Կարմիր Լուրեր Թուրքիայէն. Առաջին Գիծի Վրայ Քիւրտերն Են

10-սեպտեմբեր 2015

Կարմիր Լուրեր Թուրքիայէն. Առաջին Գիծի Վրայ Քիւրտերն Են

Թուրքիայէն մեզի հասած լուրերը արիւնահոտ են: Կրակոց, ռումբի պայթումներ, զայրացած ամբոխ զոհեր եւ վիրաւորներ ամէն դի: Տակաւին մտավախութիւն կայ,որ պատերազմի սեւ ուրուականը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ եւ իր մահահոտ ժանիքները խրէ վերջին տարիներուն համեմատաբար խաղաղ կացութեան մը մէջ գտնուած Հայաստանի «հարեւան» երկրին հողին մէջ: Հարեւան բառը չակերտի մէջ կ’առնեմ, որովհետեւ մեր ըմբռնումին մէջ հարեւանութիւն ընելու, հարեւանութեամբ ապրելու եւ հարեւանին հետ կեանք կիսելու մօտեցումները առաւելաբար դրական կացութիւններու հոմանիշներ են, բան մը, որ մինչեւ օրս արդէն 24 տարեկան դարձած անկախ Հայաստանը չկրցաւ ապրիլ Թուրքիոյ հետ: Պատճառները բնականաբար պիտի փնտռել սահմանէն այդ կողմ ու այդ մասին կարելի է խօսիլ այլ առթիւ:

Ինչ որ կը կատարուի այսօր նոր կարեւոր հանգրուանի մը սկիզբն է: Իշխող եւ մինչեւ օրս անպարտելի համարուած Էրտողան կը փորձէ տարբեր ոճեր որդեգրելով վառել քրտամէտ HDP-ին օգտին նետուած քուէները: 7 Յունիսի արդիւնքներէն դեռ ուշքի չեկած Էրտողան ամէն գնով խաղի նոր կանոններ կը պարտադրէ: Կը խառնէ երկինքը երկրին, ISIS-ին դէմ «պաղ պատերազմ» կը հռչակէ ու գետնի վրայ արիւն կը թափէ յատկապէս Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ: Խաղցուած խաղը նորութիւն մը չէ: Խաղին վառելանիւթը քիւրտերն են, որոնց զինուորական այսպէս կոչուած ճակատը՝ PKK-ն թրքական բանակին տուած իր անակնկալ հարուածներով կը յայտնուի, ոչ միայն իշխանութեան այլ արեւմուտքի սեւ ցուցակներուն մէջ:

Իսկ PKK-ի հիմնադիր առաջնորդ Աբոն՝ Ապտալլա Օճալանը կը շարունակէ մնալ լուռ: Բանտի իր նկուղին մէջ մեկուսացուած Աբոն անզօր է իր ձայնը լսելի դարձնելու:

Էրտողանի նպատակը մէկն է: Արեան ճակատ տանիլ HDP-ն եւ անոր քաղաքական հմայքը վառել ու դարձնել քաղաքական դիակ:

Անոր փորձերը մինչեւ այս պահը մատնուած են ձախողութեան: HDP-ի շուրջ բոլորուած ուժերը հասկցած են, որ «միայն զէնքով չէ որ կայ քիւրտերու փրկութիւն»ը: Աւելին անոնք կը տենչան ազատ եւ ժողովրդավար Թուրքիա մը կերտել, որուն մէջ իրար հետ համերաշխ պիտի ապրին այդ հողը բաղկացնող բոլոր ժողովուրդները ՝ կողք-կողքի: Հայեր, յոյներ, ալէւիներ, լազեր, ասորիներ, գաղթէացիներ, եզիտիներ, զազաներ, թիւրքմէններ, քիւրտեր եւ … թուրքեր:

Հոս կը կայանայ ճիշդ ընտրութեան նշանակէտը:

Քիւրտերը այսօր վերցուցած են փորձութեան մեծ բաժակը եւ յառաջ կը տանին ժողովրդավար Թուրքիա մը կերտելու երազը:

Այդ երազին մէջ թանձր եւ վիրաւոր արեւմտահայաստանի շուքը կայ:

Պայմանաւ, որ մենք հայերս ալ պատրաստ ըլլանք մեր դարաւոր «թշնամին» եւ այսօրուան «հարեւան»ը ծովը թափելու գաղափարէն հրաժարիլ:

Ինչպէս նկատեցիք, հոս ալ թշնամի բառը դարձեալ չակերտի մէջ է ու պայմանական:

Պարզ անոր համար, որ պատմութեան մէջ սառած եւ կարծրատիպ դարձած ըմբռնումները կը դառնան ախտ եւ ատելութեան սերմին խառնուելով կը կրծեն մեր մարմինը:

Քաղաքական դիակ դառնալու բոլոր կամուրջները պէտք է վերացուին եւ այսօրը ապրելու ու այսօրուան խաղին մէջ մտնելու համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է մեռելը զատել ողջէն:

Ապրիլ ողջի կանոններով: Այն կանոններով, որ վայել է յաղթողներուն:

Թուրքիոյ մէջ մեծ փոփոխութիւններու ժամանակը կը հասուննայ եւ այսօր ճակատի առաջին գիծին վրայ քիւրտերն են:

Փորձենք հասկնալ իրադրութիւնը:

Փորձենք պատրաստուիլ վաղուան ճանապարհին:

Սագօ Արեան

http://zilkhosk.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail