Իմացիր աւելին – նիւթը Նեմեսիս – Հետաքրքրական վերնագիր էր – Զարեհ Եահնիեան

Իմացիր աւելին – նիւթը Նեմեսիս – Հետաքրքրական վերնագիր էր – Զարեհ Եահնիեան

06 ՄԱՐՏ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«Իմացիր աւելին»

Հետաքրքրական վերնագիր էր ինչը ուզեցի անպայման նայել Armenia պատկերասփիւռի կայանէն, նիւթը Նեմեսիս գործողութեան եւ նորագոյն զինեալ պայքարի մասին պիտի ըլլար․

Դիտեցի, նայեցի, լսեցի սակայն անկեղծօրէն պիտի խոստովանիմ որ ոչ թէ աւելին իմացայ այլ աւելի անտրամաբանական պատահարներ եւ վերլուծութիւն լսեցի ինչպէս նաեւ հիւրերու կամ հաղորդավարի հակասական խօսքեր նոյն նիւթի շուրջ․

Այս նիւթը այնքան նուրբ ու դժուար է ներկայացնել եւ հաստատել եղելութիւնները որովհետեւ բոլոր ըսուածները պէտք է փաստերով ամրագրուած ըլլան եւ ոչ թէ պատահական բեռնէ բեռան լսուած ․․․

Գոյութիւն ունի արխիւ, գոյութիւն ունի օտար մամուլի արխիւ որտեղ ամէն ահաբեկչութենէ ետք կուղարկուէին հաղորդագրութիւններ կատարող կազմակերպութիւններու կողմէ սակայն հաղորդման մէջ հաղորդավարը ոչ մէկ կազմակերպութիւն չյիշեց բացի ասալայից

միայն հիւրերէն մին Արա Նաշխքարեանը անդրադարձաւ Հ․Ց․Ա․Մ․ անուան բայց վստահ եմ որ հեռուստադիտողներուն 90 տոկոսը չհասկացաւ թէ ինչ յապաւում էր Հ․Ց․Ա․Մ․-ը այդ հաղորդավարին պարտականութիւնն էր բացատրել թէ ասալայի կողքին նաեւ կային Հ․Ց․Ա․Մ․ (Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ) Կամ օտար լեզուով (J.C.A.G.) ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Բ (Հայ յեղափոխական բանակ) (A.R.A.)

Այս նիւթի շուրջ որեւէ հաղորդում պիտի աւելի լուրջ եւ աւելի պատշաճ պատրաստուած ըլլայ մանաւանդ երբ կը սփռուի պատկերասփիւռի կայանէ մը եւ ոչ թէ նախակրթարանի մը բեմէն․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail