4 Մարտ 1922. Պոլշեւիկները Պարտադրեցին Հայերէնի «Աբեղեանական Ուղղագրութեան»… Սխալագրութիւնը

04 ՄԱՐՏ 2016
manoug-apeghian

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Մարտ 4-ի այս օ­րը կը լրա­նայ 94ա­մեա­կը այն տխրահռ­չակ հրա­մա­նագ­րին («դեկ­րե­տին»), ո­րուն մի­ջո­ցաւ, ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կոր­ծա­նե­լէ ետք, ա­նոր ա­ւե­րակ­նե­րուն վրայ «թա­գա­ւո­րե­լու» ե­կած պոլ­շե­ւիկ­նե­րը զի­նու զօ­րու­թեամբ ­Հա­յե­րէ­նի ի­րենց նա­խընտ­րած «ա­բե­ղեա­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան»… սխա­լագ­րու­թիւ­նը պե­տա­կա­նօ­րէնպար­տադ­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Հա­կա­ռակ խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նէն «ժա­ռան­գո­ւած» ա­պազ­գայ­նաց­ման ուայ­լա­սեր­ման բե­ռէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու իր յան­դուգն քայ­լե­րուն, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ա­հա քա­ռորդդար է կը շա­րո­ւնա­կէ կառ­չած մնալ պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թեանց կոր­ծա­նա­րար այդ հրա­մա­նագ­րին, որ կո­չո­ւած էր ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­յոց ազ­գա­յին ան­ցեա­լին հետ խորհր­դա­յին խզումն ու հա­յու­թեան երկ­փեղ­կու­մը՝ մայ­րե­նիի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը չա­րա­փո­խե­լու ճամ­բով։

Ինչ­պէս խորհր­դա­յին ստրկամ­տու­թեան տաս­նա­մեակ­նե­րուն, նոյն­պէս եւ այ­սօրսա­կա­ւա­թիւ են ­Ռա­ֆա­յէլ Իշ­խա­նեա­նի եւ ­Վա­րագ Ա­ռա­քե­լեա­նի օ­րի­նա­կով հայ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն փա­րած եւ պա­հա­պան կանգ­նած այն դրօ­շա­կիր­նե­րը, ո­րոնք հայ մտա­ւո­րա­կա­նի ի­րենց կո­չու­մին տի­րու­թիւն ը­նե­լով՝պատ­րաստ են, ի գին հա­լա­ծան­քի եւ շնոր­հազր­կու­մի, յա­ռաջ մղե­լու հա­յե­րէ­նի դա­սա­կան՝ ­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ մայ­րե­նին -ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն թէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն – միեւ­նոյն ուղ­ղագ­րու­թեամբ սե­րունդ­նե­րը դաս­տիա­րա­կե­լու սրբա­զան պայ­քա­րը։

Եւ որ­քան ալ հե­ղի­նա­կա­ւոր հնչէ այ­սօ­րո­ւան հայ­րե­նի ա­կա­դե­մա­կան­նե­րուվե­րա­պա­հու­թիւ­նը հա­յե­րէ­նի միաս­նա­կան՝ ­Մես­րո­պեան դա­սա­կա՛ն ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու կո­չե­րուն նկատ­մամբ, այ­սու­հան­դերձ՝ ազ­գո­վին դէմ յան­դի­ման կանգ­նած ենք ա­ւե­լի քան 94 տա­րո­ւան վա­ղե­մու­թիւն ու­նե­ցող այս կնճռոտ, այ­լեւ փշոտ հար­ցին հա­մազ­գա­յին ու վերջ­նա­կան լու­ծում տա­լու մար­տահ­րա­ւէ­րին։

1922-ին ­Հա­յաս­տա­նի նո­րա­հաս­տատ պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թիւ­նը շատ լաւկը գի­տակ­ցէր, թէ ուղ­ղա­կի հա­յու­թեան ող­նա­շա­րին կ­՚ուղ­ղէր իր հա­րո­ւա­ծը,երբ այդ­պէս՝ 4 ­Մար­տին հրա­պա­րա­կո­ւած հրա­մա­նա­գիր «դեկ­րետ»-ով մը, պե­տա­կա­նօ­րէն ու պաշ­տօ­նա­պէս հան­րա­պար­տա­դիր կը հռչա­կէր հա­յե­րէ­նի«նոր ուղ­ղագ­րու­թիւն»ը։

Այ­սինքն՝ իբ­րեւ դա­սա­գիրք, գրա­կան թէ գի­տա­կան եր­կեր կամ մա­մուլ մինչ այդհրա­տա­րա­կո­ւած ազ­գի ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը բա­ռա­ցիօ­րէն… շրջա­նա­ռու­թե­նէ եւ գոր­ծա­ծու­թե­նէ դուրս կը շպրտէր։ ­Փո­խա­րէ­նը՝ պոլ­շե­ւի­կեան իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան նա­խա­սի­րու­թեանց վրայ հիմ­նո­ւած, նոր ուղ­ղագ­րու­թեամբ հայ մար­դոց ու մա­նա­ւանդ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն կը ստի­պէր կար­դա­լու եւ սոր­վե­լու իր քա­րոզ­չու­թեան ծա­ռա­յող… հո­գեմ­տա­ւոր սնուն­դը։

Սկզբ­նա­պէս «ա­բե­ղեա­նա­կան» յոր­ջոր­ջո­ւած, ա­ւե­լի ուշ «հա­յաս­տա­նեան»ա­նո­ւա­նո­ւած եւ այ­սօր ար­դէն «պոլ­շե­ւի­կեան» նկա­տո­ւող այդ ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ե­թէ լե­զո­ւա­բա­նա­կան ու գի­տա­կան ա­ռու­մով հիմ­նա­ւոր ո­րոշ նա­խադ­րեալ­ներ ու­նէր, այ­սու­հան­դերձ՝ պե­տա­կա­նօ­րէն պար­տադ­րո­ւե­լով, էա­պէս եւ գե­րա­զան­ցա­պէս քա­ղա­քա­կան սադ­րան­քի մը ի­րա­գործ­ման կըծա­ռա­յէր։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին հայ­րե­նաբ­նակ եւ տա­րա­գիր զան­գո­ւած­նե­րուն երկ­փեղ­կու­մը խո­րաց­նե­լու ծա­ռա­յող պա­ռակ­տի՛չ քայլ էր «նոր ուղ­ղագ­րու­թիւն»-ը, ո­րունմի­ջո­ցաւ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը մա­հա­ցու հա­րո­ւած հաս­ցուց -ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տէն ետք – հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յինմիաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու ճի­գե­րուն։

Օ­րին իսկ բուռն ե­ղաւ ընդ­դի­մու­թիւ­նը «սխա­լագ­րու­թիւն» խա­րա­նին ար­ժա­նա­ցած «դեկ­րե­տա­յին» այդ ուղ­ղագ­րու­թեան դէմ։ Ոչ միայն սփիւռ­քի տա­րած­քին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ան­հաշտ պայ­քար ծա­ւա­լե­ցաւ ազ­գա­յին մեր միաս­նա­կա­նու­թեան սպառ­նա­ցող վտան­գին դէմ, այ­լեւ նոյ­նինքն ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­տա­կան ազ­դու ընդ­դի­մա­խօ­սու­թիւն թափ ա­ռաւ նո­րա­մոյծ «ուղ­ղագ­րու­թեան» նկատ­մամբ։

Հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի լե­զո­ւա­գի­տա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը չա­րա­շա­հե­լով յա­ռաջ քշո­ւե­ցաւ «դեկ­րե­տա­յին ուղ­ղագ­րու­թեան» պար­տադ­րու­մը ­Լե­նի­նի ձեռ­նա­սուն­նե­րուն կող­մէ։

Մինչ Ա­բե­ղեա­նին կը յու­զէր հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը պար­զաց­նե­լու՝ «ինչ­պէս կը հնչենք, այդ­պէս ալ գրենք»ի տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը հիմ­նո­վին այլ էին, պոլ­շե­ւի­կեան դա­ւա­նա­մո­լա­կան ներշն­չում ու­նէին, հայ ժո­ղո­վուր­դէն իր ազ­գա­յին-պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը խլե­լու ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թեան կը մի­տէին։

Միայն այդ ճամ­բով խորհր­դա­յին­նե­րը ի վի­ճա­կի կրնա­յին ըլ­լալ ­Հա­յաս­տանն ուհայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թիւ­նը եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րով ան­ջա­տե­լու ամ­բող­ջա­կանՀա­յաս­տա­նէն ու ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թե­նէն, որ­պէս­զի դիւ­րա­նար հայ­րե­նիհո­ղին ու ժո­ղո­վուր­դին ամ­բող­ջա­կան հա­մար­կու­մը Խորհր­դա­յին ­Միու­թեանմէջ՝ իբ­րեւ ձու­լո­ւած մէկ մաս­նի­կը խորհր­դա­յին «բազ­մազգ հայ­րե­նիք»-ին ու«խորհր­դա­յին ժո­ղո­վուրդ»ի խառ­նա­րան-կաթ­սա­յին։

Նո­րե­լուկ «ուղ­ղագ­րու­թեան» պաշտ­պա­նու­թեան եւ հիմ­նա­ւո­րու­մին հա­մարպոլ­շե­ւիկ­նե­րու ծա­ւա­լած ամ­բո­խա­վա­րու­թիւ­նը, ան­շուշտ, ա­ռա­տօ­րէն օգ­տա­գոր­ծեց «ժո­ղովր­դա­յին կրթու­թիւն», «գրա­ճա­նաչ հա­սա­րա­կու­թիւն» եւ«ժողովր­դա­կան մշա­կոյթ» հաս­տա­տե­լու, տա­րա­ծե­լու եւ «զար­գաց­նե­լու» կար­գա­խօս­նե­րը։

Ամ­բո­խա­վա­րա­կան այդ աղ­մու­կին մէջ, խորհր­դա­յին­նե­րը մէկկող­մէ ծայ­րա­յեղ կա­մա­կո­րու­թեամբ ա­ռաջ տա­րին նոր սե­րուն­դին միայն ի­րենց«ուղ­ղագ­րու­թիւն»-ը սոր­վեց­նե­լու տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քը՝ ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թիւ­նը նոր ուղ­ղագ­րու­թեամբ տպագ­րո­ւած գիր­քե­րու հե­ղե­ղին տակ առ­նե­լով, իսկ միւս կող­մէ ան­վա­րան դի­մե­ցին ա­մէ­նէն բիրտ մի­ջոց­նե­րով հա­լա­ծան­քի, բան­տար­կու­թեան եւ մին­չեւ իսկ սպա­նու­թեան քայ­լե­րու, որ­պէս­զիլռու­թեան մատ­նեն պաշ­տօ­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը։

Շատ տաս­նա­մեակ­ներ ան­ցած են այդ օ­րե­րէն աս­դին եւ 94 տա­րին, ան­շո՛ւշտ, «լիո­վին» բա­ւա­րար ժա­մա­նակ էր, որ­պէս­զի ամ­բողջ սե­րունդ­ներ թրծո­ւէինպոլ­շե­ւի­կեան «ուղ­ղագ­րու­թեամբ», եւ որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դին մե­րօ­րեայբազ­մու­թիւն­նե­րը դժո­ւա­րա­նան ըն­կա­լե­լու ­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թեամբի­րենց հրամ­ցո­ւած ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ո­րե­ւէ ժա­ռան­գու­թիւն։
Ան­շո՛ւշտ, մէկ օ­րէն միւ­սը կա­րե­լի չէ գիծ քա­շել այդ բո­լո­րին վրայ եւ… զե­րո­յէն վերսկ­սիլ։

Բայց նաեւ այ­լեւս պէտք է սկսիլ անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը նե­տե­լու ­Մես­րո­պեանուղ­ղագ­րու­թիւ­նը պե­տա­կա­նօ­րէն վե­րա­կանգ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­հաս­տատ­ման ու ամ­բող­ջա­կանա­զա­տագ­րու­թեան եր­թը կը պա­հան­ջէ նաեւ յաղ­թա­հա­րու­մը ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած պոլ­շե­ւի­կեան մեծ սադ­րան­քին, ա­նոր շա­րու­նա­կո­ւող հե­տե­ւանք­նե­րուն։

Հա­յե­րէ­նի ­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը կը շա­րու­նա­կէմար­տահ­րա­ւէր մնալ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի 25-ա­մեայ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար։

Մար­տահ­րա­ւէր՝ ո­րուն պատ­գա­մա­բեր­նե­րը ե­ղան հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեանար­ժա­նա­ւոր ­Մե­ծե­րը։

Չ­մոռ­նանք, թէ 94 տա­րի ա­ռաջ պոլ­շե­ւի­կեան սո­ւին­նե­րու ա­պա­ւի­նած ­Յեղ­կո­մը պար­զա­պէս ար­հա­մար­հեց եւ լռու­թեան մատ­նեց բո­ղո­քի ձայ­նը նոյ­նիսկԱ­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղ­ծին՝ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի, որ ի տես նո­րա­հաս­տատ խորհ­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ փութ­կոտ հրա­հան­գով հա­յոց ­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը ար­գի­լե­լու եւ ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի մշա­կածխնդրա­յա­րոյց «ուղ­ղագ­րու­թիւն»ը պե­տա­կան պար­տա­դիր օ­րէն­քի վե­րա­ծե­լուքայ­լին՝ 1922-ի ­Մա­յիս 17-ին յայ­տա­րա­րեց.-

«Ես՝ որ­պէս հայ գրող եւ հայ Գ­րող­նե­րի ­Միու­թեան նա­խա­գահ, գա­լիս եմ յայտ­նե­լու իմ զար­ման­քը եւ բո­ղո­քե­լու էն վե­րա­բեր­մուն­քին դէմ, որ ու­նե­ցել է ­Հա­յաս­տա­նի ­Լուս­ժող­կո­մը էս կար­ևոր խնդրում: ­Պա­րոն Մ. Ա­բե­ղեա­նը միա­ռա­ջարկ է ա­րել ու դրել հրա­պա­րակ: ­Շատ լաւ:

«­Բայց ­Հա­յաս­տա­նի ­Լուս­ժող­կո­մը որ­տե­ղը՞ց է ի­մա­ցել, թէ ե՛ւ Ա­բե­ղեա­նը, ե՛ւ ին­քը ­Լուս­ժող­կոմն էլ նրա հետ միա­սին անս­խա­լա­կան են, որ ա­ռանցքննու­թեան են­թար­կե­լու ա­ռա­ջար­կը, հրա­մա­նագ­րում է ըն­դու­նել եւ միայնդրա­նով գրել ու տպագ­րել:

«­Պա­րոն Ա­բե­ղեա­նի ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նե­լի է թէ չէ, դա դեռ քննե­լիք խնդիր է,հե­տե­ւա­բար ­Լուս­ժող­կո­մի հրա­մա­նը ա­նըն­դու­նե­լի է:

Եւ ե­թէ էս­պէս է, ա­պա նրան՝ ­Լուս­ժող­կո­մին, մնում է ուղ­ղել իր ա­րած սխա­լը, յետ վերց­նել իր ա­րած կար­գադ­րու­թիւ­նը, խնդի­րը հա­մա­րել բաց եւ դնել քննու­թեան»:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail