Ոսկեբերան Արզումանեան՝ Ազգային Գործիչ Եւ Մտաւորական
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄՇԱԿՈՅԹ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Նուպար Տէմիրճեան
Ոսկեբերան Արզումանեան վկայուած է Պէյրութի ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց կաճառէն՝ ստանալով հայագիտական եւ արեւելեան ընկերաբանութեան վկայականներ: Ապա՝ շարունակելով իր ուսումը, ստացած է նոյն համալսարանի իրաւաբանական եւ տնտեսագիտական բաժանմունքէն առեւտրական հաստատութիւններու վարչագիտական վկայականը:
Ո. Արզումանեան իր ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, 1956էն սկսեալ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն:
Ան յաջորդաբար նշանակուած է Լիբանանի Հայոց թեմի տնտեսական խորհուրդի անդամ, եւ վարած է ազգային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի ատենապետութիւնը, մէկէ աւելի անգամ: Բազմիցս ընտրուած է Ազգային վարչութեան Քաղաքական ժողովի ատենապետ: 1963էն սկսեալ եղած է Լիբանանի թեմի պատգամաւոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Ընդհանուր ժողովին, եւ 1965էն ետք եղած է անդամ Լիբանանի թեմի Ազգային Գաւառական ժողովին, որուն ատենապետը ընտրուած է 1987էն մինչեւ 1995:
Ո. Արզումանեան չորս անգամ իբրեւ պատգամաւոր, մաս կազմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ հայրապետներու կողմէ առաքուած պատգամաւորութեանց դէպի Ս. Էջմիածնի, Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետին մօտ, երկու աթոռները յուզող տարակարծութիւնները քննարկելու առաջադրութեամբ:
Այժմ կը ներկայացնենք հատուածներ Ո. Արզումանեանի հարցազրոյցէն, որ այդ օրերուն կատարուած է «Ազդակ» օրաթերթի հետ:
ԷՋՄԻԱԾԻՆ-ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Հայաստան, Հայ եկեղեցւոյ համար վարչակազմակերպչական կանոնագրութեան մը պատրաստութեան շուրջ, Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հետ խորհրդակցելու նպատակաւ:
Այս առթիւ, «Ազդակ» օրաթերթը՝ պատուիրակութեան անդամներէն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Ո. Արզումանեանի հետ ունեցած է տեսակցութիւն մը․ ստորեւ կու տանք հատուածներ սոյն տեսակցութիւնէն․
«ԱԶԴԱԿ».- Պր. Արզումանեան, որոնցմէ՞ բաղկացած էր ձեր պատուիրակութիւնը:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանէ, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Արամ եպս. Քէշիշեանէ եւ ինձմէ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչ առաքելութիւն վստահուած էր պատուիրակութեան:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Վազգէն Ա. կաթողիկոս զանազան նամակներով յայտնած էր Գարեգին. Բ. Կաթողիկոսին, որ ծրագրած էր վարչակազմակերչական կանոնագրութիւն մը պատրաստել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համար եւ, առ այդ, նշանակած ըլլալով յանձնախումբ մը, կը խնդրէր, Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն՝ Կիլիկիոյ աթոռին տեսակէտները:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Պէտք է ըսել, թէ պատուիրակութիւնը շատ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ Էջմիածնի մէջ, Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրական հոգածութեամբ եւ սրտի ջերմութեամբ ընդունեց մեզ, մեր կեցութիւնը դիւրացնող լաւագոյն պայմանները շնորհուեցան մեզի եւ Վազգէն Ա. վեհափառին բարեհաճ կարգադրութեամբ նաեւ կրցանք այցելել բազմաթիւ վանքեր եւ պատմական վայրեր:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը ձեր հանդիպումներուն:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Պատուիրակութիւնը Վազգէն Ա. կաթողիկոսին փոխանցեց Կիլիկիոյ Ս. աթոռին տեսակէտները՝ առաջարկուած միաձոյլ կանոնագրութեան մը առնչութեամբ: Տեղի ունեցան գաղափարներու փոխանակութիւն՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միութիւնը ամրապնդող միջոցներու կապակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը առաջարկեց աւելի սերտ գործակցութիւն:
«ԱԶԴԱԿ».- Վազգէն Ա. կաթողիկոսէն զատ ուրիշ ժողովականներ ներկայ եղա՞ն այդ հանդիպումին:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Այո, Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողքին ներկայ էին նաեւ Սիոն արք. Մանուկեան՝ ատենապետ Հոգեւոր խորհուրդի, Ներսէս եպս. Պօզապալեան՝ դիւանապետ կաթողիկոսարանի եւ Պարգեւ Շահպազեան՝ ընդհանուր քարտուղար միջեկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու:
«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր տեսակէտները ընդունուեցա՞ն
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Վազգէն Ա. կաթողիկոս լայն հասկացողութեամբ լսեց մեր տեսակէտները: Յարմար դատեց, որ իր պատասխանը փոխանցէ Գարեգին Բ. վեհափառին, խորհրդակցելէ ետք Հոգեւոր խորհուրդի եւ կանոնագրութեան պատրաստութեան համար իր կողմէ նշանակուած յանձնախումբի անդամներուն հետ, յառաջիկայ Սեպտեմբերէն ետք:
«ԱԶԴԱԿ».- Նախապէս գտնուա՞ծ էք Հայաստան:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Այո, 1969ին, դարձեալ մաս կազմելով Ս. Էջմիածին ղրկուած պատուիրակութեան մը, այժմու Կիլիկեան աթոռի գահակալ եւ այդ օրերու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրան եպիսկոպոս Գարեգին արք. Սարգիսեանի հետ: Հոն մնացած եմ շուրջ շաբաթ մը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը առհասարակ Էջմիածնի եւ հայրենիքի մասին:
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Պէտք է նախ ըսեմ, որ շատ ուրախացանք՝ տեսնելով Վազգէն Ա. կաթողիկոսը առողջ եւ կայտառ վիճակի մէջ, մեծ գնահատանքով եւ հիացումով նկատեցինք, որ վերջին 15 տարիներու ընթացքին հսկայ իրագործումներ կատարուած են հոն՝ թէ՛ Էջմիածնի վանքէն ներս եւ թէ հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ:
Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած են վերանորոգութիւններ եւ շինարարական աշխատանքներ: Թանգարանն ու գանձարանը հոյակապ իրագործումներ են, ուր ցուցադրուած են դարերու հնութիւն կրող սրբազան մասունքներ, եկեղեցական սպասներ եւ զգեստներ, իւղանկարներ, հին դրամներ, գորգեր ու թանկարժէք այլ առարկաներ, որոնք կը պատկանին հայ ժողովուրդի մշակութային գանձերուն:
Զանազան շրջաններու մէջ նորոգուած են եւ տակաւին կը նորոգուին եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք այսպէսով դուրս կու գան իրենց կիսաքանդ ու լքուած վիճակէն, կը ճառագայթեն հայ հանճարին արգասիքը եւ կը ցոլացնեն հայ ժողովուրդի հաւատքը: Անոնք, ըլլալով հանդերձ պատմական արժէք ներկայացնող հին կառոյցներ, կը վայելէն նաեւ պետութեան հոգատարութիւնը։ Կարգ մը հին վանքեր եւ եկեղեցիներ, վերանորոգուելէ ետք, շնորհիւ Վազգէն Ա. վեհափառին ճիգերուն, դարձած են գործող եկեղեցիներ, ուր կը գտնուին վանահայր մը եւ այլ եկեղեցականներ:
Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարը, որ 5րդ դարու կառոյց մըն է, դարձած է զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան եւ հիացումի առարկան: Ամէն շաբաթ աւելի քան 1500 հոգի կու գան Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէն, գլխաւորաբար արեւելեան Եւրոպայէն, հիանալու համար անոր գլուխ գործոց այս ճարտարապետութեան վրայ:
Ս. Էջմիածնի վանքէն ներս, ամէն տեղ կը զգանք Վազգէն Ա. կաթողիկոսին աչքը: Ամէն մէկ շէնքին մէջ, ամէն մէկ առարկայի վրայ կայ իր շունչը, իր միտքը ու իր աշխատանքը։ Ս. Էջմիածինը ծաղկուն վիճակի մէջ է շնորհիւ տարուած յարատեւ խնամքին եւ հոգածութեան:
Կառուցային գեղեցկութիւնները աւելի տեսանելի դարձած են՝ շնորհիւ զանոնք շրջապատող հիանալի պարտէզներուն: Այս գեղեցիկ ամբողջութիւնը կը կենսաւորուի ժրաջան միաբաններով եւ յատկապէս հոգեւոր ճեմարանով՝ դպրեվանքով, որ ունի շուրջ 35 ժառանգաւորներ եւ ունի որակեալ ուսուցչական կազմ:
Հոս պարտք կը զգամ յայտնել, որ այն կարգ մը վայրերը, ուր այցելեցինք հպարտութեամբ տեսանք, թէ որքա՛ն պայծառ իրագործումներ արձանագրուած են՝ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Ս. Էջմիածնի մէջ:
asbarez.am/412102/ոսկեբերան-արզումանեան՝-ազգային-գործ/