ՍԵՒԵՌԵԼՈՎ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ – Յակոբ Պալեան

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

ՍԵՒԵՌԵԼՈՎ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ – Յակոբ Պալեան

01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

«Անոնց մօտ որոնք կը թուին շատ առաքինի ըլլալ,  

ընդհանրապէս թաքնուած կ’ըլլան սնափառութիւնը,

 հպարտութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը:»

Փաօլօ Քէօլհօ Պրազիլիացի գրող, Ի դար

 

            Արդար քննադատութիւնը առաքինութիւն է, հռոմէական ըմբռնումով՝ վիրթուս, որ ճշմարտութիւն կը հետապնդէ՝ երբ անանձնական է եւ կը յայտնուի ԵՍէն մաքրուած տարածութեան վրայ: Պղատոնի հետեւութեամբ պէտք է խօսիլ եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ չէ քննադատութիւնը: Հարցման եւ պատասխաններու աւարտին, կը գտնենք դրական եւ կառուցողական քննադատութիւնը, ճիշդը տեսնելու, ըստ այնմ կողմնորոշուելու եւ դատելու ունակ կ’ըլլանք:

            Նահանջող ազգը, Հանրապետութիւն եւ սփիւռ(քներ), աւելի քան երբեք ինքնաքննադատութեան կարիք ունի, վերականգնելու համար, փոխանակ փափուկ բարձերու վրայ հանգչելով տեսական մարզանքներ ընելու եւ կարգախօսներ կրկնելով, անվաղորդայն մնալու դատապարտուած հաղորդագրութիւններով եւ յայտարարութիւններով ներկայութիւն յիշեցնելու: Դեռ երէկ վերականգնումի պատուանդան վերանակախացած Հայաստանի բեկոր Հանրապետութիւնը, այսօր պարտուած եւ ընկճուած, որոնցմո՞վ եւ ինչպէ՞ս ինքզինք պիտի պահէ, երբ բնակչութիւնը տեւաբար կը գաղթէ: Դատարկուող տարածքը ինչպէ՞ս ազգի հայրենիք պիտի ըլլայ:

            Եթէ միայն կարենայինք չխաբող թիւերու լեզուով լուսաբանուիլ եւ գիտնալ, թէ Եւրոմիութեան, Ամերիկաներու, Գանատայի, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ի՞նչ է հանրապետութենէն հեռացածներու, թիւը, նաեւ՝ հոն, երկրի մէջ մնացածներու, այն ատեն կ’ահազանգէինք, թէ ինչպէ՞ս երկիր պիտի պահենք: Տասնեակներով կուսակցութիւններու երկիրը ինչպէ՞ս, օր աւուր աճող թշնամական շրջապատի մէջ ինքզինք պիտի պահէ եւ մինչեւ ե՞րբ:

            Ի՞նչ գնահատական կրնանք տալ հայրենիք լքած անթիւ եւ անհամար  մարդոց օտար երկինքներու տակ եւ քաղաքներու մէջ հայրենասիրական զեղումներուն, անոնք ըլլան քաղաքական, թէ մշակութային. երգ, պար, արուեստ:

            Ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքը կը ճահճանայ երբ քննադատութիւնը կը դադրի, մանաւանդ երբ ան կը փոխարինուի շուրջբոլորի պալատականներու հաճոյակակատարութիւններով, որոնք վաղ թէ ուշ ընկերութիւնը կը յանգեցնեն մենատիրական փորձութեան, անսխալականութեան ախտի եւ աղէտներու: Քննադատութիւնը պէտք չէ շփոթել չարախօսութեան հետ: Ինչպէս ըսած է Ուինսթըն Չըրչիլ, որ «Քննադատութիւնը անհաճոյ կրնայ ըլլալ, բայց ան անհրաժեշտ է: Ան մարդու մարմնին մէջ եղած ցաւին պէս է, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ անբնականի վրայ»: Այսինքն քննադատութեան իրաւ մեկնակէտը եւ նպատակը դրականութենէ պէտք է թելադրուած ըլլան:

            Անկեղծութեան պահու մը հարկ է ճշդել, թէ որո՞ւ եւ ինչ բանի կը ծառայենք, ծառայած ենք, ո՞ւր հասած ենք: Շահախնդրութիւններով եւ փառքի վաշխառուի ինքնագոհութիւններով ի՞նչ ձեւով նպաստած են եւ կը նպաստենք ազգի լինելութեան, վերականգնումին:

            Արդար քննադատութի՞ւն է, թէ՞ոչ, ըսել, որ  կը նահանջենք եւ կը պարտուինք, երբ կը դադրինք հայրենատէր ըլլալէ: Հայրենալքումը արդարացնելու համար միշտ կարելի է պատճառաբանել, ինչպէս կը շատախօսէին հրեշտակներու սեռը ճշդելու համար:

            Մեծ քաղաքագէտ, ակադեմիկոս կամ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ  հայ ազգը կը խարխափէ, կը նահանջէ, տնտեսական, քաղաքական եւ պաշտպանողական անելներու մէջ մնալով: Նաեւ իր մեղանչումով: Հակառակ յայտարարուած թիւերու, Հանրապետութիւնը հեռու է ինքնաբաւ ըլլալէ: Իշխանական դիրքեր ամրացնելու համար ըսուած գեղեցիկ խօսքերը վերականգնումի երաշխիք չեն:  Իրողութիւնը այն է, որ Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ տեւաբար կը հասնին արտաքին օժանդակութիւններ, զորս բացասականութեամբ պէտք չէ դիմաւորել, բայց ժողովրդական պարզ ողջմտութեամբ պէտք է ըմբռնել, որ «Զատիկի հացը փոր չի կշտացներ: Հետեւաբար իրատեսական քննադատութեամբ պէտք է մօտենալ հարցին: Միթէ՞ պետական ծախսերը նպատակային կերպով կը տնտեսուին, ինչպէս ճամբորդութիւնները, որոնք ընտանեկան տուրիզմի կը նմանին:  Մտածել յարակից յատկացումներու մասին: Օրինակ էր:

            Ինչ կը վերաբերի կրթական քաղաքականութեան, նորարարական մուծումները, տնտեսական եւ ազգային ըմբռնումի տեսակէտէ հրապարակային առողջ քննարկումի առարկայ չեղան: Դպրոցներու մէջ սեռային դաստիարակութեան հարցերը ո՞րքանով յարիր են մեր ժողովուրդի հոգեբարոյականին, որքա՞նով       ապագայակերտ են ազգի տոկալու, տեւելու եւ վերականգնումի տեսանկիւնէ: Ի՞նչպէս պիտի հակազդեն հայ ընտանիքներու հայրերը, եթէ օր մը իրենց դուստր Աստղիկը տուն գայ եւ ըսէ որ ինք մանչ է եւ կը կոչուի Բագրատ, կամ Գոռը գայ եւ ըսէ որ ինք աղջիկ եւ կը կոչուի Վարդանուշ: Կը զարմանամ, որ հայրենի մտաւորականութիւնը այս հարցի մասին չ’արտայայտուիր, անոր կարծիքին չի դիմուիր: Կը թուի թէ ասոնք հրապարակին տիրող եւ քաղաքական կոչուած ընտրանքներուն սրութիւնը չունին, սահմանային խախտումներ կամ տարածքներու գրաւման հարցեր չեն, բայց ազգին համար նոյնքան գոյութենական են: Անոնք Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն տեղ չունին, կրակոցներու լուրերով հետաքրքրուող եւ մտահոգուող ընթերցողներուն համար հարց եւ խնդիր չեն:

            44-օրեայ պատերազմէն ետք պարտուած Հանրապետութիւնը ենթակայ է քաղաքական եւ ռազմական սպառնական բիրտ ճնշումներու, բայց ազգ եւ հանրապետութիւն ի վիճակի չեղան, չուզեցին, անկարող եղան, Մէկ ճակատով կանգնիլ սպառնալիքներու դիմաց: Եթէ թեր եւ դէմ կողմնապաշտութիւնները պահ մը փակագիծի մէջ դնենք, պճեղ մը իրատեսութիւն ունենանք, չբաւարարուինք սովորական դարձած հայրենասիրութիւն-բարեսիրութեամբ, տխրութեամբ կրնանք հաստատել որ կը գտնուինք Ուրուական Նաւու մը վրայ: Զիրար քննադատել, իմաստուն համարուած գաղափարներով թուղթ սեւցնել շաու – show – կազմակերպել հեռատեսիլին ինքնագոհական պատկերներ հրամցնելու համար, ոչ մէկ ձեւով Ազգը եւ Հանրապետութիւնը դուրս կը բերեն փակուղիէն: Կարծէք անմիջականի, էականի, մնայունի, կառուցողականի եւ տարբերութիւններու գիտակցութիւնը կորսնցուցած ենք եւ բանիլ կը ձեւացնենք: Ի հարկէ մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

            Կառուցողական քննադատութիւնը պէտք է սկսիլ արժէքային համակարգի,. անհատներու, կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու առարկայական գնահատականով: Ազգ եւ հայրենիք առաջնորդելու կոչուածներու որակը եւ կարողութիւնները ինչպէ՞ս դիտել եւ դատել, վստահիլ անոնց: Յաճախ մտածած եմ, որ զանազան հաշիւներով եւ շահակցութիւններով եթէ զիս դրամատան տնօրէն կարգեն, վստահ կրնաք ըլլալ, որ այդ դրամատունը պիտի սնանկանայ: Այսպէս են զանազան բնոյթի «տնօրէնութիւններ»ը, անոնք ըլլան քաղաքական, կրթական, մշակութային, զինուորական, երկրագործական, առեւտրական, դիւանագիտական եւ այլ: Պաշտօնասիրական ցանկութիւններ եւ փառասիրութիւններ, եթէ այս կամ այն ձեւով բաւարարութիւն գտնեն, եթէ անոնց ետին չկան համապատասխան յատկութիւնները եւ կարողութիւնները, ճիգերը կ’ըլլան թափահարումներ, մեծ շէնքերու անտեսանելի եւ աննպատակ փողոցէ մը հնչող անտէր եւ փքուած աքաղաղի ծուղրուղու, քոքորիքօ:

            Փակագիծ մը: Արեւելեան սովորութիւններով երկրի մը մէջ, ուր խնամի-ծանօթ-բարեկամի դրութիւնը, ԽԾԲ, կառավարման համակարգ էր, որոշուած էր վերանայիլ կրթական համակարգը եւ  ըստ կարողութիւններու զայն կազմակերպել, ուսուցիչները ենթարկելով քննութեան: ԽԾԲ-ով ուսուցչութեան պաշտօն վարող մը, մտահոգ, կը դիմէ զինք այդ պաշտօնին տեղաւորած աւատապետին, քաջ գիտնալով որ ոչ մէկ ձեւով կրնար քննութեան յաջողիլ: Աւատապետը կ’ըսէ, որ չմտահոգուի եւ ենթական կը նշանակուի… քննիչ:

                        Եթէ հայ կեանքի մէջ այս կամ այն պատասխանատուութիւնները ստանձնածներ յատկութիւններու, գիտութեան եւ կարողութիւններու քննութեան ենթարկուէին… Պիտի գտնուէինք այն կացութեան դիմաց, որ թէեւ երբեմն գլխարկներ կան, բայց անոնց տակ գլուխներ չկան: Այսպէս է մեր կացութիւնը: Բանակ չտեսածներ կամ բանակէ խուսափածներ կը յաւակնին բանակ ղեկավարել, ռազմագէտի թղթէ ուսնոցներով զարդարուածներ հրամաններ կ’արձակեն, ազգի պատմութեան անտեղեակներ, տօնական օրերու կրկնուած անգիր եղած կարգախօսներով կը փոխարինեն պատմական եւ քաղաքական գիտութիւն, եւ որպէս լրացում, ուրիշներու գրած ճառերով իրենց փառասիրութիւնները որպէս առագաստ կը բանան ամէն օր քիչ մը աւելի անղեկավարելի դարձող ազգի ուրուական նաւու կայմին: ԽԾԲական համագործակցութիւններ համատարած ախտ են, փոխգովերգութիւններ, հայր, որդի, հարս ու փեսայ, գեղեցիկ խօսքերով ինքնահիացման մէջ բանտուածներ: Դադրած ենք այսինչ եւ այնինչ հպարտ փառասէր հպարտին հարցնելէ, թէ ի՞նչ կը բանի գերձայնային օդանաւի ղեկին, երբ ցամաքային եւ երկնային ճամբաներու միջեւ տարբերութիւնները չի գիտեր: Եթէ գիտէ անգամ, չի հրաժարիր աթոռի եւ ծափի գինովցնող կանչէն: Եւ կը շարունակէ առաջնորդել նահանջ եւ պարտութիւն: Կարեւորը ազգը եւ հայրենիքը չեն, այլ՝ կաշի դարձած փառքի եսը:

            Անվարան կը խօսուի Հանրապետութեան տարածքի սպառնացող ԳՐԱՒՄԱՆ-ՕԿՈՒՊԱՑՄԱՆ մասին, վերլուծումներ կան: Հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցողներ կը խօսին այս մասին: Բայց անպատասխանատուութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ կը մնան անհասցէ: Տեսութիւն եւ տեղ չհասնող վերլուծումներ: Ի վերջոյ, ձախողութիւն եւ պարտութիւն ունին պատճառ եւ հեղինակ, իչպէս՝ յաղթանակը: Անուն եւ հասցէ: Երբ նաւը խութին կը զարնուի, կամրջակը մաքրող նաւազը չեն քննադատեր, չեն դատապարտեր, կը դատապարտեն նաւապետը: Իսկ ի՞նչ ընել, երբ տատանող նաւը բազմաթիւ նաւապետներ ունի, որոնք ղեկը իրարու ձեռքէ խլելով զայն տեւաբար կը թեքեն աջ եւ ահեակ, նաւը նաւահանգիստ չի հասնիր, կը զարնուի խութերու, կ’աւազախրի:

            Ինչպէ՞ս ապահով նաւահանգիստ պիտի հասնինք: Հարցը կը վերաբերի Հանրապետութեան եւ օր աւուր տարտղնուող ազգին: Մնայուն ախտ դարձած պառակտումներու:

            Փակագիծ մը: Հայաստանի հեռատեսիլէն ըսուեցաւ, որ Սփիւռքի մէջ կան կարող ռազմագէտներ, աւելցնենք՝ տնտեսագէտներ, քաղաքագէտներ, միջազգային վարկ ունեցողներ: Մտածենք նաեւ այն մասին, որ Հանրապետութեան մէջ կան պատմութիւն գիտցող ակադեմիկոսներ: Անոնք չեն գտնուիր տատանող նաւուն վրայ: Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ քանի՞ պատմութիւն գիտցող ակադեմիկոս կայ, որ իրենց գիտութեամբ, հեղինակութեամբ, «խարիզմա»յով, (charisme) ճամբացոյց ըլլան, իրարու դէմ կանգնած եւ խօսքով զիրար յօշոտող կչկչաններէն քանի՞ երեւելիներ պատերազմի մէջ ձեռք բերուած իրաւունքով եւ փորձով կրնան խօսիլ պատերազմի եւ խաղաղութեան մասին: Ի վերջոյ կառավարում եւ պատերազմ դահլիճներու փոխ-զուարճութեան խաղ չեն: Եթէ սփիւռքը ունի ռազմագէտներ եւ այլ մասնագէտներ, ո՞ւր են անոնք: Հռչակներ յիշել անոնցմէ օգտուիլ չի նշանակեր: Երբ սփիւռք(ներ)ի բազմաբնոյթ կարողականութիւնը չ’օգտագործուիր, կը նշանակէ որ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻԻՆ չունինք, հետեւաբար դատապարտուած ենք… Աւելցուցէ՛ք մանրամասնութիւններ: Այսինքն՝ քաղաքականութիւնը կ’ըմբռնուի որպէս աթոռատիրական շահախնդրութիւններու մրցադաշտ: Մ՛իշտ՝ ներսը եւ դուրսը: Եւ Թաղային մանրուք հեղինակութիւնները կը փոխարինեն Ազգային հիմնականը եւ կը դադրինք օգտագործելէ ազգի կարողականութիւնները, պոդենցիալը, potentiel-ը:

            Եթէ հեղինակութիւն ունեցող ղեկավարութիւն ունենայինք, ան դիրքապաշտներուն հարց պիտի տար, թէ ի՞նչ կը բանէին, իրենց ո՞ր հոգեբարոյական ուժով, եւ ո՞ւր կ’ուզէին եւ կրնան հասցնել «տատանող նաւ»ը:  Նուազագոյն ողջմտութիւնը պիտի ուսուցանէր, ուսուցած պիտի ըլլար, որ քաղաքականութիւն, մշակոյթ, հայրենատիրութիւն, շաբաթավերջի ձանձրոյթ դարմանող սեղանապետութիւն (թամատայութիւն) չեն:

            Ընտանեպաշտական փառասիրութիւններու կառչած մեծ ու պզտիկ էսթէպլիշմընթականներուն երբեմն շեշտակի հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ ըրած են մինչեւ հիմա, ի՞նչ կրնան ընել վաղը, ի՞նչ բան ընելու ատակ են: Այս կ’ըլլայ  catharsis, հոգիի եւ միտքի մաքրազտում, որպէսզի ազգի լանխարդախ լինելութիւն հետապնդուի, ես ու սնափառութիւն յաղթահարելով, բուժուելով: Տեղայնացած թաղային մանր հեղինակութիւններուն միշտ հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կ’ընեն ԱԶԳԻ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ, ԵՐԲ ՑԱՐԴ ազգը, իր գոյութենական բոլոր ստորոգելիներով տարած են աւազախրումի:

            Հարազատ մտաւորականութիւնը զանգուածը պէտք է առաջնորդէ, որպէսզի  ան դադրի աւազախրումը ընդունելի համարելէ, եւ գործել միշտ յիշելով եւ յիշեցնելով the right man in the right place-անկլօ-սաքսոն պարզ իմաստութիւնը, եթէ շատ չենք ուշացած: Եւ գործել ըստ նպատակի եւ դատել ըստ արդիւնքի, ինչ որ կը պահանջէ իրատեսութիւն, եսի գերանցում եւ տեսիլք:

            Տեղ մը օրակա՞րգ է երբեմն որպէս յուզիչ կարգախօս յայտնուող Միացումը: Միացում՝ երկրին մէջ: Իրաւ Միացում՝ ներսի եւ դուրսի, ո՛չ պառաւական յուզումներու եւ հայրենասիրական բարեսիրութիւններու:

            Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ զանգուածներու ֆիզիքական եւ հոգեբարոյական գաղթականութիւնները պիտի յաղթահարուին, որպէսզի կարենանք ազգային իրաւ որակաւոր յանձնառութեամբ ճիշդ կողմնորոշուիլ  եւ ազգը վերականգնել: Վերականգնիլ նաեւ որպէս գիտակից մարդ:

            Դադրիլ ըլլալէ պատմութեան ընկեցիկը:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail