Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակին Կողմէ Երեւանի Բերդին Պաշարումը Եւ Աբասապատի Գրաւումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Art-A-Tsolum – Arab map of the Caliphate period – Baku was part of Armenia

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակին Կողմէ Երեւանի Բերդին Պաշարումը Եւ Աբասապատի Գրաւումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

04 ՄԱՅԻՍ 202 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Արցախի Վրայ Քոչուորներու Յարձակումներ

ԷջմիածինԶինուորական Կայան Եւ
Քաղաքային Իշխանութեան Կեդրոն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսական բանակի յառաջապահ ուժերը եւ հայ կամաւորական ջոկատները 13 ապրիլ 1827-ին պարսիկներէն գրաւած էին Էջմիածինը եւ ապրիլ 27-ին պաշարած Երեւանի բերդը:

Ռուսական բանակի գլխաւոր ուժերը, բաղկացած` 4800 հետեւակ եւ 3800 հեծեալ զինուորէ ու 26 թնդանօթէ, զօրավար Պասկեւիչի հրամանատարութեամբ Շուլաւերէն ճամբայ ելլելով 8 յունիս 1827-ին հասան Էջմիածին:

Անձամբ ծանօթանալով Երեւանի բերդի պաշարման պայմաններուն, զօրավար Պասկեւիչ այն եզրակացութեան յանգեցաւ որ գրոհով հնարաւոր չէ բերդը գրաւել: Հարկաւոր էր ծանր հրետանի, որ տակաւին Թիֆլիսէն տեղ չէր հասած:

Պասկեւիչ զօրավար Բենկենդորֆի զօրքը միացուց զօրաբանակի գլխաւոր ուժերուն, իսկ Երեւանի բերդին պաշարումը զօրավար Աֆանասի Կրասովսկիի գլխաւորած քսաներորդ զօրագունդին յանձնարարեց:

Պասկեւիչ կը գտնէր, որ նախընտրելի է արշաւանքը սկսիլ Ղարաբաղէն: Բայց Ղարաբաղի մէջ որեւէ պատրաստութիւն չէր տեսնուած, յատկապէս` բանակի պարենաւորման համար: Արդէն արցախցիք իրենք գրեթէ ուտելիք չունէին եւ ծայրայեղ թշուառութեան մէջ իրենց գոյութիւնը կը պահէին:

* * *

Պասկեւիչ յունիս 19-ին շարժեցաւ դէպի Նախիջեւան: Ան ծրագրած էր նախքան Արարատեան դաշտի տաքերը սկսիլը գրաւել Նախիջեւանը եւ Աբասապատ բերդը, Երեւանը կտրել Պարսկաստանէն եւ այդպէսով դիւրացնել անոր գրաւումը եւ ստիպել Ֆաթհ Ալի շահին` հաշտութիւն կնքելու:

Ռուսական զօրքը Գառնի-չայի եւ Վեդի-չայի շուրջ ծաւալած յաղթական կռիւներէ ետք, յունիս 26-ին գրաւեց Նախիջեւանը եւ յուլիս 1-ին պաշարեց Աբասապատ բերդը:

Քոլատակ Մարտակերտի շրջանին մէջ, համանուն գետի ափին. մօտակայքը` Կոշիկ անապատը, Սուրբ Յակոբայ վանքը, Հաւապտուկ վանքը, Հնձանի եկեղեցին, Մատուռի եկեղեցին, Զառունց տափէն եկեղեցին, խաչքարեր եւ Կաչաղակաբերդը:

Աբասապատ բերդը կը գտնուի Նախիջեւան քաղաքէն հարաւ-արեւելք, Արաքս գետի բարձրադիր ձախ ափին, հին հայկական Աստապատ գիւղին տեղը եւ կառուցուած էր Աբաս Միրզայի կողմէ, անգլիացի ռազմական մասնագէտներու օգնութեամբ: Բերդի կառուցման համար գործածուած էին Աստապատի հայոց եկեղեցիներուն եւ հին բերդին քարերը: Աւանդութեան համաձայն Աստապատի Սուրբ Վարդան վանքին մէջ պատանքուած էին Աւարայրի ճակատամարտի նահատակները:

Գահաժառանգ Աբաս Միրզա 12 հազարնոց զօրքով պաշարուած Աբասապատի օգնութեան շտապեց:

Ռուսական հրամանատարութիւնը, նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը պահելու նպատակով, յուլիս 5-ին զօրաբանակի գլխաւոր ուժերով անցաւ Արաքսը եւ Ջեւան Բուլաղի մօտ ճակատամարտ տուաւ Աբաս Միրզայի զօրքերուն: Ճակատամարտը աւարտեցաւ ռուսական զօրքի փայլուն յաղթանակով: Պարսկական բանակը ծանր կորուստներ կրելէ ետք փախուստի դիմեց:

Երկու օր ետք, յուլիս 7-ին, Աբասապատի պարսկական բերդապահ կայազօրը անձնատուր եղաւ: Ռուսեր գերեվարեցին պարսիկ երեք հազար զինուոր` իրենց հրամանատարներով, գրաւեցին տասնութ թնդանօթ, հազար փութ վառօդ եւ սննդամթերքի հարուստ պաշարներ:

* * *

Արարատեան դաշտին տաքերը սկսած էին եւ ռուս զինուորներուն շարքերը անընդհատ կը նօսրանային հիւանդութիւններու պատճառով:

Պարսիկներ Արարատեան դաշտի բնակչութիւնը, հայ թէ թուրք, քշած տարած էին Արաքսի միւս ափը, որպէսզի ռուսերը իրենց գրաւած վայրերուն մէջ անապատ գտնեն:

Ռուսական զօրքերը դաշտի ամայացած գիւղերուն մէջ ոչինչ կը գտնէին եւ անոնց անհրաժեշտ պարէնը Թիֆլիսէն կ՛ուղարկուէր:

Երեւանի բերդէն ներս դժոխային կացութիւն ստեղծուած էր: Հիւսէյն Ղուլի խանին հրամանով հոն հաւաքուած էր շրջակայքի հայ եւ թուրք բնակչութեան մեծ մասը, որ քաղաքի բուն բնակչութեան վրայ աւելնալով բռնած էր բոլոր ազատ տեղերը: Բերդի պարիսպներուն մէջ եղած փոքր տարածութիւնը ամառուան անտանելի տաքին պատճառով խեղդիչ դարձած էր այդքան մեծ բազմութեան համար:

Արարատեան դաշտի տաքերուն եւ հիւանդութիւններու պատճառով հազարէ աւելի ռուս զինուորներ հիւանդացած էին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ, Պասկեւիչի թոյլտուութեամբ Կրասովսկի դադրեցուց Երեւանի բերդին պաշարումը եւ յուլիս 1-էն սկսեալ զօրքին հանգիստ տուաւ Ապարանի սարահարթին վրայ:

* * *

Բանաձոր Հադրութի շրջանին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով

Արցախի մետրոպոլիտ Սարգիս արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան, Ջրաբերդի մելիք Վանի Մելիք Աթաբէկեան եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ Բ. Բեգլարեան պարսկական բանակի Արցախ ներխուժումի օրերուն, 1826-ին, Խանքենդի (այժմ` Ստեփանակերտ) գիւղին մէջ հանդիպում ունեցած էին Աբաս Միրզայի հետ, գահաժառանգին բարկութիւնը ամոքելու եւ հայ ժողովուրդը անոր վրէժխնդրութենէն ազատելու համար: Սարգիս արքեպիսկոպոս իր արտասուքով եւ մելիք Վանի իր պերճախօսութեամբ յաջողած էին ամոքել Աբաս Միրզայի բարկութիւնը եւ անոր յատուկ յարգանքին արժանացած էին: Աբաս Միրզա փառաւոր խալաթներ շնորհած էր անոնց եւ հանգստացնելով ճամբու դրած, խոստանալով որ հայոց ժողովուրդին ոչ մէկ վնաս կը հասնի, եթէ հայերը հաւատարիմ մնան Պարսկաստանի եւ դադրեցնեն ռուսերուն ցոյց տուած իրենց օգնութիւնը:

Սարգիս մետրոպոլիտի եւ անոր ընկերակից երկու մելիքներուն տեսակցութիւնը Աբաս Միրզայի հետ բաւական թանկ նստաւ անոնց վրայ:

Պարսկական զօրքերու Արցախէն հեռացումէն ետք զօրավար Մադաթով անոնց երեքն ալ կալանաւորել տուաւ: Ռուսաստանի անհաշտ թշնամիին հետ անոնց տեսակցութիւնը համարուեցաւ տեսակ մը դաւաճանութիւն: Սարգիս մետրոպոլիտ Թիֆլիս ուղարկուեցաւ եւ հոն բանտարկուեցաւ: Իսկ մելիք Վանի եւ մելիք Յովսէփ Պաքու աքսորուեցան, որպէսզի հոնկէ Սիպերիա քշուին:

Սարգիս մետրոպոլիտ եւ մելիքները ութ ամիս բանտարկուած մնացին: Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի իր ամբողջ հեղինակութիւնը ի գործ դրաւ անոնց ազատ արձակման համար: Յետոյ անոնց անմեղութիւնը հաստատուեցաւ եւ ազատ արձակուեցան:

Սարգիս մետրոպոլիտ բանտային տանջանքներէն սաստիկ մաշած էր եւ հիւանդ վիճակով Թիֆլիսէն Արցախ վերադարձաւ:

* * *

Արցախի մէջ դրութիւնը բաւականին ծանր էր. մէկ կողմէն` պարէնի գրեթէ չգոյութիւնը եւ միւս կողմէ` քոչուորներու կողմէ տեւական յարձակումներն ու կողոպուտը դժուար կացութեան մատնած էին ժողովուրդը:

Ղարաբաղի նախկին խան Մեհտի Ղուլիի ապստամբութեան կոչերը կը շարունակէին արձագանգ գտնել թաթար ցեղապետ բէկերուն մօտ, որոնք ռուսերուն եւ հայերուն դէմ դաւադրական ծրագիրներ կը յղանային:

Զօրավար Մադաթով ամէն ջանք կը գործադրէր իրավիճակը կայունացնելու համար, բայց ապարդիւն:

Թուրքերը սիրաշահելու եւ կացութիւնը գոնէ մասամբ հակակշիռի տակ առնելու մտադրութեամբ, Շուշիի պաշարման ժամանակ դաւաճանած, պարսիկներուն հետ գործակցած եւ կալանքի տակ գտնուող բէկերուն մէկ մասը ազատ արձակուեցաւ, իսկ միւսներն ալ Ղարաբաղի սահմաններէն հեռանալու դատապարտուեցան:

Զօրավար Մադաթով 1827 յունուարին Ատրպատական արշաւանքով թէեւ սանձահարած էր Արցախի սահմանները տեւաբար խախտող քոչուոր ցեղերը եւ գլխաւորաբար Շահսաւանները, բայց գարնան անոնք իրենց անհամար հօտերով ու Մուղանի տափաստաններէն զանգուածային տեղափոխութիւններով կրկին մտած էին Արցախ:

Արտաշաւ գիւղը Քաշաթաղի շրջանին մէջ, Շալուա գետի Արտաշաւ վտակի աջափնեայ ձորալանջին

Մինչ այդ, 3 մարտ 1827-ին, պարսկական շուրջ երեք հարիւր հոգինոց զօրախումբ մը անցաւ Արաքսը եւ յարձակեցաւ Հագարի գետի հովիտի ուղղութեամբ` Հարար եւ Կոռնիձոր գիւղերուն վրայ: Բախումի ընթացքին չորս հոգի զոհուեցաւ եւ երկու հոգի վիրաւորուեցաւ:

Յուլիս 30-ին Շահսաւանները, շուրջ երկու հազար կռուողներով յարձակեցան Գիշի գիւղին վրայ, կողոպտեցին գիւղին բնակչութիւնը, երեք հոգի սպաննեցին եւ տասը հոգի ալ գերի տարին:

Ցեղախմբային խառնիճաղանճ ուժեր, չորս հազար հեծեալներով, սեպտեմբեր 6-ին յարձակեցան Շուշիի եւ Ասկերանի մօտ գտնուող բնակավայրերուն վրայ:

* * *

Երեւանի բերդը գրաւելու համար զօրավար Կրասովսկիի զօրքերուն ջանքերը ապարդիւն անցած էին: Բերդին պարիսպները կործանելու համար Թիֆլիսէն ծանր հրետանին տակաւին տեղ չէր հասած եւ Կրասովսկի հանգիստ տուած էր զօրքին, իսկ ինք Էջմիածին անցած էր:

Էջմիածնի վանքը եւ հոն հաստատուած զինուորական հիւանդանոցը պաշտպանելու համար գնդապետ Լինդենֆելդերի հրամանատարութեամբ գումարտակ մը զինուոր` հինգ թնդանօթներով եւ հազար հայ աշխարհազօրայիններ կեդրոնացուած էին Վաղարշապատի մէջ:

Էջմիածնի զինուորական հիւանդանոցին մէջ շուրջ երկու հարիւր հիւանդ զինուորներ պառկած էին:

Էջմիածնի վանքը զինուորական կայան եւ քաղաքային իշխանութեան տեսակ մը վարչական կեդրոն դարձած էր:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի զօրավար Պասկեւիչի կարգադրութեամբ ձեռք առած էր հոգեւոր եւ քաղաքային ամբողջ իշխանութիւնը:

Ներսէս արքեպիսկոպոս անթիւ նամակներ կը գրէր բոլոր կողմերու հայերուն, թելադրելով որ զէնք բարձրացնեն եւ միանան ռուսերուն` պարսիկներուն դէմ կռուելու համար: Ան շրջակայ իսլամ ցեղերուն մէջ եւս քարոզչական աշխատանք կը տանէր, յորդորելով անցնիլ պարսիկներուն կողմը:

Քարափափախները (սեւ գլխարկաւորներ) թրքական քոչուոր ցեղախումբ են. անոնց ցեղապետն էր Հաճի խան: Անոնք անդադար արշաւանքներ կը կազմակերպէին, կը յարձակէին ճանապարհներու վրայ եւ մեծ վնասներ կը պատճառէին ռուսերուն, խլելով ու ոչնչացնելով պաշարեղէն փոխադրող սայլերու եւ բեռնատար կենդանիներու կարաւանները:

Ներսէս արքեպիսկոպոս նամակ գրեց Հաճի խանին, յայտնելով որ ռուսերուն յաղթանակը անխուսափելի է եւ ճակատագրական. բոլորին վրայ պիտի տարածուի ռուսաց ցարին երկաթէ իշխանութիւնը: Իբրեւ բարեկամ` ինք կը հաւաստիացնէր խանին, որ ռուսերը այլեւս ետ պիտի չվերադառնան իրենց գրաւած շրջաններէն: Երեւան այսուհետեւ ռուսական նոյնպիսի քաղաք է, ինչպէս Պետերբուրգը կամ Աստրախանը: Ռուսերը այսքանով ալ պիտի չբաւականանան: Անոնք 25-30 հազարնոց զօրքով պիտի մտնեն Պարսկաստան եւ պիտի գրաւեն ամբողջ Ատրպատականը մինչեւ Թեհրան: Հետեւաբար Հաճի խանին համար նպաստաւոր պիտի ըլլար անցնիլ ռուսերուն կողմը: Եւ եթէ Հաճի խան փոքր զօրագունդով մը Էջմիածին գայ եւ ռուս հրամանատարին ներկայանայ, ոչ միայն ոչինչ կը վնասէ, այլ նաեւ կը վարձատրուի ռուսական կառավարութեան կողմէ:

aztagdaily.com/archives/579645

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail