Անցուդարձ – Ռուսաստանի մէջ օրակարգի նիւթ դարձած է Մոսկուայի 1921ի դաշնագիրը յետս կոչելու հարցը

Այս դաշնագրով Կարսն ու Արտահանը, ներառեալ՝ Արարատը յանձնուած էին Թուրքիոյ

Ռուսական «Իզվեստիա» թերթը կը գրէ, թէ 1921ին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած Մոսկուայի բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դաշնագիրը յետս կոչելու տրամադրութիւններ կը տիրեն:

Արդարեւ, Համայնավար կուսակցութենէն երկու երեսփոխան՝ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուհով նախագահ Փութինին եւ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովին նամակ յղելով այդ դաշնագրին ջնջումը պահանջած են:

Անոնցմէ Օպուհով, «Իզվեստիա»յին յայտնած է, թէ «Այս շրջանին երբ Ռուսաստանի նկատմամբ՝ Թուրքիոյ յարձակողական կեցուածքը կը շեշտուի, հարկ է վերատեսութեան ենթարկել ռուս-թրքական այն բոլոր դաշնագրերը, որոնք նպաստաւոր չեն Ռուսաստանին»:

Ըստ «Իզվեստիա»յի, համայնավար երեսփոխաններուն այս նախաձեռնութիւնը զօրակցութիւնը կը վայելէ նաեւ «Արդար Ռուսաստան» կուսակցութեան: Վերջինիս երեսփոխաններէն Օլեկ Փահոլքով ալ յայտարարած է, թէ Մոսկուայի դաշնագիրը խոտոր կը համեմատի Ռուսաստանի շահերուն:

Լրատւութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ, թէ հակառակ անոր, որ այդ դաշնագրով կը ճշդուէր Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը, նշեալ երկիրները մաս չեն կազմած դաշնագրին:

Այս դաշնագրով Կարսը եւ Արտահանը, ներառեալ՝ Արարատը, յանձնուած էին Թուրքիոյ, իսկ Պաթումը՝ Վրաստանին:

«168 Ժամ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ համայնավար երեսփոխաններու այս նախաձեռնութենէն անմիջապէս ետք ռուսական լրասփիւռները հաղորդեցին, թէ նախագահ Փութինի հրահանգով՝ անակնկալ ստուգումներ տեղի պիտի ունենան երկրին հարաւային բոլոր զօրամասերուն, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի թիւ 102 ռուսական ռազմակայանին մէջ, որոնք ահազանգային վիճակի մէջ են: Ըստ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, հետապնդուած նպատակն է ստուգել երկրին հարաւային շրջաններու ռուսական օդային պաշտպանութեան համակարգին պատրաստութիւնը:

«Հայկական Ժամանակ» կը գրէ, թէ ամենայն հաւանականութեամբ այսուհետեւ Մոսկուա մօտէն պիտի հետեւի Հայաստանի օդային տարածքին՝ թրքական օդուժին կողմէ բռնաբարումի պարագաներուն, ինչպէս պատահած էր արդէն 2015 Հոկտեմբեր 6ին եւ 7ին: Թերթը կը գրէ, թէ ռուսական բանակի այս ստուգումները պէտք է դիտել որպէս ապագայ զարգացումներու նախապատրաստութիւն :

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (55) Փետրուար 2016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail