Չերքէզացած Հայեր

04 ՄԱՐՏ 2016
kayseri_surb-krikor_lusavorich (1)
Սթանպուլաբնակ լրագրող Արիս Նալչի Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած իր «Աքսորի ճանապարհին. 100 տարի ետք Կեսարիոյ մէջ» ճանապարհոդագրութեան մէջ կը նկարագրէ Կեսարիոյ տեղագրութիւնն ու պատմութիւնը։

«Ակօս»-ի նախկին աշխատակից Արիս Նալչի Կեսարիա իր այցելութեան ընթացքին կը կատարէ ուշագրաւ յայտնաբերում մը։ Նալչի կը յայտնէ, թէ Կեսարիոյ քաղաքակեդրոնին մէջ գտնուող «Կուպաթէ» ճաշարանին մէջ նախաճաշելու ընթացքին կը տեղեկանայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, կեսարացի շատ մը հայեր փրկուած են շնորհիւ հարեւան չերքէզ գիւղերու իրենց բարեկամներուն։

Հետագային, վերոնշեալ բոլոր կեսարահայերը ընդունած են չերքէզական ինքնութիւնը եւ անոնց ժառանգներն ու շառաւիղները կ՚ապրին չերքէզական գիւղերուն մէջ։

Իսլամացած, քրտացած, թրքացած, արաբացած, ալեւիացած հայերուն կողքին կ՚աւելնան չերքէզացած հայերը։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail