Աշխարհը Եւ Մենք- Բ.(*) Ուքրանիոյ Շուրջ Կիսաթափանց Գիծեր – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Կարդալ նաեւ՝:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Սպասելով, որ Ուքրանիոյ «հրդեհ»-ին կանխարգիլման համար գործող «հրշէջներ»-ը աշխարհն ու մեզ հասցնեն մարգարտածաղիկին՝ «պատերազմ պիտի չպայթի» աւետող վերջին թերթին, փորձենք հակիրճ ակնարկ մը նետել հրապարակներէն անդին, լուսանցքներու եւ վարագոյրներու ետին ընդնշմարուող ու հաւանական զարգացումներու վրայ, որոնց մասին բարձրաձայն չի խօսուիր, կամ ընդհանրապէս կը պահուին լուսարձակներէ հեռու:
ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ ԵՒ…
Պէտք է բացորոշ կերպով տեսնել, որ տագնապին լուծման ի խնդիր գործողները, յայտարարուած ընդհանրական շահերէն, խաղաղութեան պահպանման ձգտումէն անդին, ունին մասնակի, մինչեւ իսկ անձնական շահեր: Թուենք մէկ քանին:
Միացեալ Նահանգներ, «ռուսական արջը» զսպելու, եւ եւրոպացի դաշնակիցներն ալ այդ սայլին լծելու իր հետամտութեան մէջ, ունի բազմաճիւղ շահեր: Նախ, կայ կարգ մը գիծերու վրայ վարկի անկումի իրականութիւնը: Աֆղանիստանի, իսկ անկէ առաջ՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ (նաեւ ձեւականօրէն՝ Թուրքիոյ), քիչ մըն ալ Չինաստանի դաշտերուն մէջ իրենց կրած «մանր ձախորդութիւններ»-էն ետք (մանր՝ Վիեթնամի տագնապին բաղդատմամբ), արեւմուտքցի դաշնակիցները կ’աշխատին նոր նահանջ չկրել Եւրոպայի մէջ, իսկ կիզակէտը այսօր Ուքրանիան է: Շշուկով կը խօսուի, թէ Պայտըն նախապատրաստական աշխատանքի սկսած է, քանի մը ամիս ետք տեղի ունենալիք՝ «պաշտօնավարութեան կիսուն» ընտրութիւններուն համար: (Միջանկեալ արձանագրենք: Երբ «Իսլամական պետութեան» մէկ նորագոյն ղեկավարին սպանութիւնը յայտարարուեցաւ քանի մը օր առաջ, Պայտընի ընտրապայքարին այս ու նման «սխրագործութիւններու» բերելիք նպաստին մասին զրոյցներ հնչեցին): Ու երբ Պայտըն կը սպառնայ տնտեսական պատժամիջոցներու դիմել Ռուսիոյ դէմ, պաշտպանելու համար Ուքրանիան (ո՛չ ոք կը խօսի այն մասին, թէ Ուաշինկթըն եւ դաշնակիցները ուղղակի ճակատումի մը պիտի երթան Ռուսիոյ հետ, եւ սա բնականաբար կը մտահոգէ «քաւութեան նոխազ» դառնալու պատրաստուող Ուքրանիան), միաժամանակ, եւրոպացիներուն անուղղակիօրէն «էսդի՜ համեցէք» կ’ըսէ, օրինակ, կը խոստանայ Պալթիկ ծովուն ճամբով Ռուսիայէն հասնող վառելանիւթի նոր խողովակաշարը կասեցնել եւ, որպէսզի եւրոպացիք վառելանիւթի տագնապի չմատնուին՝ «աչք կ’ընէ», թէ ինք կրնայ մատակարարել պակսող բաժինը: Կարգ մը դիտողներ կ’ըսեն, որ սա առաւելաբար քարոզչական տրամադրութիւն կ’արտայայտէ, որովհետեւ ամերիկեան վառելանիւթը գոնէ շատ աւելի սուղ պիտի արժէ եւրոպացիներուն:
Այս բոլորէն անդին, ո՛չ ոք դժգոհութեան կամ բողոքի ձայն կը բարձրացնէ (եւ… զարմանալի չէ) ընդդէմ ամերիկեան ուժերու եւրոպական երկիրներ փութացումին դէմ: Երբ իրաքեան, սուրիական, աֆղանիստանական եւ այլ «արկածախնդրութիւններ» կրակի վրայ կը դրուէին, բաւական սուր բանավէճ տեղի կ’ունենար ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ, մտահոգութիւններ կը բարձրաձայնուէին, թէ ամերիկացի զինուորներ պէտք չէ ղրկել վտանգաւոր գօտիներ, յիշեցումներ կը կատարուէին վիեթնամեան «նախճիրներու» մասին: (Չենք մոռնար, որ Խորհրդային Միութիւնն ու ժառանգորդ Ռուսիան ալ նմանօրինակ միջամտութիւններով պատմութիւն կերտած են, սակայն հոն նմանօրինակ բողոքի ձայներ լսելի չեն ըլլար…): Այդ ձայները շարունակուեցան յիշեալ տագնապներու ամբողջ տեւողութեան, տարուէ տարի աւելի՛ ուժեղ հնչեցին եւ դարձան… զօրաւոր խաղաքարտ: Ճիշդ է, որ այսօր Եւրոպա ղրկուած ամերիկացի զինուորները անմիջականօրէն պատերազմի դաշտ նետելու ծրագիրներ չկան, սակայն եղածը կարելի չէ դիտել միջամտութեան, գոնէ միջամտութեան պատրաստութեան օղակէն դուրս…
Անդին, Ռուսիա թէեւ մտահոգ է եւրոպական շուկայէն որոշ չափով զրկուելու հաւանականութեամբ, սակայն անդին, գտած է Չինաստանի շուկան (նման ընթացք ունի արեւմտեան ճնշումներու եւ կապանքներու ենթակայ Իրանը): Պատահական չէր, որ Փութին ձմեռնային Ողիմպիականներուն բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ բանակցութիւններ ունեցաւ Չինաստանի իր գործակիցին՝ Ճինփինկի հետ, իսկ գրեթէ նոյն օրերուն, ռուսական, չինական եւ իրանեան ուժեր միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին, բացայայտելու համար, որ Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու գօտիներուն մէջ շեշտակի դարձած՝ արեւմտեան ազդեցութեան հզօրացումը հաշտ աչքով չի դիտուիր իրենց կողմէ: Այլ խօսքով, Ռուսիոյ դէմ Ուաշինկթընի եւ դաշնակիցներուն (ՆԱԹՕ-ին) ճանշումներուն հզօրացումը ունեցաւ բնական հետեւանք մը՝ Մոսկուա-Փեքին յաւելեալ մերձեցում: Եթէ մարդիկ յիշողութեան տոպրակը քրքրեն, պիտի տեսնեն, որ անցեալին ալ, նիքսընեան «փինկ-փոնկի քաղաքականութենէն» առաջ եւ ետք, Մոսկուա-Փեքին մերձեցումները եղած են նման շարժումներու պատճառով:
Ֆրանսայի Մաքրոնն ու Գերմանիոյ Շոլցը նմանապէս ունին «մասնակի հաշիւներ»: Որքան ալ որ Եւրոպան դաշնակից է Ուաշինկթընի, կան բացայայտ տարբերութիւններ, նոյն ակնոցը չգործածելու հարկադրանքներ: Եւրոպա մի՛շտ ալ փորձած է ինքզինք ըստ կարելւոյն անվնաս պահել ամերիկեան «տիրակալութենէ» (խօսքը միայն մշակութային մարզին մասին չէ): Եւրոպական միութեան եւ նախընթաց քայլերուն մէջ, ի շարս այլոց, կար Եւրոպայի քաղաքական ու տնտեսական ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պահպանման նախանձախնդրութիւնը: Եւրոպական ճարտարարուեստի (օրինակի համար՝ ինքնաշարժերու) մեծ ու փոքր ընկերութեանց՝ ամերիկացիներու (համաշխարհայնացած ընկերութիւններու) կողմէ կլանուիլը միայն դրական աչքով չէ դիտուած Եւրոպայի մէջ, թէեւ սա մարզ մըն է, որուն մասին, ինչպէս նշեցինք, բարձրաձայն չի խօսուիր: Երկու պետական մարդիկը, որոնք կը կազմեն Եւրոպայի հզօրանքին առանցքը, ունին, Պայտընի նման, ընտրական հաշիւներ: Մաքրոն ունի վերընտրուելու օրակարգ, Շոլց նոր փոխարինած է Մերքէլը, իր կառավարութեան ընկերակցութեան (քոալիսիոն) մէջ իսկ ունի լուռ մրցակիցներ, հետեւաբար, ուքրանական դաշտին մէջ դիւանագիտական նուաճում մը կրնայ դրամագլուխ ապահովել երկու գործակից պետերուն: Պորիս Ճոնսընի պարագան ալ արհամարհելի չէ, նախ՝ «Պրեքզիթ»-ին, ապա նաեւ «արգիլեալ օրերու» գինարբուքներ սարքելներէն ծագած ալիքներուն պատճառով:
Կարելի չէ անտեսել Թուրքիոյ Էրտողանին դերակատարութիւնը, պարզ խօսքով՝ լարախաղացութիւնը: Թուրքիոյ նախագահն ալ, իբրեւ խաղաղարար միջնորդ, կրկէս մտաւ, սակայն ըստ սովորութեան, չծածկեց… ՆԱԹՕ-ին իր հաւատարմութիւնը, երբ Քիեւի մէջ բացայայտօրէն արտայայտուեցաւ Ռուսիոյ դէմ, Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտար»-ներու արտադրութեան պայմանագիր ալ կնքեց, պաշտպան կանգնելով Ուքրանիոյ հողերուն ամբողջականութեան եւ Խրիմի վերադարձին: Ան բանականաբար չխօսեցաւ իր այն ախորժակներուն մասին, որոնք ուղղուած են Խրիմին, որուն համար, շուրջ 150 տարի առաջ պատերազմներ ալ մղեց ցարական Ռուսիոյ դէմ, եւ արեւմուտքի օրուան դաշնակիցները իր ետեւէն վազցուց՝ ռուսական տարածումը կասեցնելու նպատակով…: Այլ խօսքով, Էրտողանի համար ալ, Ուքրանիոյ զէնքի շուկան ունի հրապուրիչ երեսներ: Հարց է, թէ Ռուսիա որքա՞ն պիտի հանդուրժէ այսպիսի Թուրքիա մը, որուն համաթուրանական երազները կ’ընդգրկեն ո՛չ միայն հարաւային Կովկասը, անմիջականօրէն՝ Սիւնիքը, այլ նաեւ՝ նոյնինքն Ռուսիոյ կարգ մը շրջանները (Թուրքիոյ մէջ քարտէսներ ալ հրապարակ կը ներտուին, Թուրքիոյ յաջորդ կայսրութիւնը հասցնելով մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, քերթելով Ռուսիոյ հարաւային շրջանները): Մինչ այդ, Թուրքիա կը շարունակէ հրապարակի վրայ մնալ իբրեւ ռուսական զէնքերու յաճախորդ եւ այդպէսով, (իբրեւ թէ) կը զայրացնէ Ուաշինկթընն ու դաշնակիցները, որոնք, յամենայնդէպս, աւելի՛ շօշափելի պատճառներ ունին հանդուրժելու թրքական լարախաղացութիւնը, որ խորքին մէջ մէկ արտայայտութիւնն է ՆԱԹՕ-ի հեռահաս ծրագիրներուն:
…ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ «ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏ»
Մասնակի եւ նուազ լուսարձակ խլող շահեր կան այլ կալուածի մը մէջ, որ կը կոչուի «պատերազմի ճարտարարուեստ», կալուած՝ որ անպայման չի գտնուիր պետութիւններու հակակշիռին տակ, այլ հակառակը աւելի՛ ճիշդ է:
Սկսինք հետեւեալ հարցումով. որո՞նք են մանր ու տարածուն պատերազմներէ «կողմնակի» բայց հսկայական շահեր ապահովողները:
Թուենք քանի մը պատասխան. նախ անոնք՝ որոնք տագնապի գօտիներ ղրկուած զինուորները կը փոխադրեն, կը մատակարարեն հագ ու կապով, ճաշերով, անոնց համար զօրանոցներ եւ յարմարաւէտ կեցավայրեր կը շինեն: Սա թաքուն եւ աներեւակայելիօրէն շահաբեր «ճարտարարուեստ» մըն է, հաւանաբար նոյնքան եւ աւելի՛, որքան է… զէնքի շուկան: Յիշատակենք քանի մը օրինակ. Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ, ամերիկացի զինուորներու զօրանոցներ շինողներ եւ զանոնք հոգացողներ, առօրեայ կարիքներ մատակարողներ շատ իւղոտ պատառներ կուլ տուած են, կառավարական իշխանութիւններու ներկայացնելով բազմապատիկ սուղ մուրհակներ (իսկ ամէնէն աղաղակող օրինակներէն մէկը՝ Իրաքի մէջ նոր վարչակազմ պատրաստելու պատրուակով ղրկուած գումարներէն աւելի քան 7 միլիառ տոլարի «շոգիացումն» էր աւելի քան 15 տարի առաջ): Աւելորդ է ըսել, թէ այդ վճարումները կու գան շահատուրք վճարողներէ, որոնք յաճախ բողոքի ցոյցերու կը հանուին համեմատաբար մանր (թէեւ ո՛չ արհամարհելի) կացութիւններու դէմ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պէտք չունինք թուելու, ցոյց տալու համար, թէ պատերազմներն ու անոնց պատրաստութիւնն իսկ (նաեւ չպայթելու պարագային) խորքին մէջ ոսկի հաւկիթ ածող հաւ կամ սագ են նման՝ լուսարձակներէ հեռու, «հայրենասիրաբար» գործող ընկրութիւններու եւ անոնց ետին կանգնող՝ պետական մարդոց համար: Հետեւաբար, մարգարտածաղիկին թերթերը փրցնողներ կրնան հարց տալ, թէ ի վերջոյ, Ուքրանիոյ մէջ լայնածիր պատերազմի մը պայթո՞ւմը աւելի շահաւոր պիտի ըլլայ, թէ՞ երկարաձգուող տագնապ մը (բնականաբար սա միակ գործօնը չէ,որ պիտի որոշէ պատերազմի քայլին ճակատագիրը, սակայն սա քողարկուող տարր մըն է):
Զէնքի շուկան շատ աւելի բացորոշ կ’երեւի «պատերազմի ճարտարարուեստ»ի բեմին վրայ: Նորութիւն չէ, որ արտադրողները, որոնք ընկերութիւններ են, եւ ո՛չ թէ պետութիւններ, ինչպիսի՛ հարկադրանքներու դիմաց կը դնեն բեմին յառաջամասին «պարող» պետական մարդիկը: Հաւանաբար չէ մոռցուած, որ հանրապետական Տոնըլտ Թրամփ մը իր արտասահմանեան առաջին ճամբորդութիւնը կատարեց դէպի Սէուտական Արաբիա, լուսանկարներով գովասանքը ըրաւ ամերիկեան «գեղեցիկ զէնքեր»ու, հրաւիրեց առատ-առատ գնելու անոնցմէ, եւ այդ զէնքերը սկսան աւելի՛ առատօրէն գործածուիլ… Եմէնի մէջ, մոռցուեցաւ, որ կար ժամանակ՝ երբ Իսրայէլն էր արաբական աշխարհին եւ անոր ղեկավարի պատմուճանին համար մրցակցողներուն հռչակուած թշնամին: Հիմա, դեմոկրատ Պայտընի կարգն է Ուքրանիան ամերիկեան զէնքերով հրապուրելու, դաշնակիցներուն ախորժակներն ալ յայտնի են (լուսանցք գացած է այն պարագան, երբ Ուաշինթըն «Ֆրանսայի կռնակէն» սուզանաւեր ծախեց Աւստրալիոյ…): Մէկ խօսքով, իշխանութեան գլուխը կանգնողին պատկանելիութիւնը երկրորդական կը դառնայ, երբ երկուքին ալ մղում տուողը նոյն՝ «չտեսնուող հսկաներ»-ն են:
Բնականաբար «պատերազմի ճարտարարուեստ»ը ունի բազում այլ պտուղներ, որոնք համտեսելու բախտը կ’ունենան «ընտրեալներ»: Նպատակ չունինք այլ երեսներու ցանկագրումն ու մեկնաբանութիւններ կատարելու, ուրեմն բաւականանաք այս մասնակի ուրուագծումով, որմէ անդին տարածուող հորիզոնները անպայման հեռադիտակի չեն կարօտիր:
Ո՞ՒՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՄԵՆՔ
Ինչպէս նշեցինք մեր առաջին սիւնակին մէջ, Ուքրանիոյ եւ այլ տարածքներու (Ղազախստանը չմոռնանք) մէջ զարգացող, խորացող տագնապները անխուսափելի անդրադարձ, ազդեցութիւն կ’ունենան Հայաստանի ու նման երկիրներու, Կովկասի եւ աշխարհի այլ գօտիներուն վրայ (երանի թէ հակառակն ալ ճիշդ ըլլար, այսինքն, Հայաստան եւս հասնէր իր տագնապները աշխարհով մէկ հենչեցնելու կարողութեան, օգտուիլ ստեղծուած եւ ստեղծուելիք ալիքներէ):
Վերի նշումները կը կազմեն մասնակի խորապատկերը այն զարգացումներուն, որոնք տեղի կ’ունենան Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջը: Ըսել չենք ուզեր, թէ ամէն շարժում, զարգացում կապուած է կամ կախեալ՝ արտաքին իրադարձութիւններէ, սակայն…
Ուրեմն, ՆԱԹՕ-ի (որուն մէկ լարախաղաց անդամն է Թուրքիա) եւ Ռուսիոյ միջեւ ելեւէջող հակամարտութիւններուն (այսօր՝ Ուքրանիա, երէկ՝ Ղազախստան, այլապէս՝ արեւելեան եւրոպական եւ պալթեան երկիրներ, առանց անտեսելու հարաւամերիկեանները) խորապատկերին յառաջամասը կազմող մե՛ր բեմին վրայ է որ կը խաղցուին մէկ կողմէ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան ու գործակութեան էջը բանալու, միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ին միջեւ ճօճանակուելու քաղաքական-մարտավարական մրցումները: Մեր բեմի օրակագին վրայ անմիջական ապագային կան նաեւ Անթալիոյ համագումարին մասնակցելու, «Զանգեզուրի անցքը պիտի տանք-պիտի չտանք»ի բանավէճերը, մերթ ընդ մերթ մոռացութենէ դուրս բերուող՝ գերիներու տագնապը (ֆրանսական նորագոյն բարեխօսութեամբ մը խումբ մը գերիներու տունդարձը այլապէս յուշարար մըն էր մեր դիւանագիտական մեքենային իրավիճակին): Կան, անշուշտ, իրողապէս մոռացութեան տրուած Արցախը (հողեր, ինքնորոշման իրաւունք եւ այլն), գրաւեալ գօտիներու մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեանց բնաջնջման ՊԵՏԱԿԱՆ ծրագիրներն ու իրագործումը՝ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուասծ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց հետ անյիշաչար ոգիով գործակցելու կը վազեն մեր իշխանաւորները, մոռնալով (եւ համոզել փորձելով որ մեր ժողովուրդն ալ մոռնայ) թէ 15 ամիս առաջ ինչպիսի՜ ոճիրներ գործուեցան Արցախի մէջ, ալ ի՜նչ խօսք՝ Ցեղասպանութեան ու հետեւանքներուն մասին: Հապա՞ տնտեսական եւ ընկերային բեռներուն ծանրացումը, ընտրական, դատարանային կալուածները, որոնք այլապէս անհրաժեշտ ուշադրութեան առարկայ են…
Նոյն բեմին վրայ, այս ու այն կողմէ կը հնչեն «Ռուսիոյ պէտք է յարինք», «Արեւմուտքին պէտք է յարինք» ծայրայեղական մարգարէութիւնները, կը զայրանանք, որ մեր խաղաղութիւն մուրալու մեր իշխանաւորներուն ցնորական բարեմտութեան դիմաց, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր քիչ մը աւելի՛ ուժեղ կը հնչեցնեն իրենց սպառնալիքները, վարկաբեկիչ խօսքն ու գործը, որպէսզի Հայաստան անվերապահօրէն ընդունի մեր պետականութիւնը իրողապէս (ինչո՞ւ չէ, նաեւ իրաւապէս) չքացնելու միտող առաջադրանքները, եւ ահա Պելոռուսիոյ նախագահէն վրայ կը հասնի Հայաստանը ոտնահարող, սակայն խորքին մէջ որոշ պատգամ մը հնչեցնող յայտարարութիւն մը:
…Կարելի է աւելի մանրամասն եւ երկար խօսիլ նաեւ Ուքրանիոյ տագնապին լուծման հետամտող «ծանր հրետանիներուն» եւ անոնց ետին կանգնող՝ գեր-գե՛ր-հզօրներուն երեւցող ու չերեւցող հաշիւներուն, հաշուարկներուն մասին, բայց կը նախընտրենք չմտնել այլ բաւիղներու մէջ: Կը մնայ հարց տալ, թէ աշխարհը տագնապեցնող, երեւութապէս սահմանափակ կամ լայնածաւալ պատերազմի մը հաւանականութիւնները ուրուագծող այժմու համայնապատկերին մէջ, ի՞նչ կարելի է ընել՝ «նուազագոյն վնասով պրծելու» համար:
Պատասխան(ներ) գտնելը դիւրին չէ, սակայն նաեւ անկարելի չէ: Իմաստուն պետական ղեկավարութեան մը փնտռտուքը, ստեղծուած ալիքներուն միջեւ հաւասարակշռուած նաւավարութեան մը հմտութիւնը աւելի քան բաղձալի են, աւելի՛ն, հրամայական են: Հայաստանի պետական կառոյցները պէտք է բանաձեւեն սխալ եւ վնասաբեր հորիզոններու հետապնդումէն ետդարձ ընելը եւ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷՆ ԲԽՈՂ, անոնց համապատասխան ուղեգիծ մը (քանի մը գիծ նշեցինք, թէ խաղաղարարները ինչպէ՛ս կը հետապնդեն իրե՛նց «մասնակի» շահերը): Որքան բաղձալի պիտի ըլլար, որ այսօրուան իշխանութիւնը ի՛նք ըլլար նախաձեռնողը, սակայն անիկա կրկին ու կրկին, ամէն քայլափոխի ցոյց կու տայ, թէ «այս գործին ատակ մարդը չէ», հետեւաբար, իսկական ընդդիմադիր ճակատներուն, նոյնինքն ժողովուրդի՛ն կը մնայ պարտականութիւնը պետական վարքագիծը հիմնական սրբագրումի ենթարկելու եւ զայն պահելու հեռու՝ ամբոխավարական եւ սնամէջ քարոզչական, մեր հայրենիքը նոր կորուստներու տանող ուղիներէ: Կրկնե՛նք: Դժուար է այժմու պայմաններուն մէջ, սակայն անկարելի չէ, որովհետեւ քաղաքական կեանքը յարափոփոխ է, պէտք է որդեգրել պահուն հարկադրած ճկունութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ նա՛եւ որեւէ դրական անակնկալի:
yerakouyn.com/2022/02/14/աշխարհը-եւ-մենք-բ-ուքրանիոյ-շուրջ-կիս/