04 ՄԱՐՏ 2016
Մարմարա.- Էրզրումի Աշքալէ քաղաքին մէջ յիշատակուեցաւ քաղաքի «Հայերէ ազատագրման 98-րդ տարելիցը»։Կազմակերպուեցաւ ներկայացում մը, որուն նիւթը ցեղասպանութիւնն էր, իսկ թիրախը՝ Հայերն էին։
Ներկայացման մասնակցեցաւ քաղաքապետական խորհուրդի կազմը եւ տեղացի ժողովուրդը։
կառավարական ընդունարանին առջեւ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ քաղաքապետութեան փոխանորդը՝ Էյիւպ Թավշանօղլու, քաղաքապետ Մուսթաֆա Հայրէտտին Չիչէք, Աշքալէի քաղաքապետ Էնվէր Պաշարան, Գլխաւոր դատախազ Եավուզ Շահին եւ հարիւրապետ Տէնիզ Ըշըքլար։
Ներկայ գտնուեցան նաեւ տնօրէններ, աշակերտներ եւ ժողովուրդ։Միայն թէ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ահաբեկութեան ապշեցուցիչ մթնոլորտի մէջ։ Օդին մէջ զրնգացին ատրճանակներէն եւ հրացաններէն արձակուած պայթումի խլացուցիչ ձայները, որոնք ահաբեկեցին ներկաները։
Նախ պատկերացուեցաւ Թուրք ժողովուրդը, որ փախուստ կուտար Հայերէ։ Այնուհետեւ Հայերը ներկայացնող Թուրք անձերը իրենց հրամատարին կոչին անսալով Թուրքերու դէմ բնաջնջումի կռիւ մը պայթեցուցին։
Հայերը ներկայացնող դերակատարները փայտէ կառուցուած մզկիթ մը հրկիզեցին, Իմամը ձերբակալեցին, հրապարակ բերին եւ զայն քարկոծելով չարչարեցին։ Ապա Իմամը դարձեալ մզկիթ բերին եւ մզկիթը Իմամի հետ միասին կրակի տուին։ Յետոյ ընտանիքի մը վրայ յարձակում գործեցին եւ խմոր բացող կին մը եւ իր աները զէնքով սպաննեցին
։
Ներկայացումը վերջ գտաւ, երբ Թրքական ուժերը ներկայացնող լիսէի աշակերտները եկան եւ Հայ հրոսախումբերը սպաննեցին։
Պարզուած տեսարանները սահմռկեցուցիչ էին։
Պայթումի ձայները եւ օդին մէջ արձակուած մուխի եւ ծուխի տեսարանները ուղղակի սարսափ պատճառեցին ներկաներուն,մասնաւորաբար մանուկներուն։Էրզրում քաղաքի ազատագրումի պատկերէն ետք Թուրքիոյ ազգային քայլերգի երգեցողութեան ընկերակցութեամբ դէպի երկինք՝ դրօշակ պարզուեցաւ։
Յետոյ, Աշքալէի Քաղաքապետը՝ Էնվէր Պաշարան բեմ եկաւ եւ հետեւեալը խօսեցաւ. «Հայերը, որոնք երկար տարիներ մեր նախնիքներու հետ դրացի էին, Ռուսական ուժերու գրաւումէն ետք, Սովետական Միութեան դրդումով եւ անոնց զէնքերու միջոցաւ հրոսախումբեր կազմեցին եւ մեր հողերուն վրայ սպանութիւններ գործեցին։
Ձեր բոլորին ներկայութեան անգամ մը եւս երախտագիտութեամբ կը յիշատակեմ մեր բոլոր այն նախնիքները, որոնք իրենց պատմութիւնը արիւնով եւ դաւաճանութեամբ լեցուն Հայերը այս հողերէն խլեցին ու դուրս նետեցին։
Հայերը, որոնք դաւաճանութեան ցանցեր կազմած են, երբեք չեն մոռցած իրենց թշնամութիւնն ու ոխը՝ այս հողերուն եւ ազնուական Թուրք ժողովուրդին դէմ։ Հայկական հրոսախումբերը, որոնք պատմութիւն, սկզբունք, իրաւակարգ չեն գիտեր, ներկայիս ՓՔՔ-ականահաբեկչական կազմակերպութեան հետ մեր հողերուն վրայ անջատողական շարժումներ կը կազմակերպեն։
Ռուսաստանի հետ վերջին օրերուն մեր ապրած տագնապին մէջ ալ բացայայտ ձեւով տեսանք որ այս դաւաճան հրոսախումբերն ու անոնց հետ գործակցող պետութիւնները երբեք պիտի չհրաժարին մեր երկրի վրայ ունեցած իրենց յոռի ցանկութիւններէն»։
ՀՈՐԻԶՈՆ
http://www.horizonweekly.ca