Մեր Ո՛ղբը… Մեր Ո՞ւժը (21 Փետրուար – Մայրենի Լեզուի Օր) – Համբիկ Պիլալեան
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – 21 Փետրուար – Մայրենի Լեզուի Օր:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Քեզ, Հայ Լեզո՛ւ, կը սիրեմ մրգաստանի մը նըման…
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Կարծես ի վերուստ երկու հակոտնեայ ճանապարհ է եղած հայութեան համար: Մէկը` մաշտոցեան ուժի, ինքնութեան ու տեսակի պաշտպանութեան ուղին է, միւսը` ողբերգութիւններու դիմաց ընկրկելու, առաւել ընկճուելու եւ կեանքի դաժան յորձանուտին յանձնուելու վիճակն է:
Յիրաւի, սա տարօրինակ երեւոյթ մըն է հայ կեանքի մէջ, երբ գիտենք մեր ուժին տարողութիւնը, այլապէս ալ կ՛անգիտանանք անոր տիրութիւն ընելու հրամայական պահանջը, կարեւորութիւնը:
Արդեօք այս անբացատրելի վիճակին մէկ դիպուկ դրսեւորումները չե՞ն հայ իրականութեան մէջ առկայ ՈՂԲԵՐԸ վաղուց անտի, երբ հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացիէն սկսեալ անոնք իրար յաջորդեցին` հասնելով Շնորհալի, Նարեկացի, «Վէրք Հայաստանի» ու սեւակեան «Ողբամ մեռելոց»-ի:
Մէկ կողմէ հայոց անկրկնելի պատմահայրը լոյսին կը բերէ իր ժողովուրդին հազարամեայ գանձերը` պեղելով դարերու ակունքը, սակայն, միւս կողմէ, չէ մոռցած սեփական ժողովուրդին «Ողբ»-ը` այլամերժութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, փառքի ու իշխանութեան հանդէպ տկարութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, օտարամոլութիւնը, եսի եւ ինքնասիրութեան սոսկալի կառչածութիւնը, անմիաբանութիւնը, կեդրոնախոյզի եւ ինքնահաւանի վարքագիծը, պետական հովանիին ներքեւ ապրելու դժկամութիւնը եւ բազում հաւաքական ախտեր, որոնք ժառանգն են եղած մեր ողջ պատմութեան:
Անշուշտ, հասկնալ է պէտք, որ խօսքը կը վերաբերի հայութեան ներսիդին արմատաւորուած ինքնագոհի եւ պատեհապաշտի երեւոյթին, որ աւերներ գործած է ամբողջ դարեր, թագաւորութիւն(ներ), պետականութիւն եւ հայրենիք կորսնցուցած` հաշուի չառնելով, որ ներքին թշնամին աւելի վտանգաւոր է, քան` դուրսի բարբարոսը:
Այլ խօսքով, ազգային ու համաշխարհային մշակոյթ կերտած հայութիւնը չէ անդրադարձած, դարեր շարունակ, ցաւ ի սիրտ, որ ներազգային կեանքի մէջ որեւէ պառակտիչ հարց թէ երեւոյթ, խորքին մէջ մեծագոյն հարուածն է իր իսկ գոյութեան, բայց մանաւանդ` ազգային անվտանգութեան:
21 Փետրուար: Մայրենի լեզուի օր:
Եկաւ ժամանակ մը, որ օտարին կողմէ հնչեցուած ահազանգն անգամ ոչ մէկ բանի ծառայեց, աւելի՛ն. «ողբ» մը եւս աւելցուց հայոց օրագրութեան մէջ:
Ահազանգ մը, որ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի մեր մայրենի լեզուի մէկ ճիւղին, այս պարագային` արեւմտահայերէնին, որ պետական հովանիէ զրկուած ըլլալով, կրնայ կորստեան մատնուիլ հետագայ տասնամեակներուն:
Սկեպտիկ հայը կրնայ ըսել` ու մենք կը նահանջենք երգով ու պարով, խինդ ու ժպիտով, յօժար կամքով, գիտակցաբար, անայլայլ եւ անհոգաբար:
Այո՛, արեւմտահայերէնը կը նահանջէ, այսպէս ըսած, մեր բաց աչքերուն առջեւ, պայծառ մտքին եւ խաղաղութիւն տրոփող սրտին զուգընթաց: Սերունդներ տակաւ կը կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնն ու արեան կանչի տրոփը: Կարծես սփիւռքացած մեր կեանքի դառնութիւնը չէր բաւեր, ահաւասիկ մեր օրերու մեծագոյն վտանգը` հայ վարժարաններու փակումն ու օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներու ստուար թիւը պիտի ըլլար:
Ի դէպ, մտահան պէտք չէ ընել օտարամոլութեամբ կամ բարդոյթներով յագեցած հայ ծնողքի կատարած ինքասպանդը, իր իսկ զաւկին ու ազգին հաշուոյն, երբ ան սիրայօժար եւ սառնասրտութեամբ իր զաւակները կ՛առաջնորդէ հայ հոգիէ զուրկ միջավայր մը, ուր ինքնութեան կորուստի առընթեր, աշխարհաքաղաքացիներ կը պատրաստուին, աւելի՛ն. «պատուաբեր» մասնագէտներ ունենալու հեռանկարով:
Իսկապէս որ տարօրինակ է մեր կեանքը: Խաւարի տարիներուն գաւառներու մէջ դպրոց եւ դպրութիւն կ՛ուսուցանուէր, մամուլ կը հրատարակուէր, հանրային կարծիք կը ձեւաւորուէր, այսօր, լոյսի եւ փառքի օրերուն, հայ աշակերտութիւնը իր կարապի երգը կ՛երգէ` այլասէրի պատմուճանը հանդերձելով:
Մեծով ու փոքրով, իշխանաւորով եւ պատմագէտով քաջածանօթ ենք այն իրականութեան, որ առանց հայ վարժարանի գոյութեան, անոր առաւել զարգացման եւ բարգաւաճման ուղղակի վտանգուած են գաղթօճախները, հայութիւնն անգամ:
Եթէ երբեք եւ անտարակոյս հայութեան լինելութեան մեծագոյն զրահը հայոց լեզուն է` իր մշակութային եւ գիտական արտայայտութիւններով, այլապէս ալ մայրենին կը պաշտպանուի եւ կը հզօրանայ բացառապէս հայ վարժարանէն ներս, հայաբոյր գրասեղանի ետին նստած մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեամբ:
Ու կը պոռթկանք, կը տուայտինք, կը ցաւինք ի տես մայրենի լեզուին տակաւ աղաւաղման եւ անպաշտպանութեան: Ու դեռ կը հաւատանք հայ վարժարանի առաքելութեան:
Փաստօրէն, հայ երեխան իր ազգային նկարագիրը հայ վարժարանի մէջ է, որ պիտի կերտէ, իր հոգիին դռները պիտի բանայ ու հայակերտ հայեացքները ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք խանդավառութեամբ եւ գիտակցութեամբ պիտի հիւրընկալեն զինք եւ ջամբեն մեսրոպաշունչ ոգիին գեղեցկութիւնը` հայոց լեզուն:
Պղպջակային խօսքերու եւ ծերունազարդ յորդորներու հանդէսներ կ՛ապրինք:
Ճիշդ է, որ մեր շուրջը կան, կ՛ապրին, կը ստեղծագործեն մաշտոցեան շունչի ու մտքի հաւատաւոր, զտարիւն հայ լեզուաբաններ, որոնք թէեւ միայնակ, բայց կամքի ու հաւատամք զօրութեամբ կը պայքարին յանուն արեւմտահայերէնի գոյութեան, պաշտպանութեան:
Բոլորս շլմորած եւ յաճախ անճրկած ելքեր կը փնտռենք, աւելի՛ն. հայեցի դիմագիծ, ազգային պատկանելիութեամբ յագեցած, հայարիւն, մայրենին պաշտող սերունդներ կ՛երազենք, բայց մտահան կ՛ընենք ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ առանց առողջ, արդի ու գործնապաշտի առաջադրանքի եւ ծրագիրներու, դժուար թէ կարենանք տոկալ եւ թաւալգլոր մեր բախտի անիւը կասեցնել:
yerakouyn.com/2022/02/21/մեր-ո՛ղբը-մեր-ո՞ւժը-21-փետրուար-մայր/