զգացմունքներէն, առաջնորդուելով առաջին կարգին այն 3,5 միլիոն ժողովուրդին, այն մարդոց շահերով, որոնք այս քարքարոտ լեռնաշխարհն ու հովիտները լքելու մտադիր չեն, պետական մօտեցում ցուցաբերենք, բնական, բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատենք մեր դրացիներուն հետ: Պետութեան գոյութիւնը երաշխաւորուած չէ այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ պետութիւնը բնականոն յարաբերութիւններ չէ հաստատած առաջին կարգին իր անմիջական դրացիներուն հետ՚,- կ’ըսէր Տէր Պետրոսեանը:

Անմիջական դրացիներու շարքին Տէր Պետրոսեանն առաջին կարգին նկատի ունէր Թուրքիան, որուն հետ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ առեւտուրը, այնուհետեւ` մշակութային կապերը եւ վերջապէս` քաղաքական փոխյարաբերութիւնները` չմոռնալով մեր պահանջները` ՙԵղեռնը եւ այն մարդիկը, որոնք բնաւեր եղած են, սակայն մենք չենք կրնար ատիկա քաղաքական հարց դարձնել՚: Հայ Դատը գաղափարախօսութիւն է, հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքը, որմէ որեւէ մէկը չի’ հրաժարիր. ՙԱյդ գաղափարախօսութիւնը եղած է, կայ եւ պէտք է ըլլայ, բայց այդ գաղափարախօսութիւնն այսօր մեր պետական քաղաքականութիւնը չի’ կրնար ըլլալ: Գաղափարախօսութիւնը կրնայ պետական քաղաքականութիւն դառնալ միայն այն ժամանակ, երբ պետութիւնն այդ հարցը լուծելու կարող է՚:

Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին նախագահը Միացեալ Նահանգներուն մէջ հանդիպումներ կ’ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, հայ քաղաքական կուսակցութեանց եւ հասարակական կազմակերպութեանց ղեկավարներուն, ամերիկեան ազդեցիկ թերթերու աշխատակիցներու, Ծերակոյտի հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու ղեկավարներու, Ա. Մ. Ն.ի նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականին հետ:

Միացեալ Նահանգներու, ապա Մոսկուայի մէջ Տէր Պետրոսեանը կ’ընդգծէ, որ Հայաստանը նախապատրաստուող միութենական նոր պայմանագիրին կրնայ միանալ, եթէ պայմանագիրին մէջ բացառուած ըլլան խորհրդային ընդհանուր սահմանադրութիւնը, ընդհանուր օրէնքները, միութենական ընդհանուր

կառավարութեան գոյութիւնը: 23 Օգոստոսին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը ընդունած էր Անկախութեան հռչակագիրը: Փաստաթուղթին տակ դրուած էր Տէր Պետրոսեանի ստորագրութիւնը: Շարադրանքն առաջին անգամ ընթերցեց խորհրդարանի պատգամաւորներէն Արամ Մանուկեանը:

ՙԱյդ փաստաթուղթը մինչեւ այսօր քաղաքական առումով անխոցելի է, իրաւական առումով` անկրկնելի, եւ որեւէ քաղաքական ոյժ ստուեր չի նետէր այդ փաստաթուղթին վրայ: Ատիկա վիպապաշտական ժամանակներու փաստաթուղթ է, բայց գործնապաշտութիւնը, իրատեսութիւնը խորունկ են՚,- տարիներ յետոյ հպարտութեամբ կը յիշէ Մանուկեանը:

Հայաստանի ղեկավարութեան համար` Խորհրդային Միութեան փլուզման անխուսափելիութիւնն ակնյայտ էր. հռչակագիրի ընդունումէն յետոյ հիւանդ կայսրութիւնը 16 ամիս ապրեցաւ: Տնտեսութիւնն անելանելի վիճակի մէջ էր, ընդլայնուած էին կեդրոնախոյս ոյժերը, տեղի կ’ունենային անկառավարելի հոլովոյթներ, որոնք կայսրութեան վախճանը կ’արագացնէին:

ՙԵթէ երկրին մէջ տեղի ունեցող գործընթացը կոպիտ միջամտութեամբ կանգնեցնելու փորձ կատարուի` ապա կարճատեւ դադարէ յետոյ, ատիկա քաոսի, պայթիւնի կը յանգեցնէ անխուսափելիօրէն, եւ կայսրութիւնը կը սկսի աւելի մեծ արագութեամբ քանդուիլ: Այդ պարագային` կայսրութեան փլատակներուն տակ մնալու վտանգը կը սպառնայ մեզի: Փափաքելի է մեր անկախութիւնը ձեռք բերել ո’չ թէ պայթիւնի շնորհիւ, այլ` այդ քայքայումը դիմաւորել որպէս արդէն անկախ պետութիւն` ճանչցուած աշխարհի ուրիշ պետութեանց կողմէն՚,- կը գրէ Վազգէն Մանուկեանը:

Գիտակցելով այդ ամէնը` Մանուկեանի կառավարութիւնը սկիզբէն իսկ ձեռնամուխ եղաւ մասնաւոր սեփականութեան անցնելու տնտեսակարգին. ՙՏնտեսութեան նախարար Հրանդ Բագրատեանին յանձնարարած էի երեք ցուցակ կազմել: Առաջին` Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկութիւնները սեփականաշնորհման ենթակայ չեն եւ պետութեան կողմէ կը կառավարուին, ընդ որուն` բաւական խիստ եղանակներով: Երկրորդ ցուցակին մէջ այն խոշոր գործարաններն էին, որոնք առանձին նշանակութիւն եւ հետաքրքրութիւն չէին ներկայացներ: Հարկ էր զանոնք շարք մը մանր ձեռնարկութեանց մասնատել եւ իւրաքանչիւրը սեփականաշնորհել: Երրորդին մէջ մանր ձեռնարկութիւններն էին, որոնք սկիզբէն եւէթ պէտք է սեփականաշնորհուէին՚:

Գործարաններու եւ հողի սեփականաշնորհման գործընթացը յետագային շատ քննադատուեցաւ, Հայաստանի մէջ շատերը պետական ունեցուածքի կողոպուտ սեպեցին զայն: Մանուկեանի կարծիքով` հողի սեփականաշնորհումը ճիշդ էր` իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ. եթէ հողը պետական մնար` Հայաստանի գիւղատնտեսութենէն բան մը չէր մնար բացարձակապէս, ինչպէս եղաւ արդիւնաբերութեան բնագաւառին, խոշոր գործարաններուն մէջ: ՙԱմէն ինչ ուղղակի կողոպտուելու էր, ուրիշ ոչ մէկ բան: Գիւղացիին` գոնէ հողը մնաց, միւսներուն` բան մը չմնաց: Բայց համաձայն ըլլալով հողի սեփականաշնորհման հետ` ես անընդունելի կը նկատեմ այն վիճակը, որուն մէջ յայտնուեցաւ մեր գիւղացիութիւնը՚:

Լուսանկար՝ Վլատիմիր Մովսիսեան

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր
tatoul kirk
Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):
http://www.aniarc.am

ANI6

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail