Անդրադարձ – «Ազդակ»-էն Նամակ Ստացայ. «Ազդակ» 95 Տարեկան Է – Յակոբ Պալեան
06 ՄԱՐՏ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«Ազատ մամուլը կրնայ ապահովաբար լաւ կամ վատ ըլլալ, բայց շատ ապահովաբար, առանց ազատութեան, մամուլը միշտ վատ պիտի ըլլայ»
ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒ
ֆրանսացի գրող, Ի. դար
Ի հարկէ պէտք է խօսիլ 95 տարի հայրենիքէ դուրս թերթ հիմնելու եւ յարատեւութեամբ զայն հրատարակելու յանդգնութեան մասին: Թերթ, որ սկսած է անհատի մը նախաձեռնութեամբ: Կը յուսամ, որ այս առիթով անդրադարձողներ կ՛ըլլան Հայկ Պալեանի ազգաշէն յանդգնութեան, թէեւ իր սերունդը եւ իր անմիջական գործակիցները շիջած են, վկայող գտնել դժուար կ՛ըլլայ:
Խօսիլ «Ազդակ»-ի մասին ձեւականութեան տուրք տալու` անշահ մարզանք կ՛ըլլայ, եթէ չխօսուի հայ մամուլի դերին, ներկային եւ ապագային մասին: Միաժամանակ պէտք է խօսիլ ընթերցողի մասին, առանց որուն` մամուլը կ՛ըլլայ տպուած թուղթ: Բայց հարկ է հասնիլ իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի ան ըլլայ ընթերցող:
Առաջին տասնամեակներու «Ազդակ»-ը գաղթականներու նոր կազմուող համայնքի պատկերով էր: Հայ մարդիկ տարբեր էին այսօրուան սերունդի մարդոցմէ, օտար լեզուներով ընթերցողներ, խօսողներ եւ գրողներ հազուագիւտ էին: Կը խօսուէին գաւառաբարբառներ, եւ կը խօսուէր մանաւանդ` թրքերէն: «Ազդակ» հայերէն խօսք կը բերէր տուներէն եւ աշխատատեղիներէն ներս: Ազգապահպան դեր ունէր եւ ունի: Այսպէս էր դեռ մինչեւ վաթսունականներ:
Ցրուիչը թերթը առաւօտ կանուխ կը բերէր աշխատատեղի կամ բակի տուներէն մին: Նոյն թերթը կ՛ընթերցէին շատեր, տուներու եւ աշխատատեղիներու մէջ: Կ՛ընթերցէին ո՛չ միայն լուրերը, տեղական եւ ազգային, այլ նաեւ` թերթօնները, գրական երկեր, վէպեր: Ընթերցողներ կը սպասէին թերթօնի յաջորդ չորս էջերը, զանոնք խնամքով կը կտրէին, կը պահէին, կը կազմէին (կազմարարներ կային), ապա հպարտութեամբ կը դնէին տան գրադարանին մէջ: Թերթը հայ գրականութիւն եւ գիրք կը բերէր հայու տունը:
Հիմա հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ գրականութիւն չկայ, գրականութեան մասին տեղեկատուութիւն կայ, բախտաւոր պարագային` գրախօսական: Անցեալին գրական նախափորձերը կ՛ըլլային թերթին մէջ: Հսկայ Րաֆֆիի գրականութեան բեմը «Մշակ» թերթն էր, թերթը գրականութիւնը ուղղակի կը բերէր ժողովուրդին, կը տարածէր` ազգային գաղափարներ, պատմութիւն, արուեստի ճաշակ եւ ըմբռնում: Այդպէս էր Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ը` Զոհրապով եւ Զարդարեանով: Աւելի պարզ խօսելով` թերթը սոսկ քարոզչութեան չէր ծառայեր, կը ծառայէր նաեւ գեղեցիկին, լայն ըմբռնումով` ազգային-ընկերային բարոյականին:
Հիմա աւելի արագ են եւ աւելի լայն հորիզոն ունին լրատուամիջոցները, ինչպէս` հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը, համացանցը, հայ թերթը կրնայ ինքզինք վերասահմանել եւ հայ մարդուն, հայ ընտանիքին եւ հայկական ընկերութեան բերել այն, ինչ որ հրապարակին տիրող միւս լրատուամիջոցները չեն բերեր անոնց, որոնք կը գոհանան հեռատեսիլով, ձայնասփիւռով եւ համացանցով: Պէտք է արթնցնել հայ մարդուն ակնկալութիւնը հայ եւ հայերէն թերթէն:
Հարցախոյզ մը կը կատարուի՞ օր մը` գիտնալու համար, թէ ընտանիքներու ո՛ր տոկոսը հայերէն թերթ չի տեսներ: Այդ կ՛ըլլայ մտածելու եւ նախաձեռնելու առիթ:
Զանգուածը օրնիբուն չի զբաղիր տեսաբանական, պատմական, քաղաքական հարցերով, ան ունի իր առօրեան: Պարզ է. հայկական թերթը հայ մարդու առօրեային մէջ ալ պէտք է ըլլայ` իջնելով տեսական եւ գիտական ոլորտներէն: Ինքնապաշտպանութեան ռազմավարութիւն, որ հայերէնը կը բերէ հայու ընտանեկան յարկին տակ: Այսօր հայ ընտանիքներու ո՞ր տոկոսի յարկին տակ հայերէն թերթ կայ:
Այսպէս, թերթը լայն ըմբռնումով գրականութիւն պէտք է մատուցէ ժողովուրդին, ժողովրդականացուած եղանակով խօսի ժամանակակից ընկերութիւնը յուզող խնդիրներու մասին, որոնք անմիջականօրէն կրնան քաղաքական չըլլալ, այդպէս չեն դիտուիր, ինչպէս` բնապահպանութիւնը, մարդկային իրաւունքը, ազգային ինքնութիւններու պաշտպանութիւնը, քաղաքացիական իրաւունքները` երկրին եւ թաղին մէջ, օրէնքներու սահմանած կարգով պահանջները եւ անոնց բաւարարման պայքարը: Այսինքն քաղաքացին, մեր պարագային` ազգային համայնքի անդամը, մասնակից դարձնել համայնքի եւ ազգի կեանքին:
Քաղաքացին, ընթերցողը, տարեց թէ երիտասարդ, ինքզինք պէտք է տեսնէ Ի՛Ր թերթին մէջ` անկէ ստանալու համար իր մնայուն եւ շարունակական կրթութեան սնունդը, որպէսզի երբ իրեն դիմուի ընտրութիւն կատարելու համար, գիտնայ, թէ ո՛ր անձը պիտի ընտրէ եւ ինչո՛ւ, փոխանակ անտարբեր ըլլալու, կամ հպատակելու ուղղակի-անուղղակի հրահանգներու, կամ իր հոգին ծախէ` ծախելով իր քուէն: Հայ թերթը հայկական քաղաքացիական դաստիարակութեան դպրոց պէտք է ըլլայ, ոչ միայն սոսկ լրատու:
«Ազդակ» 95 տարեկան է: Հայութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մանաւանդ Լիբանանի հայութիւնը նոյնը չեն, ինչ որ էին: Դար անցած է: Սերունդներ փոխուած են: Պատմութիւնը ընդհանրապէս եւ հայոց պատմութիւնը օղակ փոխած են:
Հայ թերթը սոսկ լրատուամիջոց չէ, աւելին է, այդ աւելին պէտք է ըլլայ: Եթէ չըլլայ այդ աւելին, կը կծկուի, կ՛ըլլայ թաղային կազեթ:
Կրկին պէտք է խորհիլ «Ազդակ»-ի առաջին շրջանին մասին, երբ անհատի սեփականութիւն էր: Թերթի տէր եւ տնօրէնը աշխատաւորներէն առաջ կու գար, նոյնիսկ` Լիբանանի ամրան արձակուրդին: Թերթը ինքզինք կը պահէր իր սպառման եւ ծանուցումներու մուտքերով: Հայկ Պալեան կը վարձատրէր ոչ միայն թերթի մնայուն պաշտօնէութիւնը, այլ նաեւ` աշխատակիցները, անոնք ըլլային տեղւոյն վրայ, թէ հեռաւոր երկրի մը մէջ, ինչպէս` Նշան Պէշիկթաշլեանը, քանի որ մտաւորական աշխատանքը գործ էր, եւ պէտք էր վարձատրել, սիրայօժարը կանոն չէր:
Ինչպէս աշխարհի բոլոր թերթերը, «Ազդակ» կը տնտեսուէր որպէս առեւտրական հիմնարկ, կը պահուէր իր վաճառքով եւ ծանուցումներու եկամուտով:
Արգիլուած չէ երբեմն բաղդատութիւններով մտածել: Թերթը, անկախ իր քաղաքական դերէն եւ նպատակէն, նաեւ առեւտրական հիմնարկ է: Աչքի առաջ ունիմ ֆրանսական «Լը Քանար Անշեն»-է երգիծաքաղաքական թերթի պարագան, որ ոչ մէկ կուսակցութեան կը պատկանի, կը մերժէ նաեւ ծանուցումները, եւ ինքզինք կը պահէ թերթի վաճառքով միայն: Այսինքն ընթերցողը կը պահէ թերթը եւ կ՛երաշխաւորէ թերթին եւ զայն խմբագրողներուն անկախութիւնը: Իտէալ մը` հայ թերթին եւ հայ թերթի աշխատաւորին համար:
«Ազդակ» եւ ուրիշ հայկական թերթեր պէտք է մտածեն, մտածէին, թերթի անկախութեան եւ այդ անկախութիւնը երաշխաւորող ընթերցողի եւ ընթերցող զանգուած ստեղծելու մասին, որ կ՛ըլլայ սկզբունքներու հաւատարմութեամբ եւ առանցք ունենալով ժողովուրդը:
Տարեդարձները յիշեցում են: «Ազդակ»-ի 95-ամեակը եւ վաղը 100-ամեակը, ինչպէս` բոլոր թերթերու, պէտք է դիտել եւ գնահատել իրենց ընթերցող զանգուածի հաւատարմութեամբ եւ սպասումով: Եթէ չկայ հետաքրքրուող եւ ընթերցող զանգուածը, եթէ ընթերցողը դադրի մտահոգուելէ, թէ թերթը ինչո՞ւ չեկաւ կամ ինչո՞ւ ուշացաւ, թերթը նոյնիսկ եթէ շարունակէ լոյս տեսնել իմաստուն բովանդակութեամբ անգամ, անօգուտ է: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը թերթը, թերթերը, եթէ չընեն այնպէս, որ անոնք հասնին իւրաքանչիւրին, այդ իւրաքանչիւրը ընթերցող-տէր չըլլայ, կը փաստուի, որ կապերը խզուած են: Ժամանակ մըն ալ կրնայ տեւել նահանջ եւ պարտութիւն թաքցնող աժան լուծում համացանցային թերթը, որ յանձնառութիւն, պատասխանատուութիւն եւ որակ չի պահանջեր: Նահանջէն ետք կ՛ըլլայ պարտութիւն, վերջնական բացակայութիւն:
Այսօր, առանց ճապկումներու, սփիւռքի համար գոյութենական ռազմավարութեան օրակարգ պէտք է ըլլայ ինքնութեան պաշտպանութեան եւ ներազգային շաղախի ամրացման համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հայախօս-հայագիր-տպագիր հայկական թերթի մուտքը ամէն հայու տուն: Այս պերճանք չէ, ազգային գոյութենական խնդիր է, եւ ըստ այնմ պէտք է վերաբերիլ անոր, որպէսզի հայ զանգուածները այսօր եւ վաղը ինքնութիւն պահեն, իրենց իրաւունքներուն տէր մնան:
Հայերէն հայկական թերթի ներկայութիւնը հայու յարկին տակ, ամպագոռգոռ ճառերէ առաջ, հայ ազգային քաղաքականութեան եւ իրաւատիրութեան անշրջանցելի ուժականութիւնն է: Բացակայութիւնը` պատշաճեցումներու յաջորդող օտարման անդարպաս ճանապարհն է:
Իւրաքանչիւր հայու անհատապէս այս պէտք է ըսել, լսուիլ անկէ, ի հարկին` դռնէ դուռ շրջելով, որ ծափերու հանրահաւաք չէ, այլ` ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանք:
Մտածել` գալիք տարեդարձներուն հայերէն, հայագիր թերթի ազգաշէն դերի մասին:
Միաժամանակ մտածել` Ի. դարու մեծ գրող Ալպեր Քամիւի հետ, որ ըսած է. «Ազատ մամուլը կրնայ ապահովաբար լաւ կամ վատ ըլլալ, բայց շատ ապահովաբար, առանց ազատութեան, մամուլը միշտ վատ պիտի ըլլայ»:
Ազատութիւնը գրողին, լրագրողին եւ հրապարակագրին, որոնց նեցուկն է ընթերցողը` իր խստաբիբ հետեւողականութեամբ եւ նեցուկով, որպէսզի պաշտպանուի մարդու եւ մարդկութեան բարոյականութիւնը:
Մեր իւրայատուկ պարագային` ազգային ըմբռնումը, ինքնութիւնը եւ իրաւունքը:
20 յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան
aztagdaily.com/archives/539901