ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. Մելիք Աբովի Մահը Եւ Բոլնիսէն Գիւլիստանցիներու Վերադարձը Հայրենի Բնօրրան – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Մելիք Ռովշանի Եւ Վանի Աթաբէկեանի
Քաջագործութիւնները
Ռուսական տիրապետութիւնը աստիճանաբար կ՛ամրապնդուէր եւ կը տարածուէր Կովկասի վրայ, եւ կառավարչապետ կոմս Իվան Գուդովիչ հարկաւոր կը նկատէր, կովկասեան այլ ժողովուրդներու շարքին, սիրաշահիլ հայերը: Ան որոշեց առաջին հերթին հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը իրեն լծակից դարձնել:
Գուդովիչ Պետերբուրգէն հրաման ստացաւ տեղեկութիւններ հաւաքել եւ փոխանցել հայոց հոգեւոր իշխանութեան վերաբերեալ, եւ յստակացնել, որ Դաւիթ-Դանիէլեան պայքարին մէջ երկու կաթողիկոսներէն որուն համակիր է հայոց ազգը:
Ռուսական կառավարութիւնը սկսաւ հայոց կաթողիկոսական հարցով զբաղիլ, որովհետեւ հայկական գաւառներուն վրայ իր տիրապետութիւնը ընդարձակելու համար լաւագոյն եւ ապահով ձեւը հոգեւոր իշխանութիւնը իր կողքին ունենալն էր:
Էջմիածնի միաբանները ընդհանուր առմամբ համակիր չէին Դաւիթ Էնեգեթցիին: Հինգ եպիսկոպոսներ եւ տասնմէկ վարդապետներ նամակ գրած էին Պոլիս, նկարագրելով Դաւիթի բռնութիւնները եւ յայտնելով, որ ան աղաւաղած է ամենայն բարեկարգութիւն եւ Երեւանի Մոհամէտ խանին ապաւինելով գիրեր կը պատրաստէ եւ բռնութեամբ կնքել կու տայ:
Դաւիթ Էնեգեթցի յաճախ Էջմիածինէն կը բացակայէր եւ Երեւան երթալով Անապատ վանքին մէջ կը բնակէր ու պարսիկ իշխանաւորները կաշառքով կը շլացնէր:
Երեւանի Մոհամէտ խան, որ Ֆաթհ Ալի շահին վստահութիւնը չէր վայելեր, հեռացուեցաւ եւ փոխարէնը Մեհտի Ղուլի խանը նշանակուեցաւ, բայց ան ալ շուտով փոխուեցաւ եւ Երեւանը Մարաղայի Ահմէտ խանին յանձնուեցաւ:
Ահմէտ խան, որ Մարաղա աքսորուած Դանիէլ Սուրմառեցի կաթողիկոսին պահպանութիւնը ստանձնած էր, խոր համարում եւ յարգանք ունէր անոր հանդէպ, մանաւանդ որ Դանիէլ աղօթելով հիւանդութենէ բժշկած էր խանի որդին:
Ահմէտ խան շահին առջեւ իբրեւ պարսկական պետութեան նպաստաւոր գործ ներկայացուց Դանիէլի վերահաստատուիլը, քանի որ Դաւիթ զզուելի դարձած էր եւ անկէ փախչելու համար եկեղեցականներ եւ իշխանաւորներ ռուսական տիրապետութեան սահմանները կ՛անցնէին, ժողովուրդն ալ անոնց կը հետեւէր եւ պարսկահպատակ գաւառները ամայի կը դառնային:
Նոյն ժամանակ կոմս Գուդովիչ պարսկական արքունիքին հետ խաղաղութիւն հաստատելու համար պայման դրաւ Դանիէլի վերահաստատուիլը:
Ֆաթհ Ալի շահ, Ահմէտ խանի փոխարէն Հիւսէյն Ղուլի խանը Երեւանի կուսակալ նշանակելէն ետք, 1807 ապրիլին արքունական հրովարտակով մը Դաւիթը գահընկէց հռչակեց եւ Դանիէլը ճանչցաւ իբրեւ հայոց կաթողիկոս:
Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի հինգ հարիւր ձիաւորներով Մարաղայէն ճամբայ հանուեցաւ եւ 14 մայիս 1807-ին, Երեւման խաչի երեքշաբթի օրը Երեւանի մօտակայ Նորագաւիթ գիւղը հասաւ:
Նոյն օրը Հիւսէյն Ղուլի խանի ապարանքին մէջ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին Դանիէլ ստանձնեց արքունական հրովարտակը: Հիւսէյն Ղուլի խան պաշտօնապէս հռչակեց Դաւիթի կաթողիկոսութենէն դադրիլը եւ Դանիէլի իշխանութեան տիրանալը:
Դանիէլ եւ Դաւիթ քանի մը օր միասին Անապատ մնալէն ետք մայիս 20-ին, Յինանց վեցերորդ երկուշաբթի օրը Երեւանէն Էջմիածին մեկնեցան: Սուրբ Հռիփսիմէի վանքին մօտ միաբաններ եւ Վաղարշապատի բնակիչները դիմաւորեցին եկողները:
***
Ռուսաստանի Ալեքսանդր Ա. կայսր, շնորհաւորելով Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը, Սուրբ Աննայի շքանշանը շնորհեց անոր:
Դանիէլ կաթողիկոս առաջին հերթին ռուսական իշխանութիւններէն խնդրեց իրենց բնակավայրերէն հեռացած հայերուն արտօնութիւն տալ վերադառնալու: Խնդրանքը կը վերաբերէր յատկապէս Վրաստան եւ այլուր տեղափոխուած արցախցիներուն: Կոմս Գուդովիչ անհետեւանք ձգեց կաթողիկոսին խնդրանքը:
Հայոց կաթողիկոսը խնդրեց նաեւ Էջմիածինէն կողոպտուած հարստութիւնները վերադարձնել: Վերադարձուեցաւ միայն մէկ փոքրիկ մասը, իսկ մնացածը կողոպտուած մնաց, ռուս դիւանակալներու կնիքներուն տակ հետզհետէ հալելու համար:
***
Ամարասի վանքին մէջ կեդրոնացած Իսրայէլ կաթողիկոս Ղարաբաղի խանական իշխանութեան ձեռքը գործիք դարձած էր: Ան ամէն ջանք կը թափէր Արցախի ամբողջ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ Գանձակի, Շիրվանի, Շամախիի եւ Դերբենդի հայերը իրեն ենթարկել եւ միջոցներու մէջ խտրութիւն չէր դներ:
Այդ ժամանակ Թիֆլիսի հայոց առաջնորդ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր միաժամանակ Գանձակի առաջնորդ նշանակուած էր: Սակայն Ռուսաստանի առաջնորդ Եփրեմ արքեպիսկոպոս Ձորագեղցիի շուրջ խմբուած անձեր կ՛աշխատէին Յովհաննէս արքեպիսկոպոսը հեռացնել, բայց չյաջողեցան ռուսական իշխանութեան միջամտութեան պատճառով:
Այդ նոյն օրերուն Իսրայէլ կաթողիկոս նամակ գրեց Գուդովիչի եւ խնդրեց, որ իրեն տրուի Գանձակի թեմը, այն հիմամբ որ Գանձակի հայութիւնը հինէն ի վեր Աղուանից աթոռին կապուած է եւ ինք այդ աթոռին օրինական գահակալն է: Գուդովիչ չբաւարարեց Իսրայէլի խնդրանքը:
Իսրայէլ կաթողիկոս 1807 նոյեմբերին Գանձակ գնաց եւ սկսաւ հոգեւոր տուրքեր հաւաքել ժողովուրդէն:
Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր գանգատեցաւ Գուդովիչի: Գանձակ ուղարկուեցաւ Մինաս եպիսկոպոսը, որպէսզի հեռացնէ Իսրայէլը, ետ առնէ հաւաքուած տուրքերը եւ տանի Թիֆլիս:
Այս ժամանակ Իսրայէլի համակիր գանձակեցի հարիւրաւոր հայեր հաւաքուեցան, զանգահարութեամբ ժողովուրդ հաւաքեցին, Մինաս եպիսկոպոսը ծեծեցին եւ քարկոծեցին: Ռուսական զինուորական իշխանութիւնը հարկադրուած միջամտեց, կարգ ու կանոնը վերահաստատելու համար:
Գուդովիչի հրամանով խիստ քննութիւն բացուեցաւ, յատկապէս պարզելու համար, թէ ովքեր զանգահարութեամբ ժողովուրդ կանչեցին եւ անկարգութիւններու պատճառ դարձան: Իսկ Իսրայէլ կաթողիկոս ռուս սպայի մը ուղեկցութեամբ վերադարձուեցաւ Արցախ:
Իսրայէլ կաթողիկոս վախճանեցաւ 1808-ին:
***
Գիւլիստանի մելիք Աբով Մելիք Բեգլարեան Բոլնիսի կալուածներուն պատճառով տարակարծութեան մէջ էր վրաց ազնուականներուն հետ: Մելիքին մեծագոյն ցանկութիւնը` իր ժողովուրդին հետ իր հայրենի երկիրը վերադառնալու, անկատար կը մնար ռուսական իշխանութիւններու միջամտութեան պատճառով: Ռուսերուն համար նպաստաւոր էր որ գիւլիստանցիները Բոլնիս մնան, որպէսզի պատերազմի պարագային օգտագործուին իբրեւ զինուորական ուժ:
Վրացի իշխաններ, ձերբազատելու համար մելիք Աբովէն, Թիֆլիս ճաշկերոյթի հրաւիրեցին զայն եւ թունաւորեցին: Ստացած թոյնին պատճառով մելիք Աբով հիւանդացաւ եւ քանի մը օր ետք մահացաւ 1808-ին: Նոյն հրաւէրին ժամանակ թունաւորուելով մահացաւ անոր քարտուղարը` Միրզա Իսաբախշ:
Մելիք Աբովի մահէն ետք, տոհմական աւանդութեան համաձայն անոր պէտք է յաջորդէր անդրանիկ որդին: Սակայն մելիքի անդրանիկ որդի Ռոստոմ բէկ Թաւրիզի մէջ մահապատիժի ենթարկուած էր: Մելիքին միւս որդիները` Մանաս բէկ եւ Սայի բէկ, տակաւին շատ երիտասարդ էին: Մելիք Բեգլարեաններու տոհմին մէջ ամէնէն հեղինակաւորը կը մնար մելիք Աբովի եղբայր մելիք Բեգլարի որդի Ֆրէյդունը, որ քաջ էր, խելացի եւ փորձառու: Ֆրէյդուն անցեալին մելիքներուն կողմէ պատգամաւոր ուղարկուած էր Պետերբուրգ` Փաւէլ Ա. կայսրին մօտ եւ կայսերական շնորհներու արժանացած էր:
Մելիք Բեգլարեաններու տոհմի ներկայացուցիչներու ցանկութեամբ Ֆրէյդուն ընտրուեցաւ տոհմապետ եւ Գիւլիստանի մելիք:
Սակայն մելիք Ֆրէյդունի իշխանութիւնը կարճատեւ եղաւ: Անոր եղբայրը` Սամ, նախանձէ մղուած, վիճաբանութեան մը ժամանակ յարձակեցաւ Ֆրէյդունի վրայ եւ գլխուն դաշոյնի հարուած մը տալով սպաննեց հարազատ եղբայրը:
Սամ, որ կ՛ուզէր ինք մելիք ըլլալ, չհասաւ իր նպատակին: Այդ նոյն օրերուն, 1808-ին, Մելիք Բեգլարեաններ մելիք Ֆրէյդունի փոխարէն տոհմապետ եւ Գիւլիստանի մելիք ընտրեցին մելիք Աբովի որդի Մանաս բէկը:
Մանաս բէկ ռուսական իշխանութիւններուն դիմեց, որպէսզի հաստատեն իր ընտրութիւնը եւ ժառանգական իրաւունքները գիւլիստանցիներուն եւ Բոլնիսի վրայ:
Ռուսական իշխանութիւնները մերժողական պատասխան տուին Մանաս բէկի, ըսելով որ ոչ Բոլնիս, ոչ ալ Բոլնիսի մէջ բնակողները ոչ ոքի կը պատկանին, բացի ռուսաց թագաւորին:
Ռուսական իշխանութիւններ այնուհետեւ կալանաւորեցին Մանաս բէկը եւ Թիֆլիս տանելով խիստ հսկողութեան տակ պահեցին:
Մանաս բէկի չէզոքացումէն ետք գիւլիստանցիները հետզհետէ Բոլնիսէն հեռացան եւ մինչեւ 1809 անոնք գրեթէ բոլորն ալ Գիւլիստան, իրենց հայրենի գիւղերը վերադարձան:
Գիւլիստանցիներու շուրջ տասներկու տարուան բացակայութեան ժամանակ անոնց բնակավայրերը մնացած էին ամայացած եւ գրաւուած էին Ջաւանշիր ցեղին կողմէ:
Մելիք Բեգլարեաններ թուրք բռնագրաւողներէն ետ առին իրենց հայրենի երկիրը եւ կրկին անոր տէրը դարձան:
Վրաստան մնացած էին փոքրաթիւ գիւլիստանցիներ, որոնք աւելի ուշ, 1812-ին վերադարձան:
***
Գիւլեաթաղի մելիք Ռուստամ Մելիք Ալլահվերդեան Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին մօտիկ էր եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր անոր: Միւս մելիքներու Վրաստան տեղափոխութեան ժամանակ ան մնացած էր Արցախ: Մելիք Ռուստամ եւ անոր զինակից Տէր Յարութիւն քահանայ սպաննուած էին գանձակցիներու դէմ կռուի ժամանակ:
Մելիք Ռուստամի յաջորդած էր անոր եղբայր Միրզա բէկի որդի Ռովշան:
Մելիք Ռովշան բարեկամ չմնաց Շուշիի խանական ընտանիքին հետ եւ միացաւ ռուսերուն, քաջագործութիւններ ըրաւ ու մեծ ծառայութիւններ մատուցեց անոնց:
Ռուսական զինուորական իշխանութիւնը մելիք Ռովշանը իր ձիաւորներով ուղարկեց Կարսի կողմերը: Ան գիշերով Գանձակէն ճամբայ ելաւ, բայց կամուրջէն անցնելու ժամանակ անյայտ ձեռքէ արձակուած գնդակէ մը վիրաւորուեցաւ:
Մելիք Ռովշան, մելիք Մեջլումի փոքր որդի մելիք Հաթամէն կասկածելով ձերբակալել տուաւ զայն: Սակայն երբ ոչինչ հաստատուեցաւ, ռուսեր ազատ արձակեցին մելիք Հաթամը: Մելիք Ռովշան բողոքեց ռուսական բարձրագոյն իշխանութեան եւ յետոյ Գանձակէն հեռանալով գնաց Շաքի, իր հօրեղբօր Դաշբուլաղ գիւղը եւ հոն առանձնացաւ ու ժամանակ մը ետք մահացաւ:
Մելիք Ռովշանի յաջորդեց որդին` մելիք Ալլահվերդի, որ Մելիք Ալլահվերդեաններու տան վերջին մելիքը եղաւ: Մելիք Ալլահվերդի ունէր երեք որդի` Միսայիլ բէկ, Ղահրաման բէկ եւ Մեջլում բէկ:
***
Աթաբէկեանները Հասան Ջալալեաններուն կրտսեր ճիւղն են եւ Ջալալ իշխանի հինգերորդ որդի Աթաբէկէն սերած են: Աթաբէկ իբրեւ ժառանգական տիրոյթ ստացած էր Խաչենի հիւսիս-արեւելեան կողմի եւ Ջրաբերդի մօտակայ տիրոյթները եւ Չորտանձուտինջուր գետակի ձախ ափին, Կուսապատ եւ Արեւչտես լեռներուն ստորոտը հիմնած էր Կուսապատ գիւղը:
Աթաբէկեաններու տունէն զարգար Թունի (Յարութիւն) Կուսապատի տոհմական ոսկերչական արհեստանոցին վարպետն էր: Որդին` Վանի (Յովհաննէս) հօր օգնականն էր:
Ջրաբերդի Մելիք Իսրայէլեանները Աթաբէկեաններուն տոհմակից են եւ նոյնպէս Հասան Ջալալեաններէն ճիւղաւորուած են:
Վանի Ջրաբերդի հեծելազօրքին մէջ ծառայութեան մտաւ եւ զինուորական հրամանատարի` իւզպաշիի աստիճանին բարձրացաւ:
Վանի Աթաբէկեան հռչակաւոր դարձաւ իր քաջագործութիւններով, Շուշիի մէջ պաշարուած ռուս զինուորներուն օգնութեան հասաւ, գիշերով զանոնք դուրս բերաւ բերդէն եւ տարաւ Մոխրաթաղ, ուր իր ծախսով բաւական ժամանակ պահեց եւ կերակրեց, մինչեւ որ ռուսական օգնական ուժեր հասան:
Մելիք Իսրայէլեանները աստիճանաբար անշքացան եւ Վանի Աթաբէկեան ստանձնեց Ջրաբերդի մելիքութիւնը:
aztagdaily.com/archives/56568