Սահմանազատում-Սահմանագծում. Առանց Չար Լեզու Ըլլալու, Բայց Խոր Մտահոգութեամբ – Յակոբ Պալեան
09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Իրողութիւնները չեն դադրիր գոյութիւն ունենալէ քանի որ անոնցմէ անտեղեակ ենք*:
Ալտուս Հաքսլէ
Երբ չենք գիտեր թէ հոլովուած սահմանազատում-սահմանագծում երկու բառերու ետին ի՞նչ վերապահուած է՝ մեր երկրին եւ ժողովուրդին, աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ պիտի պարտադրուի պարտուած իշխանութեան, ենթադրութիւններ կ’ընենք, ճիշդ կամ սխալ՝ ինչպէս կ’ըլլան բոլոր ենթադրութիւնները:
Առանց չար լեզու ըլլալու, չար համարուած լեզուներու հետեւելու, կրնա՞նք խորապէս չմտահոգուիլ որպէս հողակտոր (յիշել Ռաֆայէլ Իշխանեանի ճիչը հողակտորը փրկելու մասին) Հայաստանէն ռազմավարական տարածքներ կորզելու ո՛չ այնքան ալ գաղտնի միտումներու մասին խորհելով:
Սահմանազատում, սահմանագծում, այդ զոյգին հետ յիշուող ճանապարհ եւ միջանցք եզրերը կը կարօտին պարզաբանման: Մօտի դրացի եւ հեռուի դրացի երկիրներու ճանապարհները բաց կ’ըլլան, փոխադարձութեան սկզբունքով, յարգելով տուեալ երկիրներու օրէնքները եւ կանոնները, ե՛ւ շրջագայութեան ե՛ւ բեռնափոխադրումներու համար: Վիճայարոյց չէ, խաղաղութեան բնական պայմաններու մէջ, այս կամ այն երկրի ճանապարհներով շրջագայութիւնը:
Բայց աշխարհի, եւ մասնաւորաբար Հայաստանի, ոեւէ քաղաքացիի համար թաքուն եւ պարզաբնաման կարօտ իմաստ եւ նպատակներ ունի միջանցքը, որ Հայաստանէն կը պահանջուի, որ կարծէք ճանապարհ չէ, տարբեր բան է: Այդ միջանցքը, որ Նախիջեւանը եւ Թուրքիան պիտի կապէ Ատրպէյճանի ինչպէ՞ս պիտի հակակշռուի, որու հակակշռին տակ պիտի գործէ: Ինչո՞ւ Հայաստանով անցնող ճանապարհները պիտի հակակշռուին ուիշներու կողմէ: Միջանցքը պիտի ըլլայ տեսակ մը փապուղի՞ (tunnel) Հայաստանի պետութեան հակակշռէն անկախ, թէ՞ փոխադարձութեան սկզբունքով բաց ճանապարհ:
Բանակցութիւններ՝ Իլհամ Ալիեւի զէնքի ուժով միջանցք ձեռք բերելու մասին:
Սպառնալիքի տակ բանակցութիւնները անուն ունին. տիքթաթ:
Ռուսիա, Ատրպէյճան եւ Հայաստան Սոչիի մէջ կրկնութեան նմանող հանիպում ունեցան, բայց ոչ մէկ յստակ խօսք ըսուեցաւ առանցքային նշանակութիւն ունեցող «Զանգեզուրի Միջանցք»ի մասին: Թէեւ Ատրպէյճանի նպատակը եւ պահանջները յստակ են, ան կը սպառնայ նոյնիսկ զինու զօրութեամբ հասնիլ իր նպատակին: Սոչիի ժողովին ի՞նչ խօսուած է, ի՞նչ պահանջուած է, ի՞նչ խոստացուած է, ինչո՞ւ համաձայնութիւն չէ գոյացած, ինչո՞ւ Վլատիմիր Փութին չէ յաջողած տեսակէտները համադրել:
Այս քաղաքական մշուշին մէջ, Եռակողմ ժողովին մասնակցող Հայաստանի վարչապետը, Ազգային Ժողովին եւ ժողովուրդին պէտք է առանց ճապկումներու բացատրէ, թէ ի՞նչ է պահանջուածի ամբողջութիւնը, ի՞նչ է Հայաստանի համար ընդունելի տարբերակը, ի՞նչ է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից եւ ժողովի երրորդ կողմ Ռուսիոյ վերաբերումը:
Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ Հայաստան զիջի կամ անոր պարտադրուի ընդունիլ «Զանգեզուրի Միջանցքը»: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ան Հայաստանի քարտէսին վրայ. ան պիտի ըլլայ հայապատկա՞ն տարածք, թէ՞ տարածք՝ որ Զանգեզուրը պիտի բաժնէ երկու մասերու, եւ այդ տարածքի վրայ Հայաստանի պիտի պարտադրուի հրաժարիլ իր գերիշխանութենէն: Զանգեզուրի երկու մասերը ինչպէ՞ս պիտի պիտի կապուին իրարու: Հաղորդակցութեան համար կամուրջնե՞ր պիտի հաստատուին «Միջանցք»–ի զանազան հատուածներուն վրայ, թէ՞ այդ երկու հատուածները իրարու պիտի կապուին Ատրպէյճանի կողմէ հաստատուած եւ հսկուած անցակէտերով: Նման համաձայնութիւն-զիջում ո՞ւր կրնայ յանգիլ ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի բնակչութեան ապագային եւ հուսկ՝ հայկական գոյութեան:
Ո՛չ ոք կը խօսի հայկական տարածքներու վերադարձի մասին:
Եթէ բարիդրացիական վերաբերում է Միջանցքի զիջումը, ինչո՞ւ չխօսիլ դէպի Սեւ Ծով հայկական միջանցքի մը մասին:
Սահմանազատում եւ սահմանագծում ինչպէ՞ս ընել, ո՞ր սկզբունքներով, ո՞ր իրաւունքով, ո՞ր ճշմարտութեամբ, այսինքն՝ ո՞ր բարոյականով:
Պէտք է խօսիլ հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի մասին, ինչ կը վերաբերի անոր նախնիներով բնակուած աշխարհի մասին, ուր թաւալած է այդ ժողովուրդի պատմութիւնը, ուր ան եղած է բնիկ:
Ի վերջոյ տարբերութիւն մը կա՞յ, թէ՞ չկայ, բնիկներու (autochtհon) պատմական հայրենիքը ներխուժած օտարի եւ բռնութեամբ հաստատած իրաւունքի եւ անոր հակակառակին միջեւ:
Այդ պատերազմով եւ անոր հետեւող աւարը քարտէսի վերածող իրաւունքո՞վ կը ճշդուի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ինչպիսի արդարութեամբ կ’իրականացնուի. բռնագրաւողի ստեղծած կացութիւնը կատարուած իրողութիւն համարելո՞վ: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն Մ․Ա․Կ․-ը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը:
Միթէ՞ պատմութիւնը կը սկսի բռնարարքներու եւ նուաճումներու հաստատած (չ)իրաւունքի կանոններով:
Մ․Ա․Կ․-ի 193 անդամները, անոր Ապահովութեան Խորհուրդը եւ ընդհանուր քարտուղարը, պիտի ըսե՞ն, թէ ո՞ւր պէտք է դիմել, վասն արդարութեան եւ եւ ազգերու համերաշխութեան, գլխագրուած Իրաւունքի եւ գլխագրուած Արդարութեան յանգելու համար: Կրկին յիշեցնեմ. պատմական, մարդկային եւ բարոյական ո՞ր հիմնաւորումներով հայոց մայրաքաքաղաք Անին կը գտնուի բռնագրաւողներու երկիր Թուրքիոյ մէջ: Չկա՞յ ատեան մը, անկախ քաղաքական որձեւէգ աճպարարութիւններէ, ուր կարելի ըլլայ դիմել… Եթէ չկայ, կը շարունակուի homo homini lupusը, կամ աւելի պարզ խօսելով, մեծ ձուկերը պիտի շարունակեն ուտել պզտիկ ձուկերը:
Ինչ որ ներխուժումով եւ պատերազմով չէ խլուած Հայաստանէն, հիմա միջազգային նենգ համաձայնութիւններով պիտի պարտադրեն, այս անգամ բարօրութեան, զարգացման, խաղաղութեան հաստատման մշուշին մէջ, զանգուածները համոզելով, որ ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ, երկիրը մեկուսացումէ դուրս կու գայ, առեւտուրը կը զարգանայ, խաղաղութիւն կը հաստատուի, կենսամակարդակը կը բարելաւուի: Լոյսերու մէջ շղարշուած խոստումներ, նախատեսութիւններ: Այդ բոլորին մէջ տեղ մը ներկա՞յ են հայ ժողովուրդը եւ անոր հայրենիքը:
Բայց դեռ ոչ ոք ըսաւ, թէ Հայաստան ի՞նչ գին պիտի վճարէ: Հայաստանի ժողովուրդը եթէ բան մը գիտէ եւ կը հասկնայ, թող ըսէ: Չեմ խօսիր բազմագոյն սփիւռք(ներ)ի մասին, որ ստուար մեծամասնութեամբ հեռադիտակին հակառակ կողմէն կը դիտէ կացութիւնները, այսինքն՝ փոքրացած, իրեն համար՝ աննշան: Ամբոխավարական միամտութեան զոհ սփիւռքը, որուն տեւաբար ըսուած է, որ Հայաստանը իր ալ հայրենիքն է, թեր եւ դէմ կարծիքներ կը յայտնէ, կը յուզուի, կ’ընդվզի, եթէ իր քիթէն բռնելով ասդին-անդին չտանին: Բայց այդ «իր ալ հայրենիքն է» քաղաքական իրաւունքը ոչ մէկ ձեւով իրականութիւն դարձած է: Իր դերը արձագանգ ստեղծող ջութակի տուփն է, soundbord:
Երբ կանգնինք կատարուած իրողութեան դիմաց, խոստումներով պարուրուած «Միջանցք»ը տրուի, կրկին Հայաստան-հողակտորէն մասն մըն ալ պոկուի, ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները ինքնիշխան (souverain) պետութեան ապագային համար: Անկէ ետք ինչպէ՞ս եւ ո՞ր Հայ Դատը պիտի հետապնդենք:
Աւելի պարզ խօսելով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ո՞ր հայրենատիրական սկզբունքով, ինչպէս կ’ըսուի՝ դոկտրինով պիտի խօսինք եւ գործենք:
Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, թէ՝ չէր գիտեր, չէր հասկցած:
«Միջանցք»ը Հայաստանի անդամահատման շարունակման նո՞ր արարը պիտի ըլլայ, այս անգամ՝ մեր սերունդի մեղսակցութեամբ, ուրիշ բառ չգործածելով:
Եւ մեր յետնորդները պիտի չներեն:
yerakouyn.com/2021/12/09/սահմանազատում-սահմանագծում-առանց-չա/