Մի՞թէ Հայաստանը Կ՛ընթանայ Դէպի Դեռ Իր Անունը Չըսող Բռնապետութիւն – Յակոբ Պալեան
13 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յարգելի եւ յանդուգն հրապարակախօս մտաւորականի մը հետ զրուցեցի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենար ստորագրահաւաք` վարչապետի իշխանութեան դադարեցման պահանջով: Զրուցեցինք երկրին եւ սահմաններու կացութեան հարցերով: Հետաքրքրուեցայ մտաւորականներու աշխատանքի եւ բարօրութեան հարցով: Զրուցակիցս ըսաւ, որ իշխանական մտաւորականները լաւ կ՛ապրին, անոնք, որոնք անկախ մտածողներ են եւ կամ քննադատական վերաբերում ունին, իրենց եկամուտներէն կը զրկուին: Աւելցուց, որ իր զանազան բնոյթի եկամուտները դադրեցուցած էին:
6 մայիսին «Առաւօտ» թերթի կայքին վրայ կարդացի Ազգային ժողովի անդամ Թագուհի Թովմասեանին յօդուածը` նոյն հարցերուն վերաբերեալ, ուր կ՛ըսէ. «Սա ոչ այլ ինչ է, քան` քաղաքացիների նկատմամբ, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած, խտրականութեան կիրառում»: Կ՛աւելցնէ. «Իշխանութիւնը պատժում է այլախոհներին` ազատելով աշխատանքից` իշխանութիւնից տարբերուող տեսակէտ արտայայտելու, հակաիշխանական հաւաքներին մասնակցութիւնը զսպելու համար»: Իր խօսքը կը հիմնաւորէ` յիշելով յատուկ անուններով պարագաներ պաշտօնեաներու, որոնք գործէ արձակուած են, քանի որ Դիմատետրի վրայ համաձայնութիւն յայտնած են կարգ մը կարծիքներու, հակառակ անոր որ այդ ըրած են իրենց աշխատանքի ժամերէն դուրս, եւ` 5 մայիսին քաղաքական հաւաքներու մասնակցութեան պատճառով, երկու պարագաներն ալ օրէնքով արգիլուած չեն:
Երբ այս հարցերուն կ՛անդրադառնամ, քանի որ սփիւռքի այս կամ այն անկիւնը ծուարած յապաղած «մտաւորականներ» եւ զանոնք կապկող քաղքենիացածներ, տէր փնտռողներ կը նեղանան` տեսնելով իրենց մտաւորական թուլամորթութեան մերկացումը: Աւելին չ՛արժեր ըսել նմաններու մասին, որոնք կ՛ապրին հնամաշ կամ արեւուն տակ տեղ գտած չըլլալու քէներով: Կը նմանին Լա Ֆոնթենի առակի ինքնագոհութեամբ ապրող Առնէտին, որ սեփական տեսակի մտահոգութիւնը չունի:
Թագուհի Թովմասեան` Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Քաղաքացիական պայմանագիր իշխանական կուսակցութեան նախկին անդամ, այժմ «Պատիւ ունեմ» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, այլակարծութեան դէմ իշխանութեան սանձազերծած հակաօրինական պայքարի մասին կը գրէ.
«Այս մասին գրութիւններ եմ ուղարկել Հայաստանում Միացեալ Նահանգներու, ԵՄ, ՌԴ, Ֆրանսայի դեսպաններին, Հայաստանում ԵԽ գրասենեակի ղեկավարին: Տեղեկացրել եմ, որ չնայած «Հանրային ծառայութեան մասին» ՀՀ օրէնքի կարգաւորումներով հանրային ծառայողները պարտաւոր են պահպանել քաղաքական զսպուածութիւն եւ չէզոքութիւն, սակայն աշխատանքից յետոյ հանրահաւաքի մասնակցելը բացարձակ ապօրինի չի կարող համարուել: Բացի այս` քաղաքական չէզոքութիւն պահելու մասին պարտադրանքը ՀՀ-ում միայն կիրառւում է ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցողների նկատմամբ, եւ այն մարդիկ, որոնք սատարում են իշխանութեանը` նոյնաբովանդակ գործողութիւններով, այդ թւում իշխանական հաւաքներին մասնակցելով, նրանք չեն արժանանում նմանատիպ վերաբերմունքի: Սա ոչ այլ ինչ է, քան` քաղաքացիների նկատմամբ, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած, խտրականութեան կիրառում, ինչն արգելուած է ՀՀ սահմանադրութեան 29-րդ յօդուածով» (ընդգծ. Յ. Պ.):
Վերոնշեալ «արեւուն տակ տեղ փնտռողները» պարկեշտութեամբ պէտք է լսեն Թագուհի Թովմասեանը, որ իրենցմէ աւելի տեղեակ է եւ իրենցմէ սորվելիք հայրենասիրութիւն եւ քաղաքական իմաստութեան կարիք չունի:
Թագուհի Թովմասեան կը գրէ. «Ներկայացրել եմ նաեւ մարդու իրաւունքների խախտման եւս մէկ օրինակ: Սոյն թ. մայիս 5-ին` խաղաղ բողոքի ակցիայի ակտիւ շրջանում տեղի ունեցած ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերի մշտական յանձնաժողովի աշխատանքային քննարկման ընթացքում յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը կոչ է արել պաշտպանութեան նախարարութեանը` բողոքի խաղաղ ակցիայի մասնակիցների ցանկը վերցնել ոստիկանութիւնից եւ եռամսեայ վարժական հաւաքներից ու պարտադիր զինուորական ծառայութիւնից խուսափած քաղաքացիներին ընդգրկել եռամսեայ վարժական հաւաքներում: Իրականում ստացւում է, որ իշխանութիւնից տարբերուող տեսակէտ արտայայտելու, հակաիշխանական հաւաքներին մասնակցութիւնը զսպելու համար այդ կերպ իշխանութիւնը պատժում է այլախոհներին» (ընդգծ. Յ. Պ.):
Հայաստանի մէջ «Առանց թուրքի Հայաստան» կարգախօսով հրապարակ իջած զանգուածներուն դէմ անորոշ հասցէներէ սնանող քննադատական վերաբերում ունեցող դառնացածները լսելէ ետք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ Թագուհի Թովմասեան (եթէ կիրքը չէ կուրացուցած զիրենք) աւելի ազգային եւ իրաւ հայրենասիրական կեցուածք կ՛որդեգրեն Հայաստանի ամբողջ տարածքին ծաւալած ցոյցերուն նկատմամբ: Աւելի յարգանք` որդեկորոյս մայրերուն հանդէպ, սայլակներու վրայ ցոյցերու մասնակից հաշմանդամներուն: Մանաւանդ անոնք, որոնք արտասահմանի մէջ կ՛ապրին, իրենց հանգիստը չեն խռովեր:
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ արտասահմանի խելք ծախող բանգէտ քաղքենիները բանային էջերը իրենց դպրոցական տարիներուն սորված ֆրանսացի Լա Ֆոնթենի առակներու գիրքին եւ կարդային հանճարեղ առակագիրը: Բոլոր ժամանակներու նեղմիտ, բանգէտ, յանձնառութենէ խուսափող եւ կուշտ քաղքենիները հասկնալու եւ պատկերացնելու իսկական ընկերային նշդրակող երգիծանք է «Առնէտը, որ կեանքէն քաշուած է» բանաստեղծութիւնը (Le rat qui s՛est retiré du monde):
«… մի ոմն Առնէտ` պարտասած կեանքի հոգերէն… հոլանտական պանիրի մէջ ապաստանեցաւ` հեռու տաղտուկներէ», կ՛ըսէ առակը:
Հոլանտական պանիրի պէս տեղեր ապաստանած Առնէտին պէս մարդիկ բանակ են, չանհանգստանալու համար ամէն բանի հանդուրժող, բանգէտ երեւելիապաշտ քաղքենիացածներ: Անոնք յաճախ նաեւ, չես գիտեր` ի՛նչ քէներու մէջ բանտարկուածներ, որոնք երէկ կը հանդուրժէին սուլթանը, յիշեցէ՛ք Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ի Հայրապետ էֆենտին, «Արեւ Ստալին» գովերգողները, սփիւռքի մէջ «Ստալին տըր պապամըզ» գոռացողները: Սուլթան չկայ, Ստալին չկայ: Բայց Առնէտի հոգեբանութիւնը մնացած է: ՏԷՐ փնտռող, ես բաւարարելու համար ՏԻՐՈՋ հովանի փնտռողներ:
Անոնք առակի Առնէտին պէս կ՛ընդունին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը. պարտութիւն, հայրենի հողերու կորուստ, ոստիկանական ջոկատներով այլակարծութեան ճնշում:
«Հոլանտական պանիր»-ի մէջ ապաստանածները չեն վարանիր լուտանք տեղացնելու «պանիրէն դուրս» գտնուող պայքարողներուն վրայ` օր մը գնահատուելու համար, ինչպէս կ՛ընէր Ստալին շքանշաններով եւ մրցանակներով, հոգ չէ, թէ, ինչպէս միշտ, ոստիկանութիւնը կառքերը լեցնէր` վասն ապահովութեան եւ Կուլակ ղրկէր:
Առնէտները կը սիրեն ոստիկանները եւ իրենց գլուխը միւս կողմ կը դարձնեն բռնութիւններու դիմաց, ինչպէս Լա Ֆոնթենի կուշտ Առնէտը ցեղակիցներու դէմ կատու ժողովուրդի սպառնալիքին, եւ կը մերժէ իր օժանդակութիւնը:
Արփիարեանի Հայրապետ Էֆենտին հասկցած էր եւ` «Կարմիր ժամուց» տուած:
Կը լսենք, եթէ ախտաւոր խուլեր չենք, իմաստուն Պղատոնը, որ իր «Կորժիաս» զրոյցին մէջ կ՛ըսէ. «Ամենամեծ չարիքը, բացի անարդարութենէն, պիտի ըլլար այն, որ անարդարութեան հեղինակը չվճարէր իր սխալին հատուցումը»:
Միշտ պէտք է կրկնել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը, որ` «Վաղը միշտ ուշ է»:
8 մայիս 2022, Նուազի-լը-Կրան
aztagdaily.com/archives/545820