Վերամուտի սեմին – ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ – ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ – Րաֆֆի Տէմիրճեան
01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ– ՍՓԻՒՌՔ :
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Վերամուտի սեմին
ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ
Այսօր ակնյայտ երեւոյթ է, որ մեր դպրոցներուն մէջ տարիէ֊տարի կը նուազին հայ ուսուցիչները, որոնք կը նախընտրեն դասաւանդել օտար վարժարաններու մէջ, որովհետեւ վճարումները եւ պայմանները աւելի լաւ են, մինչ շատեր նոյնիսկ ասպարէզ կը փոխեն, որովհետեւ հաստատութեան մը սնտուկի վրայ աշխատող պաշտօնեաները ընդհանրապէս աւելի կը գանձեն մեր ուսուցիչներէն։
Յստակ է, որ ուսուցչութիւնը սկսած է առաւել եւս դառնալ ոչ բաղձալի ասպարէզ, որովհետեւ ընտանիք պահելը ուսուցիչի ամսականով հրաշքի համազօր է։
Անդին, մեր դպրոցներու պատասխանատուներու ճիգերը ընդհանրապէս բաւարար չեն, որովհետեւ յաւելումները հազիւ շարժակի բաժանորդագրութեան ծախսերը կ’ապահովեն, մինչ սղաճը քանի մը անգամով տասնապատկուած է։
Այս կացութեան մէջ համայնքի ղեկավարութիւնը չունի յստակ ծրագիր եւ հեռանկարներ` պահելու հայ ուսուցիչը հայ դպրոցին մէջ։ Այո’, այսօր հայ աշակերտներուն չափ նոյնքան կարեւոր է հայ դպրոցին մէջ հայ ուսուցիչ պահելը, որ գալիք հինգ տարիներու մեր մեծագոյն մարտահրաւէրն է։
Այստեղ ծնողներն ալ մեծ դեր ունին, որովհետեւ շատեր ճամբորդութիւններու, ճաշարաններու եւ լողաւազանի համար տոլարներ ունին, բայց երբ կարգը դպրոցին հասնի, կը դառնան մէկական կարիքաւորներ…
Առանց հայ ուսուցիչի հայ դպրոցը կը կորսնցնէ իր հայկականութիւնը, եւ կը հեռանայ իր առաքելութենէն։ Տակաւին, առաւել եւս տագնապ է հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչ գտնելը, եւ այստեղ ալ սկսած ենք “քիչ մը հայերէնէ հասկցողներուն” սերունդ պատրաստելու աշխատանքը վստահիլ, ինչ որ անընդունելի է։
Հաւաքաբար պէտք է զօրակցինք մեր ուսուցիչներուն, որպէսզի չդառնան մուրացկաններ եւ ասկէ֊անկէ պարտքերով կամ օժանդակութիւններով ապրող մշակներ։
Մեր ուսուցիչները ապագայ սերունդի կերտիչներն են։ Լաւապէս գիտնանք արժէքը, եւ փորձենք բոլոր տեսակի զոհողութիւններով չկորսնցնել մեր գոյութիւնը պահպանող սիւները։