Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Աւելի Լաւ Հակահետախուզութիւն՝ Օտարերկրեայ Եւ Ներքին Լրտեսներու Գործունէութիւնը Խափանելու Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Աւելի Լաւ Հակահետախուզութիւն՝ Օտարերկրեայ Եւ Ներքին Լրտեսներու Գործունէութիւնը Խափանելու Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Columnist Harut Sassounian

Անցեալ շաբաթ բոլորս ցնցուած էինք այն լուրէն, թէ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) ձերբակալած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ ծառայող 19 հոգի՝ Ատրպէյճանի օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով:

ԱԱԾ մեղադրեց ձերբակալուած 19 հայ զինուորականները՝ դրամական գումարի դիմաց Ատրպէյճանին ռազմական գաղտնիքներ փոխանցելու յանցանքով: ԱԱԾ պարզաբանեց, որ ատրպէյճանցի գործակալները կապուած են հայ զինուորականներու հետ՝ ստեղծելով «ֆէյսպուք»ի կեղծ էջեր՝ հայերէնով շփուող գրաւիչ կիներու լուսանկարներով: Կան շատ ատրպէյճանցիներ, որոնք սահուն հայերէն կը խօսին, քանի որ ծնած են Հայաստան եւ յաճախած են հայկական դպրոցներ, մինչեւ 1980ականներու վերջաւորութիւնը, երբ Արցախի դէմ քաղաքացիական անկարգութիւնները ծայր տուին, ուստի անոնք Ատրպէյճան փախուստ տուին:

Կան անվտանգութեան բազմաթիւ լուրջ հարցեր, որոնց Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ ուշադրութիւն դարձնէ եւ ձեռնարկէ յատուկ միջոցներու, լրտեսական այսպիսի դէպքերու կրկնութիւնը նուազագոյնի հասցնելու համար: Բայց նոյնիսկ բարելաւուած հակահետախուզութեան պարագային, նման հարցեր պիտի չանհետանան, այլ, պարզապէս, նուազագոյնի պիտի իջնեն, այնքան ատեն որ գրեթէ բոլոր երկիրները կը դառնան օտարերկրեայ եւ ներքին լրտեսներու զոհ:

Ահա՛ իմ մտորումները եւ առաջարկները.

1) Հայաստանի կառավարութիւնը անյապաղ պէտք է քայլերու ձեռնարկէ եւ նշանակէ հմուտ մասնագէտներ, որոնք պարտին գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարեն հետախուզական ծառայութիւնը: Այս առաջարկը տեղի կ՛ունենայ այն պատճառով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրեթէ բոլոր պաշտօններուն համար նշանակած է անփորձ եւ անտեղեակ պաշտօնեաներ, պարզապէս մեկնած անոնց՝ իշխող կուսակցութեան անդամակցութենէն: Անկարողութեան ամէնէն թարմ օրինակը ԱԱԾի զարմանալի յայտարարութիւնն էր այն մասին, որ թերթէն յօդուած մը կարդալով միայն իմացած են, թէ Հայաստանի նախագահը երկքաղաքացիութիւն ունի, ինչ որ Հայաստանի օրէնսդրութեան խախտում է: Պատկերացուցէք, որ Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւնները, նախագահին չորս տարուան պաշտօնավարումէն ետք, թերթէն կը տեղեկանան այսպիսի կարեւոր հարցի մը մասին, փոխանակ իրենք ըլլալու զայն առաջին բացայայտողը:

2) Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, բացի անկէ, որ փորձառու քատրերու կարիքը ունի, պէտք է ունենայ նաեւ հակահետախուզութեան ամէնէն յառաջադէմ արհեստագիտութիւնը:

3) Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է խորհրդակցի դաշնակից կառավարութիւններու հետ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է բարելաւէ իր հետախուզական ծառայութիւններուն ուսուցումը, կազմակերպումը եւ գործունէութիւնը:

4) Լրտեսութեան համար ձերբակալուած 19 հայերը կը մեղադրուին Հայաստանի զինուորական անձնակազմի, զէնքի եւ ռազմական սարքերու մասին գաղտնի տեղեկութիւններ Ատրպէյճանին փոխանցելու մէջ: Կը մնայ պարզել, թէ արդեօք անոնք մեղաւոր կը ճանչցուի՞ն դատարանին կողմէ, քանի որ, վերջին չորս տարիներուն, բազմաթիւ հայ պաշտօնեաներ ձերբակալուած են իրաւական տարբեր խախտումներ կատարելու համար, սակայն՝ չեն դատապարտուած:

5) Ինչպէ՞ս հայկական զինուած ուժերը կրնան թոյլ տալ իրենց զինուորականներուն՝ ունենալ «ֆէյսպուք»ի էջեր, քանի որ բոլորը գիտեն, որ անոնք խոցելի են «հեքըր»ներու համար եւ կրնան իբրեւ թիրախ ընտրուիլ օտարներու կողմէ:

6) Ո՞ւր էր Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններու վերահսկողութիւնը այն պահուն, երբ խոցելի զինուորականները ազգային գաղտնիքներ կը հաղորդէին թշնամիին: Աւելի լաւ է կանխել նման գաղտնիքներու փոխանցումը՝ նախքան անոնց գործադրումը, այլ ոչ թէ վնասը հասնելէ ետք:

7) Խիստ մտահոգիչ է, որ այդքան մեծ թիւով տարբեր աստիճանի զինուորականներ ձերբակալուած են: ԱԱԾ յայտարարեց, որ մօտաւորապէս 24 զինուորականներ ներգրաւուած եղած են այս լրտեսական գործունէութեան մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կան քանի մը կասկածելիներ եւս, որոնք չեն ձերբակալուած՝ ապացոյցներու բացակայութեան, անոնց ինքնութեան կամ գտնուած վայրի անյայտութեան պատճառով: Մենք չենք գիտեր նաեւ, թէ մինչեւ իր ձերբակալութիւնը որքա՛ն ժամանակով գործած է այս լրտեսական ցանցը:

8) Եթէ նոյնիսկ այս լրտեսական ցանցի մնացած անդամները ձերբակալուին եւ մեղադրուին, այդ չի նշանակեր, որ 24 կասկածելիները միակն են, որ ներգրաւուած են այս լրտեսական ցանցին մէջ: Կրնան ըլլալ տասնեակ կամ հարիւրաւոր ուրիշներ, որոնց ինքնութիւնն ու գործունէութիւնը անյայտ են: Ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճան կարծես թէ ունի հմուտ եւ փորձառու գործակալներու անձնակազմ մը, որ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ: Ամենայն հաւանականութեամբ, նշեալ անձնակազմին վերապատրաստումը կը կատարէ եւ անոր կ՛օգնէ թրքական բարձրակարգ հետախուզական ծառայութիւնը՝ MIT-ը (Ազգային հետախուզական կազմակերպութիւն):

9) Այս լրտեսական գայթակղութեան լուրջ հարցերէն մէկը այն է, որ ձերբակալուածներէն ոմանք, ըստ տեղեկութիւններու, ազգային գաղտնիքներ ծախած են՝ քանի մը հարիւր տոլարի դիմաց: Պարզ է, որ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ լուրջ թերութիւններ կան, այնքան ատեն, որ Հայաստան ծնած, մեծցած, կրթուած եւ զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող հայը պատրաստ է չնչին գումարի դիմաց դաւաճանել իր ազգին: Խիստ մտահոգիչ է նաեւ այն, որ որոշ հայեր, մասնաւորապէս զինուորականներ, զուրկ են ազգային հպարտութեան եւ հայրենասիրական զգացումներէ:

10) Հայաստանի մէջ ասիկա առաջին անգամ չէ, երբ լրտեսներ կը ձերբակալուին: Վերջին 30 տարուան ընթացքին արձանագրուած է հայերու կողմէ Թուրքիոյ օգտին լրտեսութեան քանի մը դէպք: Անոնցմէ ոմանք եղած են Հայաստանի պետական պաշտօնեաներ:

11) Ատրպէյճան նախապէս յայտարարած էր շարք մը հայերու եւ ատրպէյճանցիներու ձերբակալութեան մասին?անոնք իբր թէ լրտեսած էին յօգուտ Հայաստանի: Յայտնի չէ, սակայն, թէ անոնք իսկապէս լրտեսնե՞ր էին, թէ ոչ:

12) Ես մտավախութիւն ունիմ, որ Հայաստանի մէջ լրտեսական հարցերը շատ աւելի պիտի սրին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանի ենթադրեալ բացումով: Այս մէկը աւելի շատ պիտի արտօնէ ատրպէյճանցի եւ թուրք լրտեսներու՝ իբրեւ զբօսաշրջիկներ կամ գործարարներ մուտք գործել Հայաստան, օդային եւ ցամաքային ճանապարհներով:

13) Բացի իսկական լրտեսներէ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը հաւաքեն Հայաստանի մասին՝ նաեւ հարցաքննելով իրենց քաղաքացիները՝ Հայաստանէն վերադառնալէ ետք: Ի հարկէ, լրտեսութիւնը միայն այս երկու երկիրներով չի սահմանափակուիր, քանի որ ուրիշ պետութիւններ եւս կը զբաղին Հայաստանի վերաբերեալ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրումով:

14) Եղած են քանի մը դէպքեր, օրինակ՝ վերջին տարիներուն, երբ Հայաստանի մէջ աշխատանքի բացակայութեան պատճառով Թուրքիա գաղթած հայերուն դիմած է թրքական հետախուզութիւնը՝ տուն վերադառնալէ անմիջապէս ետք Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու առաջարկով, որուն համար անոնք լիառատ հատուցում ստացած են:

Ամփոփելով, թշնամական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան ոչ միայն պատերազմի, այլեւ խաղաղութեան ժամանակ՝ հաւաքագրելով ներքին եւ արտաքին գործակալներ: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է շատ լրջութեամբ մօտենայ այս հարցին եւ անհրաժեշտ միջոցներ ու անձնակազմ յատկացնէ, որպէսզի կարենայ նման հետախուզական գործունէութեանց լաւագոյն ձեւով հակազդել:

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

asbarez.am/413557/հայաստանին-անհրաժեշտ-է-աւելի-լաւ-հակա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail