Մտածել՝ Մտածողներու Հետ.- Մտածողի Հետ Մտածել Պատերազմի, Պատմութեան Եւ «Բանական Էակ»-ի Պատասխանատւութեան Մասին – Յակոբ Պալեան
09 ՄԱՐՏ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այսպէս է որ ես յաճախ հակուած եղայ մտածելու որ տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը պատմութեան նկատառելի ազդակներն են…
Ռէյմոն Արոն, Ի դար
Ֆրանսացի ընկերաբան եւ իմաստասէր
Անզօրութեամբ դիտելէ ետք հեռատեսիլի պաստառին վրայ աւերածութիւններու, մահերու եւ զանգուածներու դժբախտութեան պատկերները, կը յանձնուիմ իմաստուններու, կ’ապաստանիմ անզէններու մտածման աշխարհը: Իմաստուններ՝ որոնք աչք կը քթթեն, հեռուէն եկող անուններ, մարդ եւ գիրք:
Ուսանողութեան օրերուս, կլանուած կը կարդայի անցեալ դարու իրաւ մեծ մտաւորական եւ Ի դարու պառակտումներու վկայ Ռէյմոն Արոնի գիրքը, «Les dimensions de la conscience historique», պատմութեան ըմբռնումի մասին: Ան դիտած է պառակտումները, նախընթացներ՝ ներկայի պառակտումներու:
Այսօր, Ուքրայինայի պատերազմը վտանգաւոր դարձած աշխարհի մը սառցակոյտին տեսանելի եւ ծփացող-մխացող մասն է: Մեծեր եւ մեծ դառնալու ցանկութիւն ունեցողներ ինքնաշնորհած են մոլորակի երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը որոշելու իրաւունքներ, առաջին հերթին՝ ապրելու իրաւունքը: Այս՝ խրամատի այս կամ այն կողմը:
Հեռանիստ հանդիսատեսն ենք Ուքրայինայի պատերազմին, երէկ հանդիսատեսն էինք Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական նախայարձակման (Հայաստանի դէմ, որովհետեւ Արցախը Հայաստան է): Աշխարհ միշտ եղած է պատերազմներու բեմ:
Վաղուան յաղթանակով եւ պարտութեամբ վերջ պիտի չգտնեն պատերազմները, քանի որ մարդն է պատմութեան շարժիչ ուժը:
Եթէ ժողովուրդներու եւ երկիրներու մեծ ու պզտիկ ղեկավարներ նուազ ամենագէտ ըլլային եւ զրուցէին իմաստուններու հետ, դժբախտութինները նուազ կ’ըլլային: Եթէ լսէին հարազատ մտաւորականները: Ինչե՜ր ըսած է Ռէյմոն Արոն, բայց եսերու խուփ աչքերով կը վազենք մեր ընտրած կամ պարտադրուած ուղղութիւններով եւ կ’ըլլայ պատերազմ, դժբախտացում: Մեծեր եւ պզտիկ մեծեր իրարու դէմ կանգնած խուլեր են: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ ջարդուած կուժերուն գինը կը վճարէ ժողովուրդը:
Պատերազմ է Ուքրայինայի մէջ: Թուրքիա զօրակցած է Ուքրայինայի: Արդ մտահոգ է իր սահմաններով, քանի որ անցեալի ռուսական կայսերական տարածքներ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս Կարսը եւ Արտահանը, եւ ինք յաւերժօրէն չի կրնար պասքիւլի խաղը շարունակել: Ուքրայինայի իր ռազմական աջակցութիւնը ոչ ոքի համար գաղտնիք է, կը միտէր Ռուսիոյ տկարացման եւ ոչ Ուքրայինայի բարիքին:
Զրոյցի մը ընթացքին Ռէյմոն Արոն ըսած է. «Մարդկութեան պատմութեան վրայ սփռուած են մեռած մշակոյթներ, յաճախ նաեւ՝ անհետացած ապրողներու յիշողութենէն: Պատմութիւնը ողբերգական եղա՞ւ Հնդիկներու (Ամերիկայի, Յ.Պ.), Էնքաներու եւ Ազդէկներու համար: Կասկածող կա՞յ: Ան կ’ոտնակոխէ մշակոյթներու դիակները, ինչպէս նաեւ՝ մարդոց: Ի՞նչ կը հետապնդէ: Ինչ որ պիտի գայ վաղը երբեւիցէ պիտի արդարացնէ՞ տառապանքները անոնց որոնք ինկած են ճանապարհին: Հոս նաեւ ոչ ոք կրնայ պատասխանել»: Եւ կ’աւելցնէ. «Այսպէս է որ ես յաճախ հակուած եղայ մտածելու, որ տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը պատմութեան նկատառելի ազդակներն են»:
Եթէ հասկնայինք պատմութեան դասը, հասկցած ըլլայինք մեզ նախորդած սերունդներու ողբերգութիւնները եւ անոնց պատճառները… Ի՜նչեր կան անթեղոած ժամանակներու մէջ: Այս գիտենք, ոչ միայն մեր տեսողութեան սահմաններուն մէջ, այլ հեռու հեռաւոր աշխարհներու, ոչ միայն մեր օրացոյցի թուականներով, այլ նաեւ յուշ անգամ չեղող ժամանակներու մոռացութեան, ուր անհետ կորած են փառքեր, եսեր, ցանկութիւններ, յաղթողներ եւ պարտուածներ:
Այնքա՜ն բիրտ եւ իրատես է Ռէյմոն Արոն, երբ կ’ըսէ, որ «տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը պատմութեան նկատառելի ազդակներն են», որ տիրել, հարստութիւն դիզել, թագ ունենալ, նմանին հանդէպ չար ըլլալ, եւ պատմութեան մէջ որպէս անփոխարինելի տեղաւորուիլ, հոգեկան դատարկութիւն լեցնելու անվաղորդայն փորձեր են, անոնց լծակը տգիտութիւնն ու տխմարութիւնն են: Ուրիշներու եւ պատմութեան դատէն առաջ եթէ միայն գիտնայինք ինքնադատուիլ: Ոչ ոքէ աւելի մենք գիտենք մեր տգիտութեան եւ տխմարութեան տարողութիւնը: Ինքնադատուէին այսպէս կոչուած մեծերը եւ մեծ ըլլալու ձգտողները:
Ռէյմոն Արոն կը պեղէ ինքզինք, պատմութիւնը եւ իր ժամանակը, կը հասնի այն ըմբռնումին, որ մարդը բանական էակ է, բայց մարդիկ երբ միասին են, կը դադրին բանական ըլլալէ: Կ’ըսէ. «Գիտենք, մարդը բանական էակ է, բայց մարդիկ այդպէս ե՞ն» : Կարծէք ամէն բան ըսուած է բացատրելու համար պատերազմները, մարդոց կատարած աւերները, տարածած մահերը: Ուսումնասիրուած է, որ փողոցը մարդ մը քարկոծելով ուրիշ մը չի սպաններ, բայց երբ խմբուած է եւ ամբոխ, այդ կ’ընէ: Այդպէս է զինուորը, իր քաղաքացիի կեանքին մէջ իր մօտաւորին եւ հեռաւորին վրայ չի կրակեր, բայց պատերազմի դաշտին վրայ կրնայ ջարդարար ըլլալ:
Ռուսիա պատերազմ շղթայազերծած է: Այդ ընելու համար միշտ կարելի է պատճառ-պատրուակ գտնել: Իմաստութիւնը կը յուշէ, որ հեռուի կամ մօտի թշնամիին նախայարձակ ըլլալու պատճառ-պատրուակ պէտք չէ տալ: Պատերազմներու պատճառները միշտ կը փնտռուին պատմութեան մէջ, կրնան ճիշդ կամ սխալ ըլլալ, մեկնաբանուելով եւ չարաշահուելով կը դառնան լարուած ռումբ: Պատերազմը իրաւ կամ կարծեցեալ իրաւունք վերականգնելու կը միտի: Բայց ինչո՞ւ իրաւունքը վերականգնելու համար պատերազմիլ: Եթէ մարդը բանական էակ է, ինչպէ՞ս կ’ընդունի անարդարութիւնը, չարաշահումը, ստրկացումը եւ հուսկ՝ պատերազմը, կը խոչնդոտէ արդարութեան ճանապարհը:
Պատերազմը բանականութեան պարտութիւնը չէ՞ միթէ, շարունակութիւնը հոմօ հոմինի լիւբիւսի, մարդը մարդուն գայլն է մեր նախնականութիւնը բանաձեւած Հոպզի տարազով:
Ի՞նչ կը շահին մարդը եւ մարդկութիւնը ֆոսֆորային ռումբերով երբ կը փճացնեն Արցախի անտառները, ներխուժումով տնազուրկ կը դարձնեն մարդիկ, զանոնք զրկելով իրենց նախահայրերու շարունակութիւնը ըլլալու ԻՐԱՒՈՒՆՔէ, երբ քաղաքներ կը կործանեն միշտ աւելի կատարելագործուող զէնքերով, եւ հիմա, մարդկութեան գլխուն վրայ կը կախեն հիւլէական փոքրիկ կամ մեծ ռումբերու սպառնալիքը:
Օր մը Իրաք, օր մը Սուրիա, օր մը Լիպիա, կամ մեզմէ այնքան հեռու Պուրքինա Ֆասօ, Թայլանտ, Ուքրայինա , մեր փոքրիկ երկրի փոքրիկ Արցախ, ի՞նչ ուզած են եւ կ’ուզեն փաստել բանական էակի յատկանիշները մոռցած եւ մոռցող բանգէտները: Քաղաքականութիւնը պատմութիւն կը գրէ, պատմութիւնը կ’առաջնորդէ, բայց ո՞վ եւ որոնք կ’առաջնորդեն քաղաքականութիւնը: Պատասխանելու համար հարցումին պէտք է կրկին եւ կրկին լսել, ըլլանք աջ թէ ձախ, թագաւորական թէ հանրապետական, չինացի, ռուս, ամերիկացի, թուրք, հայ, Ռէյմոն Արոնի խօսքը. «Այսպէս է որ ես յաճախ հակուած եղայ մտածելու, որ տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը պատմութեան նկատառելի ազդակներն են»:
Այդ ազդակները բանական համարուած ինքնագոհ մարդը կը պահեն հոմօ հոմինի լիւբիւսի վիճակին մէջ, մարդը գայլ մարդուն, որ ընթացած է եւ կ’ընթանայ ինքզինք եւ միւսը քանդելու ուղիով: Արդի՞ւնքը: Կրկին լսենք Ռէյմոն Արոնը. «Մարդկութեան պատմութեան վրայ սփռուած են մեռած մշակոյթներ, յաճախ նաեւ՝ անհետացած ապրողներու յիշողութենէն»: Այդպէս եղած է երէկ, այդպէս պիտի ըլլայ վաղը, եթէ ղեկավարութիւններ, առաջնորդներ, մեծեր եւ փոքրեր, բնորոշուած տգիտութեամբ եւ տխմարութեամբ շարունակեն տիրութիւն խաղալ ժողովուրդներուն եւ անոնց մշակոյթներուն գլխուն:
Ի հարկէ, Ռէյմոն Արոն եւ ուրիշներ կը խօսին, բայց անոնք ոչ զօրասիւներ եւ ո՛չ ալ հիւլէական ռումբ ունին, կառուցուող եւ քանդուող պատմութեան եւ քաղաքակրթութիւններու ճակատագրին վրայ չեն կրնար ազդել: Անվարան պէտք է կրկնել Ռէյմոն Արոնի խօսքը, ոչ միայն ուրիշներու համար, այլ նաեւ յաճախ կանգնելով հայելիին դիմաց. «Այսպէս է որ ես յաճախ հակուած եղայ մտածելու որ տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը պատմութեան նկատառելի ազդակներն են»…
Եթէ միայն հասկնայինք, որ խօսքը կը վերաբերի բուրգի ստորոտը գտնուող անզօրներուն եւ բուրգի գագաթի անսխալական հզօրներուն…
Մղձաւանջային հարցում. Հիրոշիմայէն եւ Նակազաքիէն 77 տարի ետք կը կրկնուի՞ «բանական էակ»-ի հրավառութեան հիւլէական խաղը:
yerakouyn.com/2022/03/09/մտածել՝-մտածողներու-հետ-մտածողի-հետ-մ/