Հարմանտայեան Արմենակ ․ «Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է հաստատել ազգային պետութիւն եւ ձեւաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան համար իրաւական քաղաքական նոր օրակարգ»
18 ՅՈՒՆԻՍ 2022
(Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական մշտական յանձնաժողովներու նախագահ Հարմանտայեան Արմենակի զեկոյցը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ գումարման 3-րդ նստաշրջանում)
Անկախութենէն տարիներ անց հայ ժողովուրդի խնդիրը նոյնն է, եւ ներկայի անյաջողութիւններու պատճառները նոյնն են։ Մենք տակաւին չենք ձեւաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական քաղաքական օրակարգը այնպէս, ինչպէս իւրացուցած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) 2011 թ․-ին։
2011 թ. Փետրուար 4-ին կը յայտարարուի Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին սկիզբը: 2014 թ. Յունուարին նախօրօք կայացած ընտրութիւններու միջոցով կը ձեւաւորուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը), որն ալ կ՝ընտրէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) նախագահ:
ՄԱԿ-ի «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» հռչակագրի հիման վրայ կը հաստատուի Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան կառոյցը:
Այս իրաւական քաղաքական հիմքին վրայ կը ձեւաւորուի Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգը, որուն միջոցով կ՝իրականացուի Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացը:
Հայկական Հարցի կարգաւորման եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան այս օրակարգի ձեւաւորումը սերտօրէն կը կապուի երկու հիմնական հարցադրումներու հետ.
ա) Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, աւելի ստոյգ` Հայաստանի նկատմամբ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, եւ
բ) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) պետական համակարգի ձեւաւորման:
Զարգացման, առաջընթացի եւ յաջողութեան այլ ճանապարհներ չկան։ Մնացած բոլոր օրակարգերը համապատասխան չեն հայ ժողովուրդի շահերուն եւ իրաւունքներուն։
Ուստի, կրկնենք, որ Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է հաստատել ազգային պետութիւն եւ ձեւաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական քաղաքական նոր օրակարգ։
Հարմանտայեան Արմենակ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր, Հաւատքի եւ Հայրենակցական մշտական յանձնաժողովներու նախագահ
18 ՅՈՒՆԻՍ 2022