Որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի Կարիքաւոր Ընտանիքները Յոյսով ու Հաւատքով Ապրին

Որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի Կարիքաւոր Ընտանիքները Յոյսով ու Հաւատքով Ապրին

04 Յունուար 2013

«Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն» հիմնադրամը 2012-ին իրականացուցած է հետեւեալ ծրագիրները.

– Լոռի մարզի, Ժիլիզա գիւղին մէջ, Սարգսեաններու ընտանիքի դպրոցական հինգ երեխաները ապահովուած են հագուստով եւ կօշիկով, որպէսզի հնարաւոր դառնայ դպրոց յաճախել պատշաճ կերպով:

– Դարձեալ նոյն գիւղին մէջ, հաշուի առնելով յառաջիկային այնտեղ դասատուի կարիքը եւ նկատի ունենալով երիտասարդ Սիրարփի Սարգսեանի պատրաստակամութիւնը յառաջիկային աշխատելու իբրեւ ուսուցիչ պապենական գիւղին մէջ, հիմնադրամը նպատակայարմար գտաւ ապահովելու Սիրարփի Սարգսեանի Ուսանողական կրթաթօշակը:

– Երիտասարդ այրի Մերի Գրիգորեան, որ կ’ապրէր իր անչափահաս երկու փոքրիկներուն հետ եւ որ աշխատանք ունենալու համար կը փափաքէր բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ` հիմնադրամը ապահովեց 2012-2013-ի անոր ուսման վարձքը Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համալսարանին մէջ հաշուապահութիւն ուսանելու համար:

– 2013-ին ամէն ամիս սնունդով պիտի ապահովէ Արարատ քաղաքի բնակիչ Ալավերդեան ընտանիքը. չորս մանկահասակ երեխայ եւ այրի ու քաղցկեղով հիւանդ անոնց մայրը:

Հիմնադրամը այժմ աշխատանք կը տանի իրականացնելու երեք նոր ծրագիր.

– Գիւմրիի մէջ բնակող Բաբայեաններու վեց հոգինոց ընտանիքը ապահովել բնակարանով` հաշուի առնելով, որ այժմ տնակի մէջ ապրող ընտանիքը երկրին պիտի տայ չորս զինուոր:

– Երեւանի հանրակացարաններէն մէկուն 28ք/մ սենեակի մը մէջ բնակող Փափազեաններու տասը հոգինոց ընտանիքը ապահովել բնակարանով: Ազատամարտիկ հօր ութ զաւակներէն չորսը կ’ապրին գիշերօթիկի մէջ, տեղի եւ սնունդի չգոյութեան պատճառով:

– Լոռի մարզի Ժիլիզա գիւղի Սարգսեան բազմանդամ ընտանիքը (13 հոգի) նոյնպէս ապահովել բնակարանով` հաշուի առնելով անոնց բնակարանային վատ պայմանները:

Նշենք, որ «Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն» հիմնադրամը ստեղծուած է 2011-ին Ֆրանսայի մէջ: Հաշուի առնելով անապահով ու անօթեւան ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ արտագաղթողներու թիւի աճը` Հիմնադրամը նպատակ ունի յոյս եւ հաւատք ներշնչելու Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ (եւ ոչ միայն) շրջաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն:

Նշենք, որ հիմնադրամի աշխատակազմը կ’աշխատի միայն ու միայն կամաւոր հիմունքներով: Ծրագիրներուն իրագործումը կը կատարուի անկախ եւ ուղիղ ձեւով, առանց ոեւէ անձի կամ կազմակերպութեան միջամտութեան:

Նուիրատւութիւն կարարելելու կամ ծանօթանալու համար հիմնադրամի անցեալ ու ներկայ ծրագիրներուն, կրնաք այցելել www.asso-eea.com կայքէջ:

www.yerakouyn.com

Armenian Charity Fund’s

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail