Բանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորեայ Պատգամը – Յակոբ Պալեան
08 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յաւակնութիւն չունիմ բացատրելու կամ մեկնաբանելու հայոց հայրապետին խօսքը: Անոր ընթերցումը զիս կը կանգնեցնէ քանի մը հիմնահարցերու դիմաց:
Ըսուած է. «2022 տարին հռչակած ենք «Սփիւռքի տարի»: Կը հրաւիրեմ մեր բոլոր կառոյցները, մամուլը, մտաւորականները եւ գաղութները` իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեացքով եւ այս առիթով հրապարակած մեր հայրապետական գիրը ունենալով իբրեւ ուղեցոյց` նախ ինքնարժեւորումի ենթարկելու եւ ապա վերակազմակերպումի առաջնորդելու սփիւռքը: Սա հրամայական ու անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է»:
Ինքնարժեւորում եւ վերականգնում: Բաղձանք է: Այդ ընել` ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ:
Նախ պէտք է գիտնալ, թէ ի՛նչ բան է սփիւռքը: Ինչ որ գիտենք, կը կարծենք գիտնալ, ենթակայական է, զգացական, կամ մեկնաբանութիւններ եւ գնահատումներ են` ըստ տուեալ պահու քաղաքական պահանջին` ըստ ցանկութիւններու, քաղաքական համարուած միտումներու պատուանդան ըլլալու:
Կան սփիւռքներ, որոնք այլեւս հայրենահանուած հայերը չեն, փոխուած են, մերուած են այլ ամբողջներու մէջ: Ջարդէն ճողոպրածներու, տարագրուածներու եւ որբերու սփիւռքը չկայ: Երեք սերունդ ետք երիցս համարկում տեղի ունեցած է: Կան` սուրիահայեր, ամերիկահայեր, ֆրանսահայեր, յունահայեր, արժանթինահայեր, հիմա կան աւստրալահայեր, նորզելանտահայեր, կը խօսուի չինահայերու մասին:
Հայրենահանուածի սփիւռքին վրայ գումարուած է Հայաստանէն արտագաղթի նոր սփիւռքը` տնտեսական պատճառներով, աշխատանքի եւ բարօրութեան համար հայրենիքէն մեկնածներ, յար եւ նման` Սուրիայէն, Իրաքէն, Աֆղանիստանէն եւ Ափրիկէէն տեղի ունեցող գաղթին, migration-ին:
Հին եւ նոր սփիւռքները նոյն յիշողութիւնը եւ նոյն պատմութիւնը չունին: Արհեստական է խորհիլ, որ հասարակաց հայ անունը կը բաւէ միացման: Կացութիւնը կը նմանի նոյն ամանին մէջ ձէթ եւ ջուր դնելու, որոնք իրարմէ տարբեր կը մնան, որքան ալ խառնենք իրարու, իրարմէ կը զատուին: Միացման իսկական գաղափարախօսութիւն չէ եղած եւ չկայ, հետեւաբար քաղաքական ենթահող չկայ:
Սփիւռք բնորոշումին տակ կը հաւաքենք տարբեր խմբաւորումներ: Չենք գիտեր` զանոնք ինչպէ՞ս միացնել, ինչպէ՞ս նոյնութիւն գտնել, յառաջացնել ղեկավարում, որ հիմնուած չըլլայ բաղձանքներու եւ ենթադրութիւններու վրայ: Հին եւ նոր սփիւռքներու կազմութեան պատճառականութիւնները նոյնը չեն, անոնց համրանքի գնահատումը ենթակայական է, ոչինչ գիտենք անոնց տեղաբաշխման մասին, ոչինչ գիտենք այդ անորոշ համրանքին մէջ գտնուողներու հայեցի ստորոգելիներու մասին. լեզու, ընդհանրապէս մշակոյթ, ինքնութեան գիտակցութիւն, համայնքային մերուածութիւն, ազգային-քաղաքական գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն:
Մշուշի մէջ կրնանք շարունակել խորհրդածել` առանց տեղ մը հասնելու:
«Սփիւռքի տարի»-ն կրնա՞նք ծառայեցնել, առաջին հերթին, ճանչնալու սփիւռքը, ընկերաբանական եւ առարկայական տուեալներով ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու, որ մեկնակէտը կրնայ ըլլալ այլ նախաձեռնութիւններու: Օրինակ, ի՞նչ է թիւը սփիւռքի տուեալ շրջանի մը հայերուն, շրջանները գումարելով` յանգելու թուական կարելի ճշգրտութեամբ պատկերի, անոնց տարիքային պատկերը, հայախօսութեան տոկոսը եւ որակը, կրօնական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ հաղորդակցական կառոյցներու որակը, ճշդելով միաժամանակ, թէ տուեալ համայնքի անդամներու ո՛ր տոկոսը ներկայ է այդ կառոյցներուն մէջ. եկեղեցի, դպրոց, միութիւն եւ կուսակցութիւն, ընթերցողներ եւ այլն:
Այս ճանաչողական աշխատանքը ենթակայական գնահատումներով կարելի չէ իրականացնել: Մասնագիտական աշխատանք պէտք է. ունենալ ցուցակներ, կազմել հարցարաններ, առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած արձանագրութիւններ` առանց ինքնագոհական գնահատումներու եւ անոնց չափազանցութեան:
Այս զանազան բնոյթի ժողովականներու աշխատանք չէ, որ երբեք չէ առաջնորդած ճիշդ գնահատումներու եւ նախաձեռնութիւններու:
«Սփիւռքի տարի»-ն կրնա՞յ յառաջացնել ուսումնասիրական լիաժամ աշխատող եւ նիւթական միջոցներով օժտուած մասնագիտական անկախ մարմինի մը ստեղծման, որպէսզի ղեկավարութիւնները, գիտնալէ առաջ, թէ ո՛ւր պիտի տանին սփիւռքը, գիտնան թէ ի՛նչ է ան որպէս ընկերային, կրօնական, քաղաքական, մշակութային, ուսումնական նիւթ, եւ ըստ այնմ նախաձեռնեն ղեկավարութիւններուն խնայելու համար սիրողականի խարխափումները, որոնք միշտ ալ առաջնորդած են պառակտումի եւ յուսալքման:
«Սփիւռքի տարի»-ն ոսկի առիթ կ’ըլլա՞յ ոչ ջոջական եւ ոչ էսթեպլիշմընթային խորհրդաժողով մը կայացնելու` քննելու համար օգտակարութիւնը նման մասնագիտական մարմինի, անոր ընծայուելիք նիւթական եւ աշխատանքային ազատութեան հարցերը: Առանց այս ճիգին` «Սփիւռքի տարի»-ն կը ծանծաղի հոգեշահ խօսքերու աւազանին մէջ, խօսքեր, զորս կը ծափահարենք եւ կը մոռնանք:
Կը սիրեմ եւ յաճախ կը կրկնեմ ֆրանսական առածը, որ կ’ըսէ` «Ցուլը զգետնելու համար զայն պէտք է բռնել իր կոտոշներէն»: Այսինքն` չգոհանալ կիսամիջոցներով, բեմէն ըսուած-չլսուած խօսքի փայլատակումներով:
Արամ Ա. կաթողիկոսի մտահոգութենէն դուրս չէր կրնար մնալ Հայաստանը:
Ճիշդ է` ինչ որ կ’ըսէ. «Մեր հայրենիքը կը շարունակէ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներու մէջ օրօրուիլ: Մէկ կողմէն ներհայաստանեան քաղաքական լարուած մթնոլորտը կը ջլատէ մեր հաւաքական ուժը, միւս կողմէն` թշնամին յաղթապանծ դիրքերէ պայմաններ կը դնէ Հայաստանին` անտեսելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ` միջազգային օրէնքը»:
Ուրեմն ի՞նչ ընել կարդալէ ետք կաթողիկոսին խօսքը:
Ուժերու մէկտեղում եւ իրատեսութիւն լաւ բաներ են: Բայց անոնք ցանկութիւններ են: Քաղաքականութիւնը շաբաթավերջի յուզում չէ, չէ նաեւ սիրողական աշխատանք: Երբեմն կը մտածեմ, որ հակառակ ընդհանուր բնութագրումի, Հայաստանի, Հայ ժողովուրդի եւ անոր մշակոյթին, Հայ եկեղեցիին հանդէպ արտայայտուած համակրանքին` իրաւ դաշնակիցներ չունինք: Ինչո՞ւ:
Հայաստան եւ հայութիւն միշտ տարուբերած են այսինչ կամ այնինչ երկրի եւ անոր ղեկավարին հանդէպ համակրանքով կամ բացասական վերաբերումով: Համակրանք եւ հակակրանք ոչինչ ունին` որպէս քաղաքական: Անոնցմով կ’առաջնորդուի սիրողական (amateur) քաղաքականութիւնը:
Խաղաղութեան եւ համագործակցութիւններու մասին խօսելէ առաջ, նախ մենք պիտի գիտնանք, թէ` ի՛նչ կ’ուզենք, ինչո՛ւ կ’ուզենք, ինչպէ՛ս պիտի ուզենք, ե՛րբ պիտի ուզենք, ի՛նչ միջոցներով, սահմանենք անմիջական եւ հեռաւոր նպատակներ: Ի հարկէ այդ բոլորին ենթահողը ազգի եւ հայրենիքի շահն է, որ կը նշանակէ մնալ պատմութեան բեմին վրայ եւ չանհետանալ: Գիտենք, որ փոքր երկիր ենք: Երկիր մը, ան ըլլայ փոքր թէ մեծ, կարելի չէ պահել պառակտումներով եւ զիջումներով:
Հայաստան բռնուած է միջազգային քաղաքական, տնտեսական, հաղորդակցութիւններու խաղին մէջ, որ միայն տեղական-շրջանային չէ, որ` կը պահանջէ համագործակցութիւններ եւ փոխհասկացողութիւններ: Այսինքն պէտք է բանակցիլ: Իսկ ամէն բանակցութեան մէջ կը միջամտեն ուժը եւ նեցուկը: Առաջին հերթին` սեփականը:
Դժբախտաբար անցած երեսուն տարիներու ընթացքին սեփական ուժի ստեղծման գծով թերացանք այլեւայլ պատճառներով: Բոլոր երկիրներու բնակչութիւնը կ’աւելնայ, իսկ մենք չյաջողեցանք ուժի առաջին ազդակ մեր համրանքը պահել եւ աւելցնել: Այսինքն ձախողեցանք հայրենադարձութիւն իրականացնել:
Երեսուն տարուան ընթացքին չյաջողեցանք Արցախը բնակեցնել. չեմ գիտեր, թէ տեղ մը բնակեցման ծրագիր մշակուեցա՞ւ, թէ՞ ոչ: Թիւերը խօսուն են. պատերազմի նախօրեակին Արցախի 12.000 քառ. քմ-ին վրայ կը բնակէին միայն 150.000 հայեր: Այսինքն հողին տէր կանգնողները համրանք եւ ուժ չէին: Այս` Արցախի համար:
Պէտք է մտածել Հայաստանի մասին, ուրկէ երեսուն տարուան ընթացքին գաղթեցին միլիոններով հայեր: Երբ անոնք չկան, չկան նաեւ աշխատաւոր բազուկներ եւ սահմանին կանգնող զինուորներ: Այս հայրենիքի, պետութեան, բանակի եւ տնտեսութեան տկարացման հիմնական ազդակ է: Արցախի եւ Երեւանէն դուրս գտնուող տարածքներու բնակեցումը կ’ենթադրէր հայրենադարձութիւն, երկրի իւրաքանչիւր թիզ հողի զարգացում, ինչ որ չեղաւ:
Աւելցնենք նաեւ ուժ չդառնալու պատճառ այլ անտեսում մը. բացի Հիմնադրամի նպաստէն` սփիւռքը Հայաստանի կեանքին մէջ քաղաքական ազդակ չեղաւ, անոր տնտեսական, գիտական եւ համրանքի ուժը չօգտագործուեցաւ` բացի մասնակի քարոզչութենէ եւ աղմուկէ:
Նորոյթի հետեւելով` ըսենք, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ ճիշդ ընթանալու, ճիշդ ձեւով գործակցելու համար աւանդական եւ կոխուած ուղիներէ չհեռացան, չունեցանք համահայկական think tank մը, որպէսզի սիրողականէ տարբեր եղանակով մտածէինք եւ գործէինք: Այսօր սփիւռքը Հայաստանի ներկային եւ ապագային նկատմամբ դերակատար ըլլալու ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի: Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ ծերակոյտին մէջ ֆրանսական արտասահմանի լիակատար իրաւունքով պատգամաւորներ կան, իսկ մեր ազգին ճնշող մեծամասնութիւն սփիւռքը բացակայ է Հայաստանի օրէնսդրական եւ քաղաքական դաշտէն: Անհատական բացառութիւններ եղան, որոնք սփիւռքը չէին ներկայացներ:
«Սփիւռքի տարի»-ն այս հարցն ալ ազգային-քաղաքական օրակարգ պէտք է դարձնէ` զգացականէ եւ բարեսիրականէ տարբեր խորքով եւ որակով, ըլլալով էապէս կառուցողական: Սփիւռքի տարբերութիւններէն վեր է այս քաղաքական խնդիրը, որուն դրական լուծումը կը զօրացնէ ե՛ւ Հայաստանը ե՛ւ ամէն օր մաշող սփիւռքը` պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ յանձնառութիւններով:
Այս ընելը գործնապէս ցոյց պիտի տայ, որ Հայաստան առանձին չէ, ինչպէս ըսուած է հայոց կաթողիկոսի խօսքին մէջ, որ` «Հայաստան որբ չէ»:
Պէտք է կոտրել հակազգային այն միտքը, որ Հայաստանի հարցերը կ’որոշուին Հրազդանի ափին, հասնիլ այն քաղաքական իմաստութեան, որ Հայաստանի եւ հայութեան հարցերը կ’որոշուին հայութեան մէջ` համայն հայութեամբ եւ համայն հայութեան համար:
Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը քաղաքական իմաստութիւնը այս չեղաւ, որ պէտք էր ըլլար եւ ըլլայ:
Այսպէս պէտք է քննել եւ որոշել վերակառուցման եւ վերականգնումի բոլոր խնդիրները, որոնք այսօր կը ծառանան Հայաստանի եւ ազգին առջեւ:
3 յունուար 2022
www.aztagdaily.com/archives/534022