Ազրպէյճան ”Կը Սեփականացնէ” Նախիջեւանի Երնջակաբերդը

11 փետրուար 2016

Փանարմինիըն լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ‚ որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած են‚ ըստ որու‚ այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ կը վերակառուցուի Հին Ջուղայէն ոչ հեռու գտնուող Ալինջա բերդը։ Մասնաւորաբար‚ կը հաղորդուի‚ որ 2014-ին սկսած լայնածաւալ աշխատանքները աւարտական փուլի մէջ են‚ եւ հաւանաբար այս գարնան տեղի պիտի ունենայ վերակառուցուած ամրոցի եւ յարակից թանգարանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։
Alinjagala-Nakhchivan
Ազրպէյճանական կայքերը համանուն լերան վրայ խոյացած ամրոցի հիմնադիրներու եւ նախնական տէրերու մասին ”համեստօրէն” կը լռեն՝ յիշատակելով միայն‚ որ ժամանակին բերդին տիրած են սելճուքներն ու Լենկ Թիմուրը։
Իրականութեան մէջ Ալինջան բերդի անունը բուն հայերէն՝ երնջակ անուան փոխուած տարբերակն է։

Անիկա կառուցուած է Արաքսի ձախակողմեան վտակ Երնջակ գետի ափին՝ հարթավայրին մէջ վեր խոյացող ապառաժոտ համանուն ժայռի վերնամասին մէջ։ Պատմական տեղեկութիւններու եւ հնագիտական որոշ տուեալներու համաձայն‚ այստեղ ամրոց կառուցուած էր ՔԱ 8-7-րդ դարերուն‚ իսկ ՔԵ 5-8-րդ դարուն ատիկա վերակառուցուած է Սիւնեաց իշխաններու կողմէ։

Աւանդութեան համաձայն‚ Երնջակ կամ Երինջօ բերդը իր անունը ստացած է Սիւնիաց Երնջիկ տիկնոջ անունէն։ Ատիկա համանուն գաւառի նշանաւոր ու անառիկ ամրութիւններէն էր‚ ուր կը պահուէին Սիւնիքի աւագ իշխաններու գանձերը։ Պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանը բերդը անուանած է ”անհնարին ամուրն Երնջակ”։

Երնջակ բերդին եւ համանուն գաւառին 698 թուականին տիրած են արաբները։ Սմբատ Բագրատունի հայոց թագաւորը (895-914) զայն ետ գրաւած է‚ սակայն 913 թուականին արաբ Եուսուֆ էմիրը աւելի քան մէկ տարի պաշարումէն ետք դարձեալ գրաւած է Երնջակը։ Սելճուք-թուրքերու տիրապետութենէն ետք՝ 13-րդ դարու սկիզբին‚ եղած է Զաքարեան Հայաստանի կազմին մէջ‚ ապա եղած է Օրբելեան իշխաններու տոհմական կալուածը։ Հետագայ դարերուն մէջ Երնջակ բերդին տիրած են Լենկ Թիմուրը‚ թուրքմենական ցեղերը եւ Սեֆեան Իրանը։

ՀՈՐԻԶՈՆ
http://www.horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail