ԹՇՆԱՄԻՆ ԿՏՐԱԾ ԷՐ ՀԱՅՈՒ ԼԵԶՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԽՕՍԻ… – Յակոբ Պալեան

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

ԹՇՆԱՄԻՆ ԿՏՐԱԾ ԷՐ ՀԱՅՈՒ ԼԵԶՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԽՕՍԻ… – Յակոբ Պալեան

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

 

Յ. Պալեան

Խուսափելով այսօրուան պատասխանատուութենէն,  չէք կրնար խուսափիլ վաղուան պատասխանատուութենէն:

Ապրահամ Լինքըլն (1809-1865, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ)

 

            «Կը կտրեն լեզուները»՝ խափանելու համար խօսքի ազատութիւնը, որպէսզի մեծ կամ պզտիկ փառասէրներ եւ բռնակալներ չխանգարուին: Այդպէս եղած է պատմութեան ընթացքին, այդպէս ալ կը շարունակուի այսօր, քանի որ մարդկային ընկերութիւնը, քաղաքակրթական որ մակարդակին վրայ ալ գտնուի, միշտ կ’արտադրէ մեծ ու պզտիկ «լեզու կտրող» բռնակալներ, թաղային հեղինակութիւններէն մինչեւ այս կամ այն բնոյթի ղեկավարներ, կողմնապաշտ եւ հաւկուրութենէ տառապողներ ալ իրենք կը կտրեն իրենց լեզուն: Անոնց բոլորին առաջին տաղանդը միւսին հանդէպ իրենց անհանդուրժողութիւնն է, այս պատճառով ալ կարծիքի ազատութեան համար պայքարը կը շարունակուի, հակառակ ընդունուած օրէնքներու եւ մտայնութիւններու իրաւ կամ կարծեցեալ յառաջդիմութեան:

            Չեմ գիտեր թէ այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք,  յիշողներ կա՞ն Վիգէն Խեչումեանը, եւ անոր «Գիրք Լինելութեան»ը, ընթերցա՞ծ են կամ կ’ընթերցե՞ն: Մանաւանդ հայկական Սփիւռք(ներ)ի հայ լեզուի եւ հայ գրականութեան անհաղորդ խօսափողէն չհեռացող իրենք իրենց ձայնին ունկնդիրները:  Յաճախ կը յիշեմ այդ գիրքէն պատկերը թշնամիին կողմէ գերուած հայու մը, որուն լեզուն կտրած էին, որպէսզի հայերէն չխօսի: Լեզու կը կտրեն ընդհանրապէս արգիլելու համար խօսքը, խօսքի ազատութիւնը, կարծիքի տարբերութիւնը, քննադատութիւնը: Խարան է «լեզու կտրելու» ախտը, որմէ զերծ չենք: Միայն թշնամին չի կտրեր հայու լեզուն, հայեր ալ կը հետեւին այդ փորձութեան, որուն անմիջականօրէն տեսանելի բեմը լրատուամիջոցներն են եւ ամենուրեք՝ իշխանութիւնները, անոնք ըլլան կարեւոր թէ անկարեւոր, այս կամ այն ձեւով կը սիրեն լեզու կտրել, որ յանկարծ չըսուի կամ չիմացուի, որ «թագաւորը մերկ է»:

            Այնքա՜ն բազմաթիւ են «մերկ արքայիկները»:

 Դանիացի գրող Հանս Անտերսըն վէպերու շարք կրնար գրել եթէ այսօր ապրէր եւ ճամբորդէր աշխարհատարած հայութեան մէջ, Հայաստան եւ մոլորակին վրայ:

            19 Յունուարին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, գտնուեցաւ ցնցող ողբերգութեան մը դիմաց:

            Եւ ցնցող ե՛ւ ողբերգութիւն:

            19 յունուարին            Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ծառայութեան կոչուած 15 երիտասարդներ լուցկիի պէս վառեցան, այս անգամ ոչ թէ թշնամիի կրակով, այլ սեփական բանակին մէջ․․․զօրամասի մէջ:

            Անոնք կը մսէին, ջեռուցում չունէին: Իրենց տէր պետութիւնը չէր զբաղած բանակին ծառայող այդ զինուորներու կացարանի ջեռուցումով: Ահաւոր ողբերգութիւն մը, որուն հորիզոնական եւ ուղղահայեաց պատճառները եւ պատասխանատուութիւնները պէտք է ճշդուին, առանց ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու որձեւէգ արդարացման հին յոյներու լեզուագարութիւններու, սոփեստութիւններուն, Շաւարշ Նարդունիի սիրած տարազով, «կատուին կատու ըսել»-է չխուսափելով:

               Քաղաքակիրթ մարդիկ, քաղաքացիներ, մտաւորականներ, առաջնորդներ, նման ողբերգութեան մը դիմաց, հետեւելով օրէնքին եւ անոր տրամաբանութեան, հարց պէտք է տան, կու տա՞ն, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այդ 15 երիտասարդ զինծառայողները հրոյ ճարակ եղած են, ինչպէ՞ս այդ դէպքը պատահած է: Ո՞վ եւ որոնք այդ երիտասարդները ստիպած են դիմելու «պենզին»-ով վառարան տաքցնելու  անհեթութեան:

            Ծայրայեղ վիճակներու մէջ ողջմտութիւն եւ տրամաբանութիւն չեն գործեր, անմիջականը բաւարարելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն դնելու խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն կը չքանան: Միթէ՞ հրամանատարները, սպայական կազմը, զօրամասի գնդապետը, չէին գիտեր որ ցուրտին դիմաց անպաշտպան մնացած էին այդ 18 երիտասարդները, որոնցմէ երեքը դեռ հիւանդանոցի մէջ են, կը դարմանուին: Կը վերականգնի՞ն եւ ինչպիսի         հետեւանքներով: 15 երիտասարդներ հայկական պետութեան բանակի զօրամասին մէջ հրկիզուած են:

            Պետութիւն եւ բանակ կ’ենթադրեն տէրեր, պատասխանատուներ:                  

            Ինչ որ պատահած է շրջագայութեան պատահական վթար մը չէ: Ան ծանրակշիռ դէպք է, որ պատահած է երկրի մը բանակին մէջ, որ ունի հրամանատարներ, պետութեան մը բանակ է, որ ունի զանազան մակարդակներու ղեկավարներ, զինուորական եւ քաղաքային:

            Ղեկավար կը նշանակէ պատասխանատու, այսինքն՝ հաշուետու:

            Կան սպայակոյտի պետ, գնդապետ, «մայոր»ներ, անոնց գործին հսկող եւ դատող Պաշտպանութեան նախարար, եւ Գերագոյն Հրամանատար, ինչպէս յաճախ այդ յիշելու պերճանքը ինքնիրեն շնորհեց երկրի վարչապետը:

            Ամերիկայի մեծ նախագահներէն Ապրահամ Լինքըլն, բոլոր ժամանակներու եւ բոլորին համար իմաստուն խօսք ըսած է, որ «խուսափելով այսօրուան պատասխանատուութենէն չէք կրնար խուսափիլ վաղուան պատասխանատուութենէն»: Խուսափողները՝ բոլորս, շարքային քաղաքացի, թէ՝ հանգամանաւորներ: Ինչ որ պատահած է Հայաստանի մէջ, մեծ աղէտ է, որուն պատասխանատուութիւնը  չստանձնել պետական, քաղաքական եւ քաղաքացիական անբարոյութիւն է, ընդհանրապէս՝ անբարոյութիւն: Ինչ որ պատահած է, ի միջի այլոց վթար մը չէ: 18 սուժածներ, 15 մահեր, եւ երեք ծանր վիճակի մէջ գտնուողներ, որոնք հիւանդանոցի մէջ կը դարմանուին: Վասն պետութեան շահի եւ վարկի պաշտպանութեան, ոչ միայն այսօրուան համար, այլ նաեւ եւ մանաւանդ վաղուան համար, պատասխանատուութեան շղթան առաջին օղակէն մինչեւ վերջին օղակը պէտք է քակել եւ դատել, որպէսզի պետութեան եւ բանակի հանդէպ վստահութիւնը վերականգնի: Այս ընելու համար «լեզուն չկտրած», շահակցութիւններով, կողմնապաշտութեամբ եւ կոշկոռ կապած քէներով չառաջնորդուող հանրութիւն, մամուլ եւ մտաւորականոութիւն պէտք է, քաղաքացիական գիտակցութիւն, նաեւ՝ երկրէն դուրս:

            Քաւութեան նոխազներու վրայ բեռցնելով անփութութեան եւ ապիկարութեան մեղքը, թել առ թել կը քակուի՞ պետութեան եւ ազգի մեղքի ներքին հիւսկէնը, երկրին մէջ եւ յաչս միջազգային հանրութեան,ապա թէ ոչ կորսուած կ’ըլլայ երկրի վարկը, ինքզինք զրկելով իրաւունք պաշտպանելու կարելիութենէ, կը դադրի լուրջ խօսակից ըլլալէ:

            Իսկ հայ հանրային կարծիքը, ներսը եւ դուրսը, դեռ կրնա՞յ ճապկումներով շարունակել անպաշտպանելին պաշտպանել:

            Առանց չարանալու կարելի է հարց տալ, թէ զօրամասերու ջեռուցումը միթէ՞ կարելի չէր ապահովել խնայելով իշխանական-ընտանեկան-տուրիստական եւ այլ պերճանքներու ծախսերը: Ինչպէս ֆրանսայի մէջ, Հաշուեքննիչ Պալատը կը քննէ պետական ծախսերու արդարացիութիւնը, ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւններու ճամբորդական, հիւրանոցային եւ այլ ծախսերը նոյն ձեւով չեն քննուիր, ի հարկին խնայողութիւն չ’ըլլար, որպէսզի հայ զինուորը չմսի եւ չդիմէ անհեթեթ քայլերու:

            Գիտակից անձեր կան, որոնք չեն վարանիր պատասխանատուութիւններու մասին խօսիլ: Ինչպէս կը կարդանք Հայաստանի ԱՌԱՒՕՏ թերթին մէջ

            «Քաղաքական պատասխանաուութիւն միշտ էլ կայպէտք է լինի»,- ինչպէս ըսած է Հելսինկեան քաղաքացիական Խորհուրդի Վանաձորի գրասենեակի նախագահիրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը: «Ո՞վ է պատասխանատու բանակում տեղի ունեցած ողբերգութեան համար» թեմայով քննարկման ժամանակ։

            Ո՞վ է պատասխանատու:

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, նաեւ Հիմնադրամ գոյացնող Սփիւռքը, իրաւունք ունին գիտնալու: Արթուր Սաքունցի հարցումը յստակ է: «Ո՞վ է պատասխանատու»: Ապահովաբար ո՛չ զօրանոց-կացարանի դռնապանը եւ ո՛չ ալ խոհարարը: Պատասախանատու են անոնք որոնք կը վերահսկեն տնտեսական միջոցները եւ բանակի կազմակերպութիւնը, զինուորին ապահովութիւնը եւ պաշտպանութիւնը: Այս պարագային պէտք է խօսիլ պաշտօնավարող անձերու եւ կառոյցներու մասին, անոնց մասին՝ որոնք իրաւասաութիւն ունին որոշումներ կայացնելու եւ պարտականութիւն ունին կացութիւններէն տեղեակ ըլլալու եւ առաջնորդելու: Ոչ թէ միայն Վանաձորի մէջ պէտք է ուղղել հարցումը, թէ «Ո՞վ է պատասխանատու բանակում տեղի ունեցած ողբերգութեան համար», այլ Ազգային Ժողովին առջեւ, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը որ կուտակած փորձ ունի ամբաստանութիւններու եւ դատեր յարուցելու, յանդգնութիւն եւ իր դերին ազգային իրաւ գիտակցութեամբ եւ անկախութեամբ, ինչպէս ըսի, պատասխանատուութեան շղթային բոլոր օղակները քակելու, մէկ առ մէկ, ազգին եւ ոչ օրուան իշխանութեան ծառայելու սովորութեամբ, այլ պարտականութեան իր դերի բարձրամակարդակ յանձնառութեամբ: Իսկ Հանրապետութեան ժողովուրդը, որ յառաջացուցած է իշխանութիւնը, իր կարգին, քաղաքացիական իր իրաւունքին իրապէս տէր կանգնելով, մոռնալով մաշած կարգախօսները, պիտի ուզէ՞ իր իրաւունքին տէր ըլլալ եւ հաշիւ պահանջել, որպէս զոհերու կեանքին իրաւատէր վերաբերում ճշդել, մերժելով քաւութեան նոխազներով գոհանալ, ինք ալ հաշուետու ըլլալով ազգին եւ պատմութեան առջեւ:

            Այս տասնըհինգ զինուորներու մահը գումարած հիւանդանոց գտնուող երեք վիրաւորները,  անկասկած ողբերգութիւն է: Այս հաստատումը անիմաստ է եթէ չըսուի, թէ ինչպէ՞ս հոս հասած է բանակը, ո՞վ եւ որո՞նք հոս հասցուցած են բանակը: Պիտի յարուցուի ԴԱՏ, որպէսզի բոլոր մակարդակներու վրայ արժանին հատուցուի, առանց զանգուածը քնացնելու օրէնքի չարաշահումով եւ խօսքի աճպարարութեամբ:

            Տասնապետ, դռնապան, խոհարար քաւութեան նոխազ դարձնել կը նշանակէ կանխաւ բարենիշ տալ գալիք անպատաասխանատուութիւններու: Բարձր Քաղաքացիական գիտակցութիւնը, պարտք պէտք  է համարէ արդարութեան մուրճով խփել գամի գլխուն եւ ոչ կողքին:

            Իրաւական պետութեան մը մէջ, ո՛չ արդարդարատութիւնը եւ ո՛չ ալ հանրային կարծիքը պիտի գոհանային, ըսելով եւ լսելով ողբերգութիւն: Իշխանութիւններու մակարդակի պիտի ըլլային հեռացումներ, հրաժարեցումներ, դատապարտութիւններ, առանց չքմեղանալու կապկումներու եւ քաւութեան նոխազներու թատրոն սարքելու:

            Կը կազմուի՞ իրաւասութիւններով օժտուած  համազգային Քննիչ Մարմին՝ լոյս սփռելու համար ողբերգութեան իրաւ պատճառներուն եւ իրաւ պատասխանատոււութիւններուն վրայ, որպէսզի շահախնդրութիւններու եւ սիրողականութեան հետեւանք նման ողբերգութիւններ կրկին չպատահին եւ պատասախանատուներ արժանին հատուցեն:

            Պէ՞տք է կտրել լեզուները, որպէսզի ողբերգութիւնը օրակարգէ հանուի:

            Պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), պէտք է մտածել որ այդ ողբերգութեան զոհերը կրնային ըլլալ մեր զաւակները կամ եղբայրները եւ ըստ այնմ պահանջել  թէ՝ «Ո՞վ է պատասխանատու բանակում տեղի ունեցած ողբերգութեան համար», ինչպէս այդ ըրած են Վանաձորի մէջ, որպէսզի դէպքը չկրկնուի, եւ հայրեր ու մայրեր իրենց զաւակներու կեանքը պաշտպանելու համար զանոնք չթաքցնեն կամ ղրկեն երկրէն դուրս, կամ երիտասարդները դիմեն դասալքութեան:

            Այսինքն իրաւ պատասխանատուները ճշդուին, ինչ ալ ըլլայ անոնց վարած պաշտօնը եւ ընկերային-քաղաքական դիրքը ղեկավարութեան բուրգին մէջ եւ գագաթը:

            Թէ, ինչպէս ըսի, «ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու» խաղով պիտի զբաղին եւ զբաղեցնեն ժողովուրդը :

hairenikweekly.com/թշնամին-կտրած-էր-հայու-լեզուն-որպէսզ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail