Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը Շամքորի Ճակատամարտը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Armenia - Sisian History Museum - VOROTN BERD (VOROTNABERD) 20 km east of SISIAN town, located on the left bank of the Vorotan Rive

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը Շամքորի Ճակատամարտը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

08 ՄԱՐՏ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տումիի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին

Ռուսական կայսրութեան սահմաններ ներխուժած պարսկական բանակը մէկ կողմէ յարձակման անցած էր Փամբակի եւ Շորագեալի ուղղութեամբ եւ միւս կողմէ մտած էր Արցախ եւ 25 յուլիս 1826¬ին հասած Շուշի ու պաշարման օղակ հաստատած էր բերդաքաղաքին շուրջ:

Աբաս Միրզա կը փորձէր ռուսական բանակին հարկադրել պատերազմելու Արցախի եւ Շիրակի ուղղութիւններով` Վրաստանի մէջ կեդրոնացած զօրքը թուլցնելու եւ մեկուսացնելու նպատակով:

* * *

Արցախի հայութիւնը յանկարծակիի եկաւ պարսկական մեծաթիւ զօրքի յարձակումներէն:

Էջմիածին ուղարկուած նամակի մը մէջ նկարագրուած է, որ ինչպէս թուրք ու քիւրտ ցեղեր միացան պարսիկներուն, հայեր ու ռուսեր գլխատեցին եւ գիւղերը աւերեցին. «Հաճի Աղալարն էլ Ղարաբաղու ղօշունն հաւաքեց քուրտ ու ժագայ, եւ գնաց միաւորեցաւ խանին եւ շահզատին. ջուրն կտրեցին, եւ ռուսն մնաց անճար. չորս կողմն կտրեցին մեր թիւրքերն եւ պէկերի տղայքն. ռուսին ցրիւ տուին եւ լաւ լաւ չինովնիկների գլուխ կտրեցին, շատ լաւ հայերի գլխներ կտրեցին տարան շահզատային եւ ամէն գլխոյ տասը պապախանի ոսկի տայր. թէ անասնոց համար, եւ թէ խոտի համար, որ հայքն դուրս գային, ձեռք անկածի գլուխն կտրէին թուրքերն, դրսիցն ԼԵ գիւղից գիւղականք փախստական հազիւ կարացին մտանել ի բերդն խիզանով. մնացեալքն մնացին արտաքս»:

* * *

Շուշիի պաշարման զուգահեռ` պարսկական զօրքը Ամիր խան սարդարի գլխաւորութեամբ շարժեցաւ դէպի Դիզակ: Դիզակի բնակչութեան մէկ մասը Գտչավանքի մէջ պատսպարուեցաւ եւ ինքնապաշտպանութեան սկսաւ:

Գտչավանքի վանահայր Առաքել վարդապետ Կոստանդեանց կը գրէ. «Ի նմին աւուրս եւ մենք ամրացեալք ի բարձրագոյն գագաթ լերինն Դողու բնակչաց, որ գտանի ի արեւելեան կողմն Տիզափայտ լերին քան ինչ ասպատեզօք ի նմանէ հեռի. բոլոր գաւառն Դիզակու ժողովեալ անդ, ի սբ. վանք Գտչայ, արդարեւ չէր հնար մարդոց շարժել անդ, ի ձեռաց բազումի արանց եւ կանաց, մանկաց եւ տղայոց, բայց ողորմուին ան այն էր, որ բոլոր լեռան եւ եամ կողմանս նրա յոյժ թաւաթուի անտառք. եւ խիտ առ խիտ ամրացեալ` չէր հնար եւ իսկ անծանօթից գտնել զանցս զերծեալ ի գերի վարութենէ եւ այլ ինչ մարդասպանութենէ»:

Պարսկական զօրքեր եւ տեղացի թաթար ցեղեր սկսան ջարդել, կողոպտել ու տեղահանել Դիզակի բնակչութիւնը. շատ տղաք ու աղջիկներ Պարսկաստան քշուեցան: Առաքել վարդապետ կը գրէ. «Ի բազում տեղեաց յափշտակեալ տարան զմանկունս եւ զաղջկունս յերկիրն պարսից»:

Դիզակի Տումի գիւղը, իր լեռնային եւ անտառային դիրքին շնորհիւ պաշտպանական լայն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէր: Առաքել վարդապետ կ՛ըսէ. «Ի վանս Գտչոյ կայր հանդէպ մէր գիւղ մի, որոյ անունն կոչի Տումի. զի յայնմ ժամանակի սակաւաւորք էին. թուով ոչ աւելի քան զքսան ծուխս. նաեւ իսկ պակասաւորք. սակայն ամենքն սաստիկ քաջք եւ անտառաբնակք որպէս վայրենիք»: Տումեցիք գիւղի երիտասարդներէն Խաչատուրի գլխաւորութեամբ ինքնապաշտպանութեան դիմեցին եւ ետ շպրտեցին ներխուժողները:

* * *

Տումի գիւղին հին թաղամասը

Աւետարանոցը աւերելէն եւ Մադաթովի ապարանքը քարուքանդ ընելէն ետք պարսիկներ շարժեցան շրջակայ գիւղերը: Մադաթովի պատկանող բոլոր գիւղերը հիմնայատակ աւերուեցան ու կողոպտուեցան եւ խաղողի այգիները ոչնչացուեցան: Արցախեան ձիերու լաւագոյն երամակները Պարսկաստան քշուեցան:

Շուշիի բերդէն քանի մը օր շարունակ կ՛երեւէին Մադաթովի գիւղերուն ու կալուածներուն սարսափելի հրդեհները:

Մեհտի Ղուլի խանի կարգադրութեամբ պարսիկ զինուորները քարուքանդ ըրին Մադաթովի նախնիներուն գերեզմանները:

Մադաթով իր ապարանքին, գիւղերուն, կալուածներուն եւ նախնիներու գերեզմաններուն աւերումին լուրը ընկալեց ցասումով եւ մեծ բարկութեամբ: Ականատեսի վկայութեամբ` «ամենայն գոյք նորա հանդերձ գեղեցկաշէն դաստակերտիւն եւ մինչեւ ոսկերք մեռելոց հրոյ գործեաց զայն, զգլուխն տարուբերեալ շարժէր աւաղելով, եւ ի բոցակնայկոյն նորին աչաց կայծակունք բարկութեան ցոլանային»:

* * *

Դիզափայտ (ղլեն քար) ամրոցը Տումիի անտառապատ լեռնաշղթային անմատչելի բարձունքին

Շուշի պաշարուած էր: Բերդին մէջ կեդրոնացած ռուս 1700 զինուորները եւ 1500 հայ կռուողները դժուարութեամբ կը դիմագրաւէին պարսկական բանակին եւ թաթար խուժանին գրոհները:

Շուշիի մէջ բաւարար ռազմամթերք չկար: Ռուսեր պարսիկներուն արձակած եւ չպայթած ռումբերը կը հաւաքէին, իրենց թնդանօթներուն մէջ կը դնէին եւ կ՛արձակէին: Իսկ վառօդ կը պատրաստէին իրենք` հայերը: Արհեստաւոր Պօղոս օրական քսանէն երեսուն ֆունտ վառօդ կը պատրաստէր:

Շուշիի բերդին մէջ հայեր բաւարար ցորեն բերած ապահոված էին, բայց կար զայն աղալու պարագան: Շուշիի ձորերուն մէջ գտնուող ջրաղացները պարսիկները բռնած էին: Հայեր ահագին դժուարութեամբ ցորենի պարկերը իրենց ուսերուն վրայ ժայռերէն ու կածաններէն իջեցնելով ջրաղացներ կը հասցնէին` ալիւր աղալու համար:

Աբաս Միրզա քանի մը անգամ փորձեց գրաւել ջրաղացները, բայց դիմադրութեան հանդիպեցաւ: Սաֆար եւ Ռոստոմ Թարխանեան եղբայրներուն գլխաւորութեամբ հայեր բռնեցին Հունոտի կիրճին երկու կողմի ժայռերու արանքները եւ թոյլ չտուին պարսիկներուն մօտենալ ջրաղացներուն:

Աբաս Միրզա, տեսնելով որ դժուար պիտի ըլլայ Շուշիի գրաւումը, բանակցութեան մէջ մտաւ գնդապետ Ռէուտի հետ եւ թելադրեց յօժարակամ անձնատուր ըլլալ: Գահաժառանգը պատրաստակամութիւն յայտնեց երկու շաբթուան համար զինադուլ հաստատել, որպէսզի Ռէուտ կարենայ մարդ ուղարկել Թիֆլիս եւ Երմոլովէն համամտութիւն ստանալ բերդէն հեռանալու: Երմոլովէն թոյլտուութիւն չեկաւ, եւ պարսկական բանակին կողմէ Շուշիի ռմբակոծումը վերսկսաւ:

Պարսիկներ գիշերային գրոհ մը կազմակերպեցին եւ բերդին շուրջ ականներ փորելու աշխատանքին ձեռնարկեցին:

Ռուսեր եւ հայեր փորձեցին Շուշիի պարիսպներէն դուրս ելլել եւ շրջակայքէն ուտեստեղէն հաւաքել ու ցորենի արտերը հնձել, բայց պարսիկներ հակայարձակման անցնելով ետ մղեցին զանոնք:

Նոյն օրերուն պարսիկներ եւ թաթարներ իբրեւ վրէժխնդրութիւն սկսան ոչնչացնել հայոց ցորենի արտերու բերքը եւ սպաննել ձեռք անցուցած հայերը:

Մեհտի Ղուլի խան կալանաւորեց Գանձասարի մետրոպոլիտ Սարգիս արքեպիսկոպոսը եւ Կուսապատի մելիք Վանի Աթաբէկեանը եւ զանոնք Աբաս Միրզայի մօտ տարաւ:

Նոյն ժամանակ Աբաս Միրզա քանի մը հարիւր հայ ընտանիք հաւաքեց եւ Սարգիս արքեպիսկոպոսի ու մելիք Վանիի հետ Շուշի ուղարկեց: Գահաժառանգը Սարգիս արքեպիսկոպոսին եւ մելիք Վանիի հրամայեց իրենց ամբողջ հեղինակութիւնը ի գործ դնել, որպէսզի հայերը համոզեն անձնատուր ըլլալու պարսիկներուն, հակառակ պարագային սպառնալով կոտորել Ղարաբաղի ամբողջ հայութիւնը:

Սարգիս արքեպիսկոպոս եւ մելիք Վանի ստիպուած համաձայնութիւն տուին, ժողովուրդը կոտորածէ ազատելու համար: Անոնք Շուշիի բերդին առջեւ հասնելով հայերուն ըսին որ պարսիկները չեն վնասեր իրենց, եթէ անձնատուր ըլլան: Շուշիի պաշտպանները պատասխանեցին. «Մենք ռուսերուն չենք դաւաճաներ… աւելի լաւ է քանի մը հարիւր մարդ ոչնչանայ, քան ամբողջ ժողովուրդը ղզլպաշներու լուծին տակ իյնայ»:

Սարգիս արքեպիսկոպոս իր այս քայլով Գանձասարի վանքը աւերածութենէ փրկեց եւ շատ ու շատ հայերու կեանքը ազատեց:

* * *

Աբաս Միրզա, Շուշիի պաշարումէն ետք, տասը հազարնոց զօրամաս մը զատած եւ Ամիր խան սարդարի հրամանատարութեան տակ ուղարկած էր դէպի Գանձակ, քաղաքը գրաւելու եւ այնուհետեւ արշաւանքը շարունակելու համար դէպի Թիֆլիս:

Պարսկական բանակի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ Գանձակի թուրքերը ապստամբութիւն բարձրացուցին: Քաղաքին ռուսական փոքրաթիւ զօրքը չկրցաւ դիմադրել եւ պետական գանձարանին մէկ մասը

հաւաքելով փախուստի դիմեց դէպի Թիֆլիս: Քաղաքին ռուս բնակիչներէն ոմանք յաջողեցան զօրքին հետ փախչիլ, իսկ մնացողները թուրքերուն կողմէ սուրի քաշուեցան:

Ամիր խան սարդար գրաւեց Գանձակը եւ անոր մօտ գտնուող գերմանական Ելենենտորֆ գաղութը: Շրջանի հայերը օգնութեան հասան ռուսերուն եւ գերմանացիներուն եւ իրենց տուներուն մէջ պատսպարեցին զանոնք:

Գանձակի գրաւման լուրը առնելով Շամշադինի թուրքերը զէնք բարձրացուցին ռուսերուն դէմ:

Աբաս Միրզայի առջեւ այլեւս բացուած կը նկատուէր դէպի Թիֆլիս ճանապարհը:

* * *

Թիֆլիսի մէջ անձկագին վիճակ կը տիրէր: Ամէն մարդ երկիւղի մէջ էր որ Աղա Մոհամէտ խանի կատարած աւերածութիւնը կրնայ կրկնուիլ անոր եղբօր թոռան ձեռքով:

Զօրավար Երմոլով ի մի հաւաքեց Թիֆլիսի եւ շրջակայքի մէջ տեղակայուած զինուորները եւ երկու հազարնոց զօրախումբ մը կազմելով անոր հրամանատարութիւնը զօրավար Մադաթովի յանձնեց:

Պարսկական արշաւանքը երբ սկսաւ Մադաթով Պիատիգորսկի հանքային ջուրերը գացած էր թոքերու հիւանդութենէն բուժուելու համար:

Երմոլովէն հրաման ստանալով Մադաթով շտապեց Թիֆլիս: Իր հրամանատարութեան յանձնուած զօրքը Կարմիր կամուրջին մօտ տեղակայուած էր: Մադաթով առանց ժամանակ կորսնցնելու զօրքը առնելով ճամբայ ելաւ դէպի Գանձակ:

Մինչ այդ Ամիր խան սարդար Գանձակէն շարժելով սկսած էր յառաջանալ դէպի Թիֆլիս:

Մադաթով Զագամ գետին մօտ հանդիպեցաւ վրաց Ալեքսանդր իշխանին, որ երկու հազարնոց պարսկական զօրքով կը յառաջանար դէպի Տաղստան` լեզգիները եւ միւս լեռնական ցեղերը ռուսերուն դէմ ապստամբութեան մղելու համար:

Մադաթով փոքրաթիւ ձիաւորներով յարձակեցաւ Ալեքսանդրի վրայ: Կարճատեւ բախումէ ետք վրացի իշխանը փախուստ տուաւ

դէպի Շամքորի լեռները:

* * *

Պարսկական յառաջապահ գունդերը ջարդելէն ետք Մադաթով 1826 սեպտեմբերի սկիզբը հասաւ Շամքոր գետի ձախ ափը: Գետի աջ ափին կեդրոնացած էր պարսկական տասը հազարնոց բանակը եւ անոր միացած Ղազախի ու Շամշադինի թրքական ցեղախմբային  ուժերը, որոնք կը գտնուէին Ամիր խան սարդարի եւ Աբաս Միրզայի երէց որդի Մոհամէտ Միրզայի հրամանատարութեան տակ:

Շամքոր գետի ափին, 3 սեպտեմբեր 1826-ին մղուած ճակատամարտը, ռուսական եւ պարսկական բանակներուն միջեւ, եղաւ վճռական: Մադաթով խիզախօրէն յարձակեցաւ քանի մը անգամ գերազանց հակառակորդին վրայ: Գօտեմարտը կարճ տեւեց: Ռուսական զօրքը հատու հարուածով մը ճնշեց պարսկական զօրքին դիմադրութիւնը:

Ռուսեր, ընդամէնը քսանեօթը զոհ տալով, ջախջախեցին պարսկական բանակը, որ տուաւ աւելի քան երկու հազար սպաննուած, որոնց շարքին` Ամիր խան սարդար:

Պարսիկ զինուորները, դասալիք ըլլալով, ցիրուցան սկսան փախուստ տալ պատերազմի դաշտէն: Շամքորէն մինչեւ Գանձակ ծածկուեցաւ պարսիկ զինուորներու դիակներով:

Ռուսական բանակին ձեռքը իբրեւ ռազմական աւար անցաւ անգլիական մէկ հրետանի եւ տասնմէկ ֆալքոնէթ (փոքր թնդանօթ)` ուղտերով:

Շամքոր աւանի հայերը պարսիկներէն գործակցելու առաջարկ ստացած էին, բայց չէին հաւատացած եւ պատասխանած էին ըսելով որ կը գործակցին միայն այն պարագային, եթէ ոեւէ պարսիկ չմտնէ իրենց տարածքը եւ պարսկական կառավարութեան հետ յարաբերութիւնը տեղի ունենայ միայն իրենց ընտրած աւագանիին միջոցով: Այժմ անոնք իրենց թաղամասին մէջ ամրացած էին եւ ելքի ու մուտքի պահակախումբեր դրած էին:

aztagdaily.com/archives/574808

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail